ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՃԱԶԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՓԱՌԱՏՕՆ

Աշ­նան շրջա­նին Ե­րե­ւա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քի աշ­խու­ժու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի՝ տե­սա­կա­ւոր ծրագ­րե­րով։ Նա­խըն­թաց օր սկսաւ «Ե­րե­ւա­նի ճա­զի փա­ռա­տօ­նը»։ Հայ­կա­կան ճա­զի ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ կը կազ­մա­կեր­պուի այս փա­ռա­տօ­նը, ո­րուն շրջագ­ծով այս տա­րի կ՚ապ­րուի ան­նա­խըն­թաց ո­գե­ւո­րու­թիւն՝ այս ե­րաժշ­տու­թեան ճիւ­ղին հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի մօ­տիկ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտնե­լուն զու­գա­հեռ։

Հա­մերգ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն թէ՛ հայ եւ թէ օ­տար ա­րուես­տա­գէտ­ներ, ո­րոնց կա­տա­րում­նե­րը ճա­զի հայ հա­մա­կիր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կը վե­րա­ծուին իս­կա­կան վա­յել­քի։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015