ԱԿԱԹԱ ՔՐԻՍՏԻԻ 11 ՕՐԵԱՅ ԱՆՀԵՏԱՑՈՒՄԸ (Բ.)
Կը շարունակենք ներկայացնել Ակաթա Քրիստիի անհետացման 11 օրուան մասին պնդումներն ու տեսութիւնները։
Բրիտանացի յայտնի գրող Ակաթա Քրիստի կը շարունակէ մնալ գրեթէ բոլոր գրասէրներու ուշադրութեան առարկայ՝ նոյնիսկ իր մահէն շուրջ կէս դար յետոյ։ Հետազօտող Լիւսի Ուորսլի, որ BBC-ին պատմական հաղորդումներ կը պատրաստէ, 96 տարի անց փորձած է պարզաբանել գրողի կեանքի մասին առեղծուած մը։
Ակաթա Քրիստի յայտնի է իր գրած տասնեակ վէպերով եւ իր ստեղծած յայտնի կերպարներով: Քրիստիի ստեղծագործութիւնները մինչ օրս բազմաթիւ ժապաւէններու նիւթ դարձած են եւ իր հանճարի ազդեցութիւնը կը շարունակուի գրական զանազան գործերու վրայ։ Այնուամենայնիւ, հեղինակի կեանքին մէջ կային որոշ առեղծուածներ՝ ինչպէս իր վէպերը։
Լիւսի Ուորսլի կը պնդէր, որ Ակաթա Քրիստիի անհետացումը, որ մեծ արձագանգ ստեղծած է 1926 թուականին, կրնայ հետեւանքը ըլլալ նաեւ հազուագիւտ հոգեբանական վիճակի մը, որ կը յառաջանայ յուզական խանգարումէ։ Ըստ Ուորսլիի, հեղինակը մատնուած է տեսակ մը «ֆուկ»ի վիճակը 11 օրուան ընթացքին, երբ անհետացած է եւ չէ յիշած, թէ ինչ ապրած է։
Ակաթա Քրիստի առեղծուածային կերպով անհետացման 11 օրուան ընթացքին որոնողական աշխատանքներուն մասնակցած են հարիւրաւոր ոստիկաններ եւ շուրջ 15 հազար կամաւոր, սակայն ստացուած է ոչ մէկ արդիւնք։ 1926 թուականի դեկտեմբերի 14-ին, յայտնի գրողը յայտնուած է իր տունէն հարիւրաւոր քիլօմեթր հեռու: Որոնողական աշխատանքներուն մասնակցած է նաեւ Շերլոք Հոլմս կերպարը ստեղծած նոյնպէս յայտնի գրող սըր Արթիւր Քանըն Տոյլը, որ Քրիստիի ձեռնոցներէն մէկը տուած է լրատուամիջոցի մը, որպէսզի ան կարողանայ գտնել հեղինակը:
Քրիստի նշած է, որ չի յիշեր, թէ ինչ ապրած է այդ 11 օրուան ընթացքին, երբ զինքը գտած են։ Ան կը մտածէր ինքնասպանութեան մասին, երբ անոր ճնշուածութիւնը աստիճանաբար կը վատթարանար: Լիւսի Ուորսլի, որ Ակաթա Քրիստիի մասին հետազօտութիւններ կատարած է, «BBC History» ամսագրին ըսած է. «11 օրեայ այս խորհրդաւոր անհետացումը, կը թուի, թէ Ակաթա Քրիստիի կեանքի ամենամեծ անարդարութիւնն է»:
Ուորսլի կը շարունակէ. «1926 թուականին Ակաթան յաջող վիպագիր մըն էր եւ մեծ ճնշման տակ էր գիրք գրելու համար։ Անոր մայրը մահացաւ եւ հեղինակը յայտնուեցաւ վիճակի մը մէջ, որ այժմ կարելի է բնութագրել որպէս ճնշուածութիւն: Ան ունէր զանազան գանգատներ. օրինակ՝ մոռացկոտութիւն, լաց, անքնութիւն եւ սովորական կեանքին դիմակայելու անկարողութիւն։ Անոր տրամադրութիւնը այնքան վատացած էր, որ մտածեց ինքնասպանութեան մասին։ Եւ յետոյ, կը կարծեմ, ան մտաւ «ֆուկ»ի վիճակը: Սա շատ հազուադէպ պայման է եւ կը ստիպէ ձեզ դուրս գալ ձեր սովորական «ես»էն եւ ընդունիլ այլ անհատականութիւն: Այսպէսով, դուք պէտք չէ մտածէք այն խանգարման մասին, որ կ՚ապրիք ձեր ներկայ իրավիճակին մէջ»: Ուորսլի կը կարծէ, որ այս իրադարձութիւնները կրնան այնքան ողբերգական ըլլալ, որ «ֆուկ»ի վիճակ յառաջացնել:
Այս բոլոր իրադարձութիւններէն քանի մը ամիս անց Քրիստի ամուսնալուծութեան հայց ներկայացուցած է։ Երկու տարի յետոյ ան ամուսնացած է սըր Մաքս Մալոուանի հետ: Աւելի վերջ իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին հեղինակը յայտարարած է, որ ուզած է դիտմամբ վթարի ենթարկել ինքնաշարժը, սակայն վերջին պահուն հրաժարած է այդ մտածումէն։ Այնուհետեւ ան ըսած է, որ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ հարուած ստացած է գլխուն եւ ան այլեւս «Միս Քրիստի» չէր։
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Լիւսի Ուորսլիի հետազօտութեան մասին: Ան ճի՞շդ է իր պնդումներուն մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•վերջ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024