ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­մա­հայ­կա­կան 6-րդ խա­ղե­րու փակ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Օ­փե­րա­յի շրջա­կայ­քին հա­ւա­քուած ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թիւ­նը հե­տե­ւե­ցաւ այս խորհր­դան­շա­կան ձեռ­նար­կին, ո­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան խա­ղե­րը յայ­տա­րա­րեց փա­կուած։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Իշ­խան Զա­քա­րեան։ Ե­րե­կոյ­թի ներ­կա­նե­րէն բռնցքա­մար­տի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­համն ալ ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը։

Ե­րե­կոյ­թի պաշ­տօ­նա­կան բաժ­նէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տօ­նա­կան հա­մերգ մը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015