ԳԻՐՔԻ ԱԿՆԱՐԿ. «ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԿԱՆԳՆԵՑՆԵԼՈՒ ՈՒՂԻՆԵՐ»
«Ժամանակը կանգնեցնելու ուղիներ» գիրքի հեղինակը՝ Մեթ Հէյկի ընթերցողները իրենց ներաշխարհէն անպայման կը տեսնեն երեսակ մը իր գրած իւրաքանչիւր երկի, իր աննման երեւակայութեան շնորհիւ մեզ մատուցած պատմութիւններու մէջ:
Կը կարծեմ՝ անհնար է պատկերացնել, թէ անձ մը քանի՜ անգամ կը կորսնցնէ ինքզինք ու դարձեալ կը գտնէ։ Կ՚օտարանայ ինքն իրեն եւ երբեմն կը թուի, թէ կորսնցուցած է ամէն ինչ: Աւելի վերջ քայլեր կը ձեռնարկէ այս աշխարհին մէջ եւ դարձեալ կը հանդիպի ինքն իրեն հետ։ Նոյնիսկ տարիներ առաջ քաշուած լուսանկարին մէջ ժպիտը կրնայ այլ մարդու ժպիտը թուիլ: Ո՞վ էր այդ մարդը, որո՞ւ հետ էր, ինչի՞ մէջէն կ՚անցնէր, ինչպէ՞ս կեանք մը կ՚ապրէր, ի՞նչ տեսակ առօրեայ ունէր, ի՞նչ կը դիտէր, ի՞նչ կը կարդար, ի՞նչ կը լսէր... Բոլորը կրնան շատ տարբեր ըլլալ իրենց ընթացիկ կեանքին մէջ՝ այնքան, որ լուսանկարի մարդը բոլորովին այլ մարդու մը նմանի:
Թոմ Ազար՝ «Ժամանակը կանգնեցնելու ուղիներ» վէպի գլխաւոր հերոսը, ստիպուած է զգալ այդ փոփոխութիւններն ու կերպարանափոխութիւնները ո՛չ միայն իր ներաշխարհին, այլեւ՝ ֆիզիքական աշխարհին մէջ եւ պէտք է կանոնաւոր ընդմիջումներով փոխէ իր ինքնութիւնը: Գլխաւոր հերոսը ունի հիւանդութիւն մը, որ բուն անունը արձանագրուած չէ գիրքին մէջ. ան շատ դանդաղ կը ծերանայ։ Եւ որպէս այս հիւանդութեամբ տառապող հազուագիւտ մարդոցմէ մին՝ Թոմ Ազար նոյնպէս պաշտպանուած եւ գաղտնի կը պահուի կազմակերպութեան մը կողմէ, քանի որ, ինչպէս ինք կ՚ըսէ, այլ մարդիկ պատրաստ չեն գիտնալու, թէ իրենց կեանքը աւելի կարճ է։
Թոմ Ազար շատ յաջող ուսուցիչ է եւ ժամանակ անցուցած է այն մարդոց հետ, որոնք իրենց հետքը թողած են պատմութեան մէջ: Սակայն սա չի փոխեր, թէ ան անցեալը իր սրտին մէջ կը կրէ որպէս մեծ վէրք մը։ Ազար ինքնիրեն կը խօսի. «Դարեր շարունակ իմ հուսահատութիւնը շփոթած եմ ցաւի հետ։ Բայց մարդիկ կը յաղթահարեն ցաւը։ Անոնք քանի մը տարուան ընթացքին կրնան յաղթահարել նոյնիսկ ամենաուժեղ ցաւը։ Եթէ նոյնիսկ չեն կարողանար յաղթահարել, կը սորվին միասին ապրիլ»։
Մարդիկ կու գան ու կ՚անցնին այս աշխարհով եւ Թոմ Ազար պէտք է կրէ վերջնական գինը անոնց բոլորին ականատես ըլլալու համար: Թոմ Ազար՝ զգալով, որ ինքը պարզապէս ետ մնացած է բոլորէն, կրկին ու կրկին կը բացայայտէ, թէ ինչո՛ւ ան պէտք է շարունակէ թիավարել այս կեանքի մէջ՝ միեւնոյն ժամանակ փորձելով յաղթահարել այս բոլոր զգացումները եւ շնչել երկար կեանքի ծանրութեան տակ: Ան կը հասկնայ, թէ իւրաքանչիւր օր բոլորովին այլ իմաստ ունի։
Այսպէս՝ մարդ եթէ նոյնիսկ ապրի չորս հարիւր տարի կամ քսան տարի, ապա ան միշտ դասեր ունի սորվելու եւ պատուհաններ բանալու իր կեանքի մէջ, քանի որ մարդիկ շատ մոռացկոտ էակներ են եւ դիւրութեամբ կրնան շեղիլ իրենց ուղիէն: «Ես հասկցայ, որ պէտք է գոյութիւն ունենայի, քանի որ ցաւը զգալու համար անհրաժեշտ էր կենդանի էակ մը՝ ես: Այս գիտելիքի մէջ տեսակ մը վստահութիւն կար, սեփական իրականութեան ապացոյց», կ՚ըսէ գլխաւոր հերոսը, որ տեւական կը փորձէ բացայայտել իր չորս հարիւր տարուան կեանքի իմաստը եւ կը յիշէ այն կէտերը, որոնք ան մոռցած էր։
Կը կարծեմ՝ մենք շատ բան ունինք սորվելու այս գիրքէն, ուր կը կարդանք լոյսը գտնելու Ազարի ճանապարհորդութեան մասին՝ իր հիւանդութեան պատճառով յառաջացած ֆիզիքական եւ մտաւոր յոգնածութեան մէջ: Օրինակ՝ կեանքի մէջ ամէն ինչ մեր վերահսկողութեան տակ չէ։ Երբեմն պարզապէս պէտք է դիտել եւ ապրիլ կեանքը այնպէս, ինչպէս որ կայ եւ ոչ թէ կեդրոնանալով գոյութիւն չունեցող բաներու վրայ: Մենք պէտք է ապրինք մենք մեզի հետ՝ գրկելով ու ընդունելով գոյութիւն ունեցող ամէն ինչ։ Գիրքին մէջ Մեթ Հէյկ գրած է հետեւեալ պարբերութիւնը.
«Ալիք մը կրնայ սպաննել քեզ: Կամ դուն կրնաս լողալ անոր վերեւը: Երբեմն աւելի վտանգաւոր է վախնալն ու փախչիլը։ Դուն չես կրնար կեանքը վախնալով ապրիլ: Դուն պէտք է պատրաստ ըլլաս բարձրանալ եւ ոտքի կանգնիլ: Դուն պէտք է անտեսես վախը, երբ քու քթին տակ ալիք կայ: Դուն պէտք է ապրիս ներկան: Դուն պէտք է փակես քու աչքերը: Եթէ յանձնուիս վախին, կրնաս յայտնուիլ ալիքին յատակը եւ գլուխդ բախես քարերուն»։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ