«GENEALOGY». ՄԵԾ ՀՆԳԵԱԿԸ
Այսօր՝ 19 Մայիսին, Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ կը սկսի եւրոպական ամենանշանաւոր երգի մրցոյթը՝ «Եւրոտեսիլ»ը (Eurovision Song Contest): Երգի մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան (EBU) կազմին մէջ գտնուող երկիրներու միջեւ։ Ինչպէս ծանօթ է՝ Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը աշխարհի ազգային հեռարձակողային միութիւններէն ամենամեծն է, անոր կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւ: Հայաստանը «Եւրոտեսի»լ երգի մրցոյթին կը մասնակցի 2006 թուականէն ի վեր, սակայն այդ ընթացքին տարի մը միայն՝ 2012 թուականին չէ մասնակցած մրցոյթին, որովհետեւ ան կայացած է Ատրպէյճանի մէջ: Հայաստանի մէջ մրցոյթը կը հեռարձակէ Հայաստանի Հանրային հեռուստա-ընկերութիւնը, որ անդամ դարձած է Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան:
ՆԱԽԱՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Հետաքրքրական նախապատմութիւն ունի «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթը:
1950-ականներուն, երբ Եւրոպան տակաւին վերակառուցման ընթացքի մէջ էր Բ. Աշխարհամարտի հետեւանքով կրած վնասներէն, Զուիցերիոյ մէջ հիմնուած Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւն կազմակերպութիւնը որոշում առաւ ստեղծել հեռատեսիլային շոու ծրագիր մը, որու նպատակն էր եւրոպացի հասարակութիւնը համախմբել երաժշտութեան շուրջ։ 1955 թուականի Յունուարին Մոնաքոյի մէջ կայացաւ համաժողով մը, որու ընթացքին Զուիցերիոյ Հեռատեսիլային յանձնախումբի նախագահ Մարսէլ Պեզենսոն որոշեց իրականացնել Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան մէկ նախագիծը, եւ ստեղծեց մրցոյթ մը, որ նախապէս կոչուած է Eurovision Grand Prix։
1956 թուականի 24 Մայիսին Զուիցերիոյ Լուկանօ քաղաքին մէջ կայացաւ առաջին մրցոյթը, որուն կը մասնակցէին եօթ երկիր, եւ ամէն երկիր կը ներկայացնէր երկու երգ։ Ասիկա միակ մրցոյթն էր, որու ընթացքին երկիրները ներկայացուցին մէկէ աւելի երգ, իսկ յաջորդ տարուընէ սկսեալ արդէն բոլոր երկիրները պարտաւոր էին միայն մէկ երգ ուղարկել։ Առաջին մրցոյթի դափնեկիրը դարձաւ Զուիցերիան ներկայացնող երգիչը:
ՁԵՒԱՉԱՓ
Մրցոյթի ձեւաչափը տարիներու ընթացքին կարգ մը փոփոխութիւններ կրած է, սակայն կան հիմնական կանոններ, որոնք միշտ ալ եղած են եւ երբեք չեն փոխուած: Իւրաքանչիւր երկիր կը ներկայացնէ երգ մը, որ ուղիղ եթերով պէտք է կատարուի կենդանի հնչողութեամբ։ Իւրաքանչիւր երկրի մէջ մրցոյթը կը հեռարձակէ միայն մէկ հեռուստաընկերութիւն, որ կը գտնուի Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան կազմին մէջ։ Մրցոյթի մասնակից բոլոր երկիրներու ներկայացուցիչներուն ելոյթները աւարտելէ յետոյ կը սկսի քուէարկութիւնը, որու արդիւնքին ամենաշատ ձայները ստացած երկիրը կը դառնայ դափնեկիր, եւ մրցոյթը յաջորդ տարի հիւրընկալելու հնարաւորութիւնը կը տրուի այդ երկրին։
«Եւրոտեսիլ»ին կրնան մասնակցիլ այն երկիրները, որոնք կը գտնուին Եւրոպա աշխարհամասի մէջ եւ Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան անդամ են: Մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը ունին նաեւ այնպիսի երկիրներ, որոնց տարածքէն մաս մը կը գտնուի Ասիոյ մէջ։ 1980-ին մրցոյթին մասնակցած է նոյնիսկ Մարոք, որ կը գտնուի Ափրիկէի հիւսիսը:
Մինչեւ այժմ մրցոյթին նուազագոյնը գոնէ մէկ անգամ մասնակցած են յիսուներկու երկիրներ: Այս տարի մրցոյթին առաջին անգամ կը մասնակցի նաեւ Աւըստրալիան։
ՏԱՐԲԵՐԱՆՇԱՆԸ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
«Եւրոտեսիլ» մրցոյթի ներկայի տարբերանշանը (լոկօ) ներկայացուած է «Եւրոտեսիլ 2004»ին՝ Թուրքիոյ մէջ: Հիմնական տարբերանշանի տեսքը ձեռագիր տառատեսակով գրուած մրցոյթի անունն է, որու կեդրոնը պատկերող հատուածին մէջ ամէն տարի կը յայտնուի հիւրընկալող երկրի դրօշը։ Ամէն տարի մրցոյթը հիւրընկալող երկիրը կը ստեղծէ մրցոյթի իր նիւթը, որու հիման վրայ ալ կը ստեղծէ մէկ այլ տարբերանշան եւ կ՚ընտրէ կարգախօս:
«ՄԵԾ ՔԱՌԵԱԿ» ԿԱՄ «ՄԵԾ ՀՆԳԵԱԿ»
2000 թուականին «Եւրոտեսիլ»ի շուրջ ստեղծուցաւ «Մեծ քառեակ», որու կազմին մէջ կը գտնուին Գերմանիա, Սպանիա, Ֆրանսան եւ Մեծն Բրիտանիա։ «Մեծ քառեակի» անդամներուն կը տրուի հնարաւորութիւն՝ մէկ անգամէն հանդէս գալ եզրափակիչ փուլի մէջ՝ առանց կիսաեզրափակիչին մասնակցելու, քանի որ այդ չորս երկիրները ունեցած են նիւթական մեծ ներդրումներ մրցոյթներու կազմակերպման ուղղութեամբ։ Գերմանիան «Մեծ քառեակ»էն տակաւին միակ երկիրն է, որ դափնեկիր եղած է մրցոյթին՝ 2000 թուականին «Մեծ քառեակ»ի ստեղծումէն յետոյ:
2010 թուականի Դեկտեմբերին Իտալիան նոյնպէս ընդգրկուեցաւ «Մեծ քառեակ»ի կազմի մէջ եւ ան անուանուեցաւ «Մեծ հնգեակ»։ Այս պարագային յառաջացան հակասութիւններ եւ այդ պատճառով Թուրքիան հրաժարեցաւ մասնակցիլ 2013 թուականի մրցոյթին։
Մրցոյթի պատմութեան մէջ ամենաշատ դափնեկիր եղած է Իրլանտան՝ եօթ անգամ, երեք անգամ այդ երկիրը յաղթած է անընդմէջ՝ 1992 թուականին, 1993 թուականին եւ 1994 թուականին։ Ֆրանսան, Լիւքսեմպուրկը, Մեծն Բրիտանիան եւ Շուէտը երկրորդ ամենաշատ յաղթանակ տօնած երկիրներն են՝ անոնք դափնեկիր եղած են հինգ անգամ։
Մրցոյթի վաղ տարիներուն «աւանդա-կան» յաղթողներ կը նկատուէին Ֆրանսան, Հոլանտան եւ Լիւքսեմպուրկը, սակայն այդ երկիրներու յաջողութիւնը սկսած է նուազիլ վերջին տասնամեակներու ընթացքին։
21-րդ դարու առաջին տարիներուն մրցոյթը ունեցած է կարգ մը նոր դափնեկիր երկիրներ, հակառակ անոր, որ այդ երկիրներէն քանի մը հատը առաջին անգամ կը մասնակցէին։
2007 թուականին Սերպիան որպէս անկախ պետութիւն առաջին իսկ մասնակցութեան տարուան ընթացքին յաղթանակ տարած է, իսկ 2011 թուականի մրցոյթին առաջին անգամ դափնեկիր եղած է Ատրպէճանը, որ «Եւրոտեսիլ»ին առաջին անգամ մասնակցութիւն բերած է 2008 թուականին:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Մինչեւ այսօր Հայաստան «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթին ներկայացուցած է ինն երգ, որոնցմէ վեցը ամբողջութեամբ անգլերէնով եղած է, իսկ միւս երեքը՝ անգլերէն եւ հայերէն։ Հետաքրքրական դիտարկում մը կայ նաեւ կապուած երգերու լեզուի հետ: Կանոնը, որով ամէն մէկ երկրէ կը պահան-ջըւէր երգել իր ազգային լեզուով, տարիներու ընթացքին փոխուած է այդ կանոնը: 1956-1965 թուականներու միջեւ երգերը կրնային ըլլալ որեւէ լեզուով, սակայն 1966 թուականի կանոնները կը պահանջէին, որ երգերը ըլլան երկրի պաշտօնական լեզուով։ Լեզուներու այս սահմանափակումը շարունակուեցաւ մինչեւ 1973 թուականը, որմէ ետք այս կանոնը չեղեալ նկատուեցաւ, եւ կատարողները կրկին հնարաւորութիւն ունէին երգել իրենց ընտրած լեզուով։
1977 թուականին Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը կրկին վերադարձաւ ազգային լեզուի սահմանափակման, եւ այդ ամէնը շարունակուեցաւ մինչեւ 1999 թուականը, երբ երկիրներուն կրկին հնարաւորութիւն տրուեցաւ երգել այն լեզուով, որով իրենք կը փափաքէին: Շնորհիւ այս որոշման՝ 2003 թուականին Պելժիան ներկայացուց երգ մը, որ յօրինուած լեզուով էր: Հետագային այլ երկիրներ նոյնպէս իրենց ազգային լեզուներու հետ միասին երգին մէջ յօրինուած լեզուով բառեր գործածեցին:
Այս տարի Հայաստանը «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին կը ներկայանայ մասնաւորապէս «Եւրոտեսիլ»ին մասնակցելու նպատակով ստեղծուած «Genealo-gy» խումբին միջոցաւ, որ կազմուած է վեց երգիչներէ: Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը, ոգեշնչուելով այս տարուան խորհրդանիշ անմոռուկի գաղափարով, որոշած է համախմբել աշխարհի հինգ ցամաքամասերու վրայ (Եւրոպա, Ասիա, Ամերիկա, Ափրիկէ, Աւստրալիա) սփռուած հայ ժողովուրդի նոր սերունդը: Խումբին մաս կը կազմեն հայ ծագումով հինգ երգիչներ, որոնք կը զուգակցուին անմոռուկի հինգ թերթիկներուն հետ, իսկ Հայաստանէն անոնց միացած է մասնակից մը եւս, որ խորհրդանշականօրէն կը համախմբէ թերթիկները: Խումբը այսօր Վիեննայի մէջ կ՚երգէ «Face the Shadow» («Առերեսուէ՛ ստուերին») անգլերէն երգը:
ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
«Genealogy» խումբին անդամները, զորս այսօր կը տեսնենք եւրոտեսիլեան բեմէն, հակառակ իրենց երիտասարդ տարիքին, իրենց երկիրներու մէջ յաջողած երիտասարդներ են, եւ ունին երաժշտական հետաքրքրական կենսագրութիւններ: Խումբի անդամներն են Եսայի Ալթունեան՝ Ֆրանսայէն, Թամար Կապրիէլեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Վահէ Թիլպեան՝ Եթովպիայէն, Ստեֆանի Թոփալեան՝ Ճաբոնէն, Մերի-Ճին Անայիս Օ՚Տոհերտի Պասմա-ճեան՝ Աւստրալիայէն եւ Ինկա Արշակեան՝ Հայաստանէն:
ԵՍԱՅԻ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ
Եսայի Ալթունեան ֆրանսահայ երգիչ, երգահան, դաշնակահար եւ դերասան է, ծնած է 1980 թուականին։ Տասներկու տարեկանին Եսային գրած է իր առաջին երգը, իսկ տասնինն տարեկանին պայմանագիր ստորագրած է Sony France-ի հետ, որպէս «Ideal-3» քաղաքային փոփ խումբի հիմնական կատարող։ Ընդգրկուելով «Pardonne-moi»ի լաւագոյն տասնեակին մէջ, խումբի երգերը կը հնչէին ֆրանսական բոլոր յառաջատար ռատիօկայաններէն. ինչպէս՝ NRJ-ն եւ Fun Radio-ն։ Խումբը համերգային հիւրախաղերով ճամբորդած է ժամանակի բոլոր խոշոր տարածքներով։ Երբ Եսային արդէն քսանմէկ տարեկան էր, լքած է խումբը ու պայմանագիր ստորագրած՝ Mercury Universal-ի հետ։ Որպէս մենակատար ան սկսած է առաջարկներ եւ հրաւէրներ ստանալ հեռուստատեսային հաղորդումներէ, ինչպէս նաեւ հրաւէրներ ստացած է աջակցելու համար այլ երգիչներու: Եսային համագործակցած է Jenifer-ի հետ եւ անոր ձայներիզին համար գրած է երգեր, որոնք արժանացած են Diamond Plaque մրցանակին։ Յայտնուելով Gerard Presgurvic-ի երաժշտական «Romeo and Juliet» կատակերգութեան Count Paris-ի դերին մէջ, հայազգի դերասան Եսայի Ալթունեան գերած է բազմաթիւ հանդիսականներու սրտերը Ֆրանսայի, Պելժիոյ եւ Զուիեցերիոյ մէջ։ Շոուի ձայներիզը վա-ճառուած է աւելի քան երկու միլիոն օրինակով։ Շուտով Ֆրանսայի առաջին տիկինը՝ Պեռնատէթ Շիրակ, խնդրած է անկէ ստեղծել «Un peu de moi»ն, որ կարճ ժամանակի մէջ մեծաքանակ վաճառքի արդիւնքին դարձած է Golden Record: Իր երաժշտական գործունէութիւնը Եսայի Ալթունեան այժմ կը շարունակէ Ֆրանսայի մէջ:
ԹԱՄԱՐ ԿԱՊՐԻԷԼԵԱՆ
Թամար Մարտիրոսեան, ծանօթ որպէս՝ Թամար Կապրիէլեան, ծնած է 1986 թուականին, Սքոթստէյլ, Արիզոնա, Միացեալ Նահանգներ բնակող հայ ծնողներէ, բայց մեծցած է Ճորճիա եւ Գալիֆորնիա նահանգներուն մէջ։ Կապրիէլեան երգչուհիի մօր օրիորդական մականունն է, որ երգչուհին ընտրած է ի պատիւ իր մեծհօր, որ մահացած է երիտասարդ տարիքին: Թամար Կապրիէլեան աներեւակայելիօրէն հպարտ է իր ծագումով եւ կը փափաքի, որ ամէն մարդ գիտնայ իր հայ ըլլալուն մասին։ Անոր մեծհայրերն ու մեծմայրերը Միացեալ Նահանգներ հաստատուած են Միջին Արեւելքէն: Ունի հինգ ձայնագրուած ալպոմ:
ՎԱՀԷ ԹԻԼՊԵԱՆ
Երիտասարդ այս երգիչը ծնած է 1980 թուականին, Եթովպիա, Ատիս Ապեպա։ Հայկական արմատներով եթովպիացի երգիչ, երաժիշտ, պարող է, որ ուսանած է Գանատա, ու վերադառնալով Եթովպիա, երաժշտական բազմաժանր գործունէութիւն կը ծաւալէ Ատիս Ապեպայի մէջ: Վահէ Թիլպեան երաժշտութեամբ լրջօրէն սկսած է զբաղիլ 2008 թուականէն ի վեր։ Ունի ձայնագրուած ալպոմներ:
ՍՏԵՖԱՆԻ ԹՈՓԱԼԵԱՆ
«Genealogy» խումբի երիտասարդուհիներէն Ստեֆանի Թոփալեան ծնած է 1987 թուականին, Միացեալ Նահանգներ։ Անոր հայրը հայ է, իսկ մայրը՝ ճաբոնուհի: Երգել սկսած է տասներեք տարեկանին։ Ստեֆանիի երգերը լայն արձագանգ գտած են ճաբոնական «Անիմէ» շարժապատկերներուն մէջ: Որպէս դերասանուհի՝ Ստեֆանի Թոփալեան իր առաջին քայլերը առած է «Pride» շարժանկարին մէջ՝ 2009 թուականին: Ստեֆանի Թոփալեան ծնած է 1987 թուականին, Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ, այժմ ան կը բնակի Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիօ: Հակառակ, որ Ստեֆանին այժմ կը բնակի հայութենէն հեռու, բայց ան հաւատարիմ է հայկական արմատներուն եւ շատ կապուած է իր մեծմօրը հետ, որ հայուհի մըն է: Ճաբոնական հեղինակաւոր երաժշտական «Japan records awards» 49-րդ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ ան ստացած է «Լաւագոյն նորայայտ արուեստագէտ» մրցանակը եւ 2007 թուականին թողարկած է երկու ալպոմ:
ՄԵՐԻ-ՃԻՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ
Այս երգչուհիի ամբողջական անունն է Մերի-Ճին Անայիս Օ՚Տոհերտի Պասմաճեան, որ ծնած է 1982 թուականին։ Ան կը նկատուի ամերիկացի օփերայի երգչուհի՝ աւստրալական եւ հայկական արմատներով։ «Եւրոտեսիլ»ի մրցոյթին ընտրուած է իբրեւ Աւստրալիոյ մասնակից:
2013 թուականին երգչուհին դափնեկիր եղած է Ֆրանսայի մէջ կայացած «Փարիզի օփերային մրցանակաբաշխութեան» ժամանակ (Paris Opera Awards):
ԻՆԿԱ ԱՐՇԱԿԵԱՆ
Ինկա Արշակեան ծնած է Երեւան, 1982 թուականին: Ան իր քրոջ՝ Անուշ Արշակեանի հետ անգամ մը եւս զուգերգով մասնակցած է «Եւրոտեսիլ» մրցոյթին՝ 2009 թուականին, Մոսկուայի մէջ, ներկայացնելով Հայաստանը: Այս տարի Ինկա Արշակեան ընտրուած է իբրեւ «Genealogy» խումբի հայաստանեան անդամ: Երգչուհին Հայաստանի վաստակաւոր արթիսթ կոչումը ունի եւ իր կատարումներով բաւական ծանօթ է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ: Ստացած է երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն:
Այս վեց երգիչներէն իւրաքանչիւրը ունի ինքնուրոյն ճանապարհ, բայց այսօր անոնք կը ներկայանան միասին, ներկայացնելով մէկ պատմութիւն:
«Եւրոտեսիլ»ի միւս երեք մրցումները տեղի պիտի ունենան 21 եւ 23 Մայիսին: Հայկական խումբի մասնակցութեան հետեւող կազմակերպիչ խումբը ամբողջ աշխարհի հայերուն կոչ կ՚ընէ քուէարկել յօգուտ հայկական խումբին՝ ակնկալելով, որ հայկական մասնակցութիւնը այս տարի ըլլայ հնարաւորինս ընդգրկուն մակարդակով եւ Հայաստանը ներկայացնող խումբը տօնէ յաղթանակ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ