ԶՈՒԻՑԵՐԱՀԱՅ ԵՐԱԺԻՇՏ ՀԱՅԿ ՎԱՐԴԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀՆՉԵՑԻՆ ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ
Զուիցերահայ երգահան Հայկ Վարդանի ստեղծագործութիւնները վերջերս առաջին անգամ հնչեցին Փրակի Սուրբ Սիմոնի եւ Յուդայի եկեղեցւոյ մէջ՝ Զլինի Պոհուսլաւ Մարթինուի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի եւ Տաւիթ Շուեցի ղեկավարութեամբ: Այս առթիւ կատարուեցան նուագախումբի համար Էպիտաֆը, Երկրորդ սիմֆոնին ջութակի, թաւջութակի եւ նուագախումբի համար։ Վերջին երկու ստեղծագործութիւնները կը կատարուէին առաջին անգամ՝ որպէս համաշխարհային փրէօմիէր: Փրակի «Օրեր» ամսագրի հաղորդումներով, այս ձեռնարկը եկաւ բնորոշել նաեւ Չեխիոյ մէջ 2015-ի ոգեկոչումներու ձեռնարկներու մեկնարկը։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Փրակի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, որ երեկոյթի սկիզբին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Համերգը առանձնայատկութիւններէն մին ալ այն էր, որ Հայկ Վարդան եւս բերաւ իր ներկայութիւնը եւ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ երաժիշտներուն կողմէ կատարուած աշխատանքին կապակցութեամբ։ «Զարմացած եմ, որ այդքան կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ նուագախումբը յաջողեցաւ կատարել իմ գործերը։ Առաջին կատարման համար հիանալի էր», ըսաւ ան։
Հանդիսատեսները ջերմօրէն ողջունեցին Հայկ Վարդանի ստեղծագործութիւններուն կատարումը։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ Ապրիլի 22-ին ալ Վենետիկի օփերային մէջ պիտի ներկայացուին իր գործերը։ Աւելի ուշ՝ Սեպտեմբերին իր գործերուն կատարումը նախատեսուած է նաեւ Լինցի մէջ։
Հարկ է նշել, որ տակաւին 1994 թուականին Վենետիկի մէջ ներկայացուած էր Հայկ Վարդանի «Պրոմեթեւս 12» օփերան, որ տարի մը վերջ արժանացած էր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մրցանակին։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024