ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մեր օրերուն բնութեան հաւասարակշռութիւնները արագօրէն կը փոխուին, կենդանի տեսակներ կ՚անհետանան, տեղի կ՚ունենան աննախադէպ բնական աղէտներ եւ անոնց քանակն ու սաստկութիւնը օրէ օր կը մեծնան: Լարուածութիւնը կը ծաւալի ո՛չ միայն բնութեան մէջ, այլեւ՝ մարդոց միջեւ: Կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով կեանքը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը դժուարանայ եւ այդ փոփոխութեան ծնունդ տուած խնդիրները կը բազմանան։

Շուրջ 9 միլիառ մարդ արագօրէն կ՚ոչնչացնէ սահմանափակ կենսական աղբիւրները: Եթէ մարդկութիւնը չփոխէ միջավայրը վնասող իր ապրելակերպը, ապա բնութեան անվերահսկելի փոփոխութիւնները կրնան վերջ տալ աշխարհի բոլոր բնակիչներու ոչնչացման։ Այս բոլորը ենթադրութիւն չէ, գիտական ​​փաստ է, բայց շատ քիչ մարդիկ գիտեն այս մասին եւ կը ջանան փոխել առկայ ընթացքը։ Սա ամենակարեւոր խնդիրն է, որ կը վերաբերի բոլորիս՝ մեր երեխաներուն ու գալիք սերունդներուն։ Բոլորս այս խնդրի մէկ մասն ենք:

Բնութեան մէջ կայ բազմազանութիւն եւ մարդիկ բնութեան մէկ մասն են: Աշխարհի վրայ կան շատ իւրայատուկ էքօհամակարգեր՝ կեանքի բազմազանութեամբ. օրինակ՝ լիճերը, ծովերը, արօտավայրերը, անտառները… Իւրաքանչիւր էքօհամակարգի բնոյթը անընդհատ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի պատմութեան ընթացքին: Այնուամենայնիւ, իւրաքանչիւր էքօհամակարգ կը փորձէ ժամանակի ընթացքին հասնիլ հաւասարակշռութեան եւ շրջադարձի։ Եթէ էքօհամակարգի որոշ կենդանի տեսակներ արագօրէն բազմանան եւ սկսին ոչնչացնել այլ տեսակներ՝ ներքին եւ արտաքին ուժերով, բոլոր հաւասարակշռութիւնները կը քայքայուին եւ կը սկսի նոր հաւասարակշռութեան եւ կարգի որոնում:

Բնութենէն քաղուելիք ամենակարեւոր դասը հետեւեալն է․ մեր բազմազանութիւնը մեր ամենամեծ ուժն է եւ մենք կրնանք հասնիլ տոկունութեան, առատութեան եւ բարգաւաճման՝ միայն յարաբերութիւններ հաստատելով մեր եւ աշխարհի միջեւ եւ մրցակցութեան փոխարէն ներդաշնակ միասնութեամբ։

Մարդոց մեծամասիութիւնը իր առօրեան կը վարէ սահմանափակ տարածութեան մէջ եւ կեանքը կը դիտէ սահմանափակ պատուհանէ մը: Մենք նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ ինչ կը կատարուի մեր բնակավայրերէն ներս, մեր հարեւանի մօտ, մեր քաղաքի կամ երկրի մէջ։ Այնուամենայնիւ, աշխարհի մէջ ամէն ինչ փոխկապակցուած է եւ այն ինչ որ կ՚ընենք կամ չենք ըներ մեր գտնուած տարածքէն ներս, անպայման փոքր կամ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ ամբողջ աշխարհի ընթացքին վրայ:

Պատմութեան ընթացքին յառաջացած իւրաքանչիւր խնդրի համար գտնուած են ժամանակաւոր լուծումներ, բայց բացայայտուած չեն անկայունութեան եւ բնական միջավայրերու ոչնչացման հիմնական պատճառները: Բայց ներկայիս աշխարհ կը դիտէ իր մօտալուտ կործանումը. Անվերջանալի թուացող պատերազմներ, կլիմայի փոփոխութիւն, անվերահսկելի անտառային հրդեհներ, մոլեգնող համաճարակներ, անբուժելի հիւանդութիւններ, երկարատեւ ջրհեղեղներ, երաշտներ, օդաորակիչի եւ կերպնկալի չափազանց օգտագործում, բարձր ու խիտ շէնքեր, երկնագերներ, արագ սնունդի տեսակներ, ինքնաշարժներու թափօններ, մարդամեքենաներ… Ցուցակը այսպէս կարելի է երկարել։

Բնութեան մէջ ամէն ինչ հաւասարակռուած է: Մեզի անհրաժեշտ է գաղափարական կամ փիլիսոփայական փոփոխութիւն՝ դարերու վաղեմութեամբ ընկերային կամ բնապահպանական հարցերու շուրջ։ Այն ինչ որ կը խախտէ բնական միջավայրը, մեզ նոյնպէս կը խանգարէ եւ այն ինչ որ կը հարստացնէ բնական միջավայրը, կը հարստացնէ նաեւ մեզ: Եթէ հաւասարակշռութիւնը խանգարուի, մարդիկ անոր զոհը կը դառնան:

Մարդը, նաեւ միւս բոլոր կենդանի էակները, բնութեան մէկ մասն են ու ունին շատ տարբեր յատկանիշներ. օրինակ՝ տարբեր տրամաբանութիւն, հաղորդակցելու եւ բարդ խնդիրներ լուծելու ընդունակութիւն, սեփական զգացումներն ու գաղափարները արտայայտելու կարողութիւն: Մարդկութեան գիտելիքներով եւ փորձագիտութեամբ մենք սկսած ենք շատ աւելի լաւ հասկնալ մեր աշխարհը, բնութիւնը եւ աշխարհի վրայ մարդկութեան գործառոյթն ու ազդեցութիւնները, բայց դեռ շատ բան ունինք սորվելու: Աշխարհի վրայ բոլորի նպատակը պէտք է ըլլայ բուժել բնութիւնը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2024