ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ
Իտալիոյ ամենանշանաւոր գրողներէն է Էտմոնտօ տը Ամիչիս: Անոր «Սիրտը» վիպակը (իտալերէնով հրատարակուած 1886 թուականին) թարգմանուած է աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու՝ հռչակ բերելով գրողին: Ատկէ զատ, գրողը հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, որոնց մէջ ան նկարագրած է իր ժամանակաշրջանի Իտալիոյ կեանքը՝ դպրոցական, կրթական հարցերէն մինչեւ ընկերային վիճակ, աղքատութիւն, քաղաքական հարցեր:
1908 թուականին Էտմոնտօ տը Ամիչիս առաջադրուած է գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով չէ ստացած մրցանակը: Գրականութեան ամենանշանաւոր մրցանակէն զրկուիլը ոչ մէկ կերպով անդրադարձած է անոր հռչակին, մինչեւ հիմա աշխարհի մէջ տակաւին կը թարգմանուին եւ կը հրատարակուին գրողին պատմուածքները, վիպակները, գրութիւնները, որոնք իտալացի մարդոց կեանքը պատմելէ զատ, նաեւ համամարդկային հարցերը կը շօշափեն եւ բարոյական արժէքներ կը քարոզեն:
«Սիրտը» հանրահռչակ վիպակի մէջ գրողը կը ներկայացնէ Իտալիոյ մարզերուն մէջ ապրող զանազան երեխաներու պատմութիւններ: Ատոնցմէ մէկն ալ «Տատայի հիւանդապահը» սրտառուչ պատմութիւնն է: Ռուսերէնէ թարգմանելով, կը ներկայացնենք զայն:
ՏԱՏԱՅԻ ՀԻՒԱՆԴԱՊԱՀԸ
Մարտ ամիսն էր. անձրեւոտ օր մը: Լոյսը նոր բացուած էր, առաւօտեան Նափոլի քաղաքի գլխաւոր հիւանդանոցի մուտքին մօտեցաւ երեխայ՝ մը, որ ոտքէն գլուխ անձրեւէն թրջած էր եւ ցեխոտած, թեւին տակ կապոց մը բռնած: Յայտնի էր, որ գիւղացի մանչուկ մըն է: Ան մօտեցաւ դռնապանին, թուղթ մը երկարեց՝ կ՚ուզէր գիտնալ իր հօր գտնուելու տեղը՝ այդ հիւանդանոցին մէջ:
Արտաքնապէս գեղեցիկ տղեկ մըն էր՝ երեսը թուխ, հաւկթաձեւ գիծերով, աչքերը կարծես մտածկոտ էին, ակնառու էին անոր հաստ շուրթերը, որոնց արանքէն կը փայլէին շատ ճերմակ ակռաները:
Քաղաքի շրջակայքը գիւղեր կային, եւ ան այդ գիւղերէն մէկէն եկած էր: Պատմութիւն մը ունէր. մէկ տարի առաջ անոր հայրը Ֆրանսա մեկնած էր՝ աշխատելու: Երբ տուն պիտի վերադառնար, կանգ առած էր Նափոլիի մէջ, ուր անսպասելի հիւանդացած եւ հիւանդանոց ինկած էր: Ան հազիւ կրցած էր նամակ մը ղրկել ընտանիքին՝ ըսելով, որ ինք հիւանդ է, հիւանդանոցն է:
Ընտանիքը, նամակը ստանալուն պէս վշտացած է, անոր կինը մանաւանդ շատ փափաքած է ճամբայ ելլել եւ ամուսինին քով երթալ, բայց անկարելի էր տունը անտէր թողուլ. մէկ երեխան հիւանդ պառկած էր, իսկ միւսը իր կաթով կը կերակրուէր: Այսպէսով, կինը դրամ կը տնտեսէ եւ աւագ զաւակին՝ որդիին, յանձնարարելով կը ղրկէ Նափոլի, որ երթայ իր տատային քով: Տատա. տղան ալ բոլոր փոքրիկ իտալացի մանչուկներուն պէս այսպէ՛ս կը դիմէր իր հօրը: Եւ տղան ճանապարհ կ՚իյնայ, երեսուն մղոն ճանապարհ կը կտրէ եւ վերջապէս կը հասնի Նափոլի:
Ահա հօր նամակն էր անոր ձեռքը, որպէսզի կ՚երկարէ հիւանդանոցի դռնապանը: Դռնապանը կը վերցնէ թուղթը, կը կանչէ հիւանդանոցի սպասեակը եւ կը յանձնարարէ, որ տղան առաջնորդէ՝ իր հօրը քով:
Սպասեակը կը հարցնէ.
-Ո՞վ է քու հայրդ:
Տղան կը վախնայ, ահ կը մտնէ սիրտը, կը խորհի, թէ ահա վատ լուր մը պիտի լսէ, անմիջապէս հօր անունը կու տայ: Սպասեակին անծանօթ կը թուի այդ անունը, չէր յիշեր այդպիսի անուն մը:
-Տարիքոտ հողագործ մը՞ն է:
-Այո՛, գործաւոր է, միայն թէ ծեր չէ հայրս,- սարսափած կը պատասխանէ:
-Հեռու տեղէ՞ է, կ՚ըսես… Բայց ե՞րբ եկած է մեր քովը,- կրկին կը փորձէ յիշել հիւանդանոցի աշխատակիցը:
Տղան կը ստուգէ նամակին վրայ եւ կ՚ըսէ.
-Հինգ օր է:
Սպասեակը կրկին յիշելու կը ջանայ, մտածմունքի մէջ կ՚ինայ ու կարծես կը յիշէ:
-Այո՜, ան ըլլալու է՝ չորրորդ սենեակին մէջ գտնուողը, վերջին մահճակալին պառկած է:
-Արդեօք հայրս շատ վա՞տ է, կասկածը սիրտին մէջ կը հարցնէ տղան:
Սպասեակը առանց խօսք մը ըսելու մէյ մը կը նայի տղային եւ կ՚ըսէ.
-Եկո՛ւր երթանք, տես:
Անոնք կ՚ելլեն աստիճաններով, կ՚անցնին միջանցքէն եւ կը հասնին մեծ սենեակ մը, ուր երկու կարգով մահճակալներ դրուած էին: Սենեակը մաքուր էր:
-Առաջ երթանք, ըսաւ հիւանդանոցի աշխատակիցը:
Տղան լուռ, ենթարկուած կ՚երթար անոր ետեւէն, բայց սարսափը չէր լքեր անոր, անընդհատ շուրջը կը նայէր՝ բան մը հասկնալու: Իսկ շուրջը միայն հիւանդ, տկար մարդիկ էինք, որոնց դեղնած դէմքերուն տանջանք կար: Քանի մը հոգի գոց աչքերով պառկած էին, տղան զանոնք մեռելներու նմանցուց, միւսները սեւեռուն, վախցած աչքերով կը նայէին իրենց դիմացը, ուրիշներ երեխաներու պէս կը նուային: Սենեակին մէջ լուսաւորութիւն չկար, իսկ օդին մէջ կախուած էր դեղերու ծանր հոտը: Երկու հիւանդապահուհիներ կ՚անցնէին անկողիններուն մօտէն, անոնց ձեռքին դեղերու սրուակներ կային:
-Ահա եւ քու հայրդ, ըսաւ սպասեակը, մէկ կողմ տանելով մահճակալներէն մէկուն շղարշը:
Հոն պառկած մարդուն ձեռքը անշարժ կերպով դրուած էր վերմակին վրայ: Տղան բռնեց այդ ձեռքը եւ լալագին ինկաւ հօր վրայ: Հիւանդը նոյնիսկ չշարժեցաւ: Տղան ելաւ եւ սկսաւ միալար լալ: Միեւնոյն ժամանակ կը նայէր հօրը, երկար նայեցաւ, հօրը այդ վիճակին մէջ ճանչնալու ճիգեր ըրաւ եւ ոչ մէկ խօսք ըսաւ: Հայրը անասելի ձեւով փոխուած էր, որդին իրապէս չճանչցաւ հայրը, որ ճերմկցած էր, երեսին մազերը երկնցած էին, դէմքը ուռած էր, մորթը՝ սեւցած, աչքերը չէին երեւիր, իսկ շրթունքները թուլցած, կախուած էին: Ասիկա լման ուրիշ դէմք մըն էր: Տղան հարազատ զգաց միայն ճակատը եւ յօնքերը, որոնք նմանցուց հօր ճակատին եւ յօնքերուն:
-Տատաս, իմ տատաս, ե՛ս եմ, ճանչցա՞ր, հօրը դիմեց տղան, ես քու Չիչիլիոն են, գիւղէն քովդ եկայ, մաման ղրկեց զիս: Հապա նայէ, միթէ՞ չես ճանչնար, բառ մը ըսէ…
Հիւանդը նայեցաւ եւ կրկին գոցեց աչքերը:
-Տատա՛, տղադ եմ, քու Չիչիլիօ տղադ:
Բայց հայրը չէր շարժեր, միայն ծանր կը շնչէր: Տղան աթոռը քաշեց, մօտեցաւ մահճակալին, նստաւ եւ կը սպասէր՝ աչքը մէկ վայրկեան իսկ չհեռացնելով հօրմէն:
Ան կը խորհէր հետեւեալը. «Հաւանաբար շուտով կը մօտենայ բժիշկը եւ կը բացատրէ, թէ ի՛նչ պատահած է»:
Ու այդպէս ինկաւ խոր միտքերու մէջ, կը մտածէր հօրը մասին, յիշեց այն օրը, երբ հայրը ճամբայ ինկաւ դէպի Ֆրանսա՝ աշխատելու, ինչպէս իրենք բոլորը շոգենաւին մէջ հրաժեշտ տուին՝ սպասելիքներով, հակառակ որ օտարութեան կ՚երթար: Յիշեց, թէ մայրը որքան վշտացաւ, երբ անկէ ստացաւ վերջին այդ նամակը: Հազարումէկ մտածումներով՝ տղան կը մտածէր հօր մահուան մասին, արդէն կը պատկերացնէր անոր մահացած, իսկ մայրը կ՚երեւակայէր սեւազգեստ, ընտանիքն ալ՝ նետուած աղքատութեան, յուսահատութեան գիրկը:
Զգաց, որ ժամանակը կանգ առած էր: Ու այդ միտքերուն մէջ մէկը ձեռքը անաղմուկ դրաւ տղայի ուսին: Տղան ցնցուեցաւ, նայեցաւ՝ իր քովը միանձնուհի մը կեցած էր:
-Ի՞նչ պատահած է իմ հօրս, անմիջապէս հարցուց:
-Հըմմ, ասիկա քու հա՞յրդ է, գորովանքով հարցուց միանձնուհին:
-Այո՛, գիւղէն եկած եմ, ի՞նչ ունի իմ հայրս, ի՞նչ հիւանդ է:
-Շուտով կու գայ բժիշկը, պատասխանեց միանձնուհին եւ հեռացաւ:
Կէս ժամ յետոյ զանգակ մը հնչեց: Ներս մտաւ բժիշկը՝ իր օգնականին հետ, անոնց հետ նաեւ երկու հիւանդապահուհիներ կային: Անոնք կարգով կը նայէին բոլոր հիւանդներուն՝ կենալով մահճակալներուն քով: Տղան զգացողութիւն ունէր, թէ անոնք իրենց զննումը երբեք պիտի չաւարտեն եւ իր հօրը երբեք պիտի չհասնին: Մտահոգ էր ու անհամբեր:
Վերջապէս մօտեցան, սկսան տղայի հօր դրացի մահճակալին հիւանդը զննել: Տղան տեսաւ, որ բժիշկը ծեր մարդ մըն էր՝ բարձրահասակ, բայց քիչ մը կուզ կռնակով, դէմքն ալ խիստ էր: Տակաւին չէին մօտեցած իրենց, տղան ելաւ տեղէն, արդէն մօտեցան, բժիշկը նայեցաւ հօրը, ապա նայեցաւ տղային, տեսաւ, որ ան լալու սկսաւ:
-Հիւանդի տղան է, առտու եկած է իրենց գիւղէն, բացատրեց հիւանդապահուհիներէն մէկը:
Բժիշկը ձեռքը դրաւ տղայի ուսին, հակեցաւ դէպի անոր հայրը, զննեց վիզին երակը եւ գլուխը շարժելով ցած ձայնով բան մը հարցուց հիւանդապահուհիին:
-Նոյնն է, պատասխանեց բոյժքոյրը:
-Ամէն բան նոյն ձեւով շարունակեցէք:
Տղան սրտապնդուելով բժշկին հարցուց.
-Ի՞նչ եղած է իմ հօրս:
-Մի՛ վախնար, տղաս, պատասխանեց բժիշկը, ան ռոճա ունի, ասիկա լուրջ հիւանդութիւն մըն է, բայց տակաւին յոյս կայ, որ կ՚ապրի: Դուն կեցիր իր քովը: Ան աւելի հանգիստ կը զգայ, եթէ դուն իր քովը ըլլաս:
-Բայց ան ինծի չճանչցաւ, տխուր հեծկլտաց տղան:
-Կը ճանչնայ: Թերեւս վաղն ալ ճանչնայ, պիտի յուսանք, չյուսահատինք, դուն ամուր եղի՛ր:
Այդպէս, գիւղէն հօրը տեսութեան եկած տղան դարձաւ հիւանդապահ: Ան կը խնամէր հայրը իր կրցածին չափ, կը շտկէր վերմակը, անմիջապէս որ տնքոց կամ ձայն մը լսէր, կը թեքուէր դէպի հայրը: Երբ քոյրը հեղուկ մը կամ խմելու բան մը կը բերէր՝ կը վերցնէր գաւաթը եւ դգալ-դգալ կու տար հօրը: Հայրը կը նայէր, բայց յայտնի էր, որ տակաւին չէր ճանչնար որդին: Որդին կը նկատէր, որ ամէն օր քիչ-քիչ հօրը հայեացքը աւելի երկար կը կենար իր վրայ, մանաւանդ այն ժամանակ, երբ կու լար եւ կը սրբէր արցունքները: Օրէ օր երկար նայող այդ հայեացքը կը մխիթարէր տղան:
Այդպէս կը գլտորուէին օրերը: Գիշերը տղան կը քնանար անկիւնը դրուած երկու աթոռակներուն վրայ, իսկ առտուները կը մօտենար հօր անկողինին: Օր մը անոր թուեցաւ, թէ հօր աչքերուն մէջ բան մը շողաց, կարծես բան մը կը մտածէր, նոյնիսկ գգուանք մը տեսաւ աչքերուն մէջ: Հօր աչքերը փաղաքուշ կը դառնային, երբ լսէին որդիին ձայնը: Անգամ մը հայրը նոյնիսկ շարժեց շրթունքները, բան մը ըսել ուզեց… Փոքր ինչ հանգչելէ յետոյ հայրը բացաւ աչքերը եւ սկսաւ որոնել որդին: Բժիշկը նկատեց, որ հայրը դէպի լաւը կ՚երթայ: Երեկոյեան, կերակուր տալու ժամանակ որդին նկատեց, որ հայրը ժպտեցաւ, կամ ալ այդպէս թուեցաւ իրեն: Այդ մէկը կրկին մխիթարանք էր՝ գուցէ՞ հայրը ամէն ինչ կը լսէ եւ կը հասկնայ:
Այդ մխիթարանքը իր մէջ՝ տղան սկսաւ խօսիլ: Ան հօրը նայելով կը պատմէր մօր եւ փոքր քոյրերուն մասին, կ՚ըսէր, որ ինքն ու հայրը միասին պիտի վերադառնան տուն, կը սրտապնդէր հայրը, տաքուկ եւ սիրալիր խօսքեր կ՚ըսէր: Այդ ամբողջ ընթացքին Չիչիլիոն երբեմն կը կասկածէր՝ կը հասկնա՞յ հայրը, թէ՞ ոչ, բայց եւ այնպէս, կը շարունակէր խօսիլ, խօսիլ, քանի կը զգար, որ հայրը գոհ էր, երբ ինք կը խօսէր:
Այդպէս անցաւ եւս երեք օր: Հօր վիճակը կը տատանէր: Մէկ դէպի լաւը կ՚երթար, մէկ ալ յանկարծ կը վատանար: Չիչիլիոն ամբողջովին մտած էր այդ մթնոլորտին մէջ: Հիւանդապահ բոյժքոյրը ամէն գիշեր անոր համար կը բերէր հաց ու պանիր, ան առանց զգալու համը՝ կ՚ուտէր, ուշադրութիւն չէր դարձներ նոյնիսկ, թէ ի՛նչ կը կատարուէր սենեակին մէջ: Հիւանդներէն ոմանք կը մեռնէին: Գիշերը բոյժքոյրերը կը վազէին այս ու այն կողմ, կու լային, կը վշտանային, տղայի շուրջը հիւանդանոցային ծանր դէպքեր կը կատարուէին, որոնցմէ ինք ընդհանրապէս կը վախնար, բայց այդ օրերուն անտարբեր էր: Օրերը, ժամերը կը յաջորդէին մէկը միւսին: Չիչիլիոն այդ ամբողջ ժամանակ միայն հօրը հոգերուն հետ էր՝ կը ցնցուէր անոր ամէն մէկ տնքոցէն, շարժումէն, յոյս կու տար, բայց երբեմն ալ ինք յուսահատ կը նստէր:
Հինգերորդ օրը հայրը յանկարծ վատացաւ: Բժիշկը գլուխը տարուբերեց, որ կարծես կը նշանակէր՝ ամէն ինչ վերջացաւ: Չիչիլիոն լալու սկսաւ: Հայրը իրապէս վատ էր, բայց տղան նկատեց, որ հայրը գիտակցութեան եկած է: Ան աւելի ուշադիր կը զննէր տղան, կը խմէր միայն տղայի ձեռքէն տրուած հեղուկը, անգամ փորձեց խօսիլ: Տղան այդ ամէն ինչը այնքան յստակ կը տեսնէր, որ կը բռնէր ձեռքը եւ այնպէ՜ս կը հաւատար, որ բժիշկը սխալած է, թէ հայրը պիտի չառողջանայ:
-Տատա՛, չվախնաս, դուն պիտի լաւանաս, մենք միասին տուն պիտի երթանք, մայրիկը կը սպասէ, քիչ մըն ալ համբերէ…
Ժամը կէսօրէ ետք չորսն էր: Տղան նստած էր յոգնած, վախցած, բայց միշտ՝ յոյսով: Միտքերը ցաք ու ցրիւ էին: Այդ պահուն դրացի հիւանդասրահէն ձայներ լսուեցան ու մէկը լսելի ձայնով ըսաւ.
-Ցտեսութի՛ւն, քոյրիկ:
Յանկարծ Չիչիլիոն ցնցուեցաւ, ցակտեց տեղէն եւ ճչաց: Ներս մտաւ մեծ փաթոյթ մը ձեռքին մարդ մը, անոր ետեւէն ալ՝ բոյժքոյրը:
-Չիչիլիօ, բացագանչեց ան՝ վազելով դէպի որդին:
-Հայրի՜կ…
Ուրախութենէն շունչը կտրուածի պէս տղան նետուեցաւ հօր գիրկը:
Այս ու այն կողմէն վազեցին եկան բոյժքոյրերը, միւս հիւանդապահները, օգնական բժիշկը, եւ բոլորը պահ մը կեցան զարմացած: Տղան ալ համրացած էր, չէր կրնար խօսիլ:
-Իմ Չիչիլիօ,- բացագանչեց հայրը՝ անվերջ համբուրելով իր գիրկին մէջ որդին ու նայելով դէպի այն հիւանդը, որու մահճակալին քով կեցած էր տղան, զաւա՛կս, ինչպէ՞ս պատահեցաւ, քեզ ուրիշին քով տարած են, իսկ ես այնքան մտահոգ էի, որ դուն չես եկած իմ քովս, մայրդ հեռագրած էր, որ քեզ ղրկած է իմ քովս: Խե՜ղճ իմ տղաս, դուն քանի՞ օրէ ի վեր հոս ես: Ինչպէ՞ս այս շփոթը եղաւ: Այնքան կը մտածէի, գլուխս կը պայթէր, ամէն վայրկեան քեզի կը սպասէի: Դուն այս որքա՜ն մեծցած ես: Մայրդ ինչպէ՞ս է: Քոյրիկներդ ինչպէ՞ս են: Ամէնքդ ինչպէ՞ս էք: Ես այսօր պիտի ելլեմ հիւանդանոցէն, Աստուա՜ծ իմ, որո՞ւ միտքէն նման բան կ՚անցնէր. երթանք, տղա՛ս, երթանք: Չիչիլիոն խոր շունչ քաշելով անընդհատ կը կրկնէր.
-Որքա՜ն ուրախ եմ, ուրախ… Ինչքա՜ն տանջուեցայ այս օրերուն, սարսափելի էր, ու չէր ձգեր հօրը գիրկը:
-Գնանք տղա՛ս, երեկոյեան արդէն տուն կը հասնինք:
Տղան ետ նայեց դէպի այն հիւանդը, որուն կը խնամէր, ան ալ աչքերը բացած կը նայէր տղուն:
-Ո՛չ, տատա, սպասէ, ես չեմ կրնար գալ: Նայէ այս ծերուկին, հինգ օր է՝ ես հոգ կը տանիմ անոր մասին, ահա նայէ՝ ինչպէ՛ս կը դիտէ զիս: Ես եմ, որ անոր ուտելիք կու տամ, ան ինծի կը կանչէ իր աչքերով: Ես վաղը կու գամ, հիմա չեմ կրնար, չեմ կրնար ձգել այս հիւանդը, արտօնէ մնամ հոս: Չեմ գիտեր՝ ո՞վ է ան, բայց ան կ՚ուզէ, որ ես մնամ իր քովը: Ան միայնակ է եւ այդ միայնութեան մէջ կը մեռնի… Տատա՛, ձգէ մնամ:
-Ի՜նչ լաւ տղայ է, ըսաւ բժիշկին օգնականը:
Հայրը շուարած էր՝ նայելով մէկ Չիչիլիոյին, մէկ՝ անծանօթ հիւանդին:
-Ո՞վ է աս մարդը, հարցուց:
-Ան ալ գիւղացի է, ձեզի պէս, պատասխանեց օգնական բժիշկը, ան ալ հեռու տեղէ է եւ հիւանդանոց մտած է ձեզի հետ միեւնոյն օրը: Ան հոս բերած են գիտակցութիւնը կորսնցուցած, ոչինչ կրնար խօսիլ: Թերեւս ան ալ ընտանիք ունի, եւ հաւանական է, որ այս ամբողջ ընթացքին կարծած է, թէ իր զաւակներէն մին եկած է:
Այդ միջոցին հիւանդը աչքը չէր հեռացնէր տղան:
-Ուրեմն, Չիչիլիօ, կեցի՛ր, վերջապէս հայրը կողմնորոշուեցաւ:
-Կեցի՛ր հոս, կրկնեց, իսկ ես տուն երթամ եւ մայրդ հանգստացնեմ, որ հոս ես: Ահա, պահէ այս դրամը: Լաւ մնաս, տղա՛ս, ցտեսութիւն:
Ան ամուր համբուրեց տղան, նորէն նայեցաւ անոր, կրկին համբուրեց եւ դուրս ելաւ սենեակէն:
Չիչիլիոն վերադարձաւ հիւանդի մօտ, որ կարծես հանգստացաւ: Տղան կրկին մտաւ հիւանդապահի դերին մէջ: Ան այլեւս չէր լար, բայց կը խնամէր նոյն համբերատարութեամբ, ինչպէս առաջ: Նոյն ջանասիրութեամբ կը խմցնէր հեղուկները, կը շտկէր ծածկոցը, սիրալիր շարժումներ կ՚ընէր, կը խօսէր հետը:
Երկու օր յետոյ կրկին նկատեցին, որ հիւանդին դրութիւնը վատացած է: Անոր երեսը սրճագոյն դարձած էր, իսկ դէմքը՝ ուռած: Ան կը շնչէր ծանր, երբեմն բառեր կ՚ըսէր, որոնք հասկնալի չէին: Ակնյայտ էր, որ մարդը տառապանքներու մէջ էր: Այդ ժամանակ Չիչիլիոն սկսաւ աւելի ուշադիր եւ հոգատար կերպով խնամել զայն, աչքը երբեք չէր հեռացներ… Հիւանդը նոյնպէս անթարթ կը նայէր տղային եւ կ՚ուզէր բան մը ըսել, տանջալի կերպով կը շարժէր շրթունքները: Անոր աչքերը պզտիկցած էին, աղօտած, բայց այդ աչքերուն մէջ կը փայլէր ջերմ բան մը… Այդ գիշեր տղան ընդհանրապէս չքնացաւ: Առտու կանուխ եկաւ բոյժքոյրը, նայեցաւ, արագ դուրս եկաւ ու վերադարձաւ: Անոր հետ եկան բժիշկը, օգնականը եւ հիւանդապահ կին մը՝ լապտերը ձեռքին:
-Մահամերձ է, ըսաւ բժիշկը:
Չիչիլիոն բռնեց հիւանդին ձեռքը, ան մէկ երկվայրկեան բացաւ աչքերը եւ տղային այնպէս թուեցաւ, թէ սեղմեց իր ձեռքը:
-Ան իմ ձեռքս սեղմեց, բացագանչեց տղան:
Բժիշկը ծռեցաւ դէպի հիւանդը, որ այդ միջոցին շարժում մը ըրաւ: Գթութեան քոյրը պատէն վար առաւ խաչելութիւնը:
-Մահացա՞ւ, հարցուց Չիչիլիոն:
-Գնա՛, զաւակս, քու սուրբ գործդ վերջացած է: Գնա՛ եւ ուրախ եղիր, դուն լիովին արժանի ես ատոր: Աստուած օգնական, գնա՛, բարի ճանապարհ:
Այդ միջոցին բոյժքոյրը պատուհանին դրուած գաւաթէն հանեց ծաղիկներն ու երկարեց տղային:
-Ուրիշ բան մը չունինք քեզի տալու, վերցուցէք այս ծաղիկները՝ յուշ մը մեր հիւանդանոցնէն, ըսաւ ան:
-Շնորհակալ եմ ձեզմէ, պատասխանեց տղան՝ վերցնելով փունջը եւ մաքրելով արցունքը, բայց ես հեռու տեղ պիտի երթամ, այս ծաղիկները նուրբ են, կը թօշնին: Աւելի լաւ է անոնք ձգեմ հոս՝ հանգուցեալին ի յիշատակ:
Եւ ան մանուշակները դրաւ իր խնամեալի անկողինին վրայ:
-Շնորհակալ եմ ձեզմէ, քոյրիկ, շնորհակալ եմ, բժիշկ, մնաք բարով դուք ալ:
Ան դարձաւ դէպի հանգուցեալը, պահ մը մտածեց, որ անունը չի գիտեր, եւ յանկարծ բերանէն ելաւ այն սիրելի անունը, որով ինք կը կոչէր այն ծանր օրերուն:
-Մնաս բարով, տատա՛:
Չիչիլիոն վերցուց իր իրերը եւ դուրս ելաւ հիւանդասենեակէն:
Երկինքին վրայ կը ծագէր արշալոյսը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան