ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ս. Զատ­կի հա­մերգ մը։ Ե­րա­ժշ­տա­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս, Ս. Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման տա­ճա­րի եր­դի­քին տակ։ Ներ­կայ էին Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ շարք մը հայ եւ յոյն հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Ձեռ­նար­կը պատուեց նաեւ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար, ո­րու կող­քին էր իր խորհր­դա­կան­նե­րէն Նուր­հան Փալ­աքօղ­լու։ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մի­քա­յէլ Վար­դա­նեան եւ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհրդա­կան  Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, նաեւ Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս ձեռ­նար­կին։

Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը, որ ան­գամ մը եւս խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց ունկն­դիր­նե­րուն վրայ։ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի խմբա­վա­րու­թեամբ եւ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի նուա­գակ­ցու­թեամբ՝ երգ­չա­խում­բը ան­գամ մը եւս հան­դէս ե­կաւ փայ­լուն կա­տա­րում­նե­րով։ Երգ­չա­խում­բի ե­րէ­կուան եր­գա­ցան­կին մէջ եւս ընդգր­կուած էին հայ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ աշ­խար­հիկ ե­րաժշ­տու­թե­նէն նմոյշ­ներ եւ այ­լազ­գի հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծեր։

Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար, որ ար­տա­սա­նեց ող­ջոյ­նի խօսք մը, ջերմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով շնոր­հա­ւո­րեց երգ­չա­խում­բը, նաեւ ծաղ­կե­փուն­ջեր յանձ­նեց Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նին եւ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուին։

Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բէն վերջ հան­դէս ե­կաւ նաեւ «Քա­ֆէ ա­ման Իս­թան­պուլ» խում­բը։ Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ նաեւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015