ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը մեր ներկայ ժամանակներուն ամենաշատ արծարծուած, ամենաշատ խնդրայարոյց, ամենաշատ ապարդիւն համագուրմարներ կազմակեպելու առիթ հանդիսացած, ամենաշատ՝ չըսելու համար ծայրայեղօրէն զիրար չհասկցող ու չըմբռնող երկու բեւեռներն են, որ մեզմէ շատերուս առօրեան «լեցնեն», «անգործութեան» չմատնելու համար մեզ:
Այսօր անուրանալի փաստ մըն է, որ Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմէ անջատ կը գործեն ու կ՚ապրին, չնայած այն պնդումներուն, որ հակառակն է, այսինքն՝ Հայաստան եւ սփիւռք համերաշխ ու ներդաշնակ կը գործեն ու կ՚ապրին:
Այստեղ խօսքը չի՛ վերաբերիր կատարուած բարեգործութեան մը դիմաց տրուած մետայլին, կամ յանուն մետայլի մը կատարուած բարեգործութեան: Այդ մէկը կարելի չէ՛ համերաշխ ու ներդաշնակ գործակցութիւն համարել:
Այստեղ խօսքը չի՛ վերաբերիր ամրան արձակուրդներուն մէկ կամ երկու շաբաթով, կամ մէկ կամ երկու ամիսով Հայաստան այցելել, վայելել Հայաստանի օդն ու ջուրը, խորովածն ու գարեջուրը, Սեւանն ու Տաթեւը, Դիլիջանն ու Ջերմուկը…: Այս եւս կարելի չէ համարել Հայաստանով ապրիլ կամ հայրենասէր ըլլալ:
Այստեղ խօսքը չի՛ վերաբերիր Ս. Գեղարդավանքի մէջ պսակուիլ կամ Ս. Խոր Վիրապի վանքին մէջ մկրտուիլ, կամ Ս. Հռիփսիմէի մէջ մոմ մը վառել, կամ ծունկի գալ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին, կամ տառերու պուրակին մէջ նկարներու փառատօն կազմակերպել, կամ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ շատրուաններու երաժշտութեան տակ Երեւանը վայելել…: Այս բոլորը կարելի չէ համարել Հայաստանի պատմութեամբ ու մշակոյթով ապրիլ:
Այս բոլորը տասներորդական անգամ կարելի չէ համարել Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան մէջ, որովհետեւ այդ բոլորը արդիւնք պէտք է ըլլան այս երկուքին առողջ յարաբերութեան: Իսկ մենք ունինք հակառակ պատկերը. առանց այդ առողջ յարաբերութեան, անառողջ մօտեցում Հայաստանի, հայրենասիրութեան, սփիւռքի եւ հայապահպանութեան նկատմամբ:
24 յուլիս 2021-ին, Վաղարշապատի մէջ հարցազրոյց մը ունեցած էինք «Հայ միասնութեան խաչ» հասարակական կազմակերպութեան եւ Մաչանենց տան հիմնադիր-նախագահ՝ տիար Գրիգոր Մաչանենց Բաբախանեանին հետ: Այդ հարցազրոյցի ընթացքին պրն. Բաբախեանեանին հետեւեալ հարցումը ուղղած էինք. «Գալով Հայաստան-սփիւռք կապին: Այսօր Հայաստան-սփիւռք կապը ամուր չէ, հակառակ այն ջանքերուն ամէն ինչը փայլուն ներկայացնելու, ինչ-որ տեղ սխալ բան մը կայ այս կապին մէջ: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»: Պրն. Բաբախանեանի տուած պատասխանը այսօր եւս տակաւին կը պահէ իր այժմէականութիւնը, որովհետեւ անցնող երեք տարիներու ընթացքին շօշափելի ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կատարուած է: Ան կ՚ըսէ. «Մեծ սխալ մը կայ եւ այդ մեծ սխալը օր առաջ պէտք է ուղղել, քանի որ ինչքան կը հիննայ, այդքան կը խորանայ ու մենք այդ պարանին վրայ նստած ենք եւ երթալով այդ պարանը կը նեղնայ, բայց տակաւին չէ կտրուած, հակառակ գոյ եղող վտանգին: Իսկ վտանգը հնարաւոր չէ անտեսել՝ ըսելով, թէ այդ պարանը կտրուող պարան չէ: Ցանկացած պարան կտրուելու յատկութիւն ունի. չկտրուող պարաններ պարզապէս չկան: Ժամանակի պարանը կը կտրուի, ուր մնաց ինչ-որ մէկուն դրած պարանը: Արդարեւ, ներկայիս եղած համագործակցութիւնը մեզ չի՛ բաւարարեր, որ յարգելի պրն. Զարեհ Սինանեանը դանդաղ կրիայ է, ինք չի՛ բաւարարեր այդ աշխատանքը. ես անձամբ ո՛չինչ ունիմ իր նկատմամբ, բայց իրենց կատարած աշխատանքը բաւարար չէ: Այսպիսով, Հայաստան-սփիւռք կամրջաշինութիւնը այլ եռանդ, այլ որակներու կարիք ունի, այլ թափանցիկութիւն կ՚ուզէ եւ այդ մէկը իրագործելու համար պէտք է ազգային գործիչներու դպրոց ստեղծել: Բաւարար է տեղեկատուական արուեստագիտութեան մասնագէտներ, բժիշկներ, իրաւաբաններ ու փաստաբաններ պատրաստենք. ժամանակն է եւ անհրաժեշտ է, որ մենք ազգային առաքեալներ պատրաստող դպրոց մը ստեղծենք՝ Եկեղեցւոյ եւ կառավարութեան հովանիին ներքոյ:
Ես այն մտածումը ունիմ, որ ազգին համար գրեթէ ոչինչ ըրած երիտասարդները, պէտք չէ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեն: Եթէ հակառակին ինծի, ըսելով, հիմա ի՞նչ ընենք, եթէ այս տղան ազգին համար ո՛չ պատերազմի գացած է, ո՛չ կռուած է, պատերազմի ժամանակ ո՛չ մէկ գործունէութիւն ցուցաբերած է, մէկ խօսքով՝ ասֆալթէն այն կողմ ոչինչ տեսած է, իր հայրենի լեռներուն, բերդերուն տեղն անգամ չի գիտեր, բայց ինք՝ օրինակի համար, լաւ փաստաբան է, ու ինք պէտք է արդարադատութեան կամ արտաքին գործոց նախարար ըլլայ. շատ բարի, մասնագէ՞տ է, թող աշխատի՝ բայց որպէս տեղակալ: Առաջնորդները պէտք է հայու՝ առիւծի հոգի ունենան. առաջին դէմքերը պէտք է առիւծները՝ ոգիով առիւծները ըլլան: Առաջնորդի կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը վարակելու, հիւանդացնելու յատկութիւնը պէտք է ըլլայ. հիւանդացնել՝ սիրով: Միայն վարակուիլը չի՛ բաւեր, այլ՝ պէտք է սիրով հիւանդանալ ազգին համար: Պէտք է այսպիսի համակարգ մը ստեղծուի, որովհետեւ մեզի այդպիսի խումբ մը հիւանդներ պէտք են՝ ազգային ոգիով լեցուն, ազնիւ, պատրաստակամ:
Հետեւաբար, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան կայունացումը պէտք է մետաքսի ճանապարհի նման արժէք ունեցող ճանապարհ դառնայ» (Հարցազոյցը կրնաք կարդալ հետեւեալ յղումով https://shorturl.at/d9YmI):
***
Այսօր աւելի քան երբեք Հայաստանն ու սփիւռքը կարիքն ունին զիրար հասկնալու, զիրար ամբողջացնելու, իրարու համար աշխատելու: Մե՜ծ անդունդ մը կայ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, որ անմիջապէս պէտք է վերացնել: Վերացնելու համար կարիքն ունինք միասնական ջանքերու: Ջանքեր, սակայն, որոնք հաւաքական մտածողութեան արդիւնք ըլլան եւ ո՛չ թէ անհատական նախաձեռնութիւններ, որովհետեւ անհատական նախաձեռնութիւնները ինչքան ալ տուեալ պահուն օգտակար ըլլան, բայց մնայուն արժէք կամ մեծ ազդեցութիւն չե՛ն կրնար ունենալ ընդհանուրին վրայ: Մինչ հաւաքական մտածողութեան արդիւնքով գործադրուած ջանքերը, կրնան մե՜ծ ազդեցութիւն գործել, երանգ փոխել եւ երկարատեւ մնալ:
Այս ջանքերու գործադրումին համար անհրաժեշտ է, որ պետութիւն, եկեղեցի, կուսակցութիւններ, միութիւններ, դպրոցներ, համալսարաններ, մշակութային հաստատութիւններ ու կառոյցներ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ միանան, միասին գործեն, մէկ նպատակ հետապնդեն՝ Հայաստանի հզօրացում եւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւն:
Այդ նպատակին առանցքը սակայն հայաստանակեդրոնութիւնը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ սփիւռքը յարաբերական հասկացողութիւն է եւ ինչքան ժամանակ, որ Հայաստանը գոյութիւն ունենայ, սփիւռքը եւս գոյութիւն պիտի ունենայ, իսկ Հայաստանի չգոյութեամբ բնականաբար սփիւռք հասկացողութիւնն ալ կը վերանայ: Այդ պատճառով, կատարուած բոլոր աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն առանցքը պէտք է Հայաստանը ըլլայ, այն կատարեալ համոզումով եւ վստահութեամբ, որ եթէ Հայաստանը զօրաւոր ու կանգուն է, այդպիսին պիտի ըլլայ նաեւ սփիւռքը, եւ ո՛չ թէ հակառակը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ