ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԷՆ ՆՈՐ ԳՈՐԾ
Հայ դասական երաժշտութեան արդի ժամանակներու մեծագոյն յօրինողներէն մէկն է Տիգրան Մանսուրեան, որու գործերէն մին նախընթաց օր առաջին անգամ ունկնդրի դատին յանձնուեցաւ Պոլսոյ երաժշտական փառատօնի շրջագծով։ Մեծ եղեռնի բիւրաւոր զոհերը ոգեկոչելու նպատակով փառատօնի կազմակերպիչ İKSV ողջունելի քայլ մը առած էր՝ երաժշտութիւն պատուիրելով Տիգրան Մանսուրեանին։ Սրբոց Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ Քիմ Քաշքաշեանի եւ Փիթըր Նակիի կատարմամբ հնչեց այս նոր ստեղծագործութիւնը՝ Կոմիտասի, Պարթոքի եւ Պախի գործերու առընթեր։ Նախքան համերգը, Տիգրան Մանսուրեանի հետ զրոյց մը կայացաւ Մայր եկեղեցւոյ բակը։ Լուսաւորիչ երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան Մանսուրեանին հետ զրուցեց իր արուեստին եւ առհասարակ երաժշտութեան շուրջ։
Օգտուելով քաղաքս գտնուելու առիթէն Տիգրան Մանսուրեան կը շրջի նաեւ Պոլսոյ պատմական ու տեսարժան վայրերը։ Այս շրջագծով ան երէկ այցելեց Գնալը կղզի, որ յիշողութեան վայր մըն է արեւմտահայոց պատմութեան տեսակէտէ եւ իրեն հետ կապուած են Կոմիտասի, Զօհրապի, Ասատուրներու նման անձնաւորութիւններու անունները։ Մանսուրեան այցելեց տեղւոյն եկեղեցին եւ կղզիի պատմական այլ վայրերը։