ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Դա­ւիթ Կիւր­ջի­նեա­նի «Հա­յոց լե­զու. խօս­քա­րուես­տի դա­սա­գիրք» խո­րագ­րեալ ու­սում­նաօ­ժան­դակ ձեռ­նար­կը՝ նա­խա­տե­սուած հո­գե­ւոր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ներս գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար։  Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 140-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին նուի­րուած աշ­խա­տու­թեան մէջ ման­րազն­նին կեր­պով կը ներ­կա­յա­ցուին խօս­քի ար­ժէք­նե­րը եւ թե­րու­թիւն­նե­րը, պատ­կե­րա­ւոր­ման եւ ար­տա­յայ­տու­թեան մի­ջոց­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ո­ճա­ւո­րու­մը։ Գրքի իւ­րա­քան­չիւր նիւ­թին կը յա­ջոր­դեն խոր­հուրդ­ներ եւ տա­րաբ­նոյթ գործ­նա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­ներ։

Գիր­քը տպագ­րուած է «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015