ԱՆԳԼԻՈՅ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Անգ­լիոյ ռազ­մա­կան նուա­գա­խում­բը այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան եւ շարք մը հա­մերգ­նե­րով հան­դէս կու գայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այս շրջագ­ծով ա­ռա­ջին հա­մեր­գը տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին, Կաս­կա­տի մէջ։ Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի կեդ­րո­նին մօտ սար­քուած բա­ցօ­թեայ ձեռ­նար­կը ար­ժա­նա­ցաւ ժո­ղո­վուր­դի ան­մի­ջա­կան հե­տաըքրք-րու­թեան։ Հիւր նուա­գա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց ռազ­մա­կան քայ­լերգ­ներ, ար­դի մե­ղե­դի­ներ եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լեր­գը։

Անգ­լիա­կան ռազ­մա­կան նուա­գա­խում­բի ան­դամ­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ այ­ցե­լե­ցին «Սպեն­դիա­րեան» եւ «Տիգ­րա­նեան» ե­րաժշտա­կան դպրոց­նե­րը։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հիւր նուա­գա­խում­բը ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ։ Իսկ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ գլխա­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Անգ­լիոյ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու նուա­գա­խում­բե­րուն հա­մա­տեղ հա­մեր­գը։

Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը այս բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն կը հե­տե­ւին անվ­ճար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015