ԱՇԽԱՐՀԱՏԱՐԱԾ ՇԱՐԺՈՒՄ

Ա­մէն տա­րի 20 Մար­տին աշ­խար­հի մէջ կը նշուի Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին օ­րը։ Այս թուա­կա­նէն մին­չեւ Ապ­րիլ զու­գա­դի­պած ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին  ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան ֆրան­սա­խօ­սու­թեան նշա­նա­ւոր օ­րե­րը: Զա­նա­զան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու եւ ձեռ­նարկ­նե­րու մի­ջո­ցով կ՚ար­տա­յայ­տուի ֆրան­սե­րէն լե­զուի հմայ­քը, եւ այդ օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ան­գամ մը եւս կը հաս­տատուի աշ­խար­հի հնա­գոյն լե­զու­նե­րէն մէ­կուն եր­բեմ­նի փառ­քը: 

Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան շար­ժու­մը սկիզբ ա­ռած է 1960-ա­կան թուա­կան­նե­րուն։ Այդ ժա­մա­նա­կէն ի վեր բազ­մա­թիւ ան­հատ­ներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ չեն դադ­րած մե­ծա­րելէ ֆրան­սե­րէն լե­զուն: Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան սահ­մա­նու­մը ա­ռա­ջին ան­գամ գոր­ծա­ծուած է 1880 թուա­կա­նին՝ ֆրան­սա­ցի աշ­խար­հա­գրա­գէտ Է­լի­զէ Րեք­լիւ­ի կող­մէ՝ մատ­նան­շե­լու հա­մար այն աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րածք­նե­րը, ուր կը խօ­սին ֆրան­սե­րէն:

20 Մար­տը, իբ­րեւ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին օր ընտ­րուած է ի նշա­նա­ւո­րումն 1970 թուա­կա­նի նոյն օ­րը Նի­ժե­րի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Նիա­մէ­յի մէջ ստո­րագ­րուած հա­մա­ձայ­նագ­րի, ո­րով հիմ­նադ­րուե­ցաւ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (Organisation Internationale de la Francophonie), որ ֆրան­սե­րէ­նի եւ հա­մընդ­հա­նուր ար­ժէք­նե­րու ամ­րագր­ման եւ տա­րած­ման մի­ջազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն մըն է: Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը բաղ­կա­ցած է 54 լիի­րաւ, 3 ըն­կե­րակ­ցուած եւ 20 դի­տոր­դի կար­գա­վի­ճա­կով պե­տու­թիւն­նե­րէ: Այս եր­կիր­նե­րէն 32-ին մէջ ֆրան­սե­րէ­նը ու­նի պաշ­տօ­նա­կան լե­զուի կամ երկ­րորդ պաշ­տօ­նա­կան լե­զուի կար­գա­վի­ճակ։ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­­մա­կեր­պու­թեան մէջ ընդգր­կուած եր­կիր­նե­րուն բնակ­չու­թեան ընդ­հա­նուր թի­ւը կը կազ­մէ 890 մի­լիոն: 

Կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րը հա­ւա­տա­րիմ են ընդ­հա­նուր ար­ժէք­նե­րու՝ յար­գանք մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զա­նու­թեան նկատ­մամբ, ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թիւն, խա­ղա­ղու­թիւն եւ ժո­ղովրդա­վա­րու­թիւն: Ֆրան­սա­խօ­սու­թիւ­նը ու­նի իր ծա­նօթ խորհր­դա­նշա­նը՝ ճեր­մա­կի վրայ շրջա­նակ մըն է ան՝ կազ­մուած կար­միր, կա­նաչ, կա­պոյտ, դե­ղին եւ մա­նի­շա­կա­գոյն բա­­ժին­նե­րէ, ո­րոնք կը խորհր­դանշեն հինգ ցա­մա­քա­մա­սե­րը, քա­նի որ կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ ներգրա­ւուած եր­կիր­նե­րը սփռուած են աշ­խար­հի հինգ ­ցա­մաք­ա­մա­սե­րուն մէջ:

Ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն տա­րիէ ի վեր կը գոր­ծէ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ ֆրան­սե­րէն լե­զուի տա­րած­մա­ն մեծ նպաստ բե­րած է ու կը շա­րու­նա­կէ բե­րել: 

Այ­սօր աշ­խար­հի տա­րած­քին կը գտնուի շուրջ 550 մի­լիոն ֆրան­սա­խօս, ո­րու 60 տո­կո­սի տա­րի­քը չ՚անց­նիր ե­րե­սու­նը: Ա­նոնց­մէ 110 մի­լիո­նին հա­մար ֆրան­սե­րէ­նը մայ­րե­նի լե­զու է: Թէեւ այ­սօր աշ­խար­հի վրայ անգ­լե­րէ­նը գե­րակ­շիռ է, բայց եւ այն­պէս ֆրան­սե­րէ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ աշ­խար­հի մշա­կու­թա­յին գան­ձե­րէն մին: Այդ լե­զուով կը գրէին եւ կը խօ­սէին Վոլ­թէ­ր, Հիւ­կօ, Տիւ­մա, Պալ­զա­ք եւ այլ շատ մը հռչա­կա­ւոր մար­դիկ, ո­րոնք ի­րենց նպաս­տը բե­րած են հա­մաշ­խար­հա­յին ա­րուես­տի եւ գի­տու­թեան մէջ: Մին­չեւ 18-րդ դա­րը ֆրան­սե­րէ­նը նկա­տուած է մի­ջազ­գա­յին լե­զու։ Այդ հան­գա­ման­քը կա­խում ու­նէր այն ե­րե­ւոյ­թէն, որ Ֆրան­սա ե­ղած էր ­ցա­մա­քա­մա­սի ա­մե­նէն խիտ բնա­կեց­ուած եր­կի­րը։ Այ­սինքն ֆրան­սե­րէ­նի տա­րած­ման ա­ռա­ջին ազ­դա­կը ե­ղած էր ժո­ղովր­դագ­րա­կան, այ­նու­հե­տեւ՝ տնտե­սա­կան եւ ռազ­մա­կան:

Այ­սօր ֆրան­սե­րէ­նը ՄԱԿ-ի վեց պաշ­տօ­նա­կան լե­զու­նե­րէն մին է, ինչ­պէս նաեւ պաշ­տօ­նա­կան լե­զուն է մե­ծա­թիւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, եւ օ­տար լե­զու­նե­րու կար­գին կը նկա­տուի ա­մե­նէն շատ ու­սում­նա­սի­րուած­նե­րէն մէ­կը: 

Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն զատ, ֆրան­սա­խօս պե­տու­թիւն­նե­րը ստեղ­ծած են այլ բազ­մա­թիւ  միու­թիւն­ներ եւ կա­ռոյց­ներ, ո­րոնց նպա­տա­կը ո՛չ միայն ֆրան­սե­րէն լեզուի տա­րա­ծումն է, այլ նաեւ ծա­նօ­թա­ցու­մը՝ Ֆրան­սա­յի պատ­մու­թեան, գրա­կա­նու­թեան, մշա­կոյ­թին, քա­ղա­քա­կրթու­թեան: 

Ֆրան­սա­խօ­սու­թիւ­նը միայն լե­զուա­կան հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րին վրայ չէ, այլ ու­նի նաեւ քա­ղա­քա­կան խնդիր: Ան նաեւ մշա­կու­թա­յին մի­ջոց մըն է, ո­ր կը պայ­քա­րի անկ­լօ-սաք­սո­ն եւ մա­նա­ւանդ՝ ա­մե­րի­կեան ազ­դե­ցու­թեան դէմ:

ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԸ ԵՒ ՖՐԱՆ­ՍԱ­ԽՕ­ՍՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

2004 թուա­կա­նին Ո­ւ­­կա­տու­կուի (Պուր­քի­նա Ֆա­սօ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­ն ձեռք բե­րած է Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն ներս դի­տոր­դի կար­գա­վի­ճակ, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ 2008 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րին Քե­պէ­քի (Գա­նա­տա) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ դար­ձած է կազ­մա­կեր­պու­թեան ըն­կե­րակ­ցուած ան­դամ։

Այս կար­գա­վի­ճա­կը ձեռք բե­րե­լէ ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ՝ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը նշա­նա­կած է ֆրան­սա­խօ­սու­թեան հար­ցե­րով յա­տուկ խոր­հրդա­կան մը՝ հա­մա­կար­գե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի մէջ ֆրան­սա­խօ­սու­թեան նա­­խա­ձեռ­նու­թիւ­ննե­րը: Աս­կէ զատ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը մաս­­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած է ֆրան­սա­­խօ­սու­թեան նա­խա­րա­րա­կան հա­­մա­ժո­ղով­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Հա­­յաս­տա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված է ֆրան­սա­խօ­սու­թեան զա­նա­­զան ­ժո­ղով­նե­րուն:

2010 թ­­ուա­կա­նի Ապ­րի­լին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով Ե­րե­ւան գտնուած էր Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ապ­տու Տիու­ֆ։ Սա կա­րե­ւոր ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած էր Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու սեր­տաց­ման հա­մար:

2011 թ­­ուա­կա­նի Մար­տին Հա­յաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծուած էր Ֆրան­սա­խօս դես­պան­նե­րու խում­բը, ո­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուած էին Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ ու դի­տորդ հան­դի­սա­ցող տասն­մէկ եր­կիր­նե­ր:

2012 թ­­ուա­կա­նի 13-14 Հոկ­տեմ­բե­րին Քին­շա­սա­յի մէջ (Քոն­կո­յի Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Հան­րա­պե­տու­թիւն) կա­յա­ցած Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին եւս մաս­նակ­ցած էր Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­ն եւ միա­ձայ­նու­թեամբ Հա­յաս­տան դար­ձած էր Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան 54-րդ լիի­րաւ ան­դամ­ը:

Հարկ է նշել, որ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ժա­մա­նակ ըն­դու­նուած էր ճգնա­ժա­մա­յին ի­րա­վի­ճակ­նե­րու հան­գու­ցա­լուծ­ման եւ խա­ղա­ղու­թեան ամ­րապնդ­ման վե­րա­բե­րեալ եզ­րա­փա­կիչ բա­նա­ձեւ մը, ո­րու մի­ջո­ցով Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տած է տա­կա­ւին 2010 թուա­կա­նի Մոնթ­րէօի (Զուի­ցե­րիա) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ ըն­դու­նած իր դիր­քո­րո­շու­մը՝ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուող ջան­քե­րուն:

«Կոչ կ­­՚ուղ­ղենք հա­կա­մար­տու­թեան բո­լոր կող­մե­րուն՝ զերծ մնալ ու­ժի եւ ու­ժի սպառ­նա­լի­քի կի­րա­ռու­մէն, ին­չ որ կրնայ վտան­գել խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը եւ շա­րու­նա­կել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը Մինս­քեան խմ­­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու միաս­նա­կան եւ ան­բա­ժան հիմք հան­դի­սա­ցող ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­ժի եւ ու­ժի սպառ­նա­լի­քի չկի­րառ­ման, տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի սկզբունք­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ», ըսուած է Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան 14-րդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի եզ­րա­փա­կիչ բա­նա­ձե­ւին մէջ:

Ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջեւ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կարգ մը ծրագ­րեր: Հա­յաս­տա­ն ան­դա­մակ­ցած է Կենդ­րո­նա­կան եւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի մէջ ֆրան­սա­խօ­սու­թեան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կեդ­րո­նին (CREFECO)՝ ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տո­ւած է քա­նի մը տաս­նեակ ֆրան­սե­րէ­նի հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու՝ մաս­նակ­ցե­լու վե­րա­պատ­րաստ­ման՝ ուղ­ղուած ֆրան­սե­րէ­նի ու­սուց­ման եւ ֆրան­սե­րէ­նով դա­սա­ւան­դուող ոչ-լե­զուա­բա­նա­կան ա­ռար­կա­նե­րու բա­րե­լաւ­մա­ն:

2009 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, Ֆրան­սա­խօսու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան, Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան, Լիւք­սեմ­պուր­կի Մեծ Դքսու­թեան եւ Պել­ժիոյ ֆրան­սա­խօս հա­մայն­քի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուած է Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան հա­մա­կար­գի պաշ­տօ­նեա­նե­րուն ֆրան­սե­րէ­նի ու­սուց­ման վե­րա­բե­րեալ յու­շա­գիր մը, ո­ր թոյլ տուած է ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր հայ պաշ­տօ­նեա­նե­րու, որ­պէս­զի յա­ճա­խեն ֆրան­սե­րէ­նի դա­սըն­թաց­նե­րու։

Նշենք, որ ֆրան­սե­րէ­նի խրա­խուս­ման ա­ռըն­չու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դպրո­ցա­կան հա­մա­կար­գէն ներս զարկ տրուած է ֆրան­սե­րէ­նի ու­սու­ց­­ման, ո­րու շնոր­հիւ խո­րա­ցուած է ֆրան­սե­րէ­նի ու­սուց­ու­մը եւ ֆրան­սե­րէ­նով լրա­ցու­ցիչ ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ու­մը: Առ­հա­սա­րակ, այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ մի­տում կայ խրա­խու­սե­լու բազ­մա­լե­զուու­թեան վրայ հիմ­նուած լե­զուա­բա­նա­կան կրթա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ա­պա­ցոյ­ցը կը հան­դի­սա­նայ եր­րորդ ընտ­րո­վի օտար լե­զուի ներդ­րու­մը Հա­յաս­տա­նի միջ­նա­կարգ դպրոց­նե­րուն մէջ: 

Հա­մալ­սա­րա­նա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս, Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան հա­մալ­սա­րա­նա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը զար­գաց­նէ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ՝ Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն հետ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նի, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան լե­զուա­բա­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նի, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ շի­նա­րա­րու­թեան պե­տա­կան հա­մալսա­րա­նի մէջ զա­նա­զան ծրագ­րեր ի­րա­կա­նաց­նե­լով։ Իսկ 2010 թուակա­նին նոյն գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հետ ստո­րագ­րած է հա­մա­ձայ­նա­գիր մը՝ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան լե­զուա­բա­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ֆրան­սե­րէ­նով տե­ղե­կա­տուա­կան տուեալ­նե­րու թուայ­նաց­ման կեդ­րո­նի մը ստեղծ­ման մա­սին:

Գնա­հա­տե­լով Հա­յաս­տա­նի կար­ճա­տեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ, ու­րա­խա­լի է ար­ձա­նագ­րել, որ հայ­կա­կան քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը, մշա­կոյ­թը եւ լե­զուն ի­րենց տե­ղը գտած են մշա­կու­թա­յին եւ լե­զուա­կան բազ­մա­զա­նու­թեամբ հա­րուստ ֆրանսա­խօ­սու­թեան ընդ­հա­նուր ժա­ռան­գու­թեան մէջ։

Հա­յաս­տա­ն Ֆ­րան­սա­յի եւ ֆրան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու հետ կա­պուած է ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով: Եր­կու եր­կիր­նե­րու, եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ճա­կա­տագ­րե­րը շաղ­կապ­ուած են, ժա­մա­նա­կի փոր­ձու­թիւ­նը ան­ցած եւ ուղ­ղուած խա­ղա­ղու­թեան, ա­զա­տու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ընդ­հա­նուր ար­ժէք­նե­րու հան­դէպ յանձ­նա­ռու­թեամբ: Հա­յե­րը վա­ղուց շփում­ներ ու­նե­ցած են Եւ­րո­պա­յի հետ։ Այդ ծի­րէն ներս յի­շա­տա­կե­լի է Խա­չակ­րաց ար­շա­ւանք­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, երբ ֆրանք աս­պետ­նե­րը եւ հա­յե­րը կ՚իշ­խէին Ե­դես­իոյ եւ Կի­լի­կիոյ մէջ:

Հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ յա­ճա­խած է ֆրան­սալե­զու կրօ­նա­կան դպրոց­ներ: 19-րդ եւ 20-րդ դա­րե­րուն բազ­մա­թիւ հե­ղի­նակ­ներ գրած են ֆրան­սե­րէ­նով:

Ա­մէն տա­րի Հա­յաս­տա­նի մէջ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի ֆրան­սա­խօ­սու­թեան միամ­սեակ, ո­րու ըն­թաց­քին ֆրան­սա­կան ու ֆրան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու մշա­կոյ­թը, ա­րուես­տը լա­ւա­գոյնս կը ներ­կա­յա­ցուի ժո­ղո­վուր­դին: Միա­ժա­մա­նակ ֆրան­սա­խօ­սու­թեան օրե­րը ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նան վե­րա­հաս­տա­տե­լու հայ-ֆրան­սա­կան հա­զա­րա­մեայ կա­պե­րը: Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան օ­րե­րու՝ տա­րուէ տա­րի մեծ­ցող յա­ջո­ղու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է նա­խ ե­ւ ա­ռաջ հա­մակ­րան­քի այն մեծ զգա­ցու­մով, զոր կը վա­յե­լէ Ֆրան­սան՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ինչ­պէս ֆրան­սա­խօ­սու­թեան, այն­պէս ալ ֆրան­սա­կան մշա­կոյ­թի փայ­լա­տա­կու­մով: 

Յատ­կան­շա­կան է նաեւ, որ 2011 թուա­կա­նի վեր­ջա­ւո­րու­թեան Հա­յաս­տա­նի Լո­ռիի մար­զը դար­ձած է Ֆրան­սա­խօս շրջան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ: Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան օ­րե­րը կը նշուին նա­եւ Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րուն մէջ, մա­նա­ւանդ, որ շատ են այն­ դպրոց­նե­րը, ուր տա­կա­ւին խորհրդա­յին տա­րի­նե­րուն ֆրան­սե­րէ­նը կը դա­սա­ւան­դուէր իբ­րեւ երկ­րորդ օ­տար լե­զու: 

ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆ­ՍԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՄԱԼ­ՍԱ­ՐԱՆ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ֆրան­սա­խօ­սու­թեա­ն ն­պաս­տե­լու ա­մե­նէն մեծ ծրա­գի­րը Հա­յաս­տա­նի Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րումն է։ Այս վեր­ջի­նը ստեղ­ծո­ւած է 2003 թուա­կա­նին Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու կամ­քով:

Բարձ­րա­գոյն ու­սում­ան այս հաս­տա­տու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րն են Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նու­թիւ­նը: Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը այս գոր­ծակ­ցու­թեամբ հա­ւաս­տած են այն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, զոր կը ցու­ցա­բե­րեն հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կրթու­թեա­ն նկատ­մամբ՝ յա­նուն Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գա­յին եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին հաս­տա­տուած վստա­հու­թեան եւ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման: Հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը կը ստա­նան եր­կու պե­տա­կան վկա­յա­կան՝ հայ­կա­կան եւ ֆրան­սա­կան: 

Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րը ա­մէն տա­րի կը նշեն Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան օ­րե­րը, եւ այս տա­րի նոյն­պէս ձեռ­նարկ­ներ նա­խա­տե­սուած են՝ ֆրան­սե­րէն լե­զուի հմայքն ու վե­րա­կեն­դա­նա­ցող փառ­քը ցոյց տա­լու հա­մար:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2015