ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԱՅՏՆԻՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՉՔՈՎ
19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարու հայազգի շուրջ քսան լուսանկարիչներու գործերը ներկայացուած են այս օրերուն Երեւանի մէջ բացուած եզակի ցուցահանդէսով մը, որ կը կոչուի «Յայտնիները՝ հայ լուսանկարիչներու աչքերով»։ «Երեւանեան ամառ 2015» միջոցառումներուն շրջագծով կ՚իրականացուի այս ծրագիրը, Երեւանի քաղաքապետարանի «Հայ-արթ» մշակութային կեդրոնի յարկէն ներս։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ցուցահանդէսին ընդգրկուած են Ապտուլլահ եղբայրներու, Անթուան Սեւրուգինի, Եուսուֆ Գարշի, Արթօ Գավուքի, Արա Կիւլէրի, Յովհաննէս Քիւրքճեանի, Գեղամ Թարվերդեանցի, Անդրանիկ Քոչարի աշխատանքները։ Այս վարպետները հաստատուելով զանազան երկիրներու մէջ, կարճ ժամանակի ընթացքին իրենց տաղանդի եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ զգալի ներդը-րում ունեցած են տուեալ երկրի մշակութային կեանքէն ներս, նաեւ ձեռք բերած համաշխարհային հռչակ։ Անոնց, ինչպէս նաեւ տասնեակ այլ լուսանկարիչներու մասին պատմող ու լուսանկարչական աշխատանքները ներկայացնող նիւթերը տարիներու ընթացքին հաւաքուած են հայ եւ որդի Անդրանիկ ու Վահան Քոչարներուն կողմէ եւ ամփոփուած՝ տակաւին 2007 թուականին հրատարակուած «Հայ լուսանկարիչները» գիրքին մէջ, որուն զօրակցած էր Հայաստանի հանգուցեալ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան։
Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին Վահան Քոչար ընդգծեց, թէ ներկայացուած լուսանկարներուն մէկ մասը բնագրեր են, այս հանգամանքը ցուցադրութիւնը կը դարձնէ իր տեսակին մէջ բացառիկ։ Հարկ է նշել, որ Վահան Քոչարի փափաքով հաւաքածոն նուիրուած է Երեւան քաղաքի Պատմութեան թանգարանին։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024