ԼԵՆԱ ՇԱՄԱՄԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ
Իսթանպուլի Համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ սուրիահայ յայտնի մեներգչուհի Լենա Շամամեանի համերգը։ Երաժշտասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան արժանացաւ այս երեկոյթը, որու մասնակիցներու շարքին կը գտնուէին նաեւ մեր համայնքէն արուեստասէրներ։ Այս առթիւ Լենա Շամամեան առարկայ դարձաւ հանդիսատեսներու ջերմ համակրանքին ու ողջունուեցաւ ծափահարութիւններով։
Շամամեանի համերգը մաս կազմեց AVEA-ի կողմէ հովանաւորուած «Արտասովոր համերգներու» շարքին, որ այս տարի կազմակերպուած է 6-րդ անգամ ու միշտ կը ստեղծէ լայն արձագանգ։
Լենա Շամամեանի երգացանկին վրայ գերակշիռ էին արաբերեն երգերը, ինչ որ եզակի հաճոյք մըն էր երեկոյթին մասնակից հոծ թիւով սուրիացի երաժշտասէրներուն համար։ Ան քանի մը թրքերէն եւ հայերէն երգ ալ հրամցուց ունկնդիրներուն, որոնք խորապէս տպաւորուեցան իր ձայնով։ 2015-ի մթնոլորտին համահունչ՝ ան հայկական գործերը ձօնեց Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին։