Եղիշէ ԹադԷոսեան. Տպաւորապաշտ Գեղանկարչութեան Հայ Նախակարապետը
12 Սեպտեմբերին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր արուեստագէտներէն Եղիշէ Թադէոսեանի (1870-1936), որ խորապէս արտայայտչական իր տպաւորապաշտ կտաւներով՝ ինքնուրոյն դէմք մը կը հանդիսանայ հայկական գեղանկարչութեան մէջ։
1870-ի Սեպտեմբեր 12-ի օրը Վաղարշապատ՝ Էջմիածին ծնած հայ մեծ նկարիչը իրեն շնորհուած կեանքի 66 տարիները, յատկապէս ստեղծագործական կեանքին մեծ մասը ապրեցաւ հայրենի հողէն հեռու, Մոսկուայի եւ Թիֆլիզի մէջ, բայց միշտ ալ թէ՛ գեղանկարչական իր ներաշխարհին կիզակէտը դարձուց Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը, թէ՛ իր ծաւալած հասարակական գործունէութեամբ շնչեց ու ծառայեց ազգային իր արմատներուն հաւատարմութեամբ։
Հայկական կերպարուեստի վարպետներէն Երուանդ Քոչարի վկայութեամբ՝ Եղիշէ Թադէոսեան «…Նա ինքը մեծ հոգու տէր էր եւ խորունկ կուլտուրայով (մշակոյթով) հարստացած. նա մօտ բարեկամ էր Յովհաննէս Թումանեանին, Թորոս Թորամանեանին, Կոմիտասին եւ գրեթէ բոլոր մեծ արուեստագէտներին։ Նա մեծ երախտաւոր էր թէ՛ իր արուեստով, թէ՛ իր հասարակական գործունէութեամբ»։
Եղիշէ Թադէոսեան շատ երիտասարդ տարիքէն մուտք գործեց արուեստի աշխարհէն ներս եւ իր յախուռն արտայայտչական գործերով անմիջապէս ոչ միայն գրաւեց ուշադրութիւնը արուեստի վարպետներուն եւ քննադատներուն, այլեւ թիրախ դարձաւ հակադիր բուռն գնահատումներու՝ բոլոր իրա՛ւ արուեստագէտներուն պէս ունենալով իր ջերմ պաշտպաններն ու անհաշտ ընդդիմախօսները։
Մանուկ տարիքէն հետեւեցաւ արուեստագիտական ուսման՝ նախ Թիֆլիզի մէջ, 1879-1881 տարիներուն, աշակերտելով Տէր-Յակոբեան Պանսիոնին, ապա՝ Մոսկուա, 1881-1885 տարիներուն, Լազարեան ճեմարանէն ներս։ Այնուհետեւ, մինչեւ 1894 թուականը, շնորհալի հայ պատանի-երիտասարդը արուեստից բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Մոսկուայի Գեղանկարչութեան, Քանդակագործութեան եւ Ճարտարապետութեան ուսումնարանին մէջ, ուր աշակերտեց մեծանուն ռուս գեղանկարիչներ Ն. Նեւրեւին, Վ. Մակովսկիին եւ Վ. Պոլենովին։ Յատկապէս վերջինին հետ, ուսանողական տարիներէն, Եղիշէ Թադէոսեան ունեցաւ սերտ ու մտերիմ կապ, որուն հիմքը Պոլենովի արուեստին նկատմամբ հայ երիտասարդ նկարիչին պաշտամունքի աստիճան հիացմունքն էր եւ նոյն ուղիով ստեղծագործական սեփական ոճը գտնելու մղումը։ Այդ կապը նաեւ ընտանեկան մտերմութեան վերածուեցաւ ու երկար տարիներ հիմք դարձաւ աշխատանքային գործակցութեան. 1898-ին Եղիշէ Թադէոսեան ընկերացաւ Պոլենովին՝ դէպի Պաղեստին անոր կատարած գեղարուեստական հետախուզութեան արշաւախումբին հետ։
Մոսկուայի գեղանկարչական շրջանակներուն հետ իր հաստատած սերտ կապերը օգնեցին հայ նկարիչին, որ գեղարուեստական իր հորիզոնը ընդլայնելու նպատակով ճանաչողական ուղեւորութիւններ կատարէ դէպի Եւրոպա եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր երկիրներ, մօտէն ծանօթանայ տարբեր մշակոյթներու ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ գեղանկարչական նորարար շարժումներուն։ Յատկանշականօրէն՝ Եղիշէ Թադէոսեան որքան բացուեցաւ ազգային այլ մշակոյթներու եւ ժառանգութեանց, այնքան խորացուց իր ճանաչողութիւնն ու ընկալումը հայկական գեղանկարչական ժառանգութեան եւ հարուստ աւանդներուն։
Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը Վաղարշապատի ծնունդ երիտասարդ նկարիչին հրաւիրեց դասախօսական պաշտօնի, բայց Թադէոսեան միայն 1894-1895 տարիներուն դասաւանդեց Ճեմարանի մէջ եւ վերադարձաւ Մոսկուա, ուր բեղուն ստեղագործական ու հասարակական աշխատանք ծաւալեց՝ տալով անձնական ցուցահանդէսներ եւ մեծ հռչակի տիրանալով։
1901-ին, Եղիշէ Թադէոսեան վերջնական բնակութիւն հաստատեց Թիֆլիզի մէջ, ուր ապրեցաւ ու գործեց մինչեւ 22 Յունուար 1936-ի իր վախճանը, տարիներու վրայ երկարած ծանր հիւանդութենէ ետք։
Գէորգեան ճեմարանի մէջ իր դասաւանդութեան շրջանէն ըս-կըսեալ Եղիշէ Թադէոսեան ըս-տեղծագործական իր յուզաշխարհին կիզակէտը դարձուց լուծի տակ հիւծող հայ ժողովուրդին պարտադրուած դաժան կեանքը, ինչպէս նաեւ հայոց ազգային ազատագրութեան ձգտումը։ Այդ շրջանին ստեղծուած Թադէոսեանի «Դէպի պանդխտութիւն» կտաւը կը հանդիսանայ հայկական գեղանկարչութեան եզակի նուաճումներէն մէկը։
Թիֆլիզեան աւելի քան երեսնամեայ իր կեանքն ու գործունէութիւնը Թադէոսեան պսակեց երկու մեծ իրագործումներով.- Առաջինը՝ կազմութիւնն էր, 1916 թուականին, Հայ արուեստագէտներու միութեան, որուն նախագահութիւնը ստանձնեց երկար տարիներ։ Իսկ երկրորդը՝ հիմնադրութիւնն էր Վրաստանի Գեղարուեստի ակադեմիային, որուն առաջին փրոֆէսէօրներէն եղաւ եւ սերունդներ հասցուց գեղանկարչութեան մարզին մէջ։
Իր կտակին համաձայն՝ Եղիշէ Թադէոսեան թաղուեցաւ Երեւան։ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները յատուկ պատուիրակութեամբ մը Թիֆլիզէն Երեւան տեղափոխեցին հայ մեծ նկարիչին անկենդան մարմինը, վրացական իշխանութիւնները օրին ստանձնեցին յուղարկաւորութիւնը եւ 29 Յունուար 1936-ին Եղիշէ Թադէոսեան իր վերջնական հանգիստը գտաւ Երեւանի Արուեստի եւ գիտութեան գործիչների պանթէոնին մէջ։
Գեղարուեստական առումով յատուկ գնահատանքի արժանացած են տպաւորապաշտ ոճով նկարուած Թադէոսեանի բնապատկերները՝ «Արագած»ը (1917) եւ «Արարատ»ը (1934)։ Անոր փայլուն դիմանկարներու շարքին յիշատակելի են «Ա. Շիրվանզադէ»ն (1933) եւ «Յ. Թումանեան»ը (1935)։ Ունի նաեւ խոհական դիմապատկերներ, որոնց շարքին հռչակաւոր է «Կոմիտաս» մեծարժէք կտաւը (1935)։
Հայոց սերունդներուն կտակած է նաեւ մեր ժողովուրդին հարուստ անցեալը արտայայտող կտաւներ, ինչպէս՝ «Տորք Անգեղ»ը (1910) եւ «Արշակ եւ Փառանձեմ» (1921) կտաւները։ Նոյնպէս յայտնի եւ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ են՝ «Հանճարը եւ ամբոխը» (1909), «Քրիստոսը եւ փարիսեցիները» (1919), «Քարոզ ուղղափառներին» (1896) եւ «Տիրամայր» (1917) կտաւները։
Ինչպէս որ Մեծն Մարտիրոս Սարեան ընդգծած է Եղիշէ Թադէոսեանի նուիրուած իր վկայութեան մէջ՝ «Նա ստեղծեց իր հրաշալի էտիւդները, որոնց մէջ արուեստի իսկական գոհարներ կան։ Գոյնի նուրբ զգացողութիւն ունէր ու կարողացաւ մերձենալ իմպրեսիոնիզմի (տպաւորապաշտութեան) սկզբունքներին, կարողացաւ լուսային, գունային մաքուր թռթռումներով փոքր չափի էտիւդների մէջ արտացոլել հայրենի բնութեան գողտրիկ անկիւնները, այնքա՜ն վճիտ ու հայկական»…
Նազարէթ Պէրպէրեան