ԴՊՐՈՑ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Յաճախ գրած ենք դպրոցի եւ դաստիարակութեան մասին: Մեր գրութիւններուն մէջ միշտ անդրադարձ կատարած ենք, որ դպրոցի յաջողութեան բանալին լաւ ուսուցիչներ ունենալուն մէջ կը կայանայ: Իսկ լաւ ուսուցիչ ունենալու համար, սրտացաւ եւ իրենց գործին ատակ ու նուիրուած տնօրէններու եւ հոգաբարձուներու կարիք ունինք:

Ինչ կը վերաբերի դաստիարակութեան, ապա դաստիարակութիւնը կը սկսի տունէն, կը շարունակուի դպրոցէն ներս եւ իր ծաղկումը եւ պտղաբերութեան շրջանը կ՚ապրի եկեղեցիով: Այս երեք նուիրական կառոյցները, ընտանիք, դպրոց եւ եկեղեցի իրենց ուսերուն վրայ ունին սերունդներ դաստիարակելու նուիրական առաքելութիւնը: Դժբախտաբար, սակայն, այսօր այդ երեք կառոյցներն ալ վիրաւոր են (նախորդ մեր յօդուածներէն մէկուն մէջ անդրադարձած ենք այդ մասին): Անդին, այսօր այս երեք կառոյցներուն կապը խզուած է իրարմէ: Այսինքն, ընտանիքները շատ յաճախ տեղեակ չեն, թէ դպրոցէն ներս ի՜նչ կը կատարուի, եւ շատեր կարծէք հետաքրքրուած իսկ չեն: Անդին, դպրոցը իր կապը խզած է, կամ պարտադրած են անոր խզել իր կապը ընտանիքներուն եւ եկեղեցւոյ հետ: Իսկ եկեղեցին, վերածուած է տօնէ տօնէ, կամ խորհուրդէ խորհուրդ այցելութեան վայրի մը, ուր կ՚երթանք սովորութեան ուժով, որպէս հիւր, եւ ո՛չ որպէս տան անդամ, կամ տան զաւակ:

Այսօր պիտի ուզեմ անդրադառնալ դպրոցին եւ դաստիարակութեան կարեւոր մէկ առաքելութեան մասին, որ է ազգային գիտակցութիւն սերմանել մատղաշ սերունդին մէջ, պատրաստելու համար ազգին ու ժողովուրդին նուիրուած ու կապուած սերունդ: Այդ մէկը գիտակցութեան կը կարօտի, որ կը սկսի տունէն, դպրոցէն եւ եկեղեցիէն:

Վերրջերս հանդիպեցայ Նիկոլ Աղբալեանի (1873-1947) մէկ մտածումին, ազգային գիտակցութիւն ունենալու մասին, որ անմիջականօրէն առնչուած է դպրոցի եւ դաստիարակութեան ունեցած առաքելութեան: Աղբալեան կը գրէ. «Երկու հիմնական գաղափարներ կան, որ ազգային գիտակցութեան հիմնաքարերը պիտի կազմեն, կրթութիւն մայրենի լեզուով, կրթութիւն ազատութեան համար. հետեւապէս, ազգային քաղաքական տենչերի արծարծում կրթութեան միջոցով եւ նոր հայութեան պատրաստութիւն: Նոր սերունդին պիտի ներարկել զօրաւոր ազգային գիտակցութիւն քաղաքական իմաստով: Նրան պէտք է ներշնչել, որ իր ազգը ընդունակ է հանրօգուտ ազգային մշակոյթ ստեղծելու, որի ապացոյցը տուած է դարերի ընթացքին եւ որ այդ մշակոյթը կարող է զարգանալ եւ արմատանալ միմիայն ազատ պայմանների մէջ եւ սեփական հայրենիքում: Նրան պէտք է համոզել, որ այս գործի համար անհրաժեշտ է որ նա հայ մնայ եւ հայ պահի իր սերունդը եւ եթէ ինքն ու իր ընկերները չկարենան ստեղծել ազատ հայերնիք ու պետութիւն՝ այդ սրբազան տենչը պէտք է փոխանցեն իրենց զաւակներին»:

Ըստ Աղբալեանի ազգային գիտակցութեան հիմնաքարերը երկուքն են.

ա. Կրթութիւն մայրենի լեզուով:

բ. Կրթութիւն ազատութեան համար:

Ցաւով պիտի արձանագրենք, որ ո՛չ առաջինը ունինք եւ ո՛չ ալ վերջինը: Ոմանք կրնան հակառակիլ, ըսելով, բայց ինչպէ՞ս. չէ՞ որ մեր բոլոր դպրոցներէն ներս հայերէն կը դասաւանդուի, հայերէն կը խօսուի: Այո՛, այդպէս է, բայց այդ բոլորին արդիւնքը ի՞նչ է: Դպրոցական տարիներէն ետք քանի՞ երիտասարդ կը շարուանկէ հայերէնով խօսիլ ու հայերէն կարդալ, քանի՞ երիտասարդ կապ կը պահէ հայկական միջավայրին հետ եւ իր ստացած «դաստիարակութեամբ» սատար կը հանդիսանայ իր հայկական միջավայրին: Եթէ հաշուարկ մը կատարենք, ապա կ՚ենթադրեմ որ արդիւնքները ապշեցուցիչ եւ սարսափեցնող պիտի ըլլան:

Ինչ կը վերաբերի ազատութեան, ճիշդ է որ երեւութապէս ազատ ենք այսօր, մեր հայրենիքը ազատ է, բայց արդեօք այդպէ՞ս է: Պատասխանը կը ձգեմ ընթերցողին:

Միայն մէկ բան արձանագրեմ այստեղ, որ հաւաքականութիւն մը ազատ ըլլալու համար, պէտք է ինքզինք եւ իր արմատները ճանչնայ, իր մշակոյթն ու պատմութիւնը իմանայ, իր լեզուն սիրէ եւ իր լեզուով ապրի: Մեր ճանաչումը դժբախտաբար կամ կիսատ է, եւ կամ երբեք չկայ այդպիսի ճանաչում: Իսկ եթէ մենք մեզ ու մեր պատմութիւնը, մշակոյթը, լեզուն չենք ճանչնար, աւելորդ է խօսիլ ազատութեան մասին:

Աղբալեան կը գրէ, թէ՝ նոր սերունդին պիտի ներարկել զօրաւոր ազգային գիտակցութիւն քաղաքական իմաստով: Այո՛, պէտք է ներարկել, սակայն այդ ազգային գիտակցութիւնը քաղաքական իմաստով ամբողջական չ՚ըլլար, եթէ մեր ներկայ սերունդը չունենայ հոգեւորի ընկալումը եւ հոգեւոր կեանքի գիտակցութիւնը, որու ակունքն է Հայ Եկեղեցին: Այսօր, յստակ կերպով աշխատանք կը տարուի, որ մեր նոր սերունդը իր կապերը կտրէ՛ Հայ Եկեղեցիին հետ: Կը վստահեցնեմ, եթէ այդ կապերը կտրուին, ի՛նչ տեսակի դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն ալ ստանան մեր նոր սերունդները, ատոնք ո՛չինչով պիտի օգնեն հզօրացնելու եւ կայունացնելու մեր հայրենիքը, ընդհակառակը, ա՛լ աւելի խախուտ վիճակի պիտի տանին: Առանց հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներ ունենալու, կարելի չէ՛ մտածել առողջ եւ կառուցողական ազգային գիտակցութիւն ունենալու մասին: Միայն այն ատեն ազգային գիտակցութիւնը առողջ եւ կառուցողական կ՚ըլլայ, երբ յաջողինք մեր սերունդին մէջ ներարկել նախ եւ առաջ առողջ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներ, որոնց վրայ միայն կարելի պիտի ըլլայ կառուցել առողջ ազգային գիտակցութիւն:

Իսկ այդ գիտակցութեան աղբիւրը դպրոցն ու կրթութիւնն են:

​ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2024