ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՕՐԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՉՈՐՍ ԾԱԳԵՐՈՒՆ

Վաղը ամբողջ աշխարհ կը նշէ սիրահարներու տօնը:

Եկէք՝ ծանօթանանք, թէ տարբեր ժողովուրդներ ինչպէ՛ս կը նշեն այս տօնը, սիրահարները ինչեր կը նուիրեն իրարու:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ

2008-էն ի վեր Սէուտական Արաբիան միակ երկիրն է, ուր արգիլուած է սիրահարներու տօնը՝ Սեն Վալընթայնը տօնել: Բացարձակապէս արգիլուած է ցուցափեղկերուն մէջ կարմիր հագուստներ, իրեր, վարդ կամ տուրմ ցուցադրելը: Երիտասարդ սէուտցիներ, իրենց նուէրները կը գնեն գաղտագողի՝ ոստիկաններու հսկող աչքերէն հեռու…

ԵԳԻՊՏՈՍ

Սեն Վալընթայնը շատ սիրելի տօն է եգիպտացիներուն համար: Խանութներուն ցուցափեղկերը կը զարդարուին կարմիր գոյնի արջուկներով, ծաղիկներով, գեղօրներով, տուրմով…

Եգիպտացի սիրահարները խորհրդանշական նուէրներով կ՚ուրախացնեն զիրար:

ՃԱԲՈՆ

Փետրուարի 14-ին նուիրելու տօնին, դպրոցին մէջ ներկայացումներ կը պատրաստեն իրենց ծնողներուն ուսուցիչներուն համար եւ ձեռային աշխատանքներ կը նուիրեն անոնց:

ԳԻՏԷԻ՞Ք, ԹԷ…

- Սեն Վալընթայնի տօնին առիթով փոխանակուած նուէրներուն ցանկին վրայ առաջին տեղը կը գրաւէ կարմիր վարդը, երկրորդ տեղը՝ տուրմը, երրորդ տեղը՝ փափուկ խաղալիքները եւ, վերջապէս, չորրորդ տեղը կը գրաւեն սրտաձեւ զարդեղէնները:

- Ծաղիկներու լեզուին մէջ կարմիր վարդը բացարձակ սէրը կը խորհրդանշէ: Անիկա գնահատուած է թէ՛ իր գեղեցիկ տեսքին եւ թէ՛ բոյրին պատճառով:

- Կարմիր վարդը համարուած է ծաղիկներու թագուհին:

- Կարելի է 1-էն մինչեւ 101 վարդ ղրկել սիրեցեալին: Ծաղիկներու լեզուով ահա թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի  ղրկուած ծաղիկներուն թիւը…

* 1 վարդը նուիրել՝ կը նշանակէ, որ առաջին իսկ վայրկեանէն սիրահարեր էք այդ անձին:

* 2 վարդը փոխադարձ սէր կը նշանակէ:

* 9 վարդը յաւիտեան միասին ըլլալու փափաք կ՚արտայայտէ:

* 12 վարդը ամուսնութեան առաջարկ է:

* 36 վարդը խելագարուած սիրոյ նշան է:

* 101 վարդը կրքոտ սիրոյ նշան է:

- Ծաղիկներու լեզուին մէջ կարմիր վարդը բացարձակ սէրը կը խորհրդանշէ:

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021