«ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ»
Վաղը, կիրակի, 19 փետրուար 2023-ին, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համեմատ Բուն Բարեկենդանի տօնն է, որ կը նախորդէ Մեծ Պահքի շրջանին:
Բուն Բարեկենդան կամ բարի կենդանութիւն: Ուրախութեան տօն մըն է, որ մեզ կը տանի դէպի մեր նախածնողները՝ Ադամին ու Եւային, երբ տակաւին անհնազանդութեան մեղքին մէջ չէին ինկած եւ կը վայելէին Աստուծմէ իրենց պարգեւուած բարիքները: Միւս կողմէ, Բարեկենդանի այս տօնը ժողովրդային առումով ձեւով մը առընչութիւն ունի նաեւ գարնանային շրջանին հետ, երբ բնութիւնը երկար օրերու նիրհումէն ետք, կը պատրաստուի վերազարթնելու, վերաթարմանալու եւ վերակենդանանալու:
Այսօր, շատերուն մօտ դժբախտաբար Բուն Բարեկենդանի օրը սխալ ըմբռնում ու հասկացողութիւն սկսած է ստանալ, վերածուելով կեր ու խումի, քէֆ-ուրախութեան՝ սանձարձակութեան տօնի մը, ինչ որ սխալ է եւ հակաքրիստոնէական:
Բուն Բարեկենդանի տօնը իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար առիթ մըն է վերյիշելով մեր Նախածնողներուն երանական վիճակը, զգաստանալու, պատրաստուելու ապաշխարութեան քառասնօրեայ ճանապարհորդութեան, մաքրուելու եւ մաքուր սիրտերով, հոգիներով ու միտքերով դիմաւորելու եւ մեր յարկերէն ներս ընդունելու Յարուցեալ Փրկիչը:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի հրամցնենք գրութիւն մը՝ լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանէն, որ կը կրէ՝ «Քառասնօրեայ ապաշխարութիւն» վերնագիրը, ուր Սրբազան Հայրը կը խօսի ու բացատրութիւններ կու տայ պահքի եւ ապաշխարութեան կարեւորութեան մասին:
«Ապաշաւեցէք եւ դարձարուք՝ ի ջնջել զմեղս ձեր,
որպէս զի եկեսցեն ժամանակք հանգստեան
յերեսաց Տեառն» (Գրծ 3.19-20)
Մեր կեանքին մէջ ունինք սա շրջանը, որ կը կոչուի Եկեղեցական Մեծ Պահք: Քառասնօրեայ շրջան մըն է անիկա, ուր Աստուծոյ հաւատացող մարդը կը հրաւիրուի ժամանակի մը համար ինքնամփոփուելու եւ խորհելու իր մասին՝ որոշ մտահոգութեան մը լոյսին տակ:
Ինչպէս նուազագոյն գիտակցութիւնը ունեցող մարդը անպայմանօրէն կը խորհի ու կը մտահոգուի իր մարմնի առողջ պահպանութեան համար, նոյնպէս ալ հաւատքի գիտակցութեան եկած ոեւէ անհատ բնականօրէն պէտք է խորհի եւ մտահոգուի իր հոգիին առողջ պահպանութեան համար: Գիտենք, թէ ո՜րքան հրատարակութիւններ կան առողջապահական կանոններու մասին, որոնց նպատակն է մարդուն մարմինը որոշ կշռոյթի եւ կարգապահութեան ենթարկելով ապահովել անոր առողջութիւնը եւ հնարաւորին չափ ցաւէ ու տառապանքէ զերծ կեանք մը: Խորհող անձը անպայմանօրէն կ՚անդրադառնայ, թէ պէտք է ըլլան նաեւ, ինչպէս արդարեւ կան, առողջապահական կանոններ եւ պայմաններ՝ մարդուն հոգիին համար: Կանոններ, որոնց նպատակն է մարդուս հոգեկան ձգտումները կարգապահութեան ենթարկելով եւ ուղղելով՝ ապահովել անոր հոգեկան առողջութիւնը եւ երջանկութիւնը:
Աստուծոյ շունչէն քաղուած այդ կանոններուն մասին է, որ կը հրաւիրուինք մտածելու՝ Մեծ Պահքի քառասնօրեայ այս շրջանին:
Կեդրոնացնենք մեր մտածումները երկու հիմնական կէտերու, Մեծ Պահքի ապաշխարութեան օրերու 40 թիւին եւ ապաշխարութեան էութեան շուրջ:
Տեսնենք նախ, թէ ինչո՞ւ մեր եկեղեցին քառասուն օրերու երկար այս շրջանը սահմանած է ապաշխարութեան եւ պահեցողութեան համար, եւ զայդ սահմանած է Զատիկի տօնէն անմիջապէս առաջ:
Օրերու 40 թիւը խորհրդանիշ թիւ մըն է պարզապէս: Մեր ապաշխարութեան քառասունքը նմանութիւնն է Իսրայէլի ժողովուրդին անապատին մէջ անցուցած քառասնամեայ շրջանին: Այդ նմանութիւնը մենք կրնանք տեսնել հետեւեալ հինգ կէտերուն մէջ.
1.- ՓԱԽՈՒՍՏ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԳԵՐՈՒԹԵՆԷՆ: Եբրայեցի ժողովուրդը Եգիպտոսի մէջ ստրկութեան կապանքներուն մէջ տառապելով հանդերձ, չմտածեց այդ գերութենէն դուրս գալու մասին, մինչեւ որ եկաւ Աստուծոյ սահմանած ազատարարը եւ զիրենք ազատեց ստրկութեան կապանքներէն: Բայց ազատութեան իրաւունքը վայելելու համար Իսրայէլը պէտք էր գին մը վճարէր, արժանի ըլլալու համար անոր, եւ այդ գինն էր որ ձեւով մը վճարեց 40 տարիներու անապատային իր կեանքով: Մեր ազատագրութիւնը Քրիստոսի ձեռքով ստացած ենք մենք, ձրի որպէս շնորհք. բայց այդ ազատութեան արժանի ըլլալու եւ անոր յարգը գիտնալու համար մենք քառասնօրեայ կամաւոր մեկուսացում մըն է որ կը փորձենք ապրիլ:
2.- ԹԱՓԱՌՈՒՄ ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ: Եբրայեցի ժողովուրդը 40 տարի թափառեցաւ անապատին մէջ սորվելու համար, թէ ի՛նչպէս Աստուած անապատի ամայութեան մէջ իսկ կը կերակրէ իր ժողովուրդը մանանայով եւ ամուլ ժայռէն իսկ ջուր կը բղխեցնէ՝ անոնց պապակը անցընելու համար: Մեր քառասունքը նոյնպէս թափառում մըն է: Թափառում՝ մեր հոգիներու անապատին մէջ, որպէսզի սորվինք, թէ ի՛նչպէս Աստուած մեր ամուլ հոգիներն իսկ կրնայ ջրարբի պարտէզի եւ պտղաբեր երկրի վերածել եւ հոգեղէն հացով առատացնել, եթէ մենք մեզ իր առաջնորդութեան յանձնենք:
3.- ՀԻՆ ԲԱՐՔԵՐՈՒ ԹՕԹԱՓՈՒՄ: Աստուած նպատակաւոր կերպով երկարեց եբրայեցիներու թափառումը անապատին մէջ, որպէսզի անոնք թօթափեն իրենցմէ եգիպտական բարքերը, եգիպտական կուռքերը, եգիպտական շռայլութիւնները, եգիպտական ցոփութիւնները եւ որպէս նոր ժողովուրդ մտնեն իրենց խոստացուած երկիրը: Նոյնպէս մեր քառասունքը բաւարար ժամանակ է եւ առիթ՝ որպէսզի կարենանք քննել եւ թօթափել մեզմէ մեր օտարոտի բարքերը, Աստուծոյ սրբութեան եւ սիրոյն անհաշտ եղող մեր բոլոր մտածումները, ցանկութիւններն ու գործերը, որպէսզի նորոգուած հոգիներով կարենանք մտնել մեզի խոստացուած ժառանգութիւնը:
4.- ԱՍՏՈՒԱԾՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ: Եբրայեցի ժողովուրդին համար անապատային քառասնամեայ շրջանը առիթ էր նաեւ, որ անոնք Մովսէսի ձեռքով սորվին աստուածային օրէնքները եւ հետզհետէ հաստատուին ճշմարիտ աստուածպաշտութեան մէջ: Իրենք Սինա լեռ չբարձրացան, եւ լեռը ինքը ամպի մշուշով ծածկուեցաւ անոնց աչքերէն: Բայց Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսի միջնորդութեամբ հաղորդ դարձան Աստուծոյ խորհուրդին եւ խօսքին: Նոյնպէս մեր քառասունքը առիթ է, որ մենք առանձնութեան մէջ խոկանք եւ Աստուծոյ պատուիրանները սերտենք: Եւ թէպէտ 40 օրերու վրայ մեր Սինա լեռը՝ այսինքն Աստուծոյ սուրբ խորանը ծածկուած կը մնայ մեր աչքերէն, վարագոյրով պատուած, բայց Աստուծոյ պաշտօնեաներուն ձեռքով կը պահենք մեր հաղորդութիւնը Աստուծոյ խորհուրդին եւ յաւիտենական խօսքին հետ:
5.- ԶԱՏԻԿԻ ՃԱՇԱԿՈՒՄ՝ ԱՒԵՏԵԱՑ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ: Անապատային քառասնամեայ շրջանը՝ անդադար քայլք մըն էր դէպի յատուկ նպատակակէտ մը, եւ որ ի վերջոյ յանգեցաւ Զատիկը աւետեաց երկրին մէջ ուտելու արժանանալուն: Նոյնպէս մեր քառասունքը անընդհատ քայլք մըն է դէպի բարձունք, մագլցում մըն է դէպի նոր Սինա, եւ որ պէտք է մեզ յանգեցնէ՝ արժանաւորապէս մտնելու Աստուծոյ սրբարանը եւ արժանաւորապէս ճաշակելու մեր Զատիկը:
Յիշեալ բաղդատական պատկերին ընդմէջէն արդէն ինքնին բնորոշուած եղաւ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, որ քրիստոնեայ անհատին ամբողջ կեանքը պէտք է ըլլայ, բայց մեր հայրերը տարուան մէջ յատուկ օրեր սահմանած են անոր համար, այդ մասին վերամտածելու առիթ տալու համար միշտ:
Ի՞նչ է իսկական իմաստը եւ հասկացողութիւնը ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ:
Մեր լեզուին մէջ ունինք երկու իրարու մօտիկ բառեր.- ապաշաւել եւ ապաշխարել, որոնք նոյն երեւոյթին երկու տարբեր երեսները կը մատնանշեն: ԱՊԱՇԱՒԵԼ կը նշանակէ ետ դառնալ իր ըրածէն, ետ դառնալ իր որոշումէն, ետ դառնալ չար մտածումէ մը, ուստի՝ կը նշանակէ միտքը, մտադրութիւնը փոխել /յունարէն Μετανοια բառէն/ կամ միտքով փոխուիլ: Հիմնապէս կեցուածքի մը փոփոխութիւնն է ապաշաւելը, եւ գործածուած է նոյնիսկ Աստուծոյ համար: Օրինակ, երբ Յովնան մարգարէ գնաց եւ նինուէացիներուն փոխանցեց Աստուծոյ սպառնագին պատգամը, անոնք ծոմ բռնեցին եւ քուրձ հագան եւ իսկական զղջումով Աստուծոյ դարձան, մտածելով այսպէս. «Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած իր մտադրութիւնը փոխէ, իր սաստիկ բարկութենէն դառնայ եւ չկորսուինք»: «Եւ Աստուած տեսաւ անոնց գործերը, թէ ինչպէս իրենց չար ճամբաներէն դարձան, եւ Աստուած զղջաց իր ըրած պատիժի սպառնալիքին համար, ու չգործադրեց զայն» (Յհ 3.9-10, հմմտ Յվլ 2.14 եւ Ամս 7.3,4): Բայց մանաւանդ ապաշաւելը մարդոց յատուկ արարք մըն է: Արարք մը՝ որով մարդիկ կը հրաւիրուին իրենց նախկին մտածելակերպը եւ ապրելակերպը փոխելու եւ նոր ուղղութեան մը դառնալով՝ նոր կեցուածք մը որդեգրելու: Առաքեալներուն բերնով քարոզութեանց մէջ առաջին կոչերը ԱՊԱՇԱՒԵԼՈՒ կոչեր են, նոր կեանքի մը դառնալու որոշումը առնելու մղող (տես Գրծ 2. 38-39, 3 19-20,8.22):
Գալով ԱՊԱՇԽԱՐԵԼ բառին, անիկա կը նշանակէ գործուած յանցանքին համար զղջալ. ցաւ զգալ, մեղքը լալ, եւ այդ մեղքը կամ յանցանքը քաւելու համար որոշ պատիժ մը կամ նեղութիւն մը կրել: Այս մէկը արդէն միայն մարդուն յատուկ կրնայ ըլլալ: Պարզ մտադրութիւն մը փոխել չէ ասիկա, պարզապէս նոր կեցուածք մը ճշդելը չէ, այլ նաեւ գործնականացումը մտածումին: Այսպէս, տարբեր բան է անդրադառնալ, թէ տունը աղտոտած է արդէն եւ ուստի մտածել՝ թէ պէտք է մաքրել զայն, եւ տարբեր է՝ գործնականօրէն աւելը ձեռքը առնելն ու տունը մաքրելը: Նոյնպէս, տարբեր բան է որոշ լոյսի մը տակ իր անձին վրայ ծանրացած բարոյական արատն ու թերիները տեսնելով զայն սրբագրելու մասին խորհիլը կամ նոյնիսկ որոշելը, եւ տարբեր է՝ նոյն այդ սրբագրութեան համար գործի անցնիլը եւ զայն արարքներով արտայայտելը: Ապաշխարելը քայլ մը աւելի անդին է քան ապաշաւելը: Անոր մէջ յանձնառութիւն մը կայ, որ յաճախ ծանր կրնայ ըլլալ: Ապաշխարութիւն չի նշանակեր անշուշտ սենեակ փակուիլ եւ անվերջ լալ ու ողբալ, կամ՝ մարդոց մէջ ապրիլ անժպիտ, կախ ու տրտում երեսով: Բայց նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ անոր մէջ ան-պայմանօրէն կայ ցաւին ու տառապան-քին յանձնառութիւնը: Ինչպէս տան մաքրութեան համար աւել վերցնողը շատ լաւ գիտէ, թէ պիտի յոգնի, փոշոտի ու քրտնի, բայց այդ բոլորը յանձն կ՚առնէ՝ մաքրութեան բերած վայելքով ուրախանալու համար, նոյնպէս իր անձին թերութիւնները սրբագրելու համար ճամբայ ելած մարդը գիտէ, թէ յաճախ պիտի ցաւի, երբեմն զրկանք պիտի զգայ, որոշ իրականութիւններ ու ճշմարտութիւններ պիտի վիրաւորեն զինք, այսպէս կոչուած իր արժանապատուութիւնը, զղջումը յաճախ մինչեւ իր կոկորդը պիտի բարձրանայ, իր տկարութեանց գիտակցումը յաճախ զինք լալու չափ պիտի խարանէ. այո. բայց վերջնական արդիւնքին պատկերը եւ Աստուծոյ բուռն սիրոյ քաշողութիւնը մոռցնել կու տան այդ բոլորը:
Ամէն մաքրութիւն ճիգով ու նեղութեամբ կ՚ըլլայ: Ոսկին կրակին տառապանքէն կ՚անցնի՝ իր զօրութիւնն ու փայլքը գտնելու համար: Տառապագին երկունք մը անհրաժեշտ է, որպէսզի մայր մը կարենայ նոր ծնունդ մը տալ աշխարհին: Նոյնպէս ալ Աստուծոյ սիրոյն դարձող ամէն մէկ անհատ նոր ծնունդ մըն է, որ պէտք է նոյնպիսի երկունքէ մը անցնի, ըլլալու համար նո՛ր արարած:
Այդ երկունքն է ահա ապաշխարութիւնը:
Իսկական ապաշխարողը, հետեւաբար, ան է՝ որ զղջալով ու ցաւելով իր նախկին սխալներուն ու թերացումներուն համար, կ՚որոշէ ՓՈԽԵԼ ԻՐ ԸՆԹԱՑՔԸ, ետ դառնալ իր նախկին ճանապարհէն դէպի նոր ուղղութիւն եւ նոր կեանք:
- Մոլութեանց ու մեղքին գերի՞ն էր. արդ, կը դառնայ Քրիստոսի շնորհքով ազատագրուած մարդ:
- Կեանքէն դառնացած ու յուսահատա՞ծ մըն էր. կը դառնայ տառապանքով քաղցրացած եւ իմաստնացած, եւ յոյսով զուարթացած անձնաւորութիւն:
- Սիրոյ պակասը ունեցող սառն հոգի՞ մըն էր, իր կեանքը կը լեցնէ զեղուն սիրոյ ջերմութեամբ:
- Բարեգործութեան պտուղներէն ամլացա՞ծ մըն էր, իր կեանքը կը պտղաւորէ բարութեամբ:
Այնուհետեւ մարդուն կը մնայ գիտնալ ու պահել Աստուծոյ պատուիրանները, որոնք ամբողջութիւնն են հոգիի առողջապահական կանոններուն եւ պայմաններուն, եւ որոնք տրուած են՝ մարդուն հոգեկան խաղաղութիւն եւ մնայուն երջանկութիւն պարգեւելու համար:
Գիրքը ձեր մօտն է միշտ, կանոնները՝ բաւական պարզ ու դիւրին. կը մնայ պարզապէս քիչ մը կամեցողութիւն ունենալ՝ զանոնք կարդալու կամ լսելու, եւ կամեցողութիւն՝ զանոնք փորձով կիրարկելու:
Եւ մեծ Պահքը լաւագոյն առիթ մըն է գեղեցիկ սկիզբ մը դնելու, մեր իսկ խաղաղութեան եւ երջանկութեան համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ