ՀԱՅ ՁԵՌԱԳՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼԻ ՄԱՍԻՆ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Մայր ձեռագրացուցակին հեղինակը՝ հայ ձեռագրագէտ, բանասէր Նորայր Գարեգինի Պողարեան, ծնած է 1904 թուականին, Հալէպ գաւառի Այնթապ քաղաքը (Օսմանեան կայսրութիւն): 1950 թուականէն մինչեւ 1992 թուականը, ան տեսուչը ըլլալով այդ պատմական ու հարուստ ձեռագրատան՝ անփոխարինելի ներդրում ունեցաւ հայ ձեռագրագիտութեան մէջ:

«Մայր ցուցակ ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց»ի հատորները այսօր աշխարհի որեւէ մէկ ծայրը ապրող հայ կամ հայոց մշակոյթը ուսումնասիրող օտար մատենագէտի, ձեռագրագէտի, պատմաբանի սեղանի գիրքերն են: Անոնց մէջ առաջին անգամ ներկայացուած են կարգ մը նորայայտ ձեռագիրներ, որոնք բնագրային մեծ արժէք ունին։ Անջատ գիրքերով լոյս տեսած են նաեւ անոր կազմած Յովհաննէս Թլկուրանցիի «Տաղագիրք» (1958), «Հայ գրողներ, Ե.-ԺԷ. դար» (1971), «Գրիգոր Ակներցիի Թաթարաց պատմութիւնը» (1974), «Հայ Եկեղեցւոյ հաւատոյ հանգանակները» (1993), «Վանատուր» (բանասիրական յօդուածներու ժողովածոյ, 1993), «Ժամանակագրութիւն (ԺԶ. դար)» (1996), «Սաղիմական» (1998) եւ այլ բազմաթիւ գիրքեր: Ան ունեցած է «Ծովական», «Վանատուր» գրչանունները:

Այսպիսի պատմութիւն մը կայ, որ երբ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը` Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Երուսաղէմ կ՚այցելէր, անպայման ուզած է տեսնել ծերունական օրերը ապրող Պողարեանը եւ հանդիպելով անոր ըսած է. «Եկած եմ ձեր ձեռքը համբուրելու…»: Այս պատմութեան կը հանդիպինք նաեւ Յորդանանահայոց Առաջնորդ եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Աւետիս Ծ. Վրդ. Իփրաճեանի երուսաղէմեան յուշագրութեան մէջ, տպագրուած «Սիոն»ի մէջ: Ան (ծնած Լիբանան) 1985 թուականին, Երուսաղէմ երթալով՝ իր ուսումը կը շարունակէ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի յարկէն ներս եւ աւելի մօտէն կը ծանօթանայ Նորայր Պողարեանին, զոր կը ճանչնար տակաւին Լիբանանէն: Անոր յուշերը՝ երուսաղէմեան հեռաւոր օրերէն, մանրամասնութիւններ կը պարունակեն Նորայր Պողարեանի կեանքի վերջին օրերուն մասին: Մեծանուն ձեռագրագէտ-հայագէտը վախճանացած է 1996 թուականին, իսկ այս յուշերը շարադրուած են մահէն մէկ տարի յետոյ՝ 1997 թուականին:

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ

Վերջին Հինգշաբթին էր: Երեկոյեան խաւարը կ՚իջնէր սիւները խորտակուած սեւ վրանի մը պէս, ամպերը կ՚որոտային, Երուսաղէմի երկինքը կ՚ողբար: Իսկ անդին, հիւանդանոցին իր սնարին մէջ հայ բանասիրութեան Նահապետը կ՚ապրէր իր վերջին հոգեվարքի ժամերը: Կէս գիշերուան մօտ Խաղաղութեան քաղաքէն Աստղ մը սաւառնեցաւ դէպի Երուսաղէմի երկնակամարի անդենականութեան ծոցը: Երկրաւոր ուրիշ լուսաւոր մարմին մըն էր: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երիցագոյն հոգեւորականը: Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքի զինուորեալ միաբանութեան բազմաբեղուն եւ բազմամեայ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ: Տարիներ շարունակ Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ Տեսչին եւ Ձեռագրատուն Մատենադարանի Փարոսը, որ կ՚երթար գումարուելու հայ ազգի մշակոյթի յաւերժութեան աստղաբոյլին եւ միանալու Սուրբ Սիոն լերան գմբէթի վրայ ցոլացող իր երբեմնի սիրեցեալ ուսուցիչներու երկնաւոր Մարմիններուն, որպէս յաւելեալ լուսաւոր կանթեղ ու գոհունակ սրտով ըսելու համար անոնց. «Տէր, մնասն քո տասն մնաս արար»:

Սրբազան Հայր, քրիստոսակոխ Սուրբ Քաղաքէն Ձեր բաժանումէն տարի մը անցաւ: Սիոնի Սուրբ բարձունքի մագաղաթներ մատենադարանի մէջ ամբարուած 4000 ձեռագիրները առ յաւէտ կորսնցուցին տարիներով իրենց պահապան եւ արթուն Հրեշտակը: Անոնք մօտ կէս դար վայելեցին Ձեր քնքուշ մատներուն խնամքը: Դուք այն քաջ Նաւավարն էիք, որ մաքառեցաք փոթորկալից ալիքներուն դէմ եւ չվհատեցաք ձեր կեանքի դժուարագոյն հանգամանքներէն եւ պայմաններէն: Ալիքներ ու սեւ ամպեր եկան ու անցան, բայց շարունակեցիք ձեր Սուրբ Առաքելութիւնը եւ «Ցուցակ Ձեռագրաց Նաւը» առաջնորդեցիք իր նաւահանգիստին: Ամբողջ կեանք մը նուիրեցիք Երուսաղէմի Մագաղաթները դուրս բերելու համար խաւարի մութ ծալքերէն եւ զանոնք Գիտական մակարդակով եւ արժէքով մատուցելու համայն մարդկութեան:

Հայ մամուլը եւ «Սիոն» ամսաթերթը, դարէ դար պիտի յիշեն իրենց անխոնջ եւ ժիր մշակին անունը, յաւերժ մտաբերելով ձեր կոթողած 690-է աւելի յօդուածները: Իսկ Սրբոց Յակոբեանց տպարանը պիտի հիւսէ ձեր փառքն ու պատիւը, անմահացնելով արդար աշխատանքի հունձքը որպէս անմեռ բարձրութիւն Սուրբ Աթոռոյս միաբանութեան:

Անցեալի յուշերէն թարմացեալ, դողդոջուն մատներով կը գրեմ այս տողերը, Սրբազան Հայր:

1979 Նոյեմբեր ամսուն, Լիբանան, Պիքֆայիայի բարձունքին թառած Դպրեվանքին դասարաններէն մէկուն մէջ, հայերէն լեզուի դասի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ ձեր անուան: Իմ երազը եղաւ, տեսնալ, մօտէն ճանչնալ եւ ձեր աջը համբուրել: Այս երազները եւ յոյսերը տարիներ վերջ իրականացան:

Լիբանանէն Երուսաղէմ կու գայի 1985 Հոկտեմբեր ամսուն որպէս ժառանգաւոր սան, բայց տարիներու երազի դիտաւորութիւնս չէի մոռացած: Երկու տարիներ վերջ բախտաւորուեցայ ըլլալու ձեր աշակերտը, դասաւանդեցիք մեզ հայ մատենագրութիւն ձեր իւրայատուկ մօտեցումներով եւ բացատրութիւններուվ: Եւ իրօք եղայ այդ երջանիկ անձը, որ տեսայ, եւ ապրեցայ, որ եւ կ՚ապրիմ նոյն յարկի Վանքի Սուրբ Քուրային մէջ, շնչելով Քրիստոսաբոյր քաղաքի օդն ու մթնոլորտը:

Տարիներ վերջ, Վարդանանց տօնին, 1991 Փետրուար 14-ին ձեռնադրուեցայ կուսակրօն հոգեւորական: Այսպէսով եղայ Սրբոց Յակոբեանց Առաքելական Վանքին զինուորեալ միաբանութեան անդամ եւ փոքրագոյն ձեր միաբանակից եղբայրը:

Տարի մը վերջ, Պարտիզաթաղի նորոգութիւններուն պատճառով, բախտաւորութիւնը կ՚ունենայի ըլլալու ձեր հարեւանը Ջամթաղի: Ուր աւելի մօտէն ճանչցայ ձեզ եւ երազներ կամայ-ակամայ կ՚իրականանային: Ամիս մը չանցած, ձեր անակնկալ անհանգստութեանը պատճառով, ձեր առաջարկութեամբ եւ Գահակալ Պատրիարք Սրբազան Հօր կամքով, խոնարհս եւ Թարգման Հայր Սուրբը՝ Տ. Ռազմիկ Վրդ. Պօղոսեան, կը կոչուէին ըլլալու խնամատար հոգեւորականնները:

Հիւանդանոցին մէջ էր որ մեր յարաբերութիւնները աւելիով սերտացան: Միասնաբար 60 երկար օրեր ապրեցանք, քնացանք, ճաշակեցինք ինչ որ մեզ հրամցուեցաւ, մինչեւ ձեր ապաքինումը: Սրբազան Հայր, կը խոստովանիմ, դժուար էին առաջին օրերը կամաւոր բանտարկուիլ հիւանդանոցի մեր խուցին մէջ: Ենթարկուիլ ձեր խիստ կանոններուն, որոնցմով վարժ էիք ապրիլ տարիներ շարունակ: Սորվիլ ձեր կեանքի բոլոր վարժութիւնները եւ յարմարիլ անոնց, բայց ժամանակը իր հրաշքը գործեց: Նոր դպրոց մըն էր ինծի համար հիւանդանոցի կեանքը, որովհետեւ պարտաւորուած էի ձեր նման իմանալ ժամանակի սուղ արժէքը: Հոն էր որ սորվերցուցիք ձեր կեանքի նշանաբանը. «Ամէն մարդ պարտականութիւն մը ունի կատարելիք մարդկութեան հանդէպ»: Ապա, հիւանդանոցին օրերէն սկսեալ եղաք ինծի իրական Հայր եւ ուսուցիչ: Նախկին դասարանային ուսուցիչը չէիք, Սրբազան Հայր, այլ Հայր Ուսուցիչն էիք: Ինչպէս հայր մը իր զաւկին կը փափաքի տալ եւ սորվեցնել լաւագոյնը, նոյնը դուք եղաք ինծի: Երազներուս իրականացումն էիք, որ դարերէն կու գայիք: Աստուածաշնչային խօսքերն էին որ կը ճշմարտուէին. «Խնդրեցէք եւ տացի ձեր, հայցեցէք եւ գտջիք, բաղխեցէք եւ բացցի ձեզ: Զի ամենայն որ խնդրէ՝ առնու, եւ որ հայցէ գտանէ, եւ որ բաղխէ՝ բացցի նմա (Ղուկ. ԺԱ. 11), որ ես ցանկացած էի տարիներ առաջ:

Բժիշկներ, մայրապետներ եւ բոյժքոյրեր կը բողոքէին ինծի՝ ըսէ՛ Սրբազան Հօր, որ դեղահատները առնէ եւ կամ քիչ մը աւելի թող ուտէ, բայց ժպիտը ձեր երեսին, հանաքներ կը պատմէիք անոնց, փոխան անոնց տրտունջին, որոնք ճարահատ, բայց ժպիտը իրենց երեսին՝ ուրախ զուարթ կը բաժնուէին մեր սենեակէն: Իսկ այն պարտականութիւնը որ ինծի յանձնուած էր, ձեզ համոզել փորձելու իւրաքանչիւր դեղահատի՝ դժուար էր միջոց ու հնարք գտնել ձեզ տալու համար: Կը խոստովանիմ թէ օրական մօտ 15-է աւելի դեղահատ կ՚ընդունէիք, ինչ որ իրօք զզուանք կը պատճառէր, բայց ստիպուած կ՚ընդունէիք: Հիւանդանոցի մեր սենեակը լիքն էր բանասիրական եւ գիտական գրքերով: Հոն էր, որ Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր՝ Տ. Թորգոմ Արքեպս. Մանուկեանի յանձնարարութեամբ ստանձնեցիք Գիրք Թղթոցի նոր գիտական հրատարակութիւնը: Յաճախ անգիր գիտէիք ձեռագրերու պարունակութիւններն ու անոնց դարերու պատմութիւնը, եւ կը պատմէիք թէ անոնք ինչպէ՜ս վերապրած էին իսկական կորուստէն եւ կամ՝ թալան թուրքի ճիրաններէն ազատուելով հասած էին Երուսաղէմ: Վերադարձանք Վանք, մեր Օճախը: Նոր կեանք մըն էր, որ սկսանք ապրիլ նոր խանդով ու աւիւնով: Իւրաքանչիւրս լծուած իր առօրեայ կեանքին ու աշխատանքին: Մեր «Ճիտին» պարտքն էր Գիրք Թղթոցի գիտական հրատարակութիւնը: Ձեռագրերուն եւ այլ, այս կամ այն թղթի տառընթերցուածային հրատարակութիւնը բաղդատել նոյնինքն 1907-ի հրատարակութեան հետ: Յաճախ ժամանակը կ՚անցնէր, մինչեւ ուշ գիշեր, կամքէ անկախ, հետաքրքիր նորանոր յայտնաբերումներով, որոնք կը պակսէին առաջին հրատարակութեան մէջ: Իսկ ինչպէ՞ս չյիշել այն երջանիկ «Չինչին»ի պահերը, նախքան աշխատանքի ժամը, ուր միասնաբար կը խմէինք հայկական քոնիաք կամ այլ ուրիշ ըմպելիներ: Յաճախ այնպէս դասաւորեցինք, որ Գահակալ Պատրիարք Սրբազան Հայրը ըլլար մեր տան պատուոյ հիւրը. իսկ այդ ժամանակամիջոցը, ուր Դուք կը խօսէիք անցեալի օրերէն, Վանքի նորանոր յուզող հարցերէն եւ կամ Ձեր նոր հրատարկութիւններուն շուրջ, ինչպէ՜ս մոռանալ, Սրբազան Հայր:

1995 Նոյեմբեր ամսուն, անկախացած Հայաստանի Վսեմափայլ Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, ինքն անձամբ կու գար համբուրելու Ձեր Աջը, ըսելով. «Սրբազան Հայր, գալ Երուսաղէմ եւ Նորայր Սրբազանը՝ բանասիրութեան հսկան, գործընկերս չտեսնել, ինչպէ՞ս կարելի է»:

Եկաւ 1996 տարուան Նոյեմբերի սեւ 19-ը, ուր երեկոյեան կը կոտրէիք ձեր ոտքի պճեղը (բումբ=ankle): Կարողութիւն չունէիք քալելու, ուժասպառ էիք, բայց ձեր մինչեւ վերջին շունչը չկորսնցուցիք Այնթապցի Նորայր Սրբազանին ուշքն ու վեհութիւնը: Մերժեցիք հիւանդանոց երթալ նոյն օրը, կարծելով որ ջիղերու անցուկ պրկում մըն էր, բայց համաձայնեցաք ձեր 35 տարիներու բժիշկին այցը: Նորայր Սրբազանն էր, իր երկաթեայ կամքով ոգորող անցուկ ցաւերուն դէմ: Միայն 3 օրեր վերջ էր, որ կարողացած էի ճար ու հնարք գտնել համոզել ձեզ, ըսելով անցուկ ցաւ չ՚երեւար, Սրբազան Հայր, երբ ես անձամբ գիշերները ձեր յաճախակի զարթումներով համոզ-ւած էի թէ, ելք ու միջոց չկար այս վէրքին:

Համոզուած՝ պատահած ճակատագրին, ըսիք այս բառերը. «Հայր Սուրբ, երբ Միաբանութիւնը անցնի՝ ինձ տեղեակ պահէ»: Նախքան բաժանումը ձեր հոգեւոր Տունէն, վերջին անգամ ըլլալով ցանկացիք լսել բարապաններուն գաւազանին ձայնը եւ Միաբանակից եղբայրներուն վերջին օրհնութեամբ բաժնուիլ: Անոնք Միաբանութիւնը կ՚առաջնորդէին դէպի Սուրբ Հրեշտակապետաց Եկեղեցին, նախատօնակը կատարելու համար «Սրբոց Հրեշտակապետացն՝ Գաբրիէլի եւ Միքայէլի ամենայն երկնային զօրացն» տօնին: Լաւ իմացաք, որ այս անգամ կը բաժնուէիք ձեր 77 տարիներու Լոյսի կեդրոնէն անվերադարձ: Ապա, անոնց գաւազաններուն զարկին ձայնը լսելէն 25 վայրկեաններ վերջ, խնդրեցիք որ հեռաձայնեմ հիւանդակառքին: Ժամերգութեան աւարտին, Սրբոց Յակոբեանց ողջ Միաբանութիւնը Ձեր սենեակն էր, երբ տեսած էին հիւանդակառքի ու հրեայ բժիշկներու ժամանումը:

Երեկոյեան, հիւանդանոցին մէջ ինծի վիճակուած էր տեղեակ պահել Ձեզ պատահարի եւ ըլլալիք իրադարձութիւններուն մասին: Դժուար էր, Սրբազան Հայր, դժուար, ուսերուս դրուած պարտականութիւնը: Չկարողացայ ըսել նոյն օրը, յետաձգելով յաջորդ օրուան:

Շաբաթ օրը, Պատրիարք Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Լուսարարապետ Սրբազան Հօր եւ Թարգման Հայր Սուրբին, եկան հիւանդտեսի Ձեզի: Ձեր հիւանդագին վիճակին մէջ իսկ, մտահոգ՝ վանքի խնդիրներով, սկսաք զրուցել անոնց հետ ապագայի մէջ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Ապա, ձեր վեհութիւնը միշտ պահելով, խնդրեցիք ինձմէ որ մանրամասն պատմէի անոնց ըլլալիք եղելութիւններուն մասին: Սրբազան Հայր, իմ կեանքի յուշարձանը պիտի ըլլան Ձեր այս բառերը, երբ Պատրիարք Սրբազան Հայրը հարց տալով ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կը ծառայեն մեր երկու Հայր սուրբերը», Ձեր պատասխան էր. «Գերսքանչելի եւ առանց թերութեան»:

Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր, ենթարկուեցաք վիրաբուժական ծանր գործողութեան, բայց բնաւ պիտի չմոռանամ այն պահը, երբ գործողութեան սենեակի մուտքին, երերուն մատներով կը խաչակնքէիք ձեր երեսը եւ աղօթքի մրմունջն էր որ դուրս կու գար ձեր դողդղացող շրթներէն: Գիշերները եւ ցերեկները յաջորդեցին իրարու, սեւ ու ճերմակ փայլակներու նման յոյսերով լեցուն, բայց միայն դուք եւ ես գիտէինք, որ այդ չէր իրողութիւնը:

Այս անգամ եկաւ Դեկտեմբերի սեւ 14-ը, Շաբաթ օր: Երեկոյեան, մթնշաղը բռնկած նաւի մը պէս կը ծփար երկնքի ջուրերուն վրայ, երբ ըսիք. «Կ՚երթամ ուրկէ որ եկայ, համոզուած եմ մահուան հետ, բերե՛ք Սուրբ Հաղորդութիւնը», որ նախօրօք խնդրած էիք: Դողդոջուն մատներով ընդունեցիք կենարար Մեր Փրկչի Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մարմինը, ըսելով. «Փառք Քեզ Աստուած, քու կամքդ օրհնեալ ըլլայ»: Դժուար էր այդ պահուն զսպել մեր արտօսրը, որ կը հոսէր ներկաներուն բոլորի աչքերէն: Տխուր էիք եւ յուզուած, ձեր այտերէն վար կը գլորէին արցունքի կաթիլները, կը զգայիք որ մահը կու գար ձեզ տանելու յաւիտենական կեանքին: Թարգման Հայր Սուրբը եւ ես բոլոր գիշերը լսեցինք ձեր անդոհի հեւքը. դժուար էր, դժուար:

Անցան օրեր, եկաւ Դեկտեմբեր 19-ի խաւար Հինգշաբթին: Դեղերը կը պակսէին, դժուար էր անոնց հայթայթումը, բայց իմ պարտքն էր զանոնք ամէն ձեւով ձեռք բերել, նոյնիսկ որոշած էի դժոխքի խորերէն իսկ բերել, կատարելու համար իմ սրտի վերջին պարտականութիւնը իմ «Տետուկին», ինչպէս սովոր էի բարեկամներուս կոչել ձեզ: Դեղը մի քանի ժամեր վերջ բերած էի, բայց տխուր էի, շատ տխուր: Ձեր արտօնութեամբ Թարգման Հայր Սուրբէն խնդրեցի մի քանի ժամուան համար իմ փոխարէն ձեր հետ մնար: Վանք եկայ կարգ մը պատրաստութիւններ տեսնելու՝ յաջորդող օրերուն համար: Երեկոյեան, «երբ ջուրերուն վրայէն անտեսանելի ձեռք մը քիչ քիչ կ՚առնէր ոսկին եւ անոր տեղ մոխիր կը ցանէր», հեռախօսս զանգեց, Թարգման Հայր Սուրբն էր, կը խնդրէր, որ Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ ձեր մօտ գայինք: Ժամ մը ետք ձեր մօտն էինք: Սովորութեանս համաձայն ըսի. «Սրբազան, ես եկայ, ինչպէ՞ս էք»: Պատասխանեցիք այսպէս. «Եկա՞ր, գալդ բարի ըլլայ, բարով եկար, Հայր Սուրբ», բայց ընդմիջելով ձեզ՝ ըսի. «Մինակս չեմ, հիւրեր ունինք, Պատրիարք Սրբազան Հայրը եկաւ այցի»: Օրերով չբացած ձեր աչքերը բանալով՝ սկսաք ձեր շուրջը նայիլ, տալու համար ձեր վերջին յարգանքը անոր: Մահուան շուքին իսկ թեթեւ ժպիտը երեւցաւ ձեր երեսին, թարգմանն էի ձեր շշնջացող ձայնին եւ արտայայտութիւններուն: Յանկարծ երկա՜ր, բայց շատ երկա՜ր «հոգոց» հանեցիք, Ձեր ցաւերէն բարկացած, ըսելով «ամէն կողմս կը ցաւի, շատ կը ցաւիմ, ի՞նչ բանի համար ապրիմ այլեւս, Հայր Սուրբ, երբ այս մարմինը այլեւս բանի մը չի ծառայեր»: Նոյն վայրկեանին մտաբերեցի ձեր կեանքի նշանաբանը. «Ամէն մարդ պարտականութիւն մը ունի կատարելիք մարդկութեան հանդէպ»: Կը զգայիք, թէ Ձեր կեանքի պարտականութիւնը իր աւարտին հասած էր եւ կը սպասէիք ձեր արի սրտով դաժան մահուան:

Շատ չուշացաւ, Սրբազան Հայր: Գիշերուան ժամը 9:40-ին, Պատրիարք Սրբազան Հայրը իր վերջին հրաժեշտը առնելէ առաջ, իր վերջին աղօթքը ըսաւ. «Փարատեա զցաւս. ապա «Պահապանիչ եւ յոյս հաւատացելոց...»:

Սրբազան Հայր, մատներս կը կթոտին երբ կը փորձեմ մտաբերելով կեանքին մայրամուտին հիւանդանոցին մեր խուցէն առաքուած առ Աստուած ձեր աղօթքի մրմունջը. «Փառք քեզ Աստուած, Փառք քեզ, կամքդ օրհնեալ ըլլայ»: Ապա աւելցնելով յայտնեցիք Ձեր շնորհակալութեան խօսքը Առաքելական Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Պատրիարք Սրբազան Հօր:

Մեկնեցան, Սրբազան Հայր, կրկին առանձին էինք մեր սենեակին մէջ: Ձեզմէ խնդրելով փափաքեցայ դուրս ելլել, հարկաւոր եղած կարգադրութիւնները տեսնելու, բայց բաժանմանս ժամանակ ըսիք, բարձրաձայն եւ յստակ. «Կարիքը չունիս այլեւս գալու, Հայր Սուրբ»: Չիմացայ ինչ ըսել, բայց վերադարձիս, բժիշկին հետ աւանդեցիք ձեր վերջին անոյշ շունչը նուաստիս երեսներուն: Ապա մահուան քունը եկաւ անվերադարձ մեզ զատելու իրարմէ եւ տանելու ձեզ Աստուծոյ փառքի յաւերժութեան: «Երանի որ ունիցի յիշատակ ի Սիոն»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2022