ԱՐԴԻԱԿԱՆԷՆ ԳԵՐԱՐԴԻԱԿԱՆ
Աշնան շրջանին Երեւանի մէջ իրերայաջորդ կը կազմակերպուին շարք մը հետաքրքրական ցուցահանդէսներ, որոնք գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Այսպէս, Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառի երդիքին տակ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան համագործակցութեամբ բացուեցաւ «Արդիականէն-գերարդիական» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որու կազմակերպիչն է «Բարձր արուեստ» կերպարուեստի կեդրոնը։ Իւրօրինակ ցուցահանդէս մըն է այս մէկը, որու շրջագծով համատեղուած են Երուանդ Քոչարի, Լեւոն Թութունճեանի, Սալվատոր Տալիի, Մինաս Աւետիսեանի նման շարք մը ժամանակակից արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները։
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան։ «Ինծի համար շատ հաճելի է, որ Կոմիտասի թանգարան-կաճառէն ներս կը ձեւաւորուի աւանդութիւն՝ ներկայացնել զանազան նիւթերու ներքեւ արուեստագէտներու գործերը։ Մենք կը հասկնանք, որ ընտրութիւնը կը կատարուի շատ խիստ ձեւով, որովհետեւ Կոմիտասի խստապահանջ հայեացքը մեզ կը հետապնդէ։ Կը կարծեմ, շատ խորհրդանշական է, որ բացառապէս կը ներկայացուին մասնաւոր հաւաքածոներու աշխատանքները», ըսաւ այս առթիւ Յասմիկ Պօղոսեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը ընդգծեց, որ այս ցուցահանդէսին շրջագծով ներկայացուած գործերը ժամանակին չէին գտներ իրենց լսարանը, որովհետեւ երբեմն արգիլուած էին։ Պօղոսեան համոզուած է, որ հայ ժամանակակից արուեստը ունի շատ մեծ հեռանկարներ եւ այս հանգամանքին ապացոյցը համարեց Վենետիկի այս տարուան պիէնալը։ «Այս ոճը կը սկսիս ընկալել ժամանակի մէջ։ Իմ բոլոր գործուղղումներուն ժամանակ կը փորձեմ այցելել ժամանակակից արուեստի թանգարաններ ու տեսնել, թէ ի՛նչ զարգացումներ կան այլ երկիրներուն մէջ։ Մեր արուեստագէտները եւս կը գտնուին ճիշդ տեղի ու բարձր մակարդակի վրայ», ընդգծեց Յասմիկ Պօղոսեան։
Նախարարին առընթեր ցուցահանդէսի բացման բոլոր մասնակիցներն ալ յայտնեցին, թէ խորապէս տպաւորուած էին իրենց ներկայացուած նմոյշներէն։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբերի 24-ը։