ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄՏԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԽԱՐԽԱՓԵԼՈՎ
Ժամանակի արագ յառաջացումը այնպիսի հսկայական անդունդներ ստեղծած է մարդոց միջեւ, որոնց վերլուծումը դարձած է գրեթէ անհնար ու անբացատրելի: Նոյն թաղը, նոյն դպրոցն ու ակումբը գացող երկու տարբեր երիտասարդներու ընտանիքներ կ՚ապրին՝ գրեթէ հասարակաց ոչ մէկ գիծ ունեցող կեանքով մը: Նոյն կրթութեամբ, նոյն միջավայրին մէջ ապրող երկու անհատներու մէջ կարելի է գտնել երկու տարբեր իրականութիւններ. մին՝ եւրոպականացած միջինարեւելքցին, իսկ միւսը՝ նախնադարեան Միջին Արեւելքի մտայնութիւնը գերազանցած անհատը: Անցեալին այդ տարբերութիւնները շատ աւելի քիչ էին, որովհետեւ կար գիւղացի եւ քաղաքացի հասկացողութիւնը, որ ինքնին բնակութեան վայրէն անկախ՝ կը գծէր նաեւ մտածողութեան ու լայնախոհութեան հորիզոնները, այդ ժամանակ եւս կը զգացուէր այդ ատելութեան սուր պայքարը. քաղքենին գիւղացին կը դիտէր որպէս տգէտ, իսկ գիւղացին թէ՛ քաղաքը եւ թէ քաղքենին կը տեսնէր որպէս մեղքի ու մոլորութեանց՝ ճիշդ ճամբէն շեղելու ծուղակներ:
Երկու հակասական անհատականութիւններուն մէջ կան նաեւ տարբեր հակասութիւններ...: Եւրոպացին կապկողը միւսը կը կոչէ «տգէտ» ու «յետամնաց», իսկ Միջին Արեւելքի հին միտքին հետեւողը դիմացի՝ հակառակ կողմը կը կոչէ «անկիրթ» ու «անպատուախնդիր»: Եւրոպականացածին համար ինք «զարգացած» ու «բարձր դասակարգ»ի պատկանելիութեան տէր անձ մըն է, իսկ միջինարեւելքցին պատուախնդիր, ազնուական ու ընտանեկան սրբութիւնը յարգող եւ պահող:
Սակայն պէտք է գիտնալ, որ դասերու բաժանումը միայն այս երկու խմբակցութիւններով չի վերջանար...: Ինչպէս Լիբանանի մէջ բողոքի ցոյցերու խմբաւորումները բազմաթիւ են, կամ Սուրիոյ մէջ ընդդիմացողներուն խմբակները, նոյնպէս ալ կեանքի վարք ու բարքի մէջ իրար հակասողներուն եւ իրարմէ տարբերողներուն թիւերը բազմաթիւ են: Նախ ներկայացնենք խմբաւորումներու տարբերութիւնները եւ ապա անցնինք անոնց վերլուծութեան:
Ա- ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՐԽԱՓՈՂՆԵՐ
Կը կարծենք, որ ամենէն վտանգաւոր դասակարգը խարխափողներն են, որովհետեւ վերջնական հանգրուան մը չունենալով անոնք կը տատամսին նոյնիսկ իրենց վարք ու բարքին մէջ. հին ու նոր ձեւով մտածողներուն մօտ, հարցերու լուծումն ու մօտեցումները մէկ են եւ յստակ, մինչ խարխափողներուն մօտ հարցերու մօտեցման ու կեցուածք որդեգրելու պարագան նոյնիսկ ենթակայ է խարխափումի եւ առաւելաբար այդ մէկն է, որ վտանգաւոր կը դարձնէ իրավիճակը:
Խարխափողները անոնք են, որոնք մերժելով հանդերձ իրենց Միջին Արեւելքի մտայնութիւնը, կը մնան այդ մտայնութեան սահմաններու գիծերէն ներս, միաժամանակ լայնախոհութեան ու բացմտութեան հաւատալով եւ իրենք զիրենք այդ շրջանակներէն ներս կարծելով՝ հեռու կը մնան այդ իրողութենէն եւս, շուարած գաղթականի պէս մնալով երկու իրողութիւններու միջեւ:
Խարխափողները այնպիսիներն են, որոնք պահելով հանդերձ ներքինը կը փորձեն արտաքին փոփոխութիւն մը կատարել իրենց կեանքին մէջ, որպէս շապիկ իրենց վրայ առնելով եւրոպական տարազը. այսինքն՝ մնալով հանդերձ Միջին Արեւելքի մտայնութեան ու տրամաբանութեան վրայ՝ կը փորձեն գործել շատերու համար «շփացած», ուրիշներու համար «զարգացած» դասակարգի նման, որ անհարազատութեան հոտ մը կու տայ:
Վերը վտանգաւոր որակեցինք այս դասակարգին պատկանողները, որովհետեւ այդպիսիները այնպիսի անձեր են (որոնցմէ շատ կայ մեր շուրջ), որոնք ունկնդրելով օտար ու թրքախառն երաժշտութիւնները, հաւաքականութեան մէջ կը խօսին հայ երաժշտութեան իւրայատկութեան մասին, վայելելով Թուրքիոյ գրաւիչ ծովեզերքներու վայելքները, կը մեծարեն Հայաստանի գեղեցկութիւնը, միշտ «մերժել»ով թրքականը: Այդպիսիները հակառակ թրքական ամէն տեսակի ֆիլմերու մանրամասնութիւնները գիտնալով՝ Ապրիլ 24-ի ցոյցերուն առաջին քալողներէն կ՚ըլլան: Այդպիսիները շատ անգամ ծայրայեղ կուսակցականներ կ՚ըլլան, առանց գիտնալու հետեւած կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը, նպատակը եւ ռազմավարական ծրագրումը:
Այսպիսիներուն մօտ կայ նիւթականի վերաբերեալ տկարութիւն մը, որուն ամենալաւ բացատրութիւնը կը կարծենք Անդրանիկ Ծառուկեանի հետեւեալ խօսքը ըլլայ. «Ճշմարիտ հարստութիւնը կրնանք գտնել իրական հարուստներուն եւ իրական աղքատներուն մէջ», որովհետեւ միշտ խարխափումները վտանգաւոր ու կեղծ եղած են, որովհետեւ տարբեր մտածումներու տէր ըլլալը սխալ բան չէ, սակայն սխալ է երբ կեղծուի ու կապկուի, որովհետեւ ինչպէս Լեւոն Շանթ կ՚ըսէ. «Ամէն մարդ իր համոզումը ունի, եւ ով որ իր համոզումը չի կեղծեր՝ ազնիւ մարդ է ան»:
Խարխափողներուն մօտ մեծաւ մասամբ անցեալը ծածկելու եւ ներկան ու ապագան միշտ աւելի բարձր ներկայացնելու անսահման ճիգ մը գոյութիւն ունի: Գուցէ հոգեբանական բարդոյթ մըն է այդ մէկը, որ գիտնալով հանդերձ, թէ իրենց իսկական մտածողութիւնը լայնախոհութիւն չունի, չեն կրնար ձերբազատիլ անկէ ու այդ մէկը նման շուարած խարխափումի մը հաւանաբար կ՚առաջնորդէ: Եւ կան շատ աւելի դժբախտները... որոնք մոռնալով իրենց անձը, որոշ ժամանակ ետք կը սկսին քննադատել այն իրողութիւնները, որոնք նախապէս իրենք՝ իրենց կեանքի կէսէն աւելին անցուցած են անոր մէջ...: Անոնք իրենց զաւակները ղրկելով անձնական դպրոցներ եւ ուսումնարաններ, կ՚անտեսեն պետական հաստատութեան մէջ աւելի նուազ գինով ուսանող աշակերտը՝ մոռնալով, որ իրենք եւս ծնունդն ու արդիւնքն են այդ նոյն հաստատութեան կամ կազմակերպութեան:
Բ- ԵՒՐՈՊԱԿԱՆԱՑԱԾ ՄԻՋԻՆԱՐԵՒԵԼՔՑԻՆ
Եւրոպականացած միջինարեւելքցիները եւս իրենք իրենց մէջ կը բաժնուին երկու մասերու, զորս կրնանք կոչել որպէս «ծայրայեղ ազատականներ» եւ լոկ եւրոպացածներ:
Բացատրենք, թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլան «ծայրայեղ ազատական»ները: Դժբախտաբար մեր իրականութեան մէջ կան այնպիսի մտայնութիւններ, որոնց համար եւրոպական երկիրներու մէջ երբեւէ պատուի, ընտանիքի եւ կամ այլ իրողութիւններու մէջ պատուախնդրութիւն չկայ։ Աւելին՝ անոնք կը կարծեն, թէ այդտեղ ճամբաները գրեթէ բոլորը մերկ կը քալեն, ամէն տեսակ յարաբերութիւններ ճամբու եզերքները կը կատարեն եւ սակայն անոնց նայող անգամ չի գտնուիր...: Նոյն այդ մտածումներէն ազդուած էի հաւանաբար, որ վերջերս Յունաստան եղած միջոցիս երբ նման իրողութիւններու չհանդիպեցայ, այդ իրականութիւնը խորթ թուաց ինծի, որովհետեւ չենք կրցած հարազատօրէն թափանցել այնտեղի մտայնութեան: Շատ անգամ նման բաներ «քարոզող» մարդիկ, իրենց ամօթն ու մեղքը ծածկելու համար կը դիմեն այդ մտածողութեան, որ Եւրոպա նման բաներ երբեք խնդիր չեն ըներ: Դժբախտաբար շատեր կ՚անգիտանան, որ լայնախոհութեան սահմանները միմիայն մարմնական յարաբերութիւններու բացմտութիւնը չէ, այլ լայնախոհ ըլլալը ունի իր տարբեր իմաստները:
Եւրոպականացածներու միւս մասը, որ գիտեն, թէ Եւրոպայի փողոցները լոկ գիշերային ակումբներու բացօթեայ կրկնօրինակները չեն՝ բաղդատած նշուած միւս խմբաւորումներուն, լաւագոյններէն կրնան սեպուիլ, անշուշտ ոչ լաւագոյնը: Անոնք այն խմբաւորումն են, որոնք չեն կապկեր կամ ձեւացներ իրենք զիրենք որպէս եւրոպացիներ, սակայն անոնց մօտ ալ ակամայ շատ անգամ կը նշմարուի ինքնագովութեան, հպարտութեան եւ դժբախտաբար միւս դասակարգերուն նկատմամբ զգալի ատելութեան մը ծնունդը: Անոնք մեծաւ մասամբ իրենց կրթութիւնները ստացած կ՚ըլլան ամերիկեան, ֆրանսական եւ կամ մասնաւոր անձնական վարժարաններու մէջ, ուր կը դաստիարակուին աւելի բարձր մակարդակի կրթութեամբ, սակայն կ՚ուզենք նշել, թէ միշտ չէ, որ դպրոցն ու կրթութիւնը մարդը աւելի լայնախոհ կը դարձնեն, այլ այդ մէկը մարդուն մէջ ի ծնէ կրնայ բոյն դրած ըլլալ. օրինակ՝ նոյն ընտանիքի մէջ կը հանդիպինք երկու տարբեր մտածողութիւններով գոյատեւող տարբեր անհատներու, որոնք նոյն դպրոցն ու կրթութիւնը ստանալէ զատ նոյն մօրը խնամքով մեծցած են:
Եւրոպականացած ըլլալու զգացումը շատ անգամ մարդկային մակարդակներու չափանիշ կը դառնայ ու չէք գիտեր ինչու կը մոռցուի, որ մտածումներու բազմահազար տարբերութիւններով հանդերձ, մարդը միշտ ալ մարդ է, որովհետեւ ինչպէս փիլիսոփայական խօսքը կ՚ըսէ. «Մարդը մարդ է մարդով»:
Գ.- ՀԻՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐԸ
Այս խմբաւորման մէջ գտնուողները եւս իրենց մէջ կը բաժնուին երկու մասերու. անոնք՝ որոնք առանց գիտնալու տգիտութեան տիղմին մէջ ինկած են, եւ անոնք՝ որոնք գիտնալով հանդերձ ճիշդն ու յառաջացած աշխարհի պահանջքները՝ պնդամտօրէն կը մնան նոյն իրենց տգիտութեան վրայ:
Առանց ճիշդը գիտնալու տգիտութեան տիղմին մէջ ինկողները, հակառակ որ անոնք ամենէն նուաստը կը դիտուին, սակայն անոնք լաւագոյններէն են՝ այն իմաստով, որ անոնք են այն՝ ինչ որ են, առանց աւելորդաբանութիւններու եւ կապկումներու: Այդպիսիները երբեք նուաստացած աչքով եւ կամ որպէս տմարդ պէտք չէ դիտել, որովհետեւ անոնք իրենց անձնական փափաքով չէ, որ այդ մակարդակին վրայ մնացած են, այլ անգրագիտութիւնը, կրթութեան պակասն ու կեանքի դժբախտ պայմանները առիթ չեն տուած անոնց, որպէսզի աւելի եւս յառաջանան լայնախոհութեան հորիզոնէն ներս ու երբ փոքր տարիքէն մարդ կը մեծնայ նման տգէտ մտածողութիւններով եւ մանաւանդ երբ ներքին մղում մը չ՚ըլլար ճիշդը գիտնալու, անձնական կարծիքներու դրսեւորում կատարելու, ինքնաբերաբար նոյն հունով կը շարունակուի անհատի ամբողջ կեանքը: Այդ դասակարգի պատկանողները թէեւ ամենէն ցած մակարդակի վրայ դիտուածներն են, սակայն բոլորս ալ կրնանք խոստովանիլ, որ անոնք միշտ ալ առաջիններն են հայրենասիրութեան, հաւատքի պահպանութեան եւ ամէն տեսակ հայկականութեան նեցուկ ու պաշտպան կենալուն եւ վստահ եղէք այդ դասակարգին կողմէ էր, որ կատարուեցան հայոց պատմութեան մէջ գրանցուած բոլոր պաշտպանողական ապստամբութիւններն ու ֆէտայական կռիւները. երբ հարուստներ ու աւելի բարեկեցիկ վիճակի մէջ գտնուողներ փախուստ կու տային երկրէն, գիւղացի եւ անգրագէտ ժողովուրդն էր, որ զէն ի ձեռին ելաւ ոտքի պաշտպանելու համար հայրենիքը:
Հակառակ այս առաւելութիւններուն, անոնք եւս ունին իրենց խոցելի թերութիւնները եւ պատմութիւնը ինք վկայ է, թէ այդ անգրագիտութեան պատճառով քանի՜ քանի անձեր զոհը գացած են տգիտութեան, նոյնիսկ շատ անգամ իրենց արեան գինով, երբ իրենց աղջիկը սիրած է մէկը, երբ իրենց հարսը առաջին զաւակը աղջիկ ծննդաբերած է եւ նման բազմաթիւ «խոցելի» կէտեր:
Դ- ՉԱՓԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱԿԸ
Առանց տատամսելու կրնանք ըսել, որ այս խմբաւորումը վերը յիշուածներէն լաւագոյնն է, որ միտքի կատարեալ հասունութիւն կը պահանջէ: Չափաւորականներու խմբակը ըստ իս երանելիներու այն խմբաւորումն է, որոնք գիտեն ամէն բանի մէջ մտածուած, խելացի ու արդարացի սահմաններ, վճիռներ եւ որոշումներ յառաջացնել: Անոնք սանձարձակութեան եւ տգիտութեան միջեւ ամուր կեցած այն խելահասներն են, որոնք գիտեն, թէ զոր օրինակ՝ փէշ հագուիլը մեղք չունի, սակայն փէշ հագուիլ չի նշանակեր մերկ քալել:
Մեծ մտածող Սթիուարթ Միլ կը գրէ. «Երջանիկ ըլլալ սորվեցայ՝ փափաքներս չափաւորելով քան զանոնք կատարելով», իսկ աշխարհահռչակ մտածող Ժան Ժագ Ռուսօ մարդու երջանկութեան գաղտնիքին ակնարկելով կ՚ըսէ. «Չափաւորութիւնը եւ աշխատանքը մարդուն իսկական բժիշկներն են»: Չափաւորականութիւնը ամէն բանի մէջ ալ կարեւոր է, որովհետեւ շատ անգամ առանց չափեր գծելու իրողութեան մը մօտենալը՝ կրնայ վնաս պատճառել ամէն իմաստով:
Ե- ՍԻՐՈՅ ՕՐԻՆԱԿՈՎ
Նկատի ունենալով, որ աշխարհի ամենէն կարեւոր ու մանաւանդ մարդկային մտածողութեան վերլուծութեան մէջ, սիրոյ կէտը ունի իր հսկայական հակասական կէտերը, կ՚ուզենք այս օրինակով խմբաւորոմներու միջեւ կայացած տարբերութիւնը ցոյց տալ՝ ա՛լ աւելի եւս անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող հակասութիւնները տեսնելու համար:
Այսպէս.
- Ծնողք մը կ՚արտօնէ իր աղջկան, որ իր ընկերոջ հետ ճամբորդէ այլ երկիր պտոյտ մը կատարելու:
- Ծնողք մը կ՚արտօնէ իր աղջկան, որ իր ընկերոջ հետ երկրի տարածքին երթայ իր ուզած տեղը իր ուզած ժամուն:
- Ծնողք մը կ՚արտօնէ իր աղջկան, որ իր ընկերոջ հետ երթայ ճաշարաններ, ընկերային հաւաքներու, սակայն շատ ուշի չմնայ:
- Ծնողք մը կ՚արտօնէ իր աղջկան, որ իր ընկերը տեսնէ որոշ ժամերու սահմաններուն մէջ, երեկոյեան մինչեւ ժամը եօթ տունը ըլլալու պայմանով:
- Ծնողք մը կ՚արտօնէ իր աղջկան, որ իր ընկերը տեսնէ միայն իրենց տունին մէջ, արտօնելով անոնց նստիլ պատշգամը ու զրուցել իրարու հետ:
- Ծնողք մը չ՚արտօներ իր աղջկան, որ ընկեր ունենայ կամ մէկու մը հետ տեսնուի, սակայն գիտնալով հանդերձ, որ ան արհեստագիտութեան արդի միջոցներով կը խօսի իր ընկերոջ հետ, սակայն ծնողքը այս պարագային բան չ՚ըսեր:
- Ծնողք մը չ՚արտօներ իր աղջկան, որ որեւէ մէկ ձեւով սէր ունենայ կամ տղու հետ խօսի, առ այդ կը գրաւուի հեռախօսը եւ կ՚արգիլուի համակարգիչը:
- Իսկ ծնողք ալ կայ, որ նոյնիսկ լացի ու ծեծի կրնայ ենթարկել իր զաւակը վերոնշեալ պատճառով:
Ահաւասիկ մէկ նիւթի շուրջ հսկայական տարբերութիւններ: Վերոյիշեալ տարբերութիւնները ապրող անձերը՝ կրնան ըլլալ նոյն միջավայրին մէջ, սակայն ղեկավարուիլ հազարումէկ տարբեր մտածումներով:
Առ այդ յօդուածը կ՚ուզեմ փակել Ղեւոնդ Եպսկ. Դուրեանի խօսքերով. «Անկեղծ մարդը շատ լաւ կրնայ կշռադատել, թէ մինչեւ որ չփոխուի սիրտը, կարելի չէ որ մարդը պարկեշտ նկատուի, հակառակ անոր որ ուրիշներ վկայեն անոր պարկեշտ ըլլալուն»:
Երանի անոնց, որոնք ամէն բանի մէջ չափ եւ սահման ունին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ