ՆԻԶԱՐ ՔԱՊԱՆԻ (1923- 1998)

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք արաբ՝ սուրիացի գրող, Քապանին:

Նիզար Թաուֆիք Քապանի: Սուրիացի մտաւորական, հրապարակախօս, բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ: Ծնած է 21 մարտ 1921-ին, Դամասկոս:

Նիզար Քապանին կը համարուի արաբական աշխարհի ամենէն յայտնի եւ նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկը:

Մանկութեան տարիներուն նկարչութիւն սիրած է եւ բաւական ժամանակ նկարչութեամբ զբաղած: Նկարչութեան հանդէպ իր սէրը իր հետ մնացած է մինչեւ վերջ: Այս բանին լաւագոյն արտայայտութիւնը իր բանաստեղծական մէկ հատորն է, որ վերնագրած է՝ Նկարել բառերով: Քապանին, իր մանկութեան նաեւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է երաժշտութեան նկատմամբ: Յատուկ ուսուցիչի մը մօտ սորված է ուտի (արաբական երաժշտական գործիք մը) վրայ նուագել: Երաժշտութեամբ զբաղած է մինչեւ երկրորդական դպրոցի տարիները, երբ ուսումի ծանրաբեռնուածութիւնը զինք ետ մղած է երաժշտութենէն, եւ սկսած է ուսումի կողքին աւելի բանաստեղծութեան հակիլ:

Իր առաջին բանաստեղծութիւնը գրած է 1939 թուականին՝ 16 տարեկանին, երբ իր յաճախած դպրոցին կազմակերպած ծովային պտոյտին մասնակցած է դէպի Իտալիա: Իսկ իր բանաստեղծական առաջին ժողովածուն տպուած է 1943-ին:

1941-ին Նիզար Քապանին Դամասկոսի համալսարանի Իրաւաբանական կաճառ ընդունուած է եւ զայն աւարտած է 1945-ին:

Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք անմիջապէս աշխատանքի անցած է արտաքին գործոց նախարարութենէն ետք: Նոյն տարուան ընթացքին, պաշտօնի կոչուած է Եգիպտոսի մէջ գործող Սուրիոյ դեսպանատան մէջ, երբ տակաւին 22 տարեկան էր:

1952-ին Սուրիոյ դեսպան նշանակուած է Անգլիոյ մէջ, ուր պաշտօնավարած է երկու տարի: Այդ երկու տարիներու ընթացքին տիրապետած է անգլերէն լեզ-ւին: Անգլիայէն ետք Անգարայի մէջ դեսպան նշանակուած է, որմէ ետք Չինաստանի մէջ դարձեալ երկու տարիով:

1962-ին դեսպանի պաշտօնին կոչուած է Սպանիոյ մէջ, ուր պաշտօնավարած է չորս տարի: Ատկէ ետք հաստատուած է Լիբանանի մէջ եւ նուիրուած է բանաստեղծութեան: Լիբանանի մէջ սեփական տպարան մը հիմնած է՝ «Նիզար Քապանի հրատարակութիւններ» ընկերութիւն անունով:

Քապանիի բանաստեղծութիւնները զանազան նիւթեր շօշափած են: Ան յաճախ անդրադարձած է կնոջ իրաւունքներու մասին իր բանաստեղծութիւններուն մէջ: Անդին, ան գրած է սիրոյ եւ ազատութեան մասին, իսկ 1967-ի պատերազմէն ետք ան գրած է նաեւ քաղաքական բնոյթի բանաստեղծութիւններ ալ, որոնց մէջ խիստ կերպով քննադատած է կարգ մը արաբական վարչակարգեր եւ կառավարութիւններ, նամանաւանդ Սուրիոյ Պաաս կուսակոցութիւնը:

Նիզար Քապանին երկու անգամ ամուսնացած է: Առաջին ամուսնութենէն ունեցած է երկու զաւակներ՝ մէկ տղայ եւ մէկ աղջիկ: Տղան՝ Թաուֆիքը երիտասարդ տարիքին մահացած է, երբ ուսանող եղած է Եգիպտոսի Բժշկական համալսարանէն ներս: Քապանին իր զաւակին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը գրած է: Իր երկրորդ կինը ծագումով իրաքցի եղած է: 1982-ին Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպանատան դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութեան ժամանակ մահացած է: Իր կնոջ մահէն ետք հեռացած է Լիբանանէն: Որոշ շրջան մը Փարիզի եւ Ժընեւի մէջ ապրած է, որմէ ետք վերջնականապէս հաստատուած է Լոնտոնի մէջ, ուր անցուցած է իր կեանքի վերջին տասնհինգ տարիները, շարունակելով ստեղծագործել:

Մահացած է 30 ապրիլ 1998-ին, Լոնտոնի մէջ: Համաձայն իր կտակին, թաղուած է Դամասկոսի մէջ իր մահանալէն չորս օր ետք: Իր կտակին մէջ Դամասկոսը ներկայացուցած է որպէս՝ «արգանդը որ բանաստեղծութիւն սորվեցուց ինծի, ինչպէս նաեւ ստեղծագործել եւ սորվեցուց ինծի յասմիկի այբուբենը»:

Հեղինակ է շուրջ չորս տասնեակ բանաստեղծական ժողովածուներու:

Նշենք, որ թերթիս 12 սեպտեմբեր 2024-ի 13558 թիւին մէջ հրապարակած էին Նիզար Քապանիի մէկ բանաստեղծութիւնը՝ «Ճամբորդներ» անունով, որ 1985 թուականին Քապանին արտասանած է զայն Իրաքի մայրաքաղաք՝ Պաղտատի մէջ: Երկար ժամանակ այդ բանաստեղծութիւնը արգիլուած է հրապարակուելէ, որովհետեւ Նիզար Քապանին այնտեղ նկարագրած է արաբ քաղաքացիներուն՝ յատկապէս Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի, Յորդանանի կրած դժուարութիւններն ու նեղութիւնները:

Իսկ հիմա մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ՝ Նիզար Քապանիէն:

- Կ՚ըսուի, որ գինին ու կինը իրարու նման են. անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի կորսնցնէ խելքդ իր ձեւով: Կ՚ըսուի նաեւ, թէ հիւանդութիւնն ու մարդը իրարու նման են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ցաւցնէ քեզ իր ձեւով:

- Որոշ մարդոց կեանքէն սկսայ քաշուիլ՝ որպէսզի աւելի չատեմ զանոնք: Երբեմն պէտք է գիրքը փակենք՝ նոր էջ մը բանալու փոխարէն:

- Ով ինծի համար իր հոգիին մէջ բնակարան մը կառուցեց, անոր համար սիրտիս մէջ դրախտ կը կառուցեմ:

- Նոյնիսկ ջուրը եթէ ուշացած եկաւ, պիտի չկարենայ փրկել այն՝ ինչ չորութիւնը մեռցուց:

- Էրիկը մէկ տան փոխարէն կրնայ տուներ շինել, սակայն կի՛նն է միայն, որ տունը բնակարանի կը վերածէ:

- Մենք այն քաղաքակիրթ ժողովուրդն ենք, որ ապակիները թերթերով կը մաքրէ եւ սուրճի գաւաթէն կը կարդայ:

- Ան որ կարծիք չունի, անոր գլուխը կը նմանի դրան բռնիչին, իւրաքանչիւր ոք կրնայ կառավարել զայն իր ուզածին պէս:

- Այն կինը որ կը սիրես, անոր իւրայատուկ գեղեցիկ անուն մը տուր, որ ո՛չ ոք բացի քեզմէ կու տայ իրեն:

- Ու կը հարցնես ինծի, թէ ի՞նչ է սէրը: Սէրը այն է, որ բաւարարուիմ միայն քեզմով սակայն քեզմէ չբաւարարուիմ:

- Մի՛ վախնար կապուելու զօրաւոր կնոջ մը հետ: Թերեւս օր պիտի գայ, որ ան միակ բանակդ ըլլայ:

- Սէրը զօրաւորներուն համար է: Վախկոտները՝ իրենց մայրերը կ՚ամուսնացնեն զիրենք:

- Կրնսյ ըլլալ բարիքը հանդիպի քեզի, քանի որ զայն ուրիշի մը համար ցանկացիր:

- Հազար մարդ պիտի գտնես որ քեզ սիրէ ունեցած որեւէ մէկ բանիդ համար՝ գեղեցկութեանդ, կամ որեւէ մէկ այլ բանի համար, սակայն մէ՛կ մարդ կայ միայն, որ քեզ կը սիրէ պարզապէս որովհետեւ դուն՝ դո՛ւն ես:

- Երբեմն կը լռենք, որովհետեւ խօսիլը ո՛չինչ պիտի ընէ: Կը լռենք, որովհետեւ սիրտերը այլեւս մերը չեն: Կը լռենք, որովհետեւ շատ լաւ գիտենք, թէ լռութիւնը մեր արժանապատուութեան համար բարիք է:

- Կինէն աւելի առատաձեռն չես կրնար ըլլալ. եթէ անոր ապահովութիւն ներշնչեցիր՝ հայրենիք կը դառնայ քեզի համար:

- Կոկիկ լռութիւն մը կայ, որ թոյլ չի՛ տար մեզի մեր մէջ եղածին մասին խօսելու, ինչքան ալ ցաւը շատ ըլլայ:

- Մարդը վտանգաւոր կը դառնայ, երբ սորվի իր զգացումները կառավարել:

- Ուշադրութիւն մի՛ դարձներ անոր, որ սկիզբը լաւ կ՚ըլլայ, այլ՝ ուշադրութիւն դարձուր անոր՝ որ մինչեւ վերջ լաւ կը մնայ հետդ... Սկիզբը, բոլորն ալ լաւ են:

- Ան որ սիրոյ քաղաքը կը մտնէ, կա՛մ մանուկ մը կը դառնայ՝ ամէն ինչ սիրող, եւ կամ անկէ տարեց դուրս կու գայ, առանց գիտնալու, թէ ո՞ր աքսորավայրին կը պատկանի:

- Տրամադրութիւնդ փճացնող մարդոցմէ հեռանալը, դուն քու վրադ ունեցած իրաւուքներէն մէկ իրաւունքն է:

- Եթէ տեսար մէկը՝ ով առանձնութիւնը կը սիրէ, իմացիր թէ պէտք եղածէն աւելիին համբերած է:

- Մե՛նք է որ ոմանց նախանձը կը շինենք, որովհետեւ արժանի չեղողի մը արժէք կու տանք:

- Քեզ միայն որպէս անձ մը (անհատ մը) չսիրեցի, այլ՝ քեզ սիրեցի որպէս հայրենիք, որմէ բացի ուրիշին չե՛մ ուզեր պատկանիլ:

- Ով որ փոթորիկի ընթացքին հետդ չէր, ճիշդ չէ որ արեւածագին հետդ ըլլայ:

- Պահէ՛ արժանապատուութիւնդ եւ ո՛չ ոքի վրայ ծանր մի՛ ըլլար. ով որ կ՚ուզէ՝ կը փնտռէ քեզ նոյնիսկ խճողումին մէջ, իսկ ով որ չ՚ուզեր քեզ՝ նոյնիսկ իր առջեւը ըլլաս պիտի չտեսնէ քեզ: Արժանապատուութեամբդ ապրէ՛:

Աւարտենք, ներկայացնելով Քապանիի «Սէր՝ առանց սահմանի» բանաստեղծութենէն հատուածներ.

Ով տիկին. պատմութեանս մէջ ամենէն կարեւոր կինն էիր նախքան տարուան երթալը: Իսկ հիմա…, դուն ամենէն կարեւոր կինն ես այս տարուան ծնունդէն ետք:

Ով տիկին. մի՛ զբաղուիր ժամանակի ռիթմով եւ տարիներու անունով: Դուն կին մըն ես, որ կին կը մնայ բոլոր ժամանակներուն: Պիտի սիրեմ քեզ… քսանմէկերորդ դար մուտք գործելուն…, ինչպէս նաեւ քսանհինգերորդ դար մուտք գործելուն…, եւ քսանիններորդ դար մուտք գործելուն… Եւ պիտի սիրեմ քեզ, երբ ծովին ջուրը չորնայ ու անտառները այրին…:

Ով տիկին. դուն իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան եզրակացութիւնն ես, եւ բոլոր ազատութիւններուն վարդը: Բաւարար է, որ անունդ շշնջամ, ու տաղերու թագաւորը կ՚ըլլամ, եւ բառերու՝ փարաւոնը… Բաւարար է ինծի համար, որ քեզի պէս կին մը սիրահարուի ինծի, որպէսզի պատմութեան գիրքերուն մէջ մտնեմ ու ինծի համար դրօշակներ բարձրացուին:

Ով տիկին. մի՛ անհանգստանար տօնական օրերու թռչունին նման: Իմ մէջս ոչինչ պիտի փոխուի: Սիրոյ գետը հոսելէ պիտի չդադրի, սիրտին զարկերը կանգ պիտի չառնեն, տաղերու կաքաւը թռչելէ պիտի չդադրի: Երբ սէրը մեծ ըլլայ, իսկ սիրելին՝ լուսին, այդ սէրը բուռ մը յարդի պիտի չվերածուի, որ կրակը կ՚ուտէ զայն…

Ով տիկին. կիրակի օրերը երբ զանգերը կը զարնեն, ձայնէդ բացի բան չեմ յիշեր: Միայն հոտդ կը յիշեմ, երբ խոտերուն վրայ կը քնանամ: Բացի դէմքէդ ուրիշ բան չեմ յիշեր, երբ ձիւնը հագուստներուս վրայ կը տեղայ եւ փայտերուն շաչիւնը կը լսեմ:

Ով տիկին. ինչքան ուրախ եմ աքսորավայրիս մէջ, ուր տաղերու ջուրը կը կաթեցնեմ ու վանականներու գինիէն կը խմեմ: Ի՜նչ զօրաւոր եմ, երբ ազատութեան, մարդ արարածին ընկերը կ՚ըլլամ…

Ով տիկին. ի՜նչ կը փափաքիմ, որ ճամբորդէինք երկիր մը, ուր կիթառը կը ղեկավարէր, ուր սէրը առանց պարիսպներու է, բառերը առանց պարիսպներու են, եւ երազները առանց պարիսպներու են:

Ով տիկին. ո՜վ տաղերու առաջին տիկին, տուր ինծի աջ ձեռքդ, որպէսզի այնտեղ պահուըտիմ… Տուր ձախ ձեռքդ, որպէսզի այնտեղ հաստատուիմ… Սիրոյ որեւէ մէկ նախադասութիւն ըսէ, որպէսզի տօները սկսին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

8 հոկտեմբեր, 2024, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2024