ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐԸ

Աշխարհի համը՝ սէրը, բարին ու գեղեցիկն է, որոնք կաթիլ առ կաթիլ պակսելու սկսած են մարդկային պատմութեան սկիզբէն ի վեր: Իւրաքանչիւրս ունի կարիք սիրոյ ու բարութեան, իսկ գեղեցիկը նախընտրելի ու ցանկալի է բոլորիս կողմէ:

Կենցաղագիտական կանոններու սկզբնաղբիւրը գեղեցիկն է: Գեղեցիկ խօսք, վարք, նիստուկաց, գեղեցիկ շարժուձեւ... Այստեղ գեղեցիկը հաւասար է նուրբին, պարզ ու շքեղին: Նրբաճաշակութիւնը խօսուն է ու ակնահաճոյ:

Այսօր կ՚ուզեմ անդրադառնալ կենցաղագիտական կանոններու ծագումնաբանութեան. Ուրկէ՞ կու գան, յղկումի ինչպիսի՞ ճամբայ անցած են, ի՞նչ կը նշանակէ տարապայման քաղաքավարութիւն (էթիքէթ) բառը:

Կենցաղագիտական կանոնները սկսան ի յայտ գալ, ձեւաւորուիլ այն ժամանակ, երբ մարդիկ կ՚ապրէին խումբերով: Սկսան ձեւաւորել կանոններ, որոնք պէտք է կառավարէին, տնօրինէին մարդոց պահուածքը, քանզի այլեւս մարդիկ միայնակ չէին բնակեր: Կ՚ապրէին խումբերով եւ կար անհրաժեշտութիւն կառավարելու իրենց պահուածքը: Թերեւս նախնադարէն սկսեալ կային որոշ կանոններ, որոնք վաղուց դրոշմուած էին: Օրինակ՝ չըլլալ շատախօս: Զրոյցը, բանակցութիւնը վարել հանգիստ առանց աղաղակելու, պոռալու: Ամենակարեւորը՝ ամենայն ուշադրութեամբ, մտիկ ընել զրուցակցին, դիմացինին: Ահաւասիկ այն կանոնները, որոնք սկսան ձեւաւորուիլ մարդկութեան պատմութեան սկզբնաղբիւրէն:

ՀԻՆ ԵԳԻՊՏՈՍ

Չկար սպասք՝ դանակ, պատառաքաղ, դգալ: Կար մի միայն կտրող գործիք: Սպասքէն, առաջինը, հարկաւ ի յայտ եկաւ դանակը, քանզի սպասք կը գործածէին միայն տղամարդիկ՝ արական սեռի ներկայացուցիչները: Ինչո՞ւ տղամարդիկ, որպէսզի կարենային բաժնել ուտեստը մասերու: Հին Եգիպտոս, ուր անհրաժեշտ էր ուտել գեղեցիկ՝ առանց աւելորդ ձայներ արձակելու:

ՀԻՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Այստեղ այլեւս կը պահանջուէր կրել գեղեցիկ հագուստ, հագուիլ գեղեցիկ: Հին Յունաստանը նաեւ կը համարուէր գործարար տարապայման քաղաքավարութեան, գործարար աշխարհի հայրենիքը: Այո, ի համեմատ միւս բոլոր երկիրներուն, յոյները աչքի կ՚իյնային իրենց ազնուութեամբ, անկեղծութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնք միակն էին, որոնք կը կաշառուէին մեծ դժուարութեամբ, բացառութեամբ որոշ պարագաներու:

ՀԻՆ ՀՌՈՄ

Այստեղ ի յայտ եկաւ անձնական մաքրութիւնը: Հին Հռոմի մէջ առաջինը յայտարարեցին, որ պէտք է հետեւիլ անձնական մաքրութեան: Պէտք է ամէն օր լուալ երեսը, ձեռքերը: Պէտք է լուալ մարմինը: Նախկինին մարդիկ տարին ընդամէնը երկու-երեք անգամ կը լուացուէին: Այստեղ է նաեւ, որ առաջինը ի յայտ եկան տարրական կանոնները կնոջ հետ վերաբերուելու: Սկսան յարգել կիները, քանզի այդ ժամանակ միայն տղամարդիկ կը նստէին սեղանի շուրջ: Սակայն այլեւս կամաց-կամաց սկսան կիները նոյնպէս հիաւիրել սեղան. կը նստէին՝ կին տղամարդ, կին տղամարդ յաջորդականութեամբ:

ՍՊԱՆԻԱ

Կենցաղագիտական կանոններու մասին առաջին գրաւոր համաձայնութիւնը ստեղծուեցաւ Փետրօ Ալֆոնսոյի կողմէ՝ 1204 թուականին, որ կը կոչուի «Քլերեքալիսի սկզբունքները»:

ԻՏԱԼԻԱ

Իտալիոյ մէջ 14-րդ դարուն անցում կատարուեցաւ աւատապետական կարգերէն գիտելիքահէն մշակոյթին: Կը սկսէր Վերածնունդը: Ծաղկունք կ՚ապրէին մշակոյթը, արուեստը, եւ այլեւս տարապայման քաղաքավարութիւնը՝ գեղեցիկ պահուածքը: Կենցաղագիտական կանոնները բաւականին հետաքրքրեց իտալացիները:

ՖՐԱՆՍԱ

17-էն 18-րդ դար ինկած ժամանակահատուածին այլեւս Լիւտովիկոս 14-րդ թագաւորի ժամանակ մշակուեցան կենցաղագիտական կանոնները: Արդէն այդ ժամանակ ստեղծուեցաւ «էթիքէթ» բառը: Երբ Լիւտովիկոս 14-րդ թագաւորի ընդունելութիւններու ժամանակ մարդոց կը բաժնէին փոքր քարտեր՝ պիտակներ, ուր կը նշուէին կարգ մը կանոններ, թէ մարդիկ ինչպէս պէտք է վարուէին թագաւորին մօտենալու ժամանակ: Զոր օրինակ՝ բարձր չխօսիլ, լռել, մինչեւ թագաւորը ձեզի հարցում մը չյղէ, անտեղի չպատասխանել... Եւ այսպէս՝ Լիւտովիկոս 14-րդ թագաւորէն կը սկսի կենցաղագիտական կանոններու ձեւաւորումը, մշակումը: Ֆրանսայի մէջ, վերոնշեալ թագաւորի օրօք կը սկսին մեծ ուշադրութիւն դարձնել շքեղութեան, պերճութեան, շռայլութեան, գեղեցիկ զգեստներու...

ԱՆԳԼԻԱ

Ֆրանսայէն վերջ կենցաղագիտական, քաղաքավարական կանոնները հասան Անգլիա: Մերօրեայ այն երկիրը, որ յայտնի է իր տարապայման քաղաքավարութեան կատարեալ կանոններով: Այստեղ ուշադրութիւն կը դարձնէին ամէն մանրուքի՝ ինչպէս գեղեցիկ նստիլ, կանգնիլ, ինչպէս խօսիլ, ժպտիլ... Տակաւին այն ատեն Անգլիոյ մէջ մեծ շեշտադրում կը դնէին, որ որեւէ պարագայի պէտք է այնպէս ընել, որ դիմացինի անձնաւորութիւնը, դիմացինի հեղինակութիւնը բարձր պահուի: Վարուիլ անյպէս, որպէսզի դիմացինը ինքզինք յարմարաւէտ զգայ ձեզի հետ շփումի ընթացքին: Հին ժամանակներէն սկսեալ անոնք մշտապէս զայն կը շեշտադրէին:

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Եւ այսպէս, մինչեւ 1917 թուականը, յայտնի Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը, Ռուսաստանի մէջ կը հետեւէին կենցաղագիտական կանոններուն. տղամարդիկ բաւական նրբանկատ էին հակառակ սեռի ներկայացուցիչներու նկատմամբ: Կանանց դիմաց դուռը կը բանային: Ժպտալով խօսիլը, հաճոյախօսութիւններ ընելը, այս բոլորը շատ գեղեցիկ եւ ընդունուած էր Ցարական Ռուսաստանի մէջ: Սակայն Խորհրդային Միութեան ձեւաւորումէն վերջ, կառավարութեան միջամտութեամբ ի չիք դարձան քաղաքավարական բոլոր կանոնները: Գեղեցիկ խօսքը, շարժումները կը ներկայացնէին որպէս ձեւականութիւն, եւ պէտք չէր իյնալ այդ բոլորի ետեւէն: Կը պատճառաբանէին, թէ այդ բոլոր կանոնները կը դժուարացնեն մեր կեանքը, եւ տարանջատում կը մտցնեն երկու սեռերու միջեւ: Այդ շրջանին փոխուեցաւ նոյնիսկ դիմելաձեւը. տիկինն ու պարոնը փոխարինուեցան՝ ընկերով, տարբերութիւն չդնելու կանանց եւ տղամարդոց միջեւ: Զոր օրինակ, ընկեր Գասպարեան, ընկեր Արամ...

Աշխատիլ, աշխատիլ, աշխատիլ... մեր ինչին են պէտք կենցաղագիտական կանոնները:

Իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ կենցաղագիտական կանոնները դարձեալ սկսան իրենց գլուխները բարձրացնել, վերածնիլ։ Այլեւս մեր տարածաշրջանին մէջ սկսան վերաձեւաւորուիլ կենցաղագիտական կանոնները: Սոյն օրէնքներով հասարակութիւնը կարելի է դարձնել հաճելի վայր մը, ուր չէին կոպտեր միմեանց, ուր հաճելի է խօսիլ, քայլել փողոցներով: Դարձեալ սկսան վերածնիլ սա տարրական կանոնները:

Այսօր միջազգային հարթակի վրայ ընդունուած է եւրոպական տարապայման քաղաքավարութիւնը: Եւրոպական տարապայման քաղաքավարութիւնն ալ իր հերթին բաղկացած է ֆրանսական ու անգլիական մշակոյթներէն: Այո, այդ երկու մշակոյթները ձեւաւորեցին կանոնները եւրոպական կենցաղագիտութեան:

«Էթիքէթ»ը հեղինակ մը չունի: Ունի հարիւրաւոր հեղինակներ: Ան չի պարտադրեր, պարզապէս խորհուրդ կու տայ: Կրնանք ըսել, թէ անիկա խորհուրդներու փունջ մըն է, որուն պէտք է հետեւիլ, որպէսզի յարգենք մեր դիմացինը: Եւ այդ խորհուրդներուն հետեւելով՝ յարգելով մեզ, կը յարգենք նաեւ ամբողջ հասարակութիւնը: Այն հասարակութիւնը, ուր կը բնակինք: Կրնաք խորհիլ՝ ինչ հրաշալի ու ջերմ վայր կը դառնար այն տեղը, ուր բոլորը կը հետեւէին կենցաղագիտական կանոններուն եւ կը յարգէին զիրար:

Իսկ ինչո՞ւ անհրաժեշտ է մեզի կենցաղագիտական կանոնները 21-րդ դարուն: Քանզի մարդիկ այսօր կը դառնան առաւել դիւրագրգիռ, կոպիտ, չարացած միմեանց հանդէպ: Աւելին՝ ոչ-հասարակական: Այստեղ է, որ մեզի օգնութեան կրնան հասնիլ կենցաղագիտական կանոնները, իւր նրբութիւններով հանդերձ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2022