«ՁԵՌՆՈՒՆԱՅՆ»… ՆԿԱՐՉՈՒՀԻՆ

Հա­յաս­տա­նի նշա­նա­ւոր կին ա­րուես­տա­գէտ­նե­րէն մէ­կը, Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր նկար­չու­հի, Գա­հի­րէի 10-րդ մի­ջազ­գա­յին պիէ­նա­լի յան­ձնա­խում­բի ոս­կեայ մրցա­նա­կա­կիր, ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի Ա­րուես­տի մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան ան­դամ Թե­նի Վար­դա­նեան վեր­ջերս վե­րա­դար­ձած է Գեր­մա­նիա­յէն, ուր, 17 Ապ­րի­լին, Հա­նո­վէր քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է նկար­չու­հիի «Ձեռ­նու­նայ­ն» խո­րագ­րով ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մը։ Թե­նի Վար­դա­նեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը կա­յա­ցած է ծա­գու­մով ի­տա­լա­ցի հռչա­կա­ւոր նկա­րիչ Պրու­նօ Պրու­նիի կո­ղակ­ցին պատ­կա­նող ցու­ցաս­րա­հին մէջ:

Յատ­կան­շա­կան է, որ Թե­նի Վար­դա­նեա­նի եւ Պրու­նօ Պրու­նիի մտեր­մու­թիւ­նը սկսած է Եր­ե­ւա­նի մէջ գտնուող «Ան­տի­կեան» ցու­ցաս­րա­հէն: Ան­ցեալ տա­րի Եր­ե­ւա­նի այս նշա­նա­ւոր ցու­ցաս­րա­հը կազ­մա­կեր­պած էր Պրու­նօ Պրու­նիի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը: «Ան­տի­կեան» ցու­ցաս­րա­հի հիմ­նա­դիր Ար­մի­նէ Ան­տի­կեան իր ցու­ցաս­րա­հին մէջ կը ցու­ցադ­րէ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տը բնո­րո­շող ար­ժէ­քա­ւոր նկար­չա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ: Հա­յաս­տա­նի մէջ 1980-ա­կան­նե­րէն սկսեալ զա­նա­զան գե­ղան­կար­չա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցած նշա­նա­ւոր նկար­չու­հի Թե­նի Վար­դա­նեան այ­սօր կը գոր­ծակ­ցի միայն «Ան­տի­կեա­ն» ցու­ցաս­րա­հին հետ:

«Ան­տի­կեա­ն» ցու­ցաս­րա­հի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ալ Մա­յի­սի 5-ին «Նա­ւա­վար ձկնա­լի ըմ­պա­րա­նի­ն» մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թե­նի Վար­դա­նեա­նի պատ­կե­րագր­քին շնոր­հան­դէ­սը: Պատ­կե­րագր­քի կազ­մու­թիւ­նը կրկին կա­տա­րուած է «Ան­տի­կեա­ն» ցու­ցաս­րա­հին կող­մէ: Իսկ նոյն շէն­քի եր­դի­քին տակ՝ «Նա­ւա­վա­ր­»ին վրա­յի յար­կը՝ «Ժան-Փո­լ» սրճա­րա­նին մէջ, նոյն օ­րը, տե­ղի ու­նե­ցաւ նկար­չու­հիի գծա­գի­տա­կան (graphics) աշ­խա­տանք­նե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ պի­տի տե­ւէ մէկ ա­միս:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ ներ­կայ ե­ղաւ Թե­նի Վար­դա­նեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սին ու պատ­կե­րագր­քի շնոր­հան­դէ­սին, իսկ յա­ջորդ օ­րը հար­ցազրոյց մը ու­նե­ցանք նկար­չու­հիին հետ:

Թե­նի Վար­դա­նեան Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ Հա­յաս­տա­նէն դուրս ու­նե­ցած է հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի ցու­ցա­հան­դէս­ներ՝ թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ խմբա­յին։ Ա­նոր աշ­խա­տանք­նե­րը կը գտնուին Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի ա­նուան գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի թան­գա­րա­նին, Եր­ե­ւա­նի Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի թան­գա­րա­նին, Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ, Ո­ւա­շինկ­թը­նի, Վեր­մոն­տի մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րու, այլ մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ:

-Տի­կին Թե­նի, Դուք նոր վե­րա­դար­ձած էք Գեր­մա­նիա­յէն, ուր ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս ու­նե­ցած էք: Ինչ­պէ՞ս էր ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը Ձեր ու Ձեր ա­րուես­տին հան­դէպ:

-Իւ­րա­յա­տուկ ցու­ցա­հան­դէս մըն էր, այն ա­ռու­մով, որ միայն գծա­պատ­կեր­ներ ցու­ցադ­րուած էին: Հա­ւա­քուած էին ա­րուես­տի մօ­տէն ծա­նօթ ա­րուես­տա­սէր­ներ, գեր­մա­նա­ցի մաս­նա­գէտ­ներ։ Մեծ ըն­դու­նե­լու­թիւ­ն գ­տաւ։ Ա­նոնք ա­ռա­ջին ակ­նար­կով ե­կած էին ի­րենց բնո­րոշ խստա­պա­հան­ջու­թեամբ, բայց ցու­ցա­հան­դէ­սը կար­ծես բա­ցաւ այդ մար­դի­կը։ Ա­նոնք գնա­հա­տե­ցին, նոյ­նիսկ զար­մա­ցան, կը փոր­ձէին հասկնալ, թէ ես ինչ­պէ՞ս յա­ջո­ղած եմ գեր­մա­նա­ցի ճա­շա­կա­ւոր ա­րուես­տա­սէ­րը յու­զել։ Այդ մէ­կը ի­րենց հա­մար ա­ռա­ւել զա­ր­մա­նա­լի էր այն ա­ռու­մով, որ ես տեղ մը հա­սած եմ՝ չըլ­լա­լով գեր­մա­նա­ցի մը: Գեր­մա­նա­ցի ա­րուես­տա­սէր­նե­րը իւ­րա­յա­տուկ են, ի­րենք ա­մէն ինչ կը հասկ­նան, գի­տեն այ­սօր հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռու­մով արուես­տի մէջ ի՞նչ կը կա­տա­րուի, ի՞նչ զար­գա­ցում­ներ կան: Երբ իմ ա­րուես­տը կը վեր­լու­ծէի, ան­շուշտ բա­ցատ­րե­ցի, որ ծի­նե­րը շատ կար­ե­ւոր են, կար­ե­ւոր է նկար­ի­չի մը մտա­ւոր կա­րո­ղու­թիւ­նը, աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը եւ ան­շուշտ հոգ­ե­ւոր մեծ ու­ժը:

-Իսկ մի­ջա­վայ­րը կար­ե­ւո՞ր է:

-Ա­ռա­ջին շրջա­նին կար­ե­ւոր կ՚ըլ­լայ։ Այն, ինչ որ մի­ջա­վայ­րէն կը քա­ղես, կը մնայ հե­տա­գայ կեան­քի հա­մար, հե­տա­գա­յին ար­դէն այն­քան ալ կար­ե­ւոր չ՚ըլ­լար մի­ջա­վայ­րը: Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ ես հի­մա կը խու­սա­փիմ մի­ջա­վայ­րե­րէ, մար­դոց­մէ, աղ­մու­կէ, շատ խօս­քէ, կ՚ու­զեմ ա­ռան­ձինս ըլ­լալ: Այս ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը, շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րը, հար­ցազ­րոյց­նե­րը, հան­դի­պում­նե­րը պահ մը հա­ճե­լի են։ Ա­յո, գնա­հա­տան­քի ա­ռու­մով, բայց տեղ մը կու գայ, որ աղ­մու­կի կը վե­րա­ծուին ու կը խան­գա­րեն: Հի­մա ես այդ աղ­մու­կին մէջն եմ։ Գեր­մա­նիա­յէն նոր վե­րա­դար­ձած եմ, այս­տեղ ալ ցու­ցա­հան­դէս ե­ղաւ, պատ­կե­րա­գիր­քը լոյս տե­սաւ, կ՚ու­զեմ շուտ անց­նի այս ա­մէն ին­չը, որ­պէս­զի սկսիմ ստեղ­ծա­գոր­ծել:

-Դուք Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր նկա­րիչ էք, մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան ան­դամ ըլ­լալն ալ Խորհր­դա­յին Միու­թեան Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան ան­դամ էիք, այլ նշա­նա­ւոր ան­դա­մակ­ցու­թիւն­ներ ալ ու­նիք… Կո­չում­նե­րը, ան­դա­մակ­ցու­թիւն­նե­րը կար­ե­ւո՞ր են:

-Ա­նոնք ալ կը մղեն նոյն աղ­մու­կին, նոյն մի­ջա­վայ­րե­րուն, ո­րոնց­մէ կը խու­սա­փիմ: Ա­մէն մարդ ինք լաւ գի­տէ իր ը­րա­ծին ար­ժէ­քը: Ես շատ չեմ սի­րեր խօ­սիլ, հրա­պա­րա­կի վրայ ե­րե­ւիլ, կ՚ու­զեմ նկա­րել եւ նկա­րե­լով կ՚ը­սեմ իմ ը­սե­լի­քը: Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին սահ­մա­նա­փա­կած եմ մար­դոց հետ շփումս, շատ քիչ մար­դիկ կան իմ քով: Ստեղ­ծա­գոր­ծող մար­դը ա­ռան­ձին է։ Ան միշտ կ՚ու­զէ ձգտիլ այդ ա­ռանձ­նու­թեա­ն, որ իր միտ­քե­րուն, իր ապ­րում­նե­րուն հա­մար ե­րա­նե­լի վի­ճակ է:

-Դուք կին նկա­րիչ էք: Այդ մէ­կը դժուա՞ր է Հա­յաս­տա­նի մէջ, ինչ­պէ՞ս կը պար­զա­բա­նէք սե­ռա­յին տար­բե­րու­թիւ­նը ա­րուես­տի մէջ:

-Երբ նկար­չու­թեան մէջ կը դնեն այդ տար­բե­րու­թիւ­նը՝ լրջու­թիւ­նը կը կոր­սուի: Ես չեմ ըն­դու­նիր նկա­րիչ-նկար­չու­հի տար­բե­րու­թիւ­նը: Երբ նկա­րին վրայ նկա­տե­լի է քնքոյշ կող­մը, այդ մէ­կը կը խան­գա­րէ, ո­րով­հե­տեւ ա­ւե­լի խո­րքա­յին բաժ­նին մէջ կը հասկ­նաս, թէ ի՞նչ ը­սել ու­զած է նկա­րի­չը: Ես ա­ւե­լի խոր­քա­յին նկար­չու­թեան կողմ­նա­կից եմ։ Երբ կը նա­յիս նկա­րին եւ չես զգար, թէ կի՞ն է, թէ տղա­մարդ է հե­ղի­նա­կը: Նկա­րի պա­րա­գա­յին ո՛չ թէ սե­ռը կար­ե­ւոր պի­տի ըլ­լայ, այլ՝ այն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը եւ ը­սե­լի­քի լրջու­թիւ­նը, զոր կը կրէ ա­նոր հե­ղի­նա­կը:

-Բայց կի­նը ըն­տա­նի­քի մէջ ու­նի նաեւ այլ պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք թե­րեւս կը խան­գա­րէ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լը։ Ար­դեօք տղա­մար­դը ա­ւե­լի ա­զա՞տ է:

-Կապ չու­նի: Ստեղ­ծա­գոր­ծող մար­դը կեն­ցա­ղի վրայ շատ ու­շադ­րու­թիւն պէտք չէ դարձ­նէ։ Ե­թէ մխրճուիս այդ բո­լո­րին մէջ, կը կոր­սուիս: Ես իմ ժա­մա­նա­կս միշտ կրցած եմ հա­ւա­սար բաժ­նել, որ­պէս­զի մէ­կը միւ­սը չխան­գա­րէ՝ սկիզ­բէն որ­պէս կին, մայր, հի­մա իբ­րեւ մեծ­մայր: Ա­ռաջ թե­րեւս ա­ւե­լի դժուար էր, բայց հի­մա ա­մէն մարդ ըն­տա­նի­քին մէջ ար­դէն ինք­նու­րոյն է եւ ես կրնամ ինք­զին­քիս թոյլ տալ ա­ւե­լի շատ ա­ռան­ձին ըլ­լա­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու: Մեր ըն­տա­նի­քի մէջ ալ կան ա­րուես­տի մար­դիկ, կը հասկ­նան, կեն­ցա­ղը շատ չի ճնշեր մե­ր վ­րայ: Միշտ մտա­ծած եմ, որ ե­թէ բա­նի մը հա­մար ձա­խո­ղիմ, ես եմ պա­տաս­խա­նա­տուն, ե­թէ յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­նամ, կրկին իմ շնոր­հիւ է: Պէտք է կա­րո­ղա­նաս ժա­մա­նակդ, միտքդ, ուժդ ճիշդ բաշ­խել։ Այդ մէ­կը ան­պայ­ման իր ար­դիւն­քը կու տայ:

-Դուք ալ ա­րուես­տա­գէ­տի ըն­տա­նի­քի մէջ մեծ­ցած էք, Ձեր հայ­րը Հա­յաս­տա­նի նշա­նա­ւոր նկա­րիչ­նե­րէն Սար­գիս Վար­դա­նեանն է: Ձեր պա­րա­գա­յին ծի­նե­րը դեր խաղ­ցա՞ծ են ա­րուես­տա­գէտ դառ­նա­լու մէջ:

-Ա­յո, միան­շա­նակ: Իմ հօր­մէն կու գայ այն, զոր ես ու­նիմ: Մայրս ալ ա­րուես­տի մէջ էր, եւ այն մի­ջա­վայ­րը, ուր պզտիկ տա­րի­քէն մեծ­ցած եմ, ան­պայ­ման իր դե­րը պի­տի ու­նե­նար: Ու­րախ եմ, որ այ­սօր ալ իմ ըն­տա­նի­քին մէջ կրկին ա­րուես­տի մար­դիկ կան։ Մեծ որ­դիս՝ Վար­դան Ա­զա­տեա­նը այ­սօր Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն եւ լրջա­գոյն ա­րուես­տա­բան­նե­րէն մէկն է, միւս տղաս ալ ստեղ­ծա­գոր­ծող է:

-Դուք չէ՞ք մտա­ծած Ձեր ու­նե­ցած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, գի­տե­լիք­նե­րը եւ այն բո­լո­րը, զորս ու­նիք իբ­րեւ փորձ, փո­խան­ցել նոր սե­րուն­դին:

-Ես միշտ ստեղ­ծա­գոր­ծած եմ, եւ հա­մա­րած եմ, որ այդ մէ­կը ար­դէն իսկ փո­խան­ցում մըն է, եւ բաց ու ըն­կա­լող մար­դուն ան­պայ­ման բան մը կը հաս­նի ան­կէ: Ժա­մա­նա­կին թա­տե­րա­կան ձե­ւա­ւո­րում­ներ կ՚ը­նէի։ Այդ ալ դրսե­ւոր­ման ձեւ մըն է: Ինչ կը վե­րա­բե­րի ու­սա­նող­նե­րու կամ ա­շա­կերտ­նե­րու հետ աշ­խա­տան­քին։ Ան­գամ մը Դի­լի­ջա­նի մէջ զիս ե­րեք օ­րով հրա­ւի­րե­ցին հա­ւա­քոյ­թի մը, ո­րու ըն­թաց­քին ես ե­րա­խա­նե­րու հետ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք տա­րի։ Այդ աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին ես ա­նոնց ա­զա­տու­թիւն­ներ տա­լով՝ հրա­շա­լի ստեղ­ծա­գոր­ծե­ցին։ Բայց այդ մէկն ալ ինձ­մէ շատ ուժ կը խլէ դար­ձեալ կը խան­գա­րէ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քս: Կան քա­նի մը տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­խա­ներ, ո­րոնց հետ կ՚աշ­խա­տիմ ան­հա­տա­պէս։ Բայց այ­սօր նկա­րիչ ըլ­լա­լը դիւ­րին բան չէ, ես կ՚ու­զեմ, որ ի­րենք ա­մե­նա­լա­ւը ըլ­լան, չգայ­թակ­ղին, ար­դէն գայ­թակ­ղած են ինչ-ինչ բա­նե­րէ։ Դիւ­րին կը նկա­տեն նկար­չու­թիւ­նը, բայց այդ­պէս չէ։ Ա­րուես­տի այս աշ­խար­հը՝ նկար­չու­թիւ­նը ա­մե­նադ­ժուար աշ­խարհն է, պէտք է մեծ ուժ ու­նե­նաս՝ դի­մա­նա­լու հա­մար: Ա­րուես­տի մէջ կան մար­դիկ, ո­րոնք ա­ւե­լի հա­սա­րա­կա­կան դեր ու­նին, այդ ճամ­բան բռնած են, գոր­ծիչ են նաեւ, ես շատ չեմ հա­ւա­տար այդ­պի­սի բա­նե­րու: Ոչ ալ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը լուրջ կը նկա­տեմ:

-Մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ, ին­չո՞ւ հայ հռչա­կա­ւոր նկա­րիչ­ներ չկան, Ձեր կար­ծի­քով:

-Մենք պէտք է հասկ­նանք, որ տա­ղան­դը այդ­քան դիւ­րին բան մը չէ։ Ան ա­մէն օր չի ծնիր։ Ա­նոր հա­մար ժա­մա­նակ պէտք է, հա­րիւ­րա­մեակ­ներ պէտք են՝ տա­ղան­դի մը ծնուն­դին հա­մար: Ու նաեւ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով ներ­կա­յա­նա­լու հա­մար այլ պայ­ման­ներ ալ անհ­րա­ժեշտ են. օ­րի­նակ՝ պե­տու­թիւն, որ մենք նոր ու­նե­ցած ենք: Կը կար­ծեմ, որ ժա­մա­նակ պէտք է տա­կա­ւին:

-Ի՞նչ պէտք է ընդ­հա­նուր առ­մամբ նկար­ի­չի մը զար­գաց­ման հա­մար:

-Ա­մե­նա­կար­ե­ւոր­նե­րէն մէ­կը գրա­գի­տու­թիւնն է ա­րուես­տի մէջ: Պէտք է գրա­գէտ ըլ­լաս, գիտ­նաս, թէ ի՞նչ կայ ա­րուես­տին մէջ, ի՞նչ ե­ղած է քեզ­մէ ա­ռաջ, ի՞նչ կայ այ­սօր աշ­խար­հին մէջ, ա­մէն ին­չէն ալ բան մը առ­նե­լով կրնաս ստեղ­ծել քուկդ: Հոգ­ե­ւոր շերտն ալ կա­րե­ւոր է: Ես ա­տոր մեծ տեղ կու տամ: Եւ պէտք է նաեւ ազ­գա­յին ըլ­լա­լու չա­փա­նի­շէն դուրս ել­լել քիչ մը եւ հա­մաշ­խար­հա­յին չա­փա­նիշ­նե­րը ու­սում­նա­սի­րել եւ յա­ռա­ջա­նալ այդ ճա­նա­պար­հով: Եր­բեմն կ՚ը­սեն, թէ նկար­չին կրթու­թիւն պէտք չէ։ Ա­սի­կա սխալ է: Լուրջ կրթա­կան դպրոց պէտք է անց­ը­նէ նկա­րիչ մը: Ցա­ւօք, այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ կրթա­կան հա­մա­կար­գը, որ նկա­րիչ կը պատ­րաս­տէ, շատ տկար է:

-Դուք բա­ցի իւ­ղա­ներ­կե­րէ, շատ գծա­պատ­կեր­ներ ու­նիք, եւ վեր­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սին ալ միայն զա­նոնք ցու­ցադ­րած էք: Ի՞նչ կ՚ար­տա­յայ­տէք ա­նոնց մի­ջո­ցով:

-Գծա­պատ­կեր­նե­րը կար­ծես ան­ցում կ՚ա­պա­հո­վեն՝ միւս կտաւ­նե­րուս անց­նե­լու ճա­նա­պար­հին: Ե­թէ իմ ներսս ըլ­լան շատ կու­տա­կում­ներ, ա­նոնց­մէ կ՚ա­զա­տիմ գծա­պատ­կեր­ներ կա­տա­րե­լով, ա­պա կ՚անց­նիմ միւս գոր­ծե­րուս: Գծա­պատ­կեր­նե­րը իմ հան­գիս­տիս տեղն են ձե­ւով մը՝ ա­նոնց մէջ ա­րագ, մա­քուր եւ թարմ ապ­րում­ներս կ՚ար­տա­յայ­տեմ:

-Ըլ­լա­լով Հա­յաս­տա­նի ճանչ­ցուած ա­նուն­նե­րէն մէ­կը, այ­սօր կը գոր­ծակ­ցիք միայն «Ան­տի­կեան» ցու­ցաս­րա­հին հետ: Ին­չո՞ւ:

-Տա­րի­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւն ու­նիմ ցու­ցաս­րա­հի ե­րի­տա­սարդ տնօ­րէն Ար­մի­նէ Ան­տի­կեա­նի հետ, որ ա­րուես­տի նուի­րեալ է, գի­տէ ճիշդ գնա­հա­տել։ Ան ար­դէն ին­ծի այն­քան լաւ գի­տէ, իմ ա­րուեստս այն­քան հե­ռուէն եւ խոր­քէն ու­սում­նա­սի­րած է, որ հան­գիստ կը զգամ իր հետ իմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քին: Ին­ծի գո­հու­նա­կու­թիւն կու տայ այդ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Պատ­կե­րա­գիրքս ալ ցու­ցաս­րա­հը տպագ­րեց, Ի­տա­լիոյ մէջ իմ ցու­ցա­հան­դէսս կազ­մա­կեր­պեց: Նկա­րի­չը կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ, բայց իր կող­քին միշտ պէտք է մէ­կը, որ­պէս­զի ա­նոր գոր­ծե­րը կազ­մա­կեր­պէ, ճամ­բու մը վրայ դնէ: «Ան­տի­կեան» սրա­հը իմ այդ գոր­ծին ուղ­ղոր­դողն է, եւ կրնամ ը­սել՝ մեր քա­ղա­քի լա­ւա­գոյն ցու­ցաս­րահ­նե­րէն մէկն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015