ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Իրաքի հայոց համայնքը հնագոյններէն մին է։ Անոր մասին տեղեկութիւններ կարելի է գտնել նոյնիսկ Մովսէս Խորենացիի աշխատութիւններուն մէջ:
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմը կազմաւորուած է 1944 թուականին եւ մեծ դեր խաղացած՝ Իրաքի երբեմնի հարուստ հայ համայնքի կեանքին մէջ: Այսօր ալ, հակառակ համայնքի հայերուն թիւը զգալիօրէն նուազած է (ամբողջ հայութեան թիւը 7500-8000 կը հաշուէ), անփոխարինելի է հայոց առաջնորդարանին դերը՝ համայնքի միւս հայկական կառոյցներուն մէջ: Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին իր շուրջ համախմբած է բազմաթիւ իրաքահայեր, որոնք անցնող օրերուն հեռակայ կամ մօտէն ականատես եղան հոգենորոգ արարողութեան մը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուած եւ օծուած եպիսկոպոսներու մէջ էր նաեւ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան, որ իրաքահայոց առաջնորդ ընտրուած էր մէկ տարի առաջ՝ 2022 թուականին: Նորաօծ եպիսկոպոսը իր ուխտի պատարագը մատուցեց Վաղարշապատի Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ մէջ՝ ներկայութեամբ հայաստանցի եւ իրաքահայ հաւատացեալներու: Իրաքահայերու կեանքին մէջ մանաւանդ այս եպիսկոպոսական օծումն ու ձեռնադրութիւնը սպասուած էր, քանի որ 42 տարի թեմէն եպիսկոպոս չէր ձեռնադրուած: Եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագէն ետք Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
-Սրբազան Հայր, օրերը փոթորկալից են հայութեան համար, եւ ահաւասիկ այս օրերուն հոգեւոր կարեւորագոյն արարողութիւններ տեղի ունեցան, ի՞նչ են ձեր զգացողութիւնները:
-Բոլորիս համար ծանր օրեր են, դժուարին պայմաններ, բայց երբեմն տարբեր ակնոցով պէտք է նայինք: Ճիշդ է՝ շատ յուզուած ենք, մեր սիրտերը տխուր են, կարծէք պատմութիւնը կը կրկնուի, կը վերանորոգուի, բայց կեանքը կը յառաջանայ: Դժբախտութիւնները այնքան մեծ են մանաւանդ՝ այս օրերուն… Եթէ պահ մը մոռնանք Հայաստանը, պահ մը որպէս հայ մոռնանք ինքզինքնիս եւ նայինք միջազգային առումով, գրեթէ նոյն իրավիճակի մէջ է աշխարհը: Հիմա կը տեսնենք Պաղեստինի մէջ ի՛նչ կ՚ըլլայ, տակաւին տասը օրեր առաջ Պաղտատի մէջ խոշոր հրդեհ եղաւ, որուն զոհ գացին հարիւրաւոր մարդիկ:
Առաջ ալ կը պատահէին նման բաներ, չէինք գիտնար, ժամանակները փոխուած են, այսօր այս նոր, ժամանակակից աշխարհին մէջ լրատուամիջոցներէ մարդիկ անմիջապէս կը լսեն, կը տեղեկանան: Եթէ հիմա երկրաշարժ մը կամ այլ աղէտ մը ըլլայ աշխարհին մէկ ծայրը, լուրը անմիջապէս կը տարածուի:
-Վատ լուրերը կ՚ընկճեն մարդիկը, ամէն օր վատ լուրեր լսելով քիչ մը աւելի յուսահատ կը դառնանք: Այդ պարագաներուն ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս յաղթահարել բացասական միտքերը, պայքարիլ չարիքի դէմ:
-Առաջին հերթին աղօթքն է, որ մեզ պիտի միացնէ իրարու, աղօթքի զօրութիւնն է, որ կ՚օգնէ: Ձեռնադրութեան եւ օծումի կիրակի օրը տեսանք, թէ ժողովուրդը որքա՜ն ուրախ էր, հոգեկան բաւարարութիւն ստացաւ պատարագէն՝ Մայր տաճարին շուրջ: Ճիշդ է՝ Մայր տաճարը փակ է այս օրերուն, բայց կը յուսանք, որ շուտով պիտի բացուի: Նկատելի էր, որ մարդիկ այդ աղօթքի կարօտը ունին: Բայց երբեմն դժուարութեան ժամանակ է, որ կը յիշեն զԱստուած, ամենացաւալին այդ է: Եւ կը մոռնանք, որ Աստուած միայն մեր դժուարին ժամանակներուն չէ, Աստուած ամէն վայրկեան մեր կեանքին մէջ պէտք է որ ըլլայ՝ թէ՛ ուրախութեան, թէ՛ տխրութեան պահերուն: Եւ մենք սկսած ենք Աստուծմէ հեռանալ, մոռնալ զԱստուած: Եթէ նայիք չորս կողմերնիդ, կը տեսնէք խայտառակութիւններ, գէշ երեւոյթներ… Կը յուսանք, որ մարդ նորէն զգաստանայ եւ վերագտնէ ինքզինք: Ինչպէս Կայէնի եւ Աբէլի ժամանակ Աստուած հարցուց՝ Կայէ՛ն, ո՞ւր է քու եղբայրդ, հիմա ժամանակն է, որ Աստուած մեզի հարցնէ՝ ո՞ւր է ձեր հաւատքը, ի՞նչ կ՚ընէք, միայն նեղութեան եւ տխրութեան ժամանա՞կ է, որ պիտի յիշէք զիս, թէ՞ նաեւ ուրախութեան ժամանակ եւ այլ առիթներով: Սա է խնդիրը, որ կարողանանք վերադառնալ մեր արմատներուն: Նայեցէ՛ք, Հայաստան աշխարհի ամէն մէկ անկիւնը եկեղեցի մը, մատուռ մը կառուցուած է, մարդիկ կը հաւատային, հաւատք ունէին, իրենց հաւատքի անկեղծ արտայայտութիւնն էր այդ:
-Մայր Աթոռի մէջ նաեւ Իրաքի թեմէն ուխտաւորներ կային այս օրերուն, անոնց ընդունեց նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը: Իրաքահայերուն կապը ինչպէ՞ս կը գնահատէք մայր հայրենիքին, Սուրբ Էջմիածնին հետ:
-Կրնամ ըսել, որ իրաքահայերը բաւականին լաւ կապուած են հայրենիքի հետ: Անոնց գրեթէ քառասուն տոկոսը Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունի, ամառները յաճախ կու գան, որովհետեւ ուղիղ չուերթներ կան Իրաքէն Հայաստան, գրեթէ մէկ ժամ քառասուն րոպէ է, ինչը կը դիւրացնէ յաճախակի այցերը: Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծումի առիթով ալ առաջնորդարանը կազմակերպած էր, որ ամէն մէկ համայնքէն եւ տեղական կազմակերպութիւններէն մէկական անձ ներկայ ըլլայ արարողութիւններուն, որովհետեւ անցնող 42 տարիներուն որեւիցէ այսպիսի արարողութիւն չէր եղած թեմին համար՝ եպիսկոպոս չէր ձեռնադրուած, առաջնորդ չէր ընտրուած եւ պատգամաւորներ ալ բնականաբար մասնակից չեն եղած ձեռնադրութեան: 42 տարիներ առաջ ինչ որ հոգելոյս Աւագ Սրբազանի պարագային եղած էր, տակնուվրայ վիճակ էր Իրաքի մէջ եւ միայն մէկ հոգի կրցած էր գալ եւ մասնակից ըլլայ: Այսօր, բարեբախտաբար, մինչեւ 23 հոգի մասնակից եղան եւ բաւական ուրախ, տպաւորուած, յուզուած էին, առաջին անգամ կը տեսնէին այսպիսի երեւոյթ: Վստահ եմ՝ վերադառնալով պիտի պատմեն, մեկնաբանեն, տարածեն իրենց բարեկամներուն…
-Ըսիք, որ 42 տարի թեմէն եպիսկոպոս չէր ձեռնադրուած, իբր այդ ալ ձեր պատասխանատուութիւնը աւելի կը մեծնա՞յ, այն առումով, որ երկար ընդիմիջումէ ետք, ձեզի՛ բաժին հասած է այս խորհուրդը:
-Այո՛, գիտէք, բոլորիս համար ալ այդպէս է՝ երբ որ նոր տեղ կ՚երթաս, նոր պաշտօն կը ստանաս, նորութիւններով պիտի սկսիս, որոշ փոփոխութիւններ պիտի ըլլայ. երբեմն մարդիկ պիտի դժկամին ընդունիլ, երբեմն պիտի ընդունին՝ երկու խառն վիճակ է: Ցաւօք սրտի, համայնքը սկսած է նօսրանալ, այն երբեմնի իրաքահայ համայնքը չէ, բոլորի հայեացքը դէպի Արեւմուտք է: Ո՛չ միայն իրաքահայերու պարագան, այլեւ ողջ Միջին Արեւելքի վիճակը նոյնն է՝ Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Մերձաւոր Արեւելքէն կը փորձեն փախչիլ: Մենք ալ կը փորձենք՝ ինչքան հնարաւոր է համայնքի եղած անդամներով շարունակել մեր ծառայութիւնները:
-Դէպի Արեւմուտք է երկրի բնակիչներուն հայեացքը, իսկ հայերուն հայեացքը արդեօք դէպի Հայաստան չէ՞, թէ՝ իրաքահայերու վերջին մեծ ներգաղթը հայրենիք (2010-ականներու սկիզբը) դառն փորձառութիւն եղած է անոնց համար:
-Խառն է: Արեւելքի հայերը մեծ կապուածութիւն ունին իրենց հարազատներուն հետ, իսկ իրաքահայերուն մեծ մասը Հոլանտա կ՚երթայ, քանի որ իրենց բարեկամները, հարազատները մեծ թիւով այնտեղ են: Այսօր, օրինակ, Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ աւելի շատ իրաքահայ կայ, քան՝ Իրաքի մէջ: Սա է իրավիճակը, ոչ թէ Հայաստանը լաւ է, կամ վատ է, այլ մարդիկ կ՚ուզեն անմիջապէս իրենց հարազատներուն քով երթալ: Իսկ ինչ կը վերաբերի իրաքահայերու նախորդ ներգաղթին Հայաստան, շատեր որ եկած են, կը բնակին, չեմ կրնար ըսլե, թէ դառն փորձ ունեցած են, մի քանի հարիւր (կամ՝ աւելի) հայեր կան, որոնք կեցութիւն հաստատած են եւ շատ ուրախ են: Մեր հայերը ուր որ ըլլան՝ կը հաստատուին, կ՚արարեն, տուն կը ստեղծեն:
-Դուք ալ Իրաք գացած էք ԱՄՆ-ի մէջ երկար ժամանակ ծառայելէ ետք, ինչպէ՞ս համաձայնած էք այդ պաշտօնը ստանձնել՝ Մերձաւոր Արեւելքի համար դժուարին այս օրերուն:
-Նախ՝ այնտեղ թեքնիքական հարց մը կայ: Իրաքի նախկին կանոնադրութեան համաձայն պէտք է առաջնորդը ըլլայ Իրաքի հպատակ: Եւ քանի որ չկան իրաքահայեր, թեկնածուներ, կանոնադրութիւնը որոշ փոփոխութիւններ կրած է պետութեան մօտ, պետութիւնը արտօնած է, որ առաջնորդը ըլլայ Էջմիածնի միաբան, բայց Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն մէկուն մէջ ծնած՝ Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս: Այդ արաբախօս երկիրներու ծնունդն է, որ կրնայ ընտրուիլ առաջնորդ: Արդէն մնացած են Լիբանան ծնած մի քանիներ, որոնցմէ մէկը ես եմ, որ քիչ մըն ալ արաբերէն գիտեմ եւ այդ իսկ պատճառով առաջարկուեցաւ իմ թեկնածուութիւնս: Մինչ այդ առիթ ալ ունեցայ անգամ մը կարճ ժամանակով այցելելու Իրաք եւ քորոնայի պատճառով «բանտարկուեցայ» այնտեղ: Եւ, ի վերջոյ, երբ ընտրութիւնը եղաւ, ընտրուեցայ:
-Ըսիք որ ամէն մէկ առիթ նորութիւններով կը սկսի, ի՞նչ նոր պատգամով կը վերադառնաք Իրաք:
-Մեր տեսիլքը այն է, որ կարողանանք Մերձաւոր Արեւելքի համայնքները ամուր պահել, կառչած պահել: Գիտէք՝ արտասահմանի սփիւռքը ձուլումի ենթակայ է, այդ առումով, օրինակի համար, մենք ծրագիր մը սկսած էինք եւ պիտի շարունակենք. կը փորձենք քաջալերել հայուն հայու հետ ամուսնանալը: Եւ եթէ հայը հայու հետ ամուսնանայ Իրաքի մէջ, Պաղտատի պարագային իրենց խրախճանքը մեր հայկական կազմակերպութիւններու մէջ կ՚ընենք եւ հինգ միլիոն իրաքեան տինար կու տանք, իսկ Պաղտատէն դուրս, շրջաններու պարագային երեք միլիոն տինար կը ստանան անոնք: Ձեւով մը քաջալերանք է հայ ընտանիքը զօրացնելու, շարունակելու: Այսօր մեր աշխատանքի նպատակներէն է այդ մէկը՝ հայը պահել որպէս հայ:
-Հինգ օծուած եպիսկոպոսներ վերադարձան իրենց համայնքները, ի՞նչ ունիք ըսելու անոնց:
-Քաջառողջութիւն, ուժ, կարողութիւն կը մաղթեմ, ամէն մէկը իր թեմէն ներս իր դժուարութիւնները, պատասխանատուութիւնները ունի, կ՚աղօթեմ իրենց համար, որպէսզի զօրաւոր ըլլան իրենց հաւատքի, կամքի, աշխատանքի մէջ: Օծակիցներէս երկուքը Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներ էին, որ եղան Սուրբ Էջմիածնի անդամներ, բաւական դժուարին վիճակ է հոն, պատերազմական վիճակին կը վերադառնան, որպէս նոր եպիսկոպոսներ: Մասնաւորապէս իրենց ուժ, կարողութիւն, ապահով վիճակ կը մաղթեմ, եւ տայ Աստուած, որ հեռու մնան փորձութիւններէն եւ դժուարութիւններէն:
ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՏԵՍՈՒՉԸ
Տ․ Օշական Կիւլկիւլեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան․ իր նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի «Վահան Թէքէեան» վարժարանին մէջ: Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հոգեւոր ճեմարանի սան, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, զոր աւարտած է 1986 թուականին:
Յունիս 1986-ապրիլ 1987 թուականներու միջեւ ծառայած է իբրեւ կաթողիկոսութեան քարտուղար, ապա ձեռնադրուած է աբեղայ, կուսակրօն քահանայ, Էջմիածինի մէջ Գանատայի թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վազգէն Արք. Քէշիշեանի ձեռամբ։ 1987-1988 թուականներուն ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ Գանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ։ 1988-ին, Տ. Օշական Կիւլկիւլեան պաշտպանած է իր թեզը Աղթամարի կաթողիկոսութեան մասին՝ Օշականի վանքին մէջ, եւ ստացած է վարդապետի աստիճան։
1989-ին ան իր ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքը եւ Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ: 1990-1993 թուականներուն ծառայած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Վիրճինիա նահանգի Ռեչմոնտ քաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ հոգեւոր հովիւ, ապա ուսումը շարունակած է Ռեչմոնտի Աստուածաբանական ճեմարանին եւ Վիրճինիայի Համագործակցութեան համալսարանին մէջ։
1993-ին նշանակուած է Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ լուսարարապետ, իսկ 1994-ին՝ Ֆլորիտայի Մայամի քաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Մայամիի մէջ աշխատած է մշտական շէնք մը հաստատելու եկեղեցւոյ համար՝ գործող վարձու շէնքին փոխարէն. ձեռնարկած է Հարաւային Ֆլորիտայի մէջ նոր եկեղեցւոյ կառուցման եւ աշխուժօրէն մասնակցած է դրամահաւաքի ու հողի գնման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցական շէնք եւ մշակութային կեդրոն կառուցելու աշխատանքին: Այդ ջանքերուն արդիւնքը եղած է Ֆլորիտայի ներկայ Ս. Մարիամ եկեղեցին:
1997-ին Տ. Օշական Կիւլկիւլեան եղած է Մեսեչուսեթց նահանգի Չելմսֆորտ քաղաքի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ ազդու կերպով մասնակցած է եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգման համար դրամահաւաքի կազմակերպման ու ղեկավարման գործերուն:
2001 թուականին նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի 1700-ամեակի յանձնախումբի կազմին մէջ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ 2002-ին օժանդակած է ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի զարգացման գրասենեակին՝ Նիւ Եորքի մէջ, նաեւ իբրեւ այցելու հովիւ ծառայած է թեմի եկեղեցիներուն: 2003-ին ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսի կոչում հովուերգութեան քարոզչութեան մէջ, նաեւ՝ կրօնական ուսուցման վկայական՝ Ինտիանա նահանգի Երրորդութիւն Աստուածաբանութեան ճեմարանէն:
Աւելի ուշ, նոյն տարուան ընթացքին, ան նշանակուած է Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ հովիւ, իսկ 2005-ին ստանձնած է Հայկական մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչի պարտականութիւնը՝ Հնդկաստանի հայկական բոլոր եկեղեցիներու հովուութեան կողքին: Այդ շրջանին հիմնովին վերանորոգած է դպրոցական համալիրը եւ երկու եկեղեցիներ Պենկալի մէջ, Հնդկաստան: Ան այս պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 2009 թուականի մայիսը, ապա վերադարձած է ԱՄՆ, ուր նշանակուած է Փենսիլվենիա նահանգի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հովիւ եւ հոն ծառայած է մինչեւ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուիլը ու Պաղտատ փոխադրուիլը՝ 2022 թուականի յուլիսը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024