Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԱՐԴ

Ներկայիս աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի աւելի քան ութ միլիառ մարդ, որոնց իւրաքանչիւրը կը խօսի աւելի քան եօթ հազար լեզու եւ կ՚ապրի աշխարհի եօթ տարբեր մայրցամաքի վրայ։ Ի հարկէ, դժուար է ճանչնալ այսքան մարդոց իւրաքանչիւրը եւ հասկնալ, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզեն անոնք։ Եթէ այս տարբերութիւններուն աւելցնենք տարբեր համոզումներ, կարծեմ ձեւով մը բնութագրած կ՚ըլլանք «օտարացում»ը։ Այս առումով օտարացումը, որ կրնայ նշանակել նաեւ անհամաձայնութիւն, տարբեր մշակոյթներով, լեզուով ու համոզումներով ժողովուրդներու իրարու սահմանները չհատելու համար կնքուած «լուռ համաձայնութիւն» մըն է։ Այսպէս, անձ մը իսկապէս հասկնալու համար պէտք է նախ ըմբռնել անոր լեզուն, աւանդութիւններն ու հաւատքը։ Այս կէտին հարց մը կը ծագի. թէեւ մարդիկ կը մէկտեղուին, կ՚ապրին աշխարհի տարբեր ծայրերու վրայ, սակայն ի՞նչ է մարդը։

Հազարամեակներ առաջ սկսած մարդկութեան ճանապարհորդութիւնը տակաւին կը պարունակէ առեղծուածներ եւ կը գրաւէ բազումներու ուշադրութիւնը։ Իսկ ի՞նչ է մարդը. հարցումին բացատրութիւնը տալու համար հազարաւոր մտաւորականներ գիրքեր կը կարդան, զանազան եզրակացութիւններ կ՚ընեն եւ կը փորձեն իրենց կարծիքը յայտնել այս մասին։ Արդեօք մարդը կենսաբանօրէն 23 զոյգ քրոմոզոմէ բաղկացած մարմի՞ն մըն է, թէ գործարաններու կառուցուածք մը, որու միակ նպատակն է «գոյութիւն ունենալ»։

Հետաքրքրական է, թէ յայտնի աստղագէտ Քարլ Սական փորձած է բացատրել մարդը՝ ըսելով. «Իրականութեան մէջ տիեզերք անուանուած, մեծ պայթիւնի հետեւանքով յառաջացած անսահման դատարկութեան ներքեւ անհամար մոլորակներու մէջ բոլորս աստղային փոշիներ ենք»։

Եղած են փիլիսոփաներ, աստղագէտներ, կենսաբաններ, հոգեբաններ եւ աստուածաբաններ, որոնք փորձած են պարզել վերոյիշեալ հարցումը՝ ուսումնասիրելով երկիրը, նաեւ երկինքը եւ հասկցած են, թէ որքան արժէքաւոր է մարդ կոչուած արարածը։ Օրինակ՝ Էփիքթեթուս, որ ծնած է որպէս ստրուկ ու ազատ արձակուած է իր տիրոջ կողմէ, ազատ կամքով ու գիտելիքով բացատրած է մարդու արժէքը՝ «ազատ են միայն կրթուածները» ըսելով։ Ան ըսած է նաեւ, որ երջանկութիւնը կարելի է գտնել «ներսէն»՝ անկախ իր մաս կազմած միջավայրէն։

Մինչ ոմանք կ՚ըսեն, թէ բարոյականութիւնը մարդու համար ամենակարեւոր առաքինութիւնն է, ուրիշներ ալ մարդու արժէքը կը փորձեն որոշել դասակարգային տարբերութիւններու համեմատ։ Այս վերջինը ծրագիր մըն է, որ նպատակ ունի որոշել մարդկաին արժէքը՝ ստեղծելով ընկերային ենթախումբեր, այսինքն՝ ընկերային դասակարգային «շերտեր», որոնց օրինակները կարելի է տեսնել պատմութեան մէջ։ Տարբեր սեռի, ազգի, տոհի կամ ցեղի պատկանող մարդոց արժէքը կը նախատեսուէր որոշել ըստ անոնց ցեղի կամ ընկերային միջավայրի եւ երկար տարիներ բազում մարդոց արժէքը հաւասարուած էր «անարժէքութեան»։ Այնուամենայնիւ, այսօր Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային հռչակագրին մէջ կ՚ըսուի. «Բոլոր մարդիկ կը ծնին ազատ եւ հաւասար արժանապատուութեամբ եւ իրաւունքներով: Անոնք օժտուած են բանականութեամբ ու խիղճով եւ պէտք է իրարու վերաբերին եղբայրական ոգիով։ Մարդու իրաւունքները անոնք են, որոնցմէ կրնան օգտուիլ բոլոր մարդիկ՝ անկախ ցեղէն, էթնիք ծագումէն, կրօնէն, լեզուէն ու սեռէն»։

Հազարաւո՜ր տարիներ անցուցած ենք՝ ուսումնասիրելով մենք մեզ, մեր հասանելիութենէն հեռու աստղերու տակ։ Շատ աւելի դիւրին կը թուի հասկնալ աստղերը՝ քան մարդկութիւնը։ Արդեօք միլիառաւոր մարդոց տարբեր լեզունե՞րը, համոզումնե՞րը, հաւատքը՞ այսքան օտարացուց մեզ։

Թէեւ այսօրուան մարդոց՝ առանց զիրար հասկնալու, իմանալու՝ օրէ օր օտարացումը այլ յօդուածի նիւթ կրնայ ըլլալ, բայց վերլուծութիւն մը կարելի է ընել. ան, որ չի հասկնար դիմացինը, չի կրնար ինքզինք բացատրել, որովհետեւ մարդը իր դիրքը կը չափէ ու կը տեղակայէ այլ անձի նկատմամբ։ Կրնանք խօսիլ տարբեր լեզուներով, կրնանք ծնած ըլլալ տարբեր մշակոյթներու, նոյնիսկ տարբեր կլիմայական պայմաններու մէջ, բայց ըստ էութեան բոլորս ունինք նոյն կազմուածքը, բոլորս օժտուած ենք բանականութեամբ եւ բոլորս ունինք ազատ ապրելու իրաւունք։

Ինչպէս յայտնի իրաւագէտ ու փիլիսոփայ Ապու Համիտ էլ-Ղազալի կ՚ըսէ. «Իմաստունը այն է, որ կը տեսնէ տարբեր բաներու միջեւ նմանութիւնները եւ նման բաներու մէջ տարբերութիւնները»։

Այսպէսով «ի՞նչ է մարդը». հարցումը կարելի է ձեւափոխութեան ենթարկել հետեւեալ ձեւով.

«Ո՞վ կը կոչուի մարդ»։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2024