ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅՔԷՋ

Մօտ եր­կու տա­րիէ ի վեր՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծէ «Յուշ» (www.hush.am) հա­մա­ցան­ցա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը, ո­ր կը զբա­ղի աշ­խար­հի բո­լոր հայ­կա­կան գե­րեզ­ման­նե­րու, յի­շա­րժան վայ­րե­րու եւ խաչ­քա­րե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քագ­րե­լով եւ զանոնք զե­տե­ղե­լով հա­մա­ցան­ցի վրայ՝ ընդ­հա­նուր կայ­քի մը ներ­քեւ: Այս ծրագ­րի հե­ղի­նա­կը եւ ղե­կա­վա­րը Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նի հա­յազ­գի Տքթ. Միհ­րան Վար­դա­նեանն է, ո­րու հետ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ա­նոր ըն­կե­րու­թեան՝ այս օրերուն բա­ցուած գրա­սե­նեա­կը եւ ման­րա­մասն զրու­ցեց ա­նոր տա­րած հե­տաքրք­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին:

Միհ­րան Վար­դա­նեան, ծնած ըլ­լա­լով Ե­րե­ւան եւ տա­րի­ներ ապ­րե­լով, ու­սա­նե­լով եւ աշ­խա­տե­լով եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ, եր­կու տա­րի ա­ռաջ Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձած է իր տիկ­նոջ՝ Վա­նե­նի Վար­դա­նեա­նի եւ փոք­րիկ դստեր հետ՝ հայ­րե­նի­քի մէջ հաս­տա­տուե­լու նպա­տա­կով, միա­ժա­մա­նակ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար հա­յա­պահ­պա­նու­թեա­ն մի­տուած «Յուշ» նա­խա­գի­ծը: Միհ­րան Վար­դա­նեան կ՚ը­սէ, որ նա­խա­գի­ծը, բացի հա­յա­պահ­պա­նու­թենէն, նպատակ ունի անձերը իրարու հետ հա-ղորդակցութեան մէջ դնելու։ Նպատակ մը եւս ու­նի՝ հո­գե­բա­նա­կան, ազ­գագ­րա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ այլ բնոյ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րել մա­նա­ւանդ այն­պի­սի յի­շա­րժան վայ­րե­րու մի­ջո­ցաւ, ո­րոնք տե­ղե­կա­տուու­թեան մեծ աղ­բիւր են:

Հա­կա­ռակ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, Միհ­րան Վար­դա­նեան Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ ծա­նօթ գիտ­նա­կան է՝ աստ­ղաբնա­գէտ, որ 2012 թուա­կա­նին շա­հած է Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նի գլխա­ւոր մրցա­նա­կը՝ Ար­հես­տա­գի­տու­թեան նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րու աս­պա­րէ­զէն ներս: Ան մրցա­նակ շա­հած է իր նո­րա­րա­րա­կան յայտ­նա­գոր­ծու­թեան հա­մար՝ ստեղ­ծած է Տիե­զե­րագ­րու­թեան նո­րա­րար հա­շ-ւիչ մը (Cosmology Calculator)՝ iCosmos ա­նու­նով (www.icosmos.co.uk), ո­ր այ­սօր կը գոր­ծա­ծուի շատ մը հա­մալ­սա­րան­նե­րէ ներս, ընդգրկուած է զա­նա­զան ու­սում­նա­կան կեդ­րոն­նե­րու ծրագ­րե­րու մէջ եւ ա­նոր հի­ման վրայ կը գրուին յօ­դուած­ներ ու գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­ներ: Միհ­րան Վար­դա­նեան մե­զի բա­ցատ­րեց, որ այդ հա­շուի­չը (որ հա­մա­ցան­ցա­յին գոր­ծիք մըն է) հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու ­տայ ա­րագ հա­շուար­կեր կա­տա­րել եւ հասկ­նալ անջր­պե­տի «վար­քը» տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու ընթացքին, բաղ­դա­տել անջր­պե­տէ ստա­ցուած ողջ տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը՝ յստա­կեց­նե­լով գի­տու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ տար­բեր տուեալ­ներ: Օքս­ֆոր­տի հա­մալսա­րա­նին մէջ ալ ան ստա­ցած է իր տոք­թո­րա­կան աս­տի­ճա­նը (DPhil):

Մե­զի հա­մար ու­րա­խու­թիւն էր հան­դի­պիլ Միհ­րան Վար­դա­նեա­նին հետ, որ այ­սօր ժա­մա­նա­կա­կից գի­տա­կան աշ­խար­հի մէջ ծա­նօթ գիտ­նա­կան մըն է, մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով­նե­րու ընթացքին սպա­սուած հիւր մըն է, գի­տա­կան ամ­սագ­րե­րու մէջ մնա­յուն յօ­դուա­ծա­գիր է, բայց միա­ժա­մա­նակ՝ չա­փա­զանց հա­մեստ մտա­ւո­րա­կան մըն է, որ հա­կա­ռակ իր կո­չում­նե­րուն եւ իր ա­նուան շուրջ ե­ղած հմայ­քին, եր­բեք չէ մե­ծամ­տա­ցած: Ան Ե­րե­ւա­նի մէջ վար­ձած է հա­մեստ գրա­սե­նեակ մը, ուր իր տիկ­նոջ հետ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ նոր նա­խա­գի­ծը՝ կապուած յի­շա­րժան վայ­րե­րու թուայ­նաց­ման հետ: Ըն­տա­նեօք կը հե­տե­ւին պարզ, ան­պա­ճոյճ կեան­քի մը՝ քա­րո­զե­լով բնա­կան սնունդ, բնու­թեան հետ կապ եւ օ­րի­նակ կը ծա­ռա­յեն ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն՝ մաս­նակ­ցե­լով ա­ռողջ ապ­րե­լա­կեր­պի ձեռ­նարկ­նե­րու: Միհ­րան եւ Վա­նե­նի Վար­դա­նեան­ներ նաեւ անվ­ճար կ՚օ­ժան­դա­կեն ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն (մա­նա­ւանդ մար­զե­րէ) հա­մա­ցան­ցա­յին գի­տե­լիք­ներ ձեռք բե­րե­լու մէջ, ո­րու մի­ջո­ցաւ ե­րի­տա­սարդ­ներ կրնան ստեղ­ծել սե­փա­կան մաս­նա­գի­տա­կան կայ­քը եւ ա­նոր մի­ջո­ցաւ աշխատանք ունենալ:

Մեր այն հար­ցին, թէ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու գի­տա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցը ձգած, ինչ­պէ՞ս ո­րո­շած է Հա­յաս­տան գալ, Միհ­րան Վար­դա­նեան ը­սաւ, որ այդ մէկը ո­րո­շած են նա­խե­ւա­ռաջ ի­րենց դստեր հա­մար, որ­պէս­զի ան մեծ­նայ հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ, հա­րա­զատ­նե­րու խնամ­քի ներ­քոյ, ին­չ որ, ըստ կողակցին՝ Վա­նե­նի Վար­դա­նեա­նի (որ մա­նուկ­նե­րու հո­գե­բան է), շատ կա­րե­ւոր է ե­րա­խա­յի մը ճիշդ ձեւով զար­գաց­ման հա­մար:

Երկ­րորդ պատ­ճա­ռը եղած է «Յուշ» նա­խա­գի­ծը, ո­րու հա­մար պար­տա­դիր էր, որ գտնուէին Հա­յաս­տա­նի մէջ, քա­նի որ հայ­կա­կան յի­շարժան վայ­րե­րու մեծ մա­սը Հա­յաս­տա­նի մէջ են: Հա­յաս­տա­նէն ալ սկսած են թուայ­նաց­նել գե­րեզ­ման­նե­րը՝ լու­սանկա­րե­լով Հա­յաս­տա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նուան պան­թէո­նի բո­լոր շիր­մա­քա­րե­րը, Ե­ռաբ­լու­րը եւ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քի բո­լոր գե­րեզ­ման­նե­րը՝ ա­նուն առ ա­նուն: Այդ լու­սան­կար­նե­րը հա­մա­ցան­ցի վրայ են, եւ ինչ­պէս Միհ­րան Վար­դա­նեան ը­սաւ, աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող հա­յեր այդ ճա­նա­պար­հով կը փնտռեն եւ կը գտնեն ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րու, ազ­գա­կան­նե­րու շի­րիմ­նե­րը, տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը ստա­նան, թէ ի՞նչ վի­ճա­կի մէջ են ա­նոնք, անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը կրնայ նաեւ ի­րա­կա­նաց­նել խնամք, բա­րե­կար­գում, ծա­ղիկ­նե­րու տե­ղադ­րում (ինչ որ ար­դէն վճա­րո­վի ծա­ռա­յու­թիւն մըն է): Ինչ­պէս Միհ­րան Վար­դա­նեան ը­սաւ, շա­տեր այս ճամբով գտած են ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն շի­րիմ­նե­րը, երբ կայ­քի ըն­ձե­ռած փնտռման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը գոր­ծա­ծած են, եւ նոյ­նիսկ ե­ղած են մար­դիկ, որ գտնե­լով ի­րենց հա­րա­զա­տի շի­րի­մը՝ Հա­յաս­տան այ­ցե­լած են, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով: Մեր զրու­ցա­կիցը շեշտեց, որ այս նա­խա­գի­ծը նպատակ ունի նաեւ կա-պերը զօրացնելու մար­դոց ի­րենց ան­ցեա­լին, հայ­րե­նի­քին, ար­մատ­նե­րուն հետ: Շա­տեր կը զար­մա­նան, որ ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կա­նը դի­մած է այս­պի­սի տխուր նկատուող նիւ­թի մը, բայց Միհ­րան Վար­դա­նեան կը բա­ցատ­րէ, որ ի­րենց կա­տա­րած գոր­ծը գի­տա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, եւ ներդ­րում մըն է՝ ա­պա­գա­յի հա­մար, քա­նի որ հա­ւա­քագ­րե­լով տե­ղե­կու­թիւն­ներ, լու­սան­կար­ներ, ա­նուն­ներ, մա­կա­նուն­ներ՝ ա­նոնք ու­սում­նա­սի­րու­թեան անս­պառ նիւթ կը հան­դի­սա­նան ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու հա­մար, եւ նաեւ, ե­թէ գե­րեզ­մա­նը կամ յի­շա­րժան վայ­րը ա­պա­գա­յին են­թար­կուի ոչն­չաց­ման, կորուս­տի (ին­չ որ ծա­նօթ պատ­մու­թիւն է, եւ շատ մը գե­րեզ­ման­ներ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ան­տէ­րու­թեան մատ­նուե­լով՝ ա­ւե­րուած են), ի­րենց կազ­մած կայ­քը կը պա­հէ այն ամ­բողջ տե­ղե­կու­թիւ­նը, ինչ որ ե­ղած է ոչն­չա­ցու­մէն ա­ռաջ:

«Յուշ» նա­խա­գի­ծը ստա­ցած է նո­րա­րա­րու­թեան ո­լոր­տի եր­կու մրցա­նակ (Մոս­կուա), իսկ 2013 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի Նո­րա­րա­րու­թեան զար­գաց­ման մրցոյ­թին ար­ժա­նա­ցած է յա­տուկ մրցա­նա­կի:

ԽՈ­ՋԻ­ՎԱՆ­ՔԸ՝ ՀԱ­ՄԱ­ՑԱՆ­ՑԻ ՄԷՋ

«Յուշ» նա­խա­գի­ծը օ­րերս թուայ­նա­ցու­ցած է Թիֆ­լի­զի Խո­ջի­վան­քի նշա­նա­ւոր հայ­կա­կան պան­թէո­նը, ուր յու­ղար­կա­ւորուած են ծա­նօթ հայ գրող­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, նկա­րիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ. ինչ­պէս՝ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան, Րաֆ­ֆի, Գրի­գոր Արծ­րու­նի, Նար-Դոս, Մու­րա­ցան, Ջի­ւա­նի, Գաբ­րիէլ Սուն­դու­կեան եւ այլք: Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պան­թէո­նը են­թար­կուած է ա­ւե­րում­նե­րու, կոտ­րուած են հարիւրաւոր տա­պա­նա­քա­րեր, պղծուած են շի­րիմ­ներ, որու հե­տե­ւան­քով ան­հե­տա­ցած են շուրջ հազար հա­յու տուեալ: Այ­սօր ալ Խո­ջի­վան­քի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը յա­ճախ կ՚են­թար­կուի յար­ձա­կում­նե­րու, ին­չ որ, ըստ Միհ­րան Վար­դա­նեա­նի, խնդիր մըն է, ո­րու լուծ­մամբ ան­յա­պաղ պէտք է զբա­ղիլ: Ան յի­շե­ցուց, որ 20-րդ դա­րու սկիզբի Թիֆ­լի­զի կա­ռուց­մա­ն ա­մե­նէն շատ ա­ւանդը ու­նե­ցած են հա­յե­րը, սա­կայն ա­նոնց յի­շա­տա­կը յար­գե­լը դուրս մնա­ցած է մեր ու­շադ­րու­թե­նէն: Ու­սում­նա­սի­րե­լով տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ գտնուող հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­ննոց­ներ՝ Միհ­րան Վար­դա­նեան այն կար­ծի­քին է, որ պէտք է հիմ­նադ­րամ մը ստեղծուի, որպէսզի զբա­ղի հայ­կա­կան յի­շա­րժան վայ­րե­րու պահ­պան­մամբ: Ա­ռայժմ, ինչ­պէս ան յայտ­նեց, այդ տուեալ­նե­րը թուայ­նաց­նե­լը զա­նոնք պահ­պա­նե­լու միակ ձեւն է, երբ մէկ տա­րած­քի մէջ կը հա­ւա­քուին լու­սան­կար­ներ, տա­րե­թի­ւեր, վայ­րեր եւ ա­նուն­ներ: Խո­ջի­վան­քի մէջ, օ­րի­նակ, նշա­նա­ւոր հայ նկա­րիչ Գէորգ Բա­շին­ջա­ղեա­նի տա­պա­նա­քա­րը կոտ­րուած եւ մէկ կողմ դրուած է:

Ըն­կե­րու­թիւ­նը մին­չեւ հի­մա թուայ­նա­ցու­ցած է հինգ եր­կիր­նե­րու մէջ շուրջ հինգ հարիւր հա­զար ա­նուն գե­րեզ­ման, այդ կար­գին՝ Մոս­կուա­յի հայ­կա­կան պան­թէո­նը:

ՅԱ­ՌԱ­ՋԻ­ԿԱՅ ԾՐԱԳ­ՐԵՐ

Միհ­րան Վար­դա­նեան մե­զի տե­ղե­կա­ցուց, որ ըն­կե­րու­թեան յա­ռա­ջի­կայ ը­նե­լի­քը պի­տի ըլ­լայ Պոլ­սոյ Շիշ­լիի ազգային գերեզմանատան տուեալ­նե­րը թուայ­նաց­նե­լը, ին­չ որ զայն նկա­տեց կա­րե­ւոր մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ մը: Նպա­տակ ունի լու­սան­կա­րել Թուր­քիոյ, Ի­րա­նի եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ գտնուող հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­ննոց­նե­րը եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քել ա­նոնց մա­սին, նաեւ՝ թուայ­նաց­նել մէկ այլ նշա­նա­ւոր պան­թէոն՝ Ֆրեզ­նո­յի «Ա­րա­րատ» պան­թէո­նը: Միհ­րան Վար­դա­նեան տե­ղե­կա­ցուց, որ այ­սօր մշա­կու­թա­յին տե­սա­կե­տէ կա­րե­ւոր ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն Շիշ­լիի, Ֆրեզ­նո­յի, Ե­րե­ւա­նի, Մոս­կուա­յի, Ի­րա­նի Նոր Ջու­ղա­յի գերեզմանատունե­րը, Հա­յաս­տա­նի Նո­րա­դու­զի խաչ­քա­րե­րու գե­րեզ­մա­նա­տու­նը: Մօ­տիկ ան­ցեա­լին տա­կա­ւին գո­յու­թիւն ու­նէր նաեւ Նա­խի­ջե­ւա­նի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ո­ր, ցա­ւօք այ­սօր հո­ղին հա­ւա­սա­րե­ցուած է: Ըն­կե­րու­թիւ­նը ծրա­գիր ու­նի ե­ղած լու­սան­կար­նե­րուն եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան հի­ման վրայ կազ­մել Նա­խի­ջե­ւա­նի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան առ­ցանց պատ­կե­րը, ո­ր կա­րե­ւոր տե­ղե­կա­տուու­թիւն մը պիտի ըլլայ այդ վայ­րին մէջ հա­յե­րու մշա­կու­թա­յին ան­ցեա­լին մա­սին, ին­չ որ յա­ճախ կը ժխտուի:

Միհ­րան Վար­դա­նեան կոչ ը­րաւ աշ­խար­հի բո­լոր հա­յե­րուն՝ լու­սան­կա­րել ի­րենց ըն­տա­նե­կան գե­րեզ­ման­նե­րը, յի­շարժան վայ­րե­րը եւ զանոնք զե­տե­ղել կայ­քին մէջ։ Այս ձեւով անոնք օգ­նած կ՚ըլ­լան կայ­քի հարստաց­ման, ինչպէս նաեւ այդ ձե­ւով կապ կը ստեղ­ծուի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ բնա­կուող հա­րա­զատ­նե­րու մի­ջեւ:

ԽԱՉ­ՔԱ­ՐԵ­ՐՈՒ ՀԱ­ՄԱՅ­ՆԱ­ԳԻ­ՏԱ­ՐԱՆ

«Յուշ» ըն­կե­րու­թեա­ն զու­գա­հեռ, Միհ­րան Վար­դա­նեան կը զբա­ղի նաեւ հայ­կա­կան խաչ­քա­րե­րու ու­սում­նա­սիր­մամբ եւ հա­մա­ցան­ցա­յին տա­րած­քի մէջ ստեղ­ծած է աշ­խար­հի ա­մե­նէն մեծ խաչ­քա­րե­րու հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նը, որ կը կո­չուի «Հա­յաս­տա­նի խաչ­քա­րե­րը»: Կրկին տուեալ­նե­րու հա­ւա­քագր­մամբ, մաս­նա­գէտ­նե­րու, խաչ­քա­րա­գործ­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քին նպա­տակ ունի պահ­պա­նել հայ­կա­կան խաչ­քա­րը՝ ոչն­չա­ցու­մէ եւ աշ­խար­հի մէջ պատ­շաճ կեր­պով ներ­կա­յաց­նել զայն: Ըստ Միհ­րան Վար­դա­նեա­նի, հայ­կա­կան խաչ­քարը այ­սօր աշ­խար­հի մէջ ըստ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ներ­կա­յա­ցուած չէ, եւ յի­շարժան վայ­րե­րու մէջ դրուած բազմաթիւ խաչ­քա­րեր հե­ռու են ա­ւան­դա­կան խաչ­քա­րա­գոր­ծու­թեան սկզբունք­նե­րէ, պա­տա­հա­կան նախ­շա­զար­դեր կի­րա­ռուած են եւ չեն ներ­կա­յաց­ներ հայ­կա­կան խաչ­քա­րը: Ան խոր­հուրդ տուաւ՝ խաչ­քար մը պատ­րաս­տե­լէ ա­ռաջ ու­սում­նա­սի­րել հայ­կա­կան խաչ­քա­րա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ ապա դի­մել այդ քայ­լին: Վի­ճա­կը օր­հա­սա­կան նկա­տեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, նշե­լով, որ պա­տա­հա­կան մար­դիկ յա­ճախ կը պատ­րաս­տեն խաչ­քա­րեր:

«Հա­յաս­տա­նի խաչ­քա­րե­րը» հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նը ե­րեք լե­զու­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նէ խաչ­քա­րի ծա­գու­մը, կոր­սուած եւ վտան­գուած խաչ­քա­րե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րը եւ կ՚ա­ռա­ջար­կէ ա­ւան­դա­կան նախ­շա­զար­դե­րու լու­սան­կար­ներ, ո­րոնք դա­րեր ա­ռաջ կի­րա­ռուած են այդ ա­րուես­տի նուի­րալ­նե­րուն կողմէ:

Մեր տե­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին Միհ­րան Վար­դա­նեա­նի հետ զրու­ցե­ցինք նաեւ իր մաս­նա­գի­տու­թեան մա­սին, թէ ան որ­քա­նո՞վ հե­ռան­կա­րա­յին կը տես­նէ գի­տու­թեան զար­գա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նի մէջ: Միհ­րան Վար­դա­նեան ը­սաւ, որ ինք կը շա­րու­նա­կէ զբա­ղիլ աստ­ղա­գի­տու­թեամբ, կը մաս­նակ­ցի գի­տա­ժո­ղով­նե­րու, ու­նի օ­տար հա­մա­հե­ղի­նակ­ներ, ո­րոնց հետ գի­տա­կան յօ­դուած­ներ կը պատ­րաս­տէ անգ­լերէն լեզուով ամ­սագ­րե­րու մէջ, բայց ցա­ւով նշեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ գի­տու­թեան ներ­կայ զար­գա­ցու­մը հե­ռու է մի­ջազ­գա­յին յա­ռա­ջըն­թա­ցէն: Ան այդ մէ­կը բա­ցատ­րեց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ մշա­կուած ծրագ­րի բա­ցա­կա­յու­թեամբ։ «Աշ­խար­հի տա­րած­քին կան սփռուած հայ մաս­նա­գէտ­ներ, որոնք պատ­րաստ են բան մը ը­նել Հա­յաս­տա­նի հա­մար, բայց չկայ դաշտ, որ կը քա­ջա­լե­րէ գի­տու­թեան զար­գա­ցու­մը», նշեց Միհ­րան Վար­դա­նեան ու ա­ւելց­ուց, որ գի­տու­թիւ­նը սուղ մի­ջող­ներ պա­հան­ջող աս­պա­րէզ մըն է եւ Հա­յաս­տա­նի պէս եր­կիր­նե­րու հա­մար նո­րա­րար մօ­տե­ցում­ներու կարիք կայ: Ան ա­ռա­ջար­կեց որ­դեգ­րել համեստ մի­ջոց­նե­րով ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նին հաս­նե­լու սկզբուն­քը, ին­չ որ կիա­ռե­լի է Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին: Ան նպա­տակ ու­նի՝ օ­տար գիտ­նա­կան­նե­րու ներգ­րաւ­մամբ փոր­ձի փո­խա­նակ­ման ծրագ­րեր ի­րա­կա­նաց­նել։ Այս կապակցութեամբ ան ը­սաւ, որ լա­ւա­տես է Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գա­յի ա­ռու­մով, միայն խո­չըն­դոտ նկա­տեց մա­նա­ւանդ ա­ւագ եւ մի­ջին սե­րուն­դին քով տի­րող կարծ­րա­տի­պա­յին մտա­ծե­լա­կեր­պը, որ ան­ցեա­լէն կու ­գայ եւ կը խան­գա­րէ նոր գա­ղա­փար­նե­րու ներ­մուծ­ումը ու ա­նոնց ի­րա­կա­նացումը:

Վար­դա­նեան­նե­րը ի­րենց օ­րի­նա­կով թարմ շունչ բե­րած են Հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նա­կա­կից կեան­քին եւ յաղ­թա­հա­րե­լով դժուա­րու­թիւն­նե­րը՝ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն զա­նա­զան նա­խա­գի­ծեր:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

 

 

 

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015