«ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱԺԱՆ Է…»
Ապրիլ 28 2015: Քաթարէն աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնիմ Թոքիօ: Առաջին անգամն է, որ Ճաբոն պիտի այցելեմ: Բնականաբար կը հետեւինք Ճաբոնի ճարտարարուեստական յառաջխաղացքին եւ գիտենք, որ այդ երկիրը իր արտադրութիւններով ողողած է աշխարհի շուկան, բայց նաեւ կարդացած եմ պատմութեան ընթացքին անոր սխրագործութիւններուն մասին: Անոր անցեալի նուաճողական եւ որոշ համեմատութեամբ նաեւ «բռնատիրական» ախորժակները լեցուցած են պատմութեան էջերը: Բայց նաեւ մեր փոքր տարիքէն միշտ ալ մեծ պաստառին վրայ դիտած ենք պատերազմական ժապաւէններուն մէջի ճաբոնական սխրագործութիւնները: Այսպէսով ներկայի ու անցեալի անոր «նուաճողական» իրավիճակները, տարբեր բովանդակութիւններով, Ճաբոնի նկատմամբ որոշ տրամադրութիւն ստեղծած են մտապատկերիս մէջ:
Քաթարէն մինչեւ Թոքիօ թռիչքը պիտի տեւէր մօտաւորապէս տասը ժամ: Երկար թռիչքներու ընթացքին ընդհանրապէս պէտք է ձեւով մը զբաղիլ, գէթ չզգալու համար, թէ կը գտնուիս «օդը»՝ դատարկութեան մէջ, եւ թէ տարբեր տրամադրութիւններ եւ հոգեվիճակներ կը ծագին ճամբորդողին ներաշխարհին մէջ: Այդ երկար թռիչքին ընթացքին, չեմ գիտեր զուգադիպութեամբ թէ բախտով, յիսունէ աւելի ժապաւէններու շարքէն ընտրեցի հատ մը, որուն նիւթը կը վերաբերէր Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքի ճաբոնական մեկուսացման բանտի մը մէջ ամերիկացի բանտարկեալներու կեանքին:
Ժապաւէնը կը նկարագրէր ամերիկացի ողիմպիականի մարզիկ եւ ախոյեան Լուիս Զամփերինիին կեանքը: Ան համաշխարհային մրցանակներ եւ մրցանիշներ հաստատելէ ետք կը զինուորագրուի ամերիկեան բանակին մէջ եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին գերի կը բռնուի ճաբոնցիներուն կողմէ:
Ժապաւէնը մէկ կողմէ կը նկարագրէ ամերիկացի գերեվարուած զինուորներու տաժանակիր կեանքը, իսկ միւս կողմէ՝ կը կեդրոնանայ Լուիսի պարագային եւ ճաբոնցի բանտապահին հետ, որ բռնակալ մըն էր, անոր յարաբերութեան վրայ:
Ժապաւէնը լեցուն էր Լուիսի կրած զրկանքներով ու անոր նկատմամբ եղած վիրաւորանքներով, Լուիսի ներաշխարհի վերիվայրումները. կը ներկայացուի բանտապահին դաժան ու բիրտ վերաբերումը Լուիսի նկատմամբ՝ ճզմելու համար անոր ապրելու ձգտումն ու կամքը (քանի որ բանտապահը գիտէր, թէ Լուիս ախոյեան էր): Կան նաեւ Լուիսի վիրաւորուած ու վրիժառուի նայուածքները եւ մտորումները բանտապետին նկատմամբ. «Օր մը քեզ պիտի սպաննեմ»:
Ժապաւէնը լրիւ դիտեցի, եւ ինչպէս որոշ ժապաւէններ, այս ալ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ներաշխարհիս վրայ, ու մէջս սկսաւ ծագիլ մտմտուք մը. «Ես արդեօք ո՞ւր կ՚երթամ»:
«Մեզի համար շատ կարեւոր է հաւաքական կեանք հասկացողութիւնը»: Ճիւնն է խօսողը՝ Ճաբոնի մեր ընկերութեան գործադիր տնօրէնը: «Մեր պատմութիւնը լեցուն է արիւնով ու դաժանութեամբ, եւ այլեւս չենք ուզեր այդ մէկը կրկնել: Կ՚ուզենք նոր կեանք մը կերտել որպէս երկիր եւ հաւաքականութիւն»:
Ճաբոնի մէջ իմ քանի մը օրերու այցելութեանս ընթացքին ես վայելեցի այս «նոր կեանք»ը: Ճաբոնցիք կրցած էին տեսնել, թէ իրենց պատմութիւնը «դաժան» եղած էր եւ «սխալներով» լեցուն: Ուստի՝ որպէս երկիր եւ հաւաքականութիւն, տենդագին կերպով լծուած են այդ «դաժան»ը ու «սխալ»ը սրբագրելու: Մէկ կողմէ կ՚ապրիս Ճաբոնի յառաջխաղացքը, բայց նաեւ մարդկային կենցաղը, մարդոց նկատմամբ ճաբոնցիներուն ունեցած յարգանքը ու տրուած արժէքին կարեւորութիւնը: Անոնք «դաժան»ը եւ «սխալ»ը սրբագրելով ստեղծած են նոր դաստիարակութիւն, որուն վրայ հիմնած են իրենց հաւաքական կեանքերը եւ այս՝ նոր գրաւականով: Անոնց հաւաքական այս կեանքերն են, որ այսօր յառաջխաղացքի մէջ են:
«Հայկական գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս հարիւր հայ»: Տքթ. Կրանտ Պօղոսեանն է խօսողը՝ Հայաստանի դեսպանը Ճաբոնի մէջ: «Չունինք գաղութի դրուածք, այնպէս որ դեսպանատունը նաեւ դարձած է հայութիւնը քով-քովի բերող հաւաքավայր»: Տքթ. Պօղոսեան քսանհինգ տարիներէ ի վեր կ՚ապրի Թոքիօ: Եկած է որպէս համալսարանի դասախօս եւ ամպիոնի վարիչ, կը տիրապետէ ճաբոներէն լեզուին: Ներկայիս Հայաստանի դեսպան նշանակուած է: Հարիւրամեակի առթիւ հրատարակած է գրքոյկներ ճաբոներէն լեզուով՝ տեղացի ժողովուրդին ներկայացնելու համար հայուն արհաւիրքը: «Ճաբոնցի ժողովուրդը ապրած է եւ գիտէ ցաւը, այնպէս որ կրնայ հասկնալ հայուն ենթարկուածին ահաւորութիւնը», շարունակեց Տքթ. Պօղոսեան:
Այդ դէպքերուն ահաւորութիւնը եւ անոնց հետեւանքները կը տեւեն մինչեւ այսօր: Սփիւռքը եւ հայուն կոտորակուած ու աշխարհով մէկ տարածուած իրավիճակն է: Ռազմիկ Պալեանը Իրանէն անցած է Անգլիա եւ ներկայիս կ՚ապրի Թոքիօ: «Կը փորձենք ամէն ձեւով հայ մնալ», Ռազմիկն է խօսողը: «Տունը հայերէն կը խօսինք, որպէսզի զաւակներս վարժուին եւ սորվին: Ուրիշ գաղութներու նման կազմակերպուած չենք, որպէսզի կարենայինք 100-ամեակին առիթով պատշաճ կերպով նախաձեռնութիւններ կատարել», ըսաւ ան: Բայց Ռազմիկ ունէր «հպարտութիւն» մը, զոր բաժնեց ինծի հետ: «Տղաս, որ տեղական դպրոց կը յաճախէ, իր դասապահերու մէկուն որպէս նիւթ ներկայացուց Մեծ եղեռնը», եզրափակեց Ռազմիկ:
Հայը ամէն տեղ իր «ցաւը» կը դրսեւորէ, որպէս յիշեցում, բայց նաեւ պահանջատիրութիւն:
Ապրիլ 30-ին Ճաբոնի Վարչապետ Շինզօ Ապէ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր պատմութիւնը դաժան է: Կարելի չէ ժամանակին ընթացքը փոխել եւ վերադառնալ բռնութեան օրերուն ու չընել ինչ որ եղած է: Ես իմ յարգանքս եւ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ ամերիկացի ժողովուրդին եւ անոր բոլոր նահատակներուն, որոնք ինկան Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին…»: Ու տակաւին, վարչապետը «համեստութիւնը» ունեցաւ խօսելու պատմութեան ընթացքին իր երկրին «սխալներուն» մասին՝ տարածաշրջանի երկիրներուն նկատմամբ: «Մեր արարքները միայն դժբախտութիւն բերին ասիական երկիրներու ժողովուրդներուն»: (…)
Բայց կը վերադառնամ օդանաւին մէջ դիտած ժապաւէնիս: Համաշխարհային պատերազմը կ՚աւարտի, Ճաբոն կը յանձնուի, ու գերիները ազատ կ՚արձակուին: Այս պայմաններուն մէջ Լուիս պէտք էր ընտրութիւն կատարէր:
Լուիս չսպաննեց ճաբոնցի բռնապետը, այլ որոշեց իր «վրէժ»ը լուծել «նոր կեանքեր» կերտելով: Ան իր կեանքը նուիրեց հոգեւոր եւ մարդասիրական առաքելութեան՝ նոր կեանքեր եւ հաւաքականութիւններ ստեղծելով…:
Եւ հայուն պատմութեան փորձն ալ այդպէս էր: 1915-էն ետք «նոր»ը շինելով է, որ հայը վերապրեցաւ եւ ոչ թէ սպաննելով, այդ «նոր»ն է, որ հայուն կու տայ ուժը եւ վճռակամութիւնը շարունակելու իր «աւանդ»ը քիչ մը ամէն տեղ եւ մինչեւ Թոքիօ: Այդ «նոր»ին ուժով է, որ Ռազմիկին զաւակը ու բոլոր հայ մանուկները պիտի շարունակեն ներկայացնել ահաւորութիւնը՝ յիշելով…:
Իսկ այսօ՞ր: Հայը պիտի շարունակէ իր երթը հարիւրամեակէն անդին, պիտի շարունակէ «նոր» կեանքեր կերտել ամէն տեղ, որովհետեւ «նոր» կեանքեր կերտելով է, որ հայը պիտի կրնայ զօրաւոր կերպով յիշել, յիշեցնել…:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ