ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ԱՃՈՒՐԴ Ի ՆՊԱՍՏ ԶԻՊԷՉ-Ի

Ճատ­տէ­պոս­տա­նի «Մեծ ա­կումբ»ին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­ցու­մը կա­տարուե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը, ո­րուն զու­գա­հեռ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ նաեւ ա­ճուրդ մը։ Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր ի նպաստ ԶԻ­ՊԷՉ-ի, «Փա­րոս» ամ­սագ­րի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Նկար­չու­հի Մե­լի­նէ Թա­լա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցուե­ցան գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ի­րան­ցի յայտ­նի նկա­րիչ Ճա­ւատ Սիւ­լէյ­ման­փու­րի գոր­ծե­րէն մին ա­ճուր­դի դրուե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման շրջագ­ծով։ Այս­տեղ խորհր­դան­շա­կան նրբու­թիւ­նը այն էր, որ Ճա­ւատ Սիւ­լէյ­ման­փուր միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Մե­լի­նէ Թա­լա­սի ու­սու­ցիչն է։

Հա­ւա­քոյ­թը ան­ցաւ ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Այ­ցե­լու­նե­րու շար­քին էր նաեւ Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն։ Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ԶԻ­ՊԷՉ-ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Տիւլ­կէ­րեա­նի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնց միա­ցած էին «Փա­րոս»ի խմբա­գիր Մայ­տա Սա­րիս եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րը։

Ա­ճուր­դը վա­րեց յայտ­նի դե­րա­սան Հեր­ման Օ­զի­նեան եւ ար­դիւն­քին Ճա­ւատ Սիւ­լէյ­ման­փու­րի պաս­տա­ռը գնեց Նի­յա­զի Մե­թէ։  Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ ամ­սա­վերջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015