«ԱՆԾԱՆՕԹ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
Երեւանի «Վերսուս սթիւտիօ»ին կողմէ արտադրուած փաստավաւերագրական ժապաւէնները կը շարունակեն անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ զանազան հարթակներու վրայ։ «Վերսուս»ի կողմէ պատրաստուած եզակի գործերէն մին՝ «Անծանօթ իմ հայրենիք»ը վերջերս ցուցադրուեցաւ Փարիզի մէջ։ Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի Հայկական ամպիոնին նախաձեռնութեամբ վերջերս ցուցադրուեցաւ «Անծանօթ իմ հայրենիք»ը։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ստեղծագործական խումբի գլխաւոր երեք դէմքերը՝ Տիգրան Պասկեւիչեան, Արա Շիրինեան եւ Սաթենիկ Ֆարամազեան։ Ցուցադրութեան յաջորդեց նաեւ ասուլիսի բաժին մը։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հիւրընկալ ամպիոնի դասախօսներէն Թալին Տէր-Մինասեան։ Ապա ներկայացուեցաւ ֆիլմը, որմէ վերջ անոր հեղինակը՝ Տիգրան Պասկեւիչեան մանրամասն պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած զանազան հարցումներուն։
Հարկ է նշել, որ Տիգրան Պասկեւիչեան եւ իր գործակից ընկերները վերջերս Ֆրանսա այցելեցին այս ժապաւէնին շարունակութիւնը պատրաստելու ճանապարհին՝ հարցազրոյցներ իրականացնելու նպատակով։ Արդարեւ, փաստավաւերագրական գործը կը վերաբերի Բ. Աշխարհամարտին յաջորդած՝ դէպի Սովետական Հայաստան ներգաղթին։ Անծայրածիր այս նիւթը Տիգրան Պասկեւիչեան եւ իր ընկերները հետաքրքիրներուն կը մատուցեն մաս առ մաս։ Հարկ է նշել, որ անոնք յաջողած են լաւ սահմանում մը նախատեսել՝ նիւթը համապարափակ եւ առաւելագոյնս հետաքրքրական ներկայացնելու տեսակէտէ։
«Անծանօթ իմ հայրենիք»ի ներկայացումը արձագանգ գտած է նաեւ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս կապակցութեամբ թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանին կողմէ գրի առնուած տպաւորութիւնները։
*
Կան ֆիլմեր, որոնք չեն պատմուիր, պէտք է դիտուին։ Այդպէս է Տիգրան Պասկեւիչեանի պատրաստած ժապաւէնը՝ փաստագրական, վաւերագրական երեք տեսաֆիլմերու շարքէն, «Անծանօթ իմ հայրենիք» վերնագրով, նուիրուած 1946-1949 թուականներու «մեծ հայրենադարձութեան» կամ ներգաղթի իրադարձութիւններուն։ Այս շարքին առաջինը ցուցադրուեցաւ Մարտ 11-ին, ԻՆԱԼՔՕ-ի մէջ, Թալին Տէր-Մինասեանի նախաձեռնութեամբ։ Ներկայ էին շուրջ քառասուն արուեստասէրներ, մեծ մասամբ ԻՆԱԼՔՕ-ի շրջանակէն. կը մասնակցէին Տիգրան Պասկեւիչեան եւ իր գործընկերները, որոնք Ֆրանսա եկած էին նաեւ զանազան վաւերագրութիւններ հաւաքագրելու համար՝ հետագային տեսաֆիլմերու երկրորդ եւ երրորդ շարքերը ամբողջացնելու նպատակով։
Առաջին տեսաժապաւէնը՝ «Անծանօթ իմ հայրենիք» նուիրուած էր ներգաղթին, ունի պատմական բաժին մը, ուր օգտագործուած են սովետական պետական արխիւներէն հանուած տեսանիւթեր, ինչպէս երեք մեծերու՝ Ստալինի, Չըրչիլի եւ Ռուզվելթի հանդիպումը Մոսկուայի մէջ, «Ռոսիա» շոգենաւուն վրայ ներգաղթողներուն պարերը, դէմքերը…։
Տեսաժապաւէնը հարուստ է վկայութիւններով։ Հոն տեղ գտած են ներգաղթողներու ընտանիքներուն շառաւիղներուն տեսագրուած բազմաթիւ վկայութիւնները եւ այսօրուան ակնոցով դիտուած՝ պատմաբաններուն տեսակէտները, թէ ինչպէս կ՚արժեւորեն այդ ժամանակաշրջանը։
Ժապաւէնը յատկանշական է անշուշտ այն առումով, որ ներգաղթողներէն շատեր արդէն մեկնած են այս աշխարհէն, բայց յիշողութիւնները կ՚ապրին զաւակներուն շնորհիւ, որոնք կը նկարագրեն իրենց ապրած ներգաղթը, Սովետական իշխանութիւններու անփութութիւնը, խաբկանքը, իրենց կրած զրկանքները, Սիպիր աքսորները, գործուած կարգ մը սպանութիւնները, նաեւ անկէ առաջ տիրող մթնոլորտը՝ ներկուսակցական բախումները, եկեղեցւոյ դիրքորոշումը։
Քայլ առ քայլ կը հետեւինք վերադարձի հանգրուաններուն։ Յուսախաբութիւնը՝ երբ ներգաղթողները առաջին օրը ոտք կը կոխեն Պաթումի նաւահանգիստը եւ ուր անոնց ձեռքէն կը խլեն իրենց հետ բերած ուտեստեղէնը եւ ծովը կը թափեն, ըսելով թէ արտասահմանէն բերուածը կրնայ վարակիչ հիւանդութիւններ պարունակել…։ Այնուհետեւ գաղթողները որոշ յոյսերով լեցուած գնացքով ճամբայ կ՚ելլեն դէպի Հայաստան։ Այնտեղ անակնկալ ընդունելութեան կ՚արժանանան, քանի որ ներգաղթողներուն տրամադրելի շատ քիչ բնակարաններ կառուցուած էին եւ մանաւա՛նդ Երկրին մէջ կը տիրէր սով, անապահովութիւն…։ Այս թշուառներէն շատ քիչեր Երեւան կը փոխադրուին, իսկ անոնցմէ շատեր կը ղրկուին մերձակայ շրջանները, ուր սարսափելի պայմաններու տակ բնակութիւն կը հաստատեն, երբեմն նոյնիսկ ախոռներու մէջ եւ կենդանիներու քով խռնուած քարշ կու տան իրենց գոյութիւնը։ Ժապաւէնին մէջ կը ցուցադրուին այս տեսակ կենցաղի մասին վկայութիւններ, որոնք կը վերաբերին նաեւ գաղթականներու վարչական դժուարութիւններուն, երբ անոնց իրերը կա՛մ կը բռնագրաւուին կամ ալ հակառակ պարագային ժողովուրդը ստիպուած ծախու կը հանէ իր ունեցած-չունեցածը՝ կահ-կարասի, հագուստ, որոնք արտասահմանէն բերուած ըլլալով յարգի էին։ Այս ամէնուն կը գումարուին արգելքները, խստութիւնները, կուսակցական հարցապնդումները, սովետական ուղեղ-լուացութեան մեթոտները, որոնց արդիւնքին ներգաղթողներէն շատեր կը ղրկուին Սիպիրի կուլակները։ Ասոնք բացառիկ վկայութիւններ են հասկնալու համար այն օրերու անցուդարձերը։
Ժապաւէնի վերջին բաժնին մէջ ակնարկներ կան ներգաղթողներու Սփիւռքի ազգականներուն մասին, որոնք փափաքած են ներգաղթել, բայց կա՛մ ուշ արձանագրուած են կամ ալ պարզապէս այլեւս տեղ չէ մնացած անոնց համար։ Ծուղակը ինկած ներգաղթողները թաքուն ձեւերով իրենց բարեկամներուն տեղեկացուցած են՝ հրաժարիլ դէպի Երկիր գաղթելէ…։ Հետաքրքրական են գաղտնագիրներով փոխանցուած տեղեկութիւնները, օրինակ՝ մէկը իր ազգականին կ՚ըսէ՝ «գալու ատեն ձեզի հետ բերէք նաեւ ձեր քոյրերն ու մօրաքոյրը…», իսկ այս վերջինները շատոնց արդէն մահացած ըլլալով արտասահմանի ազգականը կ՚անդրադառնար, թէ հոն մեռելային կացութիւն կը տիրէ…։
Անհամբեր կը սպասենք Տիգրան Պասկեւիչեանի ժապաւէնի յաջորդ բաժիններուն, որպէսզի ներգաղթի ծրագրին ամբողջական պատկերացումը ունենանք։ «Անծանօթ իմ հայրենիք»ի երկրորդ մասը պիտի յատկացուի մասնաւորաբար հայաստանեան հարցաքննութիւններուն եւ դէպի կուլակ աքսորավայրերուն, իսկ վերջին հատուածը նուիրուած է ներգաղթողներու արտագաղթի շարժումին։
Ցուցադրութեան աւարտին բազմաթիւ հարցումներ ուղղուեցան։ Եղան վկայութիւններ ներգաղթած արտագաղթողներու…։
Անկասկած նորէն առիթ կ՚ըլլայ ցուցադրելու այս արժէքաւոր տեսանիւթը։