ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Ներկայիս բազում մարդիկ կը պնդեն, թէ բարոյականութիւնը նահանջած է։ Մանաւանդ օրակարգի վերջին իրադարձութիւններուն ականատես դառնալէ յետոյ այս մէկը պնդող մարդոց թիւը աճած է գրգթէ բազմապատիկօրէն։ Ըստ իրենց, մարդիկ չունին «նախկին» բարոյական կեցուածքն ու վարքը։ Թէ ինչո՞ւ… Օրինակ մը տալով բացատրենք, թէ ինչո՞ւ համամիտ չեմ այդ մարդոց հետ։ Եթէ ապրէիք երկու դար առաջ, աշխարհի վրայ գրեթէ ամէնուր կար երեք հաւանականութիւն. կա՛մ ստրուկ էիք, կա՛մ ստրկատէր եւ կամ ստրկութիւնը կը համարէիք օրինական եւ բնականոն։

Փողոցը տեսնելով ստրուկ մը կամ անոր տէրը, առանց զարմանալու կամ ձանձրանալու պիտի անցնէիք անոնց քովէն ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս այսօր կ՚անցնիք, երբ կը տեսնէք շունը պտտցնող անձ մը։ Արիստոտէլ ու նոյնիսկ բոլոր ժամանակներու մեծանուն հանճարներէն ոմանք ստրկութիւնը կը համարէին օրինական եւ բնականոն։

Բարոյականութեան ընկալման հիմնական խնդիրը հետեւեալն է. չ՚ընդունուիր այն փաստը, թէ ան անընդհատ կը զարգանայ, զարգանալով կը փոխուի եւ իւրաքանչիւր փոփոխութիւն տեղի կ՚ունենայ նախորդի մերժմամբ։ Այլ խնդիր մըն է, որ բարոյականութիւնը յամառօրէն կը փնտռուի անցեալի մէջ։ Կը պահանջուի, որ պահպանուին ու կիրառուին անոնք, սակայն սա ամենամեծ խոչընդոտն է բարոյականութեան բարելաւման համար։ Մինչդեռ բարոյականութեան շարժիչ ուժն է զզուանքը։

Մարդկութեան պատմութիւնը կրնայ ըլլալ միայն անբարոյականութեան փաստ, որովհետեւ ան վկայութիւնն է ստրկութեան, բռնութեան, դաժանութեան, խոշտանգումներու, մահապատիժներու, բռնաբարութիւններու, նուաստացման… Բարոյական բարելաւումը կը պահանջէ մարդկութեան պատմութեան նկատմամբ արգահատանք՝ յատկապէս դադրիլ պարծենալ անցեալով՝ զայն ուղեցոյց ընելով։ Հնարաւոր չէ ըլլալ բարոյականութեան տէր ու կերտել «տրամաբանական» ապագայ՝ առանց արգահատանք զգալու անցեալի նկատմամբ, առանց մեր եւ անցեալին միջեւ սահման դնելու։ Մէկ խօսքով՝ բարոյականութիւնը անցեալի մէջ փնտռուելիք եւ այնտեղ գտնուելիք բան մը չէ, այլ զայն կարելի է կառուցել՝ մերժելով անցեալը եւ արգահատանք զգալով անոր նկատմամբ, նոյնիսկ ներկային:

Հաւանական է, որ ապագային միս ուտելը ստրկութեան նման տարօրինակութիւն համարուի, «վեկանիզմ»ը դառնայ մարդկութեան համընդհանուր ըմբռնումը, մեր թոռները անիծեն բժշկութեան կամ դեղագործութեան նման ոլորտներէ ներս անասուններու վրայ կատարուած փորձերը։ Այս տեսանկիւնէն դիտելով, ինչպէս մենք չենք կրնար ապագայ սերունդներու համար օրինակ ծառայել, այնպէս ալ մեզմէ առաջուանները չեն կրնար մեզի բարոյականութեան լիարժէք ուղեցոյց ըլլալ։ Ի հարկէ, կրնան ըլլալ որոշ մարդիկ կամ հասարակութիւններ, որոնց գաղափարները կամ սկզբունքները օգտակար ըլլան մեզի կարգ մը նիւթերու շուրջ։

Միայն վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին կանանց պայքարով այնքան ձեռքբերումներ տեղի ունեցան, որ այլեւս անհնար դարձած է ընդունիլ նոյնիսկ յիսուն տարի առաջ ապրած ոեւէ մարդու սեռային հաւասարութեան վերաբերեալ տեսակէտը: Բացառութիւններ անշուշտ գոյութիւն ունին, որովհետեւ տակաւին, 21-րդ դարուն, վերջ չեն գտած սեռային խտրականութիւնը, բռնութիւնը եւ սպանութիւնները։ Ներկայիս նոյնիսկ մարդկութեան յառաջընթացին նպաստած մարդոց բոլոր տեսակէտներուն համամիտ գտնուիլը անհնար է։ Անշուշտ, անիմաստ է անցեալի նողկանքը վերագրել որոշ անձի մը կամ հասարակութեան մը:

Ի հարկէ, տրամաբանական չ՚ըլլար ատելութեան կամ զզուանքի բուռն զգացումներ ունենալ՝ դարեր առաջ ապրած անձի մը դէմ։ Ընդհակառակն, մենք կրնանք ուշադրութիւն կեդրոնացնել այն յատկութիւններուն վրայ, որոնք այդ մարդիկը կը տարբերէին իր ժամանակակիցներէն։

Արգահատանքը պէտք չէ բացասական ապրումներու պատճառ ըլլայ։ Պէտք է գիտակցինք, թէ ժամանակներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն խորքայնութեամբ հաղորդ դառնանք եւ դասեր քաղենք զանոնք քննադատական մտածողութեամբ ուսումնասիրելով։ Ուստի, կեանքը պէտք է ապրիլ չափաւորութեամբ՝ ներդաշնակելով անցեալը, ներկան ու ապագան։ Եւ այն մարդը, որ կրնայ կատարել այդ ներդաշնակութիւնը, կրնայ յաջողած համարուիլ կեանքի պայքարին մէջ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024