ԼԱՅՆԱԽՈՀ ԸԼԼԱԼ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԱՆԴԷՊ

Աշխարհի վրայ ամէն ինչ ձայն ունի։ Ամէն ինչ բան մը կ՚ըսէ։ Անոնցմէ շատերը կը լսենք, քանի դեռ ունինք լսողութեան ունակութիւն: Անշուշտ, սա լսելու խնդիր է։ Երբ ականջ չես տար այդ ձայներուն, չես կրնար լսել: Երբեք փորձա՞ծ էք լսել «ամէն ինչը»: Չեմ կարծեր։ Մենք սովորաբար կը լսենք այն բոլորը, որ (կը կարծենք, թէ) կապուած է մեզի հետ եւ կ՚անտեսենք մնացեալ ամէն ինչ: Մեր ականջները, աչքերը, մաշկը, մեր բոլոր զգայարանները կ՚օգտագործենք իրերը զանազանելու, այլ ո՛չ թէ ընդունելու համար: Մենք չենք շահագրգռուած՝ մեր նեղ կաղապարներէն դուրս գտնուողներուն հնարաւորութիւն տալով։ Ահա թէ ինչո՛ւ մենք չենք կրնար լսել «ամէն ինչ»: Մեզմէ ոմանք, որոնք կը լսեն, կ՚անուանենք խելագար կամ փիլիսոփայ: Անոնք կը լսեն կեանքը եւ կը պատմեն մեզի:

Կեանքը ուժանիւթի աղբիւր է։ Պէտք է ուշադրութեամբ նայիլ բոլոր արարածներու իրարու վրայ ունեցած ազդեցութեան, այսինքն՝ հաղորդակցութեան։ Իւրաքանչիւր քայլ իմաստ մը ունի։ Ամէն ինչ կը շարժի, ամէն ինչ աղմուկ կը յառաջացնէ: Այն բոլորը, որ մենք կը լսենք, իրականութեան մէջ անոնց «իմաստ»ն է: Նոյնիսկ եթէ այդ իմաստը չարտայայտուի լեզուով, զգայարաններով ընկալուող բաները կրնան իմաստ մը ունենալ: Պարտադիր չէ, որ այդ մէկը ձայնաւոր ըլլայ կամ սահմանափակուի միայն տեսքով։ Իմաստը կը յառաջանայ մեր եւ որեւէ բանի կամ ոեւէ մէկու միջեւ կապէն, յարաբերութենէն: Եթէ ​​դուք կարծէք, որ ձեր դիմացինը անարժէք մարդ մըն է կամ աննշան ու անշունչ նիւթ մը, չէք կրնար բացայայտել անոր իմաստը։ Որեւէ բանի իմաստը իմանալու համար պէտք է նախ ըմբռնել, հասկնալու ջանալ անոր գտնուած աշխարհը: Մարդկային կեանքի ընթացքին կարելի չէ ըսել, որ մենք մեծ արժէք կը վերագրենք ուրիշներուն։ Այս պատճառով մենք կը խօսինք շատ դժուար աշխատանքի մը մասին:

Բան մը հասկնալու համար նախ պէտք է բաց ու թափանցիկ ըլլալ անոր նկատմամբ։ Հասկնալը պէտք է ընդունուի ներքնապէս: Նոյնիսկ բան մը ըսելու համար պէտք է ընդունիլ այդ մէկը։ Առանց դիմացինդ ընդունելու եւ ինքզինքդ անոր մօտեցնելու, ոչինչ կրնաս շահիլ։ Գուցէ կը կարծես, որ քու դիմացինը ճիշդ չէ։ Այնուամենայնիւ, եթէ կարիք կը զգաս անոր բան մը պատմելու, ապա առաջին հերթին իրաւունք պէտք է տաս անոր։ Ոչ ոք կ՚ուզէ շարունակել այն խօսակցութիւնը, որու ընթացքին ինք կը մերժուի: Եթէ ​​կ՚ուզես, որ դիմացինդ սիրէ քեզ, պէտք է հասարակաց լեզու գտնես՝ ըսելով, որ անոնց աշխարհը նոյնպէս կրնայ ճիշդ ըլլալ։ Մի՛ մոռնաք, որ այս աշխարհի վրայ, ուր կ՚ապրինք ենթադրութիւններով, բոլորը կրնան ճիշդ ըլլալ։

Եթէ ​​դուք ունիք այնպիսի նպատակներ. օրինակ՝ բան մը լսել, բան մը հասկնալ, բան մը յայտարարել կամ պատմել, նախ պէտք է բաց ըլլաք անոնց նկատմամբ։ Դժուարինը՝ լսելը մերժելն է։ Ամէն շնչաւորի կարելի է հնարաւորութիւն տալ, առիթ ու իրաւունք տալ անոնց։ Լսելը այնքան ալ դժուար չէ։ Բաց մտածելակերպը եւ հասկնալու ներուժը օգտագործելը կրնայ երջանկացնել իւրաքանչիւրը: Սխալ մտածելակերպէն հրաժարիլ հնարաւոր է լայնախոհ ըլլալով։ Եթէ խնդիր նկատած էք, պէտք է ընդունիք այդ խնդրի պատճառները: Ձանձրացա՞ծ էք ձեր կեանքէն։ Գիտակցեցէք ձեր դժուարութիւնները՝ որպէս ձեր կեանքի մէկ մասը: Ընդունեցէ՛ք դուք ձեզ եւ մտածեցէք նաեւ ուրիշներու մասին։ Դուք կը տեսնէք, որ ձեր կեանքին մէջ դոյզն իսկ բան մը փոխուած է։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2023