ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԻՋԱՏԸ ԵՒ ԻՐ ԵՂԱՆԱԿԸ
Տարուան այս եղանակը Հայաստանի պատմական խորհրդանիշներէն մէկուն՝ որդան կարմիր միջատի հարսնեակ դառնալու շրջանն է:
Ամէն տարի սեպտեմբերի 20-էն յետոյ Հայաստանի մէջ հողի տակէն դուրս կու գան պզտիկ այդ միջատները, որոնց պահպանութեամբ կը զբաղուի խումբ մը՝ կազմուած բնութեան պահակ-մասնագէտներէ:
Կարմիր եւ դանդաղաշարժ այդ միջատները տարուան այս եղանակին, առաւօտ կանուխ, կարճ ժամանակով մը հողի տակէն դուրս կու գան՝ բեղմնաւորման համար, յետոյ կ՚անշարժանան:
Անոնք Հայաստանի մէջ կ՚ապրին միայն մէկ տեղ՝ Արմաւիրի մարզին մէջ, եւ իրենց ապրած տեղը արգելավայրի վերածուած է:
Այս միջատը Հայաստանի պատմական խորհրդանիշներէն մէկն է եւ մասնագէտները՝ մանաւանդ այս շրջանին օր ու գիշեր լծուած են պահպանութեան՝ զայն կը պաշտպանեն կենդանիներէ, մարդոցմէ, որպէսզի ամբողջութեամբ չոչնչանան առանց այդ ալ շատ քիչցած այդ միջատները՝ որդան կարմիր պատմական ներկին կրողները: Միջատները, իրենց քիչ ըլլալուն պատճառով արդէն չեն գործածուիր ներկի համար, այլ կը պահուին զուտ որպէս վերացող տեսակ, խորհրդանիշ եւ ուսումնասիրութեան առարկայ: Իրենց արգելոցը դիտարժան վայր կը դառնայ սեպտեմբերի կէսէն մինչեւ հոկտեմբերի սկիզբ: Հետաքրքրասէրներէ զատ Հայաստանի որդան կարմիրի արգելավայր կ՚այցելեն միջազգային փորձագէտներ, լրագրողներ, բնապահպաններ, որոնք կ՚ուսումնասիրեն հնագոյն միջատը, որ դարերով փառաբանուած է, բայց այսօր արդէն հազուադէպ կը տեսնուի: Անոնք կը սնուին որդանախոտով կամ եղեգով, որոնք կ՚աճին իրենց արգելոցի տարածքին: Այս միջատը ուրիշ վայր տանելու եւ հոն բազմացնելու բոլոր փորձերը ձախողած են, որդան կարմիրը կ՚ապրի միայն իր պատմական բնօրրանին մէջ: Տակաւին 1987 թուականին Արմաւիրի մարզին մէջ ստեղծուած է «Որդան կարմիր» արգելոցը, ուր աշխատանքներ կը տարուին այդ միջատը արհեստական պայմաններու մէջ բազմացնելու եւ արդիւնաբերական նպատակներով գործածելու ուղղութեամբ: Այժմ արգելոցի աշխատանքները արդիւնք մը չեն արձանագրած, քանի որ կարմրաորդերուն քանակը անընդհատ կը նուազի:
Իր զարգացման բոլոր շրջաններուն որդան կարմիր միջատը կարմիր է, անոր մարմնին մէջ առկայ կարմիրի՝ բնական ներկի շնորհիւ, որ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ բնանիւթ: Օտար մասնագէտներ կը զարմանան, թէ հայեր ինչպէ՛ս միջատէն ներկ ստացած եւ զայն գործածած են զանազան նպատակներով:
Հանրածանօթ է, որ որդան կարմիրի գոյնը կը պահպանուի հազարամեակներով եւ անվնաս է առողջութեան: Մինչեւ օրս, պեղումներու ժամանակ տակաւին կը յայտնաբերուին որդան կարմիրի հետքեր՝ հազարամեակներու վաղեմութեամբ հայկական կոթողներու աւերակներուն մէջ եւ հնագոյն մատեաններու էջերուն վրայ: Ըստ Ա. դարու հռոմէացի բնագէտ Պլինիոս Աւագին, Հայաստանէն համաշխարհային շուկայ արտահանուող հիմնական ապրանքներու ցանկը մշտապէս սկսած է որդան կարմիր ներկով, որ նոյնիսկ ոսկիէն աւելի արժէքաւոր եղած է: Ասոր մասին բազմաթիւ վկայութիւններ կան նաեւ հայ պատմիչներու երկերուն մէջ: Որդան կարմիրը նկատուած է աշխարհի ամենէն գեղեցիկ ներկը, որ ստացած է զանազան անուանումներ. ինչպէս՝ «արքայական ծիրանի», որովհետեւ անով կը ներկէին արքայական ու իշխանական հանդերձները: Հայկական որդան կարմիրով դրուած է հիմքը նաեւ «կարմիր թանաքով» ստորագրութեան, որ արքաներու ու կաթողիկոսներու մենաշնորհն էր: Նոյն ձեւով կը նկարազարդէին նաեւ թանկարժէք մագաղաթեայ գիրքերն ու ձեռագրերը, իսկ վանական համալիրներէն ներս այդ ներկը կը գործածէին որմնանկարներու համար: Օգտագործուած է նաեւ թելերու կծիկներու փունջերը ներկելու, որոնք յետագային գործածուած են գորգերն ու կարպետները հիւսելու համար: Հին Հայաստանի մէջ մեծարգոյ հիւրը դիմաւորելու ժամանակ նոր թխուած հացին վրայ որդան կարմիր քսած են՝ այդպէսով ի ցոյց դնելով Հայաստան աշխարհի անզուգական բարիքները՝ հացն ու որդան կարմիրը:
Որդան կարմիրը կոչած են նաեւ «արեւելքի հրաշք»: Ժամանակին այդ ներկէն նաեւ հակաբորբոքային եւ ջերմութիւն իջեցնող դեղամիջոցներ պատրաստած են: Ժողովրդական բժշկութեան մէջ գործածուած է նաեւ իբրեւ համաբեղմնաւորիչ: Մինչեւ այսօր ալ կարմիր ներկերէն ոչ մէկը կրնայ մրցիլ հայկական որդան կարմիրին հետ: Այդ ներկատուով նշանաւոր եղած են միջնադարեան Արտաշատ ու Դուին քաղաքները: Միջատէն ստացուած ներկը կոչած են «յաւերժ ներկ», որու համար ոչինչ են ժամանակի, լոյսի, ջերմութեան ու խոնաւութեան կործանարար ուժերը, ունէր պատրաստման գաղտնիք, որ մեր նախնիները սերունդէ սերունդ միայն ընտրեալներուն փոխանցելով՝ պահպանած էին երկու հազարամեակէ աւելի եւ զայն կորսնցուցին չորս հարիւր տարի առաջ: Որդան ներկը յայտնի էր նաեւ «Հայկական պուրպուր», անունով, բայց արեւելցիները կը գործածէին «քըրմըզը» անունը՝ այդ ներկին համար:
Այս ներկատեսակին նուիրուած առաջին յիշատակումները կը տեսնուին Աստուածաշնչի հայերէն թարգմանութեան մէջ. «Եկէք խօսինք իրարու հետ: Եթէ ձեր մեղքերը արեան պէս կարմիր են, ապա ես ձիւնի պէս ճերմակ կը դարձեմ, եթէ որդան կարմիր ըլլան, կը ճերմկցնեմ, ինչպէս բուրդ»:
Իսկ Բաբելոն քաղաքի կործանման նկարագրութեան մէջ հետեւալը կայ գրուած. «Վա՜յ, վա՜յ մեծ քաղաք, որ բեհեզ եւ ծիրանի եւ որդան կարմիր հագած էիր եւ ոսկիով եւ ազնիւ քարերով եւ մարգարիտով զարդարուած...»
Որդան կարմիրի մասին գրած են Մովսէս Խորենացին, Ղազար Փարպեցին, հաստատելով, որ այս որդը միայն Արարատեան գաւառի մէջ կ՚ըլլայ՝ Երասխ գետի երկու ափերուն փռուած դաշտերու մէջ, ինչպէս նաեւ Խոր Վիրապի կողմերուն։ Պատմիչները նոյնպէս կը տեղեկացնեն, որ 275 թուին պարսից շահ Արեղիանոս ծիրանագոյն բանուածք մը ուղարկած է որպէս ընծայ, որու սքանչելատեսիլ գոյնը այնքան կը զարմացնէ ամէն բան տեսած կայսրը, որ անպայման կ՚ուզէ գիտնալ ատոր հայրենիքը:
Անուանի հայագէտ-պատմաբան Ղեւոնդ Ալիշան, իր պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու մէջ առանձնակի տեղ կը յատկացնէ որդան կարմիրին: Գիտնականը նախ կը ճշգրտէ որդանի գոյութեան տարածքային սահմանները (Արարատ լերան ստորոտ, Խոր Վիրապ եկեղեցիի շրջակայք, Արաքս գետի հիւսիսային հատուած՝ Արագածոտն, Կարբի, Սարդարապատ ե Կուռայք աւանները), ապա յատուկ կարեւորութիւն կու տայ տարածքի բուսական աշխարհին, մանաւանդ՝ կը նկարագրէ եղեգի սէզը, որը որդի գոյանալու եւ զարգանալու համար կենսական եւ ամենակարեւոր նախապայմանն էր:
Սովորաբար ներկը զտած են էգ միջատէն:
Չափահաս էգը անթեւ, հաւկթաձեւ, դանդաղ շարժող միջատ մըն է։ Զարմանալի է, որ դարեր շարունակ իր կենսունակութիւնն ու թարմութիւնը պահող ներկ պարունակող այս միջատին մարմնի հասակը ընդամէնը 2-12 մմ. է, լայնքը՝ 1-6 մմ., կշիռքը՝ 2-100 միլիկրամ (միջինը՝ 27 միլիկրամ) է: Եթէ մինչեւ հոկտեմբերի սկիզբ հողի երես կ՚ելլեն հասուն միջատները, ապա ապրիլ-մայիս ամիսներուն հողին տակէն դուրս կու գան թրթուրները՝ թափառողները, կը բարձրանան հողի մակերես, կը գտնեն կերաբոյսը եւ կը սնանին մինչեւ օգոստոս-սեպտեմբեր ամիսները։ Այս ամբողջ ընթացքին թրթուրը կը մնայ բոյսին փակած։ Բեղմնաւորուելէ ետք անոնք կրկին կ՚անցնին հողին տակ: Արուները, բեղմնաւորում կատարելէն ետք, բնութեան զարմանալի օրէնքին համապատասխան, կը սատկին, իսկ էգերը կը սատկին ձուադրումէն ետք:
Վերածնունդի դարաշրջանին հայկական կարմրաորդէն արտաբերուած այս ներկը շատ պահանջուած էր եւրոպացի գծագրիչներուն կողմէ. Լէոնարտօ տա Վինչին, Ռամպրանթը, Միքելանճելոն բարձր գնահատած են անոր բացառիկ որակները: Պատմական փաստ մըն է, որ Միքելանճելոյի նախնիները՝ մօր կողմէն, Ֆլորանսայի բնակիչներէն՝ Ռուչելայները 13-րդ դարուն հարստացած եւ փառքի հասած են՝ «Արեւելքի մէջ բացայայտելով հրաշալի կարմիր ներկին գաղտնիքը»: 13-րդ դարուն, պետականութեան կորստեան հետ, որդան կարմիրի արտադրութիւնը Հայաստանի մէջ անկում ապրած է: Եւ գրեթէ դադրած է 16-17-րդ դարերուն, երբ համաշխարհային շուկայի մէջ յայտնուած է մեքսիկական կարմրաորդը, որ հակառակ չափերով պզտիկ էր հայկականէն, սակայն աւելի բեղուն էր՝ տարեկան հինգ անգամ սերունդ կու տար, այն պարագային, երբ արարատեան տեսակը սերունդ կու տայ տարին միայն մէկ անգամ: Բացի այդ, հայկական կարմրաորդին համեմատ, մեքսիկականը աւելի քիչ ճարպեր կը պարունակէ, որ աւելի դիւրին կը դարձնէր ներկի արտադրութիւնը: Արտադրութիւնը անկում ապրելէ ետք միայն որոշ հայկական վանքերու մէջ տակաւին կը շարունակէին սեփական կարիքներու համար ներկ պատրաստել: Իսկ 19-րդ դարուն, երբ յայտնաբերուեցան արհեստական ներկերը, հայկական այդ եզակի յայտնագործումը մղուեցաւ յետին կարգ եւ այսօր անոր ամբողջական բաղադրութիւնը չէ պահպանուած: 1830 թուականին որդան կարմիրի ուսումնասիրութեան նպատակով Հայաստան գործուղուած է Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու ակադեմիոյ ակադեմիկոս, յայտնի գիտնական՝ Իոսիֆ Կամել: Անոր հետազօտութիւններու արդիւնքին հիմնաւոր աշխատութիւն հրատարկուած է ռուսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով:
Գիտնականին մականունը յաւերժացուած է արարատեան կարմրաորդի լատիներէն անուան մէջ՝ PorphyrophoraHamelii:
20-րդ դարու 30-ականներուն խորհրդային կառավարութիւնը նոյնպէս փորձած է որդան կարմիրի արտադրութիւնը կիրառել: Սակայն այդ մէկը իրականութիւն չէ դարձած, որովհետեւ պատերազմը խոչընդոտած է բոլոր ծրագիրները: Արարատեան որդան կարմիրի ուսումնասիրման նախագիծը կրկին կեանքի կոչուած է 1971 թուականին, սակայն արդիւնաբերական չափերու չէ հասած:
Այսօր Հայաստանի մէջ որդան կարմրաներկի արտադրութիւն չկայ, միայն անհատներ են, որ փորձած են անհատական ուսումնասիրութիւններով վերականգնել հնագոյն ներկի արտադրութիւնը, սակայն ներկը երկար չէ պահպանուած: Պատճառներէն մէկը այսօրուան միջատներուն մէջ առկայ ճարպի մեծ քանակն է, որ յայտնի չէ, թէ ո՛ր գաղտնիքով, եփելու ժամանակ հանած են մեր նախնիները: Որդան կարմիրը այսօր ապակեայ տարրաներու մէջ պահպանուած է Հայոց ձեռագրերու Մատենադարանէն ներս, որու մէջ պահուող ձեռագրերու նկարազարդումներու ժամանակ ալ հայ ծաղկողները կիրառած են ներկը: Ներկը կենդանացնելու գործով զբաղած է Մատենադարանի Բժշկութեան եւ բնագիտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող, կենսաբանական գիտութիւններու թեկնածու, բժիշկ-դիմայարդար Արմէն Սահակեան: Ան Մատենադարանի ձեռագրերու մէջէն վերծանելու սկսած է հնագոյն բաղադրատոմսերը, որու շնորհիւ կրցած է ստանալ որդան կարմիրի որոշ երանգներ:
Այսօր Բնապահպանութեան միջազգային միութեան Կարմիր ցուցակի չափորոշիչներով որդան կարմիր միջատը գնահատուած է որպէս ճգնաժամային վիճակին մէջ գտնուող տեսակ, մինչդեռ ժամանակին այս պզտիկ որդերու շնորհիւ աշխարհի զանազան երկիրներու թագաւորներ իմացած են իրենց համար անծանօթ Հայաստանի մասին։
ՍԱՀԱԿ ԾԱՂԿԱՐԱՐԸ
19-րդ դարու սկիզբին որդան կարմիրի բաղադրութիւնը վերականգնելու փորձեր կատարած է Սուրբ Էջմիածնի միաբան, գիտական պրպտուն մտքի Տէր Սահակ Ծաղկարարը (Սահակ Տէր-Գրիգորեան): Ան քիմիագէտ էր եւ մանրանկարիչ:
Ծնած է 1788 թուականին, Երեւան՝ քահանայ մահտեսի Տէր-Գրիգորեանի ընտանիքին մէջ։ Ուսում ստացած է Վաղարշապատի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, դարձած Էջմիածնի միաբանութեան անդամ, 1812 թուականին՝ վարդապետ, 1832 թուականին՝ եպիսկոպոս։ Հոգեւորականի գործին զուգահեռ զբաղած է բնագիտութեամբ: Սահակ Ծաղկարարի դիմանկարը իր «Այրարատ. Բնաշխարհ Հայաստանեայց» բանբերին մէջ զետեղած է Ղեւոնդ Ալիշանը, կոչելով զայն «հռչակաւոր Ծաղկարար»։ Ծաղկարարին կը պատկանին Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ պահուող երկու ձեռագիր, որոնց մէջ զետեղած է իր մասին տեղեկութիւններ եւ քիմիագիտական յայտնագործութիւնները:
Իբրեւ քիմիագէտ ան ինքնուս եղած է: 1836 թուականին Էջմիածնի կազմատունէն նետուող անպէտք թուղթի մնացորդները կրկին թուղթի վերածելու համար փորձեր կատարած է, որ պսակուած են յաջողութեամբ։ Սակայն Էջմիածնի միաբանութիւնը երկու անգամ անոր դիմումներուն ի պատասխան մերժած է թուղթի վերամշակման գործարանի կառուցումը։ Ծաղկարարի միւս քիմիական գործունէութիւնը, սակայն, իրականացուած է Ռուսական կառավարութեան աջակցութեամբ․ Երեւանի նահանգը Ռուսական կայսրութեան միացնելէ յետոյ ռուսերը հետաքրքրուած են Արարատեան դաշտի որդան կարմիրէն ներկ ստանալու գործընթացով եւ Սահակ Ծաղկարարը նշանակած են որդան կարմիրի ստացման գործընթացի կազմակերպիչ։ Այդ աշխատանքներուն համար Ռուսաստանի ցարը 1834 թուականին Սահակ Ծաղկարարին նուիրած է մանիշակագոյն պատուական քարով՝ մեղեսիկով ադամանդակուռ մատանի, 1839 թուականի յունիսին նշանակած է 200 ռուբլի ցմահ թոշակ։
Սահակ Ծաղկարարը, փաստօրէն, պատմականօրէն կը նկատուի վերջին անձը, որ 19-րդ դարուն փորձած է վերականգնել որդան կարմիրի բաղադրատոմսն ու ատկէ ներկանիւթ ստանալ։
Ան յաջողած է ստանալ քիչ քանակութեամբ ներկ, որ գործածուած է մանրանկարչութեան, կաթողիկոսական կնիքի եւ ձեռագրերու նկարազարդման համար:
Բացի որդան կարմիրէն՝ Ծաղկարարը գրած է նաեւ ամբողջ տետր՝ նուիրուած զանազան ներկերու ստացման եղանակներուն։ Յատկապէս զբաղած է լաջուարդ ներկի արտադրութեամբ, որ սորված է Էջմիածին այցելած պարսիկ պալատական նկարիչէ մը: Ծաղկարարը նաեւ անդրադարձած է տնկաղի ստացման, մետաղներու ոսկեզօծման եւ արծաթազօծմանը, սոսինձի պատրաստման, երկաթ հալելու ու ջրդեղելու, կաշիի դաբաղման խնդիրներուն եւ հարցերիուն։
Սահակ Ծաղկարարը մահացած է 1857 թուականին, Երեւանի մէջ: 1863 թուականին, Միքայէլ Նալպանտեան իր նամակներէն մէկուն մէջ՝ հասցէագրուած Ղազարոս Նալպանտեանին, գրած է. «Ծաղկարարը մեռաւ եւ անոր հետ գերեզման իջաւ ներկ պատրաստելու եղանակը»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան