ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՆՈՒԷՐ՝ ԱՆԳԼԻՈՅ ԱՊԱԳԱՅ ԱՐՔԱՅԱԴՈՒՍՏՐ ՇԱՐԼՈԹԻՆ

Մեծն Բրի­տա­նիոյ թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի ա­մե­նէն կրտսեր ան­դա­մը՝ չորս ամ­սուան ար­քա­յա­դուստր Շար­լո­թը, որ ծնուն­դէն ի վեր հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցուած է ըն­դա­մէ­նը ե­րեք ան­գամ, ար­դէն 4 մի­լիառ եւ­րօ ա­պա­հո­ված է իր հա­րա­զատ երկ­րին հա­մար։

Խորհր­դա­տուա­կան, գո­վազ­գա­յին եւ կեր­պա­րա­նաս­տեղծ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը հա­շուար­կած, քննած եւ հրա­պա­րա­կած են փոք­րիկ ար­քա­յադս­տեր բե­րած ե­կամ­ու­տի ուղ­ղու­թիւն­նե­րը: Ըստ մաս­նա­գետ­նե­րու՝ ա­մե­նէն շատ Շար­լո­թը աշ­խու­ժա­ցու­ցած է նո­րա­ձե­ւու­թեան բնա­գա­ւա­ռը։

Օ­րի­նակ՝ ժա­նեա­կէ շալ-ծած­կո­ցը, ո­րով փոք­րի­կը ծած­կուած է հան­րու­թեան ա­ռա­ջին ան­գամ ներ­կա­յա­նա­լու ժա­մա­նակ, ծնե­լէն 12 ժամ վերջ, ան­մի­ջա­պէս նա­խընտ­րուած իր դար­ձած է մի­լիո­նա­ւոր մայ­րե­րու հա­մար, ո­րոնք շտա­պած են զա­նա­զան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ փնտռել նմա­նա­տիպ շալ մը: Ար­դիւն­քին՝ այդ ծած­կո­ցի ար­տադ­րո­ղը՝ GH Hurt & Son ըն­կե­րու­թիւ­նը, ահ­ռե­լի քա­նա­կու­թեամբ պատուէր­ներ ստա­ցած է: Ծած­կո­ցը կ՚ար­ժէր 97 տո­լար, բայց այն պա­տա­հա­րէն ետք, երբ պզտիկ Շար­լո­թը ա­նով ծած­կուած էր հի­ւան­դա­նո­ցէն դուրս գա­լէ ետք, ա­նոր գի­նը ան­հա­մե­մա­տօ­րէն բարձ­րա­ցած է:

Թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քին ե­րախ­տա­պարտ է նաեւ նշա­նա­ւոր անգ­լիա­կան Prams With Pizazz ըն­կե­րու­թիւ­նը, որ կը զբա­ղի մա­նուկ­նե­րու յա­տուկ հին քա­ռա­նիւ կառ­քե­րու վե­րա­նո­րոգ­մամբ: Երբ մկրտու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ Շար­լո­թ ներ­կա­յա­ցաւ ա­նոնց ար­տադ­րած հնա­տիպ ման­կա­կան կառ­քե­րէն մէ­կուն մէջ, ըն­կե­րու­թեան «գլխու­ն» պա­տուէր­նե­րու հե­ղեղ տե­ղաց:

Մեծն Բրի­տա­նիոյ մէջ փոք­րիկ ար­քա­յադս­տեր բե­րած ան­յա­պաղ օ­գու­տի շրջա­դար­ձը կո­չած են «Շար­լո­թի ազ­դե­ցու­թիւ­ն», ո­ր կը շա­րու­նա­կուի երկ­րին մէջ:

Շար­լո­թի ա­ւագ եղ­բայ­րը՝ տասն­չորս ամ­սուան ար­քա­յազն Ճոր­ճ, ի տար­բե­րու­թիւն իր քրոջ, ա­ւե­լի քիչ դրամ վաս­տ­­կած է իր երկ­րին հա­մար՝ 3 մի­լիառ եւ­րօ: Այս ա­ռու­մով յա­ռա­ջա­տար է պզտիկ­նե­րուն մայ­րը՝ Քէյմպ­րի­ճի ար­քա­յա­դուստ­րը՝ Քէյ­թ, որ, թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի ան­դամ դառ­նա­լէն ետք երկ­րին հա­մար վաս­տկած է 7.2 մի­լիառ տո­լար: Գու­մար­նե­րը կը գան­ձուին ա­նոնց ա­նուն­նե­րով եւ նկար­նե­րով յու­շա­նուէր­նե­րու թո­ղար­կու­մէն, ա­նոնց կրած հա­գուս­տի, գոր­ծա­ծած ի­րե­րու պա­հան­ջար­կէն եւ ըն­դօ­րի­նա­կու­մէն մար­դոց կող­մէ այն բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու, զորս կը կա­տա­րեն թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը: Կան մար­դոց հա­զա­րա­ւոր խում­բեր, ո­րոնք պատ­րաստ են հսկա­յա­կան գու­մար­ներ վճա­րե­լու՝ թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի կեան­քը յի­շեց­նող պզտիկ իր մը ձեռք բե­րե­լու հա­մար կամ ա­նոնց գտնուած վայ­րի մը մէջ ըլ­լա­լու, ա­նոնց կա­տա­րած ծէ­սե­րը նոյ­նու­թեամբ կրկնե­լու հա­մար: Մեծ գու­մար­ներ կը վաս­տկին նաեւ ամ­սա­գիր­նե­րը, օ­րա­թեր­թե­րը, ո­րոնք յօ­դուած­ներ կը տպագ­րեն թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն մա­սին:

Փոք­րիկ Շար­լո­թի ծնուն­դէն մեծ օ­գուտ­ներ քա­ղած է նաեւ ա­նոր մօր՝ Մի­տըլ­թըն­նե­րու ըն­տա­նի­քը, որ ու­նին 1987 թուա­կա­նէն ի վեր գոր­ծող ա­ռեւտ­ու­րի նշա­նա­ւոր ըն­կե­րու­թիւն մը՝ Party Pieces ա­նու­նով։ Այդ ըն­կե­րու­թեան առ­ցանց խա­նու­թը նոյն­պէս սկսած է Շար­լո­թի ա­նու­նով ի­րեր եւ հա­գուստ վա­ճա­ռել:

Ար­քա­յադս­տեր ծնուն­դը նշե­լու հա­մար Ար­քա­յա­կան տու­նը 1300-1800 փաունտ սթեր­լին ար­ժո­ղու­թեամբ չորս տի­պի մե­տա­ղադ­րամ թո­ղար­կած է:

Այս տա­րի Մա­յի­սին, երբ ծնաւ ար­քա­յազն Ո­ւիլ­իը­մի դուստ­րը, Թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի կեան­քին հե­տե­ւող աշ­խար­հը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէր, թէ ի՛նչ ա­նու­նով պի­տի կնքեն ի­րենց նո­րա­ծին դուստ­րը՝ Քէյմպ­րի­ճի դուքս ար­քա­յազն Ո­ւիլ­իըմն ու ա­նոր կի­նը՝ Քէյթ Մի­տըլ­թը­նը: Ա­նոնք եր­կար ժա­մա­նակ գաղտ­նի կը պա­հէին ի­րենց դստեր ա­նու­նը: Մին­չեւ աղջ­կան ծնի­լը՝ խա­ղադ­րոյ­քա­յին գրա­սե­նեակ­նե­րը 500 հա­զար փաունտ ս­­թեր­լին խոս­տա­ցած էին նո­րա­ծին ար­քա­յադս­տեր ա­նու­նը գու­շա­կո­ղին: Ա­մե­նէն շատ շրջա­նա­ռուող ա­նուն­ներն էին Ա­լի­սիա, Է­լի­զա­պէթ, Շար­լոթ, Վիք­թո­րիա եւ Տա­յա­նա ա­նուն­նե­րը:

Քէյմպ­րի­ճի դուքսն ու դքսու­հին միայն ծնուն­դէն ետք յայ­տա­րա­րե­ցին ի­րենց դստեր ա­նու­նը՝ Շար­լոթ Է­լի­զա­պէթ Տա­յա­նա: Է­լի­զա­պէթ ա­նու­նը ընտրուած է «Նո­րին մե­ծու­թիւն թա­գու­հիի» պա­տուին: Իսկ Տա­յա­նա ա­նու­նը տրուած է այն ար­տա­սո­վոր ազ­դե­ցու­թեան առ­թիւ, որ ար­քա­յազն Ո­ւի­լիը­մի մայ­րը՝ Տա­յա­նան, ու­նե­ցած է ա­նոր կեան­քին վրայ:

Հա­մա­ձայն Մեծն Բրի­տա­նիոյ Ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րու­թեան վար­չու­թեան տուեալ­նե­րուն՝ Շար­լոթ ա­նու­նը 21-րդ ա­մե­նէն ծա­նօթ ա­նունն է Անգ­լիոյ եւ Ո­ւել­սի մէջ:

Քէյմպ­րի­ճի դուքսն ու դքսու­հին ը­սած են, թէ ու­րախ են, որ ի­րենց դուստ­րը յայտ­նի կ՚ըլ­լայ իբ­րեւ «Նո­րին թա­գա­ւո­րա­կան գե­րա­զան­ցու­թիւն Քէյմպ­րի­ճի ար­քա­յա­դուստր Շար­լո­թ»: Երկ­րորդ ան­գամ ան հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցաւ իր եղ­բօր հետ հա­մա­տեղ լու­սան­կար­չա­կան շար­քով, ո­ր նոյն­պէս մեծ ար­ձա­գանգ­ներ ու­նե­ցաւ:

5 Յու­լի­սին, Սանտ­րին­կը­մի մէջ գտնուող Սուրբ Մա­րիա Մակ­տա­լե­նա ե­կե­ղե­ցւոյ եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րա­ծին Շար­լո­թին մկրտու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Այս ե­կե­ղե­ցիին մէջ մկրտուած են թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու բազ­մա­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ ար­քա­յա­դուստր Տա­յա­նան:

Մկրտու­թե­նէն առ­նուած լու­սան­կար­նե­րով պզտիկ Շար­լո­թը եր­րորդ ան­գամ ներ­կա­յա­ցած է հան­րու­թեան։

ՆՈՒԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ

Փոք­րիկն Շար­լո­թի ծննդեան առ­թիւ Քէյմպ­րի­ճի դուքսն ու դքսու­հին շնոր­հա­ւո­րանք­ներ ստա­ցած են աշ­խար­հի չորս կող­մէն: Այդ շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րէն մէկն ալ ե­ղած է Հա­յաս­տա­նէն, ինչ որ ալ ա­ռիթ դար­ձաւ պատ­րաս­տե­լու այս անդ­րա­դար­ձը:

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­շատ քա­ղա­քին մէջ բնա­կող 22-ա­մեայ հա­յու­հի մը՝ Մա­րիամ Նա­զա­րեան ա­նու­նով, որ ձեռ­քի աշ­խա­տանք­նե­րու Smile ա­նու­նով ըն­կե­րու­թիւն մը հիմ­նած է, ո­րո­շած է իր աշ­խա­տանք­նե­րէն եր­կու­քը՝ աղջ­կան ճեր­մակ եւ կար­միր նմա­նա­տիպ եր­կու գլխա­զարդ, նուէր ու­ղար­կած է պզտիկ Շար­լո­թին: Շար­լո­թի ծնուն­դէն քա­ռա­սուն օր յե­տոյ Մա­րիա­մը նուէ­րը ծրա­րի մէջ դրած է, թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի հա­մա­ցան­ցա­յին է­ջէն գտած է թղթա­տա­րու­թեան հաս­ցէն եւ շնոր­հա­ւո­րան­քի հետ միա­սին ղրկած է նուէ­րը՝ նշե­լով, որ զայն ձեռ­քի աշ­խա­տանք մըն է եւ պատ­րաս­տուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ, հա­յու­հիի մը ձե­ռամբ:

Այս տա­րուան Յու­լիս ամ­ի­սին Մեծն Բրի­տա­նիա­յէն, նոյ­նինքն թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քէն, Մա­րիամ ստա­ցած է պա­տաս­խան նա­մա­կ մը՝ Քէյմպ­րի­ճի դուքսն ու դքսու­հին շնոր­հա­կա­լու­թեամբ ըն­դու­նած են հա­յու­հիին նուէ­րը: Հա­յաս­տա­նի մէջ մեծ հիաց­մունք յա­ռա­ջա­ցած է առ թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քը, ո­ր չէ ան­տե­սած այս փոք­րիկ ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ պա­տաս­խան-նա­մակ ղրկած է: Այդ մէ­կը կը խօ­սի նա­մա­կագ­րու­թեան այն ա­մուր ա­ւան­դոյթ­նե­րու մա­սին, զոր ու­նի թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քը: Այս մէ­կը նաեւ մար­դը, ո՛վ որ ալ ըլ­լայ ան եւ իէնչ ծա­գում որ ալ ու­նե­նայ, գնա­հա­տե­լու ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն է, զոր ցու­ցա­բե­րած են Քէյմպ­րի­ճի դուքսն ու դքսու­հին:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պե­ցաւ Մա­րիամ Նա­զա­րեա­նին, ո­րուն հետ զրու­ցե­ցինք իր հիմ­նած գոր­ծին եւ այն նա­խա­ձեռ­նու­թեան մա­սին, զոր ան կա­տա­րած է՝ նուէր ղրկե­լով թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քին:

Օ­րէ օր աշ­խար­հի մէջ մեծ ար­ժէք եւ գնա­հա­տա­կան կը ստա­նան ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րը: Թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քը այդ­պի­սի գոր­ծե­րու գնա­հա­տող­նե­րէն մէ­կը դար­ձած է, եւ Մա­րիամ Նա­զա­րեան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սաւ, թէ ինքն ու իր ըն­կե­րու­թեան ան­դամ­նե­րը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն այն օ­րուան, երբ պզտիկ Շար­լո­թը պի­տի կրէ իր պատ­րաս­տած գլխա­զար­դը, իսկ ար­քա­յա­կան ըն­տա­նիքն ալ լու­սան­կար պի­տի հրա­պա­րա­կէ:

Մա­րիամ Նա­զա­րեան ը­սաւ, որ ձեռ­քի աշ­խա­տանք­նե­րու անձ­նա­կան ձեռ­նար­կա­տի­րու­թիւն հիմ­նե­լու գա­ղա­փա­րը յա­ռա­ջա­ցած է իր ան­սահ­ման սէ­րէն դէ­պի ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րը: Ան ըն­դա­մէ­նը մէկ տա­րի ա­ռաջ փոր­ձած է շիւ­ղե­րով եւ հե­լու­նով (միլ, քրո­շէ) ման­կա­կան աշ­խա­տանք­ներ ստեղ­ծել եւ զգա­ցած է, որ այդ աշ­խա­տանք­նե­րը հե­տաքրք­րած են իր շուր­ջին­նե­րը: Խան­դա­վա­ռուե­լով՝ Մա­րիամ Նա­զա­րեան իր աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ռա­ջար­կած է Ե­րե­ւա­նի այն խա­նութ­նե­րուն, ո­րոնք յու­շա­նուէր­ներ, մա­նուկ­նե­րու հա­գուստ, խա­ղա­լիք եւ ինք­նա­տիպ գոր­ծեր կը վա­ճա­ռեն: Կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ապ­րանք­նե­րը սպա­ռած են, եւ Մա­րիամ, որ այդ ժա­մա­նակ հա­մալ­սա­րա­նը նոր ա­ւար­տած էր եւ աշ­խա­տանք կը փնտռէր դրա­մա­տու­նե­րէ ներս, հասկ­ցած է, որ ինք պէտք է որ­դեգ­րէ այս գոր­ծը եւ մոռ­նայ այլ աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին: Այդ­պէս ալ ը­րած է։ Ան յայ­տա­րա­րու­թիւն տուած է մա­մու­լին մէջ՝ փնտռե­լով աղ­ջիկ­ներ եւ կի­ներ, ո­րոնք օժ­տուած են ձեռ­ա­կան շնորհ­ով: Այս ձե­ւով Մա­րիա­մ կազ­մած է պզտիկ խումբ մը, հիմ­նած է Smile ա­նու­նով ըն­կե­րու­թիւն մը եւ այդ ապ­րան­քա­նի­շի ներ­քոյ սկսած է թո­ղար­կել իր եւ խմբա­կից­նե­րուն ձեռ­ա­կան գոր­ծե­րը:

Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տէ ա­մէն ինչ՝ մա­նուկ­նե­րու եւ ա­նոնց մայ­րե­րուն հա­մար՝ հա­գուստ­ներ, գլխարկ­ներ, վե­րար­կու­ներ, զար­դեր, խա­ղա­լիք­ներ, յու­շա­նուէր­ներ:

«Ե­րե­ւան Մո­լ­»ի մէջ ար­դէն Մա­րիա­մը ու­նի պզտիկ խա­նութ մը, ուր կը վա­ճա­ռուին ըն­կե­րու­թեան ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րը:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Մա­րիամ Նա­զա­րեան ը­սաւ, որ ի­րենց խում­բի յա­ջո­ղու­թեան գաղտ­նի­քը այն է, որ ի­րենք կը պատ­րաս­տեն բնա­կան թե­լե­րէ աշ­խա­տանք­ներ, ին­չ որ շատ կա­րե­ւոր է մա­նուկ­նե­րու ա­ռող­ջու­թեան հա­մար: Ան նշեց, որ մա­նա­ւանդ խա­ղա­լիք­նե­րու պա­րա­գա­յին շատ կա­րե­ւոր է, որ ա­նոնց վրայ չըլ­լան ար­հես­տա­կան նիւ­թեր, վտան­գա­ւոր հան­գոյց­ներ, մազմ­զուկ­ներ, ո­րոնք նպաս­տա­ւոր չեն մա­նուկ­նե­րու ա­ռող­ջու­թեան հա­մար:

Մա­րիամ Նա­զա­րեա­նի աշ­խա­տանք­նե­րով ար­դէն հե­տաքրք­րուած են ա­մե­րի­կա­հայ գոր­ծա­րար մը եւ Լոն­տո­նէն օ­տար ըն­կե­րու­թիւն մը, ո­րոնք ապսպ­րանք­ներ ա­ռա­ջար­կած են ա­նոր: Մա­րիամ այժմ զբա­ղած է խում­բը բազ­մաց­նե­լու գոր­ծով, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նան ա­ւար­տին հասց­նել ապսր­պուած ե­րե­ղէն­նե­րը:

Յատ­կան­շա­կան է, որ Մա­րիամ Նա­զա­րեան այս գոր­ծին սկսած է ա­ռանց ո­րե­ւէ լուրջ ներդ­րու­մի եւ ա­ռանց մէ­կու մը օգ­նու­թեան: Նոյ­նիսկ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը լուրջ չեն վե­րա­բե­րած դստեր գոր­ծին, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Մա­րիամ սկսած է դրամ շա­հիլ:

Ե­րի­տա­սարդ հա­յու­հին կը հա­ւա­տաց­նէ, որ ե­թէ մարդ ու­նի ցան­կու­թիւն, կամք եւ նպա­տակ, ա­պա ոչ մէկ բան կրնայ խան­գա­րել՝ հաս­նե­լու ի նպա­տա­կին:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին Մա­րիամ Նա­զա­րեան յանտ­նեց նաեւ, որ շատ կը սի­րէ փոք­րիկ­նե­րը եւ միշտ իր գոր­ծին մէջ պի­տի պա­հէ ա­նոնց հա­մար պատ­րաս­տուող ի­րե­րու ուղ­ղու­թիւ­նը: Ան ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ Ե­րե­ւա­նի զա­նա­զան վայ­րե­րու մէջ իր ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րէն կը նուի­րէ պզտիկ­նե­րուն՝ ժպիտ պար­գե­ւե­լով ա­նոնց: Նա­զա­րեան ը­սաւ, որ սկզբնա­կան շրջա­նին ըն­կե­րու­թեան կար­գա­խօ­սը ե­ղած է՝ «Թող որ քու ժպի­տը փո­խէ աշ­խար­հը», իսկ այ­սօր իբ­րեւ կար­գա­խօս ընտ­րած են՝ «Քու ժպի­տը կը փո­խէ աշ­խար­հը»:

Մա­րիամ Նա­զա­րեան շեշ­տեց նաեւ, թէ ինչ ա­ռա­ջարկ որ ալ ըլ­լայ, եր­բեք չի հե­ռա­նար Հա­յաս­տա­նէն, քա­նի որ շատ կը սի­րէ ի ծննդա­վայ­րը եւ իր գոր­ծին մի­ջո­ցաւ կը փոր­ձէ հա­ւատք ներշն­չել բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, ո­րոնք ե­րա­զանք­ներ ու­նին: Ան կ՚ը­սէ, որ ե­րա­զան­քին հա­ւա­տա­լը ար­դէն գոր­ծի կէսն է, եւ երբ դուն ու­նիս հա­ւատք, ա­պա ե­րա­զան­քի ի­րա­կա­նա­ցու­մը հե­ռու չէ:

 Այս օ­րե­րուն Մա­րիամ Նա­զա­րեան ԱՅԲ դպրո­ցին մէջ կը մաս­նակ­ցի Հա­յաս­տա­նի Սկսնակ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու միու­թեան մրցոյ­թին: Ան եւ իր խում­բը մրցոյ­թի ա­ռա­ջին եր­կու փու­լե­րը ար­դէն յաղ­թա­հա­րած են: Յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 1-ին յայտ­նի պի­տի դառ­նայ այն սկսնակ ըն­կե­րու­թիւ­նը, ո­ր Հա­յաս­տա­նի Սկսնակ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու միու­թեան կող­մէ կը ստա­նայ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն՝ մեծց­նե­լու եւ ա­ւե­լի ծա­ւա­լուն դարձ­նե­լու հա­մար իր գոր­ծը: Շատ հնա­րա­ւոր է, որ այդ մէ­կը ըլ­լայ Մա­րիամ Նա­զա­րեան, քա­նի որ յանձ­նա­խու­մբը հե­տաքրք­րուած է ա­նոր աշ­խա­տանք­նե­րով եւ այն ուղ­ղու­թեամբ, զոր որ­դեգ­րած է Մա­րիամ Նա­զա­րեան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015