ՏԻՆՔՃԵԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳԸ «ՊՈՂԱԶԻՉԻ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նին մէջ կա­յա­ցաւ սփիւռ­քա­հայ սի­րուած եր­գիչ Օն­նիկ Տինք­ճեա­նի եւ իր որդ­ւոյն՝ յայտ­նի ու­տա­հար Ա­րա Տինք­ճեա­նի հա­մեր­գը։ Հե­տաքր­քիր­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը փու­թա­ցած էր ունկնդ­րե­լու ար­ժէ­քա­ւոր ուես­տա­գէտ­նե­րուն ե­լոյ­թին, որ ան­ցաւ տպա­ւո­րիչ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Օն­նիկ Տինք­ճեան որ­պէս տիգ­րա­նա­կերտ­ցի ըն­տա­նի­քի մը զա­ւա­կը, ծնած է Փա­րի­զի մէջ, հե­տա­գա­յին անց­նե­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ուր ալ ծնած է իր որ­դին՝ Ա­րա Տինք­ճեան։ Սփիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րուն մէջ Տինք­ճեան միշտ տա­րա­ծած է հայ ժո­ղովրդա­կան եր­գը, յատ­կա­պէս իր ծննդա­վայ­րը նկա­տած Տիգ­րա­նա­կեր­տի­նը։ Տաս­ներ­կու տա­րի ա­ռաջ ան ա­ռա­ջին ան­գամ այ­ցե­լած էր իր հայ­րե­նի Տիգ­րա­նա­կեր­տը, եւ քա­նի մը տա­րի ետք ալ սար­քած էր հա­մերգ մը՝ «Քար­տէշ թիւր­քիւ­լէր»ին հետ։ Տինք­ճեան ան­մի­ջա­պէս սի­րե­լի ա­նուն մը դար­ձած էր Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար եւս։ Ա­հա­ւա­սիկ, 100-ա­մեա­կի սգա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար վերս­տին Պո­լիս ե­կած էր ան։ «Ի յի­շա­տակ» հա­մեր­գին մաս­նակ­ցե­լէ ետք, Տինք­ճեան­ներ ա­ռան­ձին հա­մերգ­ներ ալ սար­քե­ցին «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։

Տինք­ճեան եւ իր նուա­գա­կից­նե­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­ցին սրա­հին մէջ, ուր ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը շուրջ­պա­րե­րով ար­ձա­գան­գեց յայտ­նի ե­րա­ժիշտ­նե­րուն մթնո­լոր­տին։ Ա­նակն­կալ մըն էր նաեւ երբ կար­կան­դակ մը բե­րուե­ցաւ բեմ եւ նշուե­ցաւ Օն­նիկ Տինք­ճեա­նի ծննդեան 86-ա­մեա­կը։ Ներ­կա­նե­րը յոտն­կայս ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին ա­ր-ուես­տա­գէ­տը, որ յայտ­նեց իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Ա­րա Տինք­ճեան, որ ը­սաւ, թէ ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի ուժ մը կը ստա­նան այս հա­սա­րա­կու­թե­նէն։

Հա­մեր­գը ա­ւար­տե­ցաւ, սա­կայն ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տը ակն­յայտ է, որ դեռ եր­կար ժա­մա­նակ պի­տի յա­մե­նայ ներ­կա­նե­րու սրտե­րուն մէ­ջ։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2015