ԵՐԱԶԻ ՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ

Նախ... Խօսիլ Համազգայինի մասին, կը նշանակէ խօսիլ հայ արժէքներու եւ մշակոյթին մասին: Թէեւ շատերուն համար այս տողերը նորութիւններ չեն, սակայն տեսնուած է, որ յաճախ ուրիշ շատեր հարց կու տան, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ Համազգային ըսելով եւ կամ ի՞նչ են անոր առաքելութեան գլխաւոր ազդակները:

Ու պատասխանը շատ պարզ է. զայն կը գտնենք նոյն այս մեծ միութեան աշխարհացրիւ մասնաճիւղերուն, միաւորներուն, թատերախումբերուն, երգչախումբերուն, պարախումբերուն իրենց մշակութային զանազան ծրագրումներուն մէջ, որոնք բոլորն ալ անխտիր մեր սրտերէն ու հոգիներէն ներս ոգեկան հայրենիքներ կառուցած են եւ տակաւին:

Մէկ խօսքով, Համազգայինը այն միութիւնն է, որ իր ծնունդէն ի վեր հարստացուցած է սփիւռքահայութեան կեանքը, հայ գիրին ու գրականութեան եւ յատկապէս հայ մշակոյթին աւիշ տալով ու այս ձեւով մեր ժողովուրդի գոյութիւնը ամրապնդած:

Որովհետեւ, ան հայ մշակոյթի պահակը ըլլալով հանդերձ, կրթական եւ մշակութային երազներ ունեցող ընտանիք մըն է, որ տարիներու ընթացքին, կամաց կամաց կրցած է այդ երազը հաւատքի վերածելով, իրականութիւն դարձնել:

Այսպէս, Իիր երգչախումբերով, պարախումբերով, թատերախումբերով, գրական եւ մշակութային զանազան նախաձեռնութիւններով եւ իր ճեմարաններով, ան լոյս ջամբած է մեր նոր սերունդին, խթան հանդիսացած է մեր մշակոյթին եւ հայ մտաւորականին թեւ ու թիկունք կանգնած՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի տարածքին:

Ահա բարենիշ մը, որմէ գլխաւոր օգտուողը եղած է հայ մշակոյթը: Այս բոլորէն վեր, ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը, ժողովրդային խաւերու վստահութիւնը, հաւատքն ու քաջալերանքը ուժ եւ շունչ տուած են միութեան նուիրական առաքելութեան:

Ու այս օրերուն Ամերիկայի Արեւմտեան ափերուն շնչող Համազգայինը իր Շրջանային վարչութեամբ եւ մասնաճիւղերով կը գտնուի նոր հանգրուանի մը սկիզբը, որուն ծրագրումին համար տարիներ վատնած ու մաշեցուցած է: Անոր համար, կը հաւատանք, որ ան դեռ շատ ընելիքներ ունի հայ գիրի ու գրականութեան, հայ պարին ու հայ երգին, մէկ խօսքով՝ հայ մշակոյթի ծաւալման ու բարգաւաճման աշխատանքերուն մէջ:

Մշակութային կեդրոն...

Արդ, յիշեցինք որ Համազգայինը մեր ապրած այս գաղութէն ներս, վերջերս շնորհիւ ազնիւ բարերարներու, անսակարկ նուիրատուներու եւ մշակութասէր հայորդիներու եւ միութենականներու, սեփական կեդրոնով մը հարստացաւ: Անոր համար իր սեփական կեդրոն մը ունենալու ծրագիրը, պարզ եւ սովորական երեւոյթ մը չէր: Չի կրնար ըլլալ: Անիկա երկար ու դժուար վազքի մը արդիւնքն էր: Այս առթիւ, մենք՝ մշակութասէրներս եւ բոլորով, պարտաւոր ենք յարգել այդ վազքի հին ու նոր բոլոր դերակատարները, բայց նաեւ պարտաւոր ենք տոգորուիլ անոնց նուիրուածութեան անհատնում ոգիէն, ի խնդիր մեր մշակութային վերելքին:

Տեղին է նշել, թէ սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, ազգովին մենք ունեցած ենք եւ տակաւին ունինք այնպիսի անփոփոխելի կառոյցներ, որոնք մեզ ալ իրենց հետ պահած ու պահպանած են հաստատապէս: Այդ օրինակներէն մէկն է, մեր միտքերուն մէջ արմատացած ակումբ-հայ կեդրոն-ժողովրդային տուն-հասկացողութիւնը, որ մեզի հետ պտտցուցած ենք ուր որ գացած եւ հաստատուած ենք, ամէն տեղ: Այսպէ՛ս մեծցած ենք: Մեր ծնողները մեր մանուկ կամ փոքր հասակէն սկսեալ, գեղեցիկ աւանդութիւն մը յարգողի պարտաճանաչութեամբ, մեզ մեր արմատներուն կապելու համար, նախ հայ եկեղեցի եւ հայ դպրոց առաջնորդած են եւ ապա՝ հայ ակումբ: Որովհետեւ, անոնք միշտ հաւատացած էին այս ազդակներուն ոգիի եւ շունչի կախարդական զօրութեան եւ անոնց ստեղծած մթնոլորտի հայապահպանման ու հայակերտման առաքելութեան:

Որովհետեւ, ակումբ հասկացողութիւնը հայ մարդու կերտումի բաց դպրոց մըն ալ էր, մեր տուներուն եւ յաճախած վարժարաններուն կողքին: Մեզմէ շատեր այդ հայ ակումբներուն մէջ մեծցած են, անսակարկ ծառայած ու անաղարտ պահած են զայն, հոն՝ ապրած, հոն՝ գիշերած, հոն՝ կազմակերպուած, հոն՝ հանդիսութիւններուն կամաւոր կերպով անոր բակը լուացած ու աթոռներ շարած, իրենց քրտինքով ու լումայով խնամած եւ հոգատարած եւ աւելին՝ օր մըն ալ նոյնիսկ կեանքի գնով՝ զայն պաշտպանած:

Ըսեմ… որ հայ կեդրոնը, մեր բոլորին համար եղած է եւ է տակաւին հայու ժողովրդային տունն ու ազգային բոյնը: Ան տակաւին մեր ազգային սեփական հաւաքավայրն է, որ անկասկած, օրհնութիւն է շրջանի հայութեան համար: Ուստի սփիւռքեան բոլոր պայմաններուն տակ, հայ կեդրոնը անյետաձգելի պահանջք մը ըլլալով հանդերձ, կենսական հաստատութիւն եւ փրկարար նախաձեռնութիւն մըն է, որովհետեւ անոր ներկայութիւնը հայանպաստ բազմազան սկզբունքներու եւ ծրագրումներու ծնունդ կու տայ:

Կեդրոնը, որուն կ՚անդրադառնամ, հրապարակային կերպով արդիւնք է համազգայնականներու շինարար եւ կենարար ոգիին, ուր ազգային եւ մանաւանդ մշակութային կեանքը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ գործելու, ծրագրելու եւ բարգաւաճելու:

Արդ, Համազգայինի այս նոր կեդրոնը բոլորիս համար ալ է: Ուրեմն, անիկա բոլորիս անսակարկ գուրգուրանքին արժանի պէտք է ըլլայ, որպէսզի օրէ օր զարգանայ, արդիականանայ եւ դառնայ հայկական շունչով եւ ոգիով ապահով երդիք ու տաքուկ բոյն եւ մշակութային ծրագրումներու եւ իրագործումներու համեստ տուն-օճախ մը:

Ի սրտէ աչքը լոյս կ՚ըսենք բոլորին եւ վարձքը կատար՝ բոլոր անոնց, որոնք տարիներով միասին երկար երազեցին, հաւատք ընծայեցին իրենց երազին ու անոր իրականացման համար ճգնեցան, իրենց լուման խառնեցին իրենց քրտինքին, որպէսզի օր մը, պատմական այսպիսի օր մը, պարզ քարեղէն օտար շէնք մը վերածեն իրական հայկական տան մը, որ Համազգայինի Հայ կեդրոն կը կոչուի:

Անկասկած, որ իր այս նոր սեփական կալուածով Համազգայինի պատմութեան մէջ նոր էջ մըն ալ բացուեցաւ, լեցուն՝ լուսաւոր հեռանկարներով: Միւս կողմէ, Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար այս նոր կեդրոնը նաեւ կ՚ենթադրէ տարբեր պարտաւորութիւններով ծանրաբեռնուած նոր հանգրուանի մը սկիզբը, որուն համար զոհաբերութիւն, ներդրում եւ նուիրում կը պահանջուի:

Կարելի է տակաւին աւելցնել, թէ սոյն կեդրոնը, շնորհիւ իր գոյութիւնը ապահովողներու կամաւոր խմբակներուն, անսակարկ նուիրատուներուն, սրտաբուխ հովանաւորներուն եւ համակիրներու փաղանգին, անկասկած պիտի դառնայ համալիր մը, ուր իրարու քով եւ իրարու հետ մէկ յարկի տակ մեղուի փեթակի նման կը գործեն միութեան միաւորներն ու մասնաճիւղերը՝ վերեւ աշխուժութեամբ եւ վճռակամութեամբ:

Իբրեւ հայպահպանման աշխատանքներով հետաքրքրուող եւ մտահոգ անհատ, ինծի նման շատեր կը հաւատան, որ այս կեդրոնը կենսական հաստատութիւն մը ըլլալով հանդերձ, բոլորին գուրգուրանքին արժանի պէտք է ըլլայ: Զայն պահել չի նշանակեր միայն ունենալ, այլ՝ էական է զայն ապրեցնել:

Գաղութներու պատմութիւնը վկայ՝ մեր ժողովուրդը միշտ գնահատած է ազգանպաստ գործերն ու աշխատանքները եւ յանձնառու եղած՝ նիւթական ու բարոյական իր աջակցութիւնը բերելու:

Բիւր յարգանք՝ համազգայնականներու վաստակին: Անսպառ ուժ եւ կորով:

Արդ,

Համազգային՝ մշակութային նոր կեդրոնդ շնորհաւոր։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2024