ԱՆՄԱՀ ՀԱՅԱԳԷՏՆ ՈՒ ԱՐԵՒԵԼԱԳԷՏԸ
Ռումանիոյ ակադեմիոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը՝ նուիրուած ականաւոր պատմաբան եւ հայագէտ, ակադեմիկոս Յակոբ Սիրունիի ծննդեան 125-ամեակին (1890-1973)։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, գիտաժողովին հետազօտողներ մասնակցած են Ռումանիայէն, Հայաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Թուրքիայէն։
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Ռումանիոյ ակադեմիոյ, Պուքրէշի Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի, տեղւոյ Հայաստանի դեսպանութեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան, Հայ Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Թեմի, Հայաստանի Ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկի, Երեւանի «Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններու համատեղ ջանքերով։
Բացման խօսքերով հանդէս եկան ակադեմիկոս Տան Պերինտէյ, Հայաստանի դեսպան Համլէթ Գասպարեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի տնօրէն Շերպան Թանաշոքա եւ Քլուժի Հայագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Լուչիան Նասթասէ-Քովաչ։
20-րդ դարասկիզբի Օսմանեան կայսրութեան հոգեվարքի, հայ մտաւորականութեան վերացման եւ Յակոբ Սիրունիի կեանքի ու գործունէութեան տարբեր շրջաններուն, հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան զարգացման մէջ իր մեծ վաստակին, հայ մշակոյթի ուսումնասիրման ու տարածման ուղղութեամբ ունեցած իր ներդրումին մասին գիտական զեկուցումներով հանդէս եկան Փարիզի 8-րդ համալսարանէն Փրոֆ. Ռէյմոն Գէորգեան, «Պիլկի» համալսարանէն Փրոֆ. Այհան Աքթար, ակադեմիկոս Անտրէյ Փիփիտին, Տքթ. Անտրէյ Թիմոթին, ռումանահայ գրող-հրապարակախօս Պետրոս Խորասանճեան, Երեւանի Պետական համալսարանէն Տքթ. Լեւոն Չուքասըզեան, Հայաստանի Ազգային ակադեմիայէն Կարինէ Աւետեան եւ Փիթեշտի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Հեթում Քհնյ. Թարվերտեան։
Գիտաժողովին զուգահեռ ռումանական ակադեմիոյ սրահներուն մէջ բացուած էր Յակոբ Սիրունիի մասին լուսանկարներու, գիրքերու եւ արխիւային փաստաթուղթերու ցուցահանդէս մը։ Ռումանահայ «Արարատ» հանդէսը տպագրած էր Սիրունիին նուիրուած բացառիկ թիւ մը։
Հաշուի առնելով մեծ գիտնականի ներդրումը հայագիտութեան մէջ՝ Հոկտեմբերի 14-ին «Հայփոստ» Յակոբ Սիրունիի ծնընդ-եան 125-ամեակի նիւթով հրապարակած էր դրոշմանիշով բացիկ մը։
Ռումանական ակադեմիան ալ իր հերթին դեռ 2012-ին Սիրունիին շնորհած էր յետմահու անդամի կոչում՝ իր ողջ գործունէութեան եւ ռումանական ու հայկական մշակոյթին ու պատմութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար։