ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ

Ֆրան­սա­ցի աշ­խար­հահռ­չակ դաշ­նա­կա­հար Ռի­շար Քլայ­տէր­ման շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դէս ե­կաւ եր­կու ե­լոյթ­նե­րով, ո­րոնք մշա­կու­թա­յին իս­կա­կան դէպ­քի մը վե­րա­ծուե­ցան հայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցան հա­մերգ­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին Ռի­շար Քլայ­տէր­ման գոր­ծադ­րեց իր եր­գա­ցան­կը՝ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բին մաս­նակ­ցու­թեամբ։ 

Հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հա­րը այս առ­թիւ հայ հան­դի­սա­տե­սին պար­գե­ւեց ան­մո­ռա­նա­լի ակն­թարթ­ներ։ Բո­լոր ունկն­դիր­նե­րը ա­ռանձ­նա­պէս տպա­ւո­րուե­ցան Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու Քլայ­տէր­մա­նի կող­մէ մեկ­նա­բա­նու­մով։ 

Ե­րաժշ­տա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը այժ­մէն ար­դէն տար­ւոյն ա­մե­նա­կա­րե­ւոր մշա­կու­թա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու շար­քին դա­սե­ցին Քլայ­տէր­մա­նի Ե­րե­ւա­նի հա­մերգ­նե­րը։ Ան ունկն­դիր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց յայտ­նի ու սի­րուած բազ­մա­թիւ յօ­րի­նում­ներ, յայտ­նի ժա­պա­ւէն­նե­րու ե­րաժշ­տու­թիւն­նե­րէն հա­տուած­ներ եւ այլ գոր­ծեր։ Բե­մին վրայ Քլայ­տէր­ման միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հան­դէս ե­կաւ որ­պէս վար­պետ դե­րա­սան։ Ան ծրա­գի­րը հա­մե­մեց փոք­րիկ շոուե­րով։ Ա­նուա­նի դաշ­նա­կա­հա­րը փոր­ձեց նաեւ ար­տա­սա­նել հա­յե­րէն բա­ռեր։ Եր­կու հա­մերգ­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ յայ­տագ­րի ողջ տե­ւո­ղու­թեան ապ­րուե­ցաւ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու տա­րափ մը։ 

Հարկ է նշել, որ Ռի­շար Քլայ­տէր­ման ներ­կա­յիս կը հա­մա­րուի «աշ­խար­հի ա­մե­նա­յա­ջող դաշ­նա­կա­հա­րը»։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2015