Մտորումներ՝ Դպրոցական Վերամուտի Առթիւ
Իրողութիւն է, որ ուսում, կրթութիւն եւ կամ գիտութիւն ստանալը է՛ եւ կը մնայ մեր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր բաղադրիչներէն կարեւորագոյնը: Ուստի, ի՛նչ ալ ըլլան իբրեւ գլխաւոր բաղադրիչ մեր կեանքը հունաւորող միւս արժէքները, որքան որ անոնք բարդանան, արդիականանան եւ այժմէականանան. վերեւ նշուածները էական են եւ կը մնան մեր բոլորի կեանքի ուշադրութեան կիզակէտերը:
Ինչո՞ւ սակայն նման մտածման արծարծում մը՝ իբրեւ նախաբան: Շա՛տ պարզ է եւ յստակ, որովհետեւ ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբին է, որ կը գտնուինք՝ հայրենիք եւ սփիւռք հաւասարապէս:
Այլ խօսքով, դպրոցական վերամուտ է ամէն տեղ եւ ամէն երկնքի տակ:
Այսպէս, ամրան համրուած ամիսներու վրայ երկարող արձակուրդէն ետք, բոլոր վարժարանները Օգոստոսի կիսուն եւ կամ Սեպտեմբերի սկիզբին կրկին անգամ կը բանան իրենց դռները՝ հին ու նոր աշակերտներու դիմաց: Ու ծնողք, աշակերտ, ուսուցիչ ինքնաբերաբար մուտք կը գործեն տարբեր տարեշրջանի մը հունին մէջ:
Ըսի, չէ՞, վերամուտ է. արդէն յայտնի է, զայն կը տեսնենք, կը զգանք՝ ըլլանք աշակերտ, ուսանող կամ ալ ծնողք: Խորքին մէջ դպրոցական նոր շրջան մը, նոր առիթ մը, նոր պատեհութիւն մըն ալ կը հրամցնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին:
Ու այս նոր ժամանակաշրջանը ինքնաբերաբար իր մէջ կը մարմնաւորէ նաեւ զանազան ու բազմազան տարբեր հոգեր, մտահոգութիւններ եւ իրավիճակներ:
Ու մեր ապրած երկրին մէջ դպրոցական վերամուտ է ոչ միայն պետական, այլեւ հայկական ամէնօրեայ կամ միօրեայ վարժարաններու համար ալ:
Հաստատ իրողութիւն է, որ հայ վարժարանը հայ աշակերտին երկրորդ տունն է, ուր ան հոն ո՛չ միայն մայրենին կը սորվի, այլեւ գիտութիւն ամբարելու կողքին, նաեւ կը ծանօթանայ մեր լեզուին ու զայն ստեղծող ժողովուրդի գաղտնիքներուն, մշակոյթին՝ դարաւոր պատմութեան ծալքերուն հետ միատեղ, ու անկասկած նաեւ կը ներշնչուի անոնցմով ու, վերջապէս, կը ջերմացնէ եւ ջերմ կը պահէ իր հայու հոգին:
Ու պատիւ իրենց, մեր ծնողներն ալ գերագոյն զոհողութեամբ, մեկնելով մեր ազգին ապագային նկատմամբ ունեցած ու որդեգրած իրենց բծախնդրութենէն, հաւատքէն եւ երախտանքէն՝ իրենց զաւակները կ՚առաջնորդեն հայկական միօրեայ կամ ամէնօրեայ վարժարաններ:
Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, երբ այս բոլորին կողքին աւելցնեմ նաեւ, թէ ներկայիս ազգովին կ՚ապրինք խառն ժամանակներու մէջ, որուն զանազան անդրադարձներէն անմասն չենք կրնար մնալ բոլորս ալ:
Ու մենք մեզի վայրկեանի մը համար եթէ փորձենք մտածել, թէ համաշխարհայնացման այս շրջանին մէջ իբրեւ սփիւռքահայեր կամ իբրեւ տարասփիւռ հայութեան մէկ կոտորակը կամ նոյնիսկ իբրեւ պարզ հայ անհատ ինչպէ՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ առանց հայ դպրոցի պիտի կարենանք մեր ազգային եւ մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահել ու պահպանել օտար երդիքներու տակ: Այլ խօսքով, ի՞նչ պիտի ըլլայինք առանց հայ դպրոցին, ո՞ւր պիտի հասնէինք:
Կասկած չկայ, որ հայու ինքնութիւնը կը սկսի հայ վարժարաններէն: Այս մէկը հազարաւոր անգամներ շեշտած ենք: Միշտ շեփորած ենք էականութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը հայ վարժարանին՝ մեր կեանքին մէջ: Հաւատացած ենք, որ մեր գոյատեւման մեծագոյն կռուաններէն մէկն է հայ դպրոցը իր պարզ կամ շքեղ արտաքինով եւ սակայն՝ իր անկրկնելի խորքով եւ ներշնչումով:
Ու այս օրերուն, վերամուտի այս պահերուն, հայ մեր նոր սերունդի երկսեռ ներ-կայացուցիչներու հայկական տաք ու ներշնչող պատերէն ներս իրենց հոծ ներկայութիւնը բոլորիս համար հպարտութեան կողքին, սրտի գոհունակութիւն եւ մեծ ուրախութիւն ալ կը պատճառեն:
Միւս կողմէ, սակայն, տխուր իրականութիւն է տեսնել բազմահազար հայ երկսեռ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, այլ խօսքով՝ հայ աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք կամայ թէ ակամայ զրկուած են հայկական վարժարաններու մէջ աշակերտելու շունչէն, հարազատ գուրգուրանքէն, ու այսպէս, օտար վարժարաններու մէջ իրենց ներկայութիւնը կը խարխափեն:
Տակաւին, գաղութներ կան, որոնք բոլորին զուրկ են հայկական մեր կրթական եւ մշակութային կեանքէն:
Ահա մեր ներկայ ժամանակներու գերագոյն երկու իրականութիւնները: Կը տեսնենք, կը ցաւինք: Նաեւ կը յուսանք:
Յստակօրէն ըսեմ, որ ինծի համար էական է եւ առաջնահերթ, որ օտար եւ կամ աւելի ճիշդ՝ ոչ հայ վարժարան յաճախող հայ տղան կամ հայ աղջիկը չունենայ այն տպաւորութիւնը, որ իր յաճախած օտար վարժարանը զինք կրնայ հեռացնել մեզմէ, մեր միջավայրէն, մեր կեանքէն:
Ուստի պէտք չէ, որ զիրենք անտէր ձգենք: Մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, մեր ինքնութիւնը եւ ոգին պատշաճօրէն եւ զանազան ձեւերով, առանց բարդոյթի իրենց ալ փոխանցենք: Ներգրաւենք զիրենք: Նոր եւ հասկանալի ու արդիական միջոցներ որոնենք, որպէսզի կարենանք պարտութեան մատնել անոնց ակամայ ձուլումը:
Ահա երկար տարիներու վրայ «շնչող» մարտահրաւէր մը, որ մինչեւ օրս չենք կրցած յաղթահարել: Տակաւին, առաջնակարգ ու առաջնահերթ ալ է: Տակաւին, Հայ դատ ալ է եւ կամ ալ՝ անոր մէկ անբաժան մասնիկը:
Ասոր կողքին, չմոռնանք սակայն, որ հայ վարժարանը, պատիւ իրեն, կը շարունակէ՛ ունենալ զինք քաջալերող ու իր առաքելութեան հաւատացող ու նեցուկ կանգնող ազգանուէր հայորդիներ, որոնք իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւններով կանգուն ու բարգաւաճ կը պահեն սփիւռքեան մեր այս մաշտոցակերտ ամրոցները:
Եւ այս առթիւ իմ բարի մաղթանքս է, որ վերամուտեան վերանորոգ այս խանդավառութիւնը սահմանափակում չունենայ ու փոխադարձ վստահութեամբ, անկեղծ յարաբերութեամբ, դրական երկխօսութեամբ ու համագործ ոգիով շարունակուի հայ դպրոցին շուրջ ստեղծուած ինքնատիպ ու առողջ մթնոլորտն ու գիտակից մօտեցումն ու զայն բարգաւաճ պահող շրջանակը՝ յանուն մեր փայլուն վաղուան յոյսերու իրականացման:
Միւս կողմէ՝ իրենց երկրորդ տունը վերադարձող մեր բոլոր աշակերտներուն՝ ի սրտէ բարի վերամուտ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ