ԵՍԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄՆ ՈՒ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

Զանազան կարծիքներ յայտնուած են եսասիրութեան, «ես»ի կարեւորութեան, նաեւ եսամոլութեան մասին։ Կրօնները յաճախ եսամոլութիւնը կը համարեն մեղք կամ չարիք եւ կը կեդրոնանան ուրիշներու կարեւորութեան վրայ: Մեծ կրօններու հասարակաց յայտարարը «ծայրայեղ եսամոլութեան» գիտակցումն ու անոր դէմ ընկերային միջոցներու ձեռնարկելն է։

Եսամոլութիւնը կը քննուի ինքնութեան հետ կապուած որոշ խնդիրներով, որոնք կը հետաքրքրեն նաեւ նոյնիսկ հոգեբուժութիւնը: Եսամոլութիւնը տնտեսապէս ալ ուսումնասիրուած է բազմաթիւ փիլիսոփաներու կողմէ եւ բնութագրուած է՝ որպէս դրամատիրութեան գերիշխող յատկանիշներէն մէկը։ Մարդիկ եսասէր են, սա բնական է, բայց անոնք կ՚ապրին եսամոլութեան մէջ, ինչ որ պայմանաւորուած է շրջակայ միջավայրով: Հետաքրքրական է նաեւ եսամոլ բառի օգտագործումը կենսաբանութեան մէջ։ Եսամոլութեան բառի օգտագործումը, որ յայտնի դարձած է Ռիչըրտ Տաուքինսի «Եսամոլական ծինը» գիրքով, կը վերաբերի Տարուինէն սկսեալ եսամոլութեան կենսաբանական գործընթացներուն։ Իսկ Արիստոտել կը մեղադրէր անոնք, որոնք կը մտածէին միայն իրենց շահերու մասին:

Քրիստոնէութեան մէջ եսամոլութիւնը կը համարուի եօթ մեղքերէն մէկը։ Տանթէի «Աստուածային կատակերգութեան» մէջ նաեւ մահացու մեղքերէն մին է եսամոլութիւնը։ Էտըմ Սմիթ տնտեսական համակարգը կը սահմանէ՝ որպէս եսամոլութեան նպաստող միջոց:

Ներկայ դարու ամենամեծ խնդիրներէն մին սա է․ թէեւ կը քարոզուի միասնականութիւնը, սակայն հասարակութեան մը անդամները կը խուսափին իրարմէ։ Փիլիսոփաներ սովորաբար կ՚ըսեն, թէ մարդը կը ստանայ լաւագոյնը՝ եթէ հաշուի առնէ հաւաքական բարօրութիւնը: Ըստ հոգեբանութեան՝ եսամոլութեան զգացումը կը բխի խղճի, կարեկցանքի բացակայութենէն: Եսամոլութիւնը կը վնասէ ուրիշներուն։ Իսկ համագործակցութիւնը ուրիշներուն նպաստելն է՝ այդպէսով նաեւ ինքն իրեն օգնելու համար։

Ըստ կարգ մը փիլիսոփաներու՝ եթէ մարդ չի բաժներ իր ունեցուածքը կամ գիտելիքի պաշարը հասարակութեան հետ եւ չի մտածեր ուրիշներու մասին, ան եսամոլ է: «Ես» մը, անհատականութիւն մը պէտք է կառուցուի մարդոց աչքերուն առջեւ կամ անոնց հետ: Մարդիկ ընկերային արարածներ են: Անհատականութիւն ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է աշխատիլ մարդոց հետ համագործակցաբար։

Անհատականութիւնը մարդոց իրական «ես»ն է, եթէ այդ մէկը աշխատի ո՛չ միայն իրեն, այլեւ ուրիշներու համար: Եթէ խնդրոյ առարկայ «ես»ը ոչինչ կ՚ընէ ուրիշներու համար, բաւարար չէ իսկապէս անհատականութիւն ձեռք բերել։

Ինչպէ՞ս կրնանք խօսիլ էկոյի մասին, եթէ այդ մէկը չենք կառուցած: Մենք ինքնուրոյն չենք ապրած, առանձին չենք մեծցած, առանձին չենք կողմնորոշուած, քանի որ հասարակութեան խողովակով կ՚որոշուի այս բոլորը։ Մենք հաւաքական մշակոյթի արդիւնք ենք եւ պէտք է անոր մէջ դերակատարութիւն ունենանք, որպէսզի խօսինք էկոյի մասին: Ո՞րն է մեր բաժինը: Մեր դերը կրնայ ըլլալ միայն այնպէս, երբ մեր անհատականութիւնը կը կառուցենք հասարակութեան միջոցով, այդ մէկը մեր իսկական «ես»ն է՝ որեւէ մշակութային տարրով: Առանց մշակոյթի եւ հասարակութեան, այն ինչ որ մենք կ՚անուանենք անհատականութիւն, միայն միս ու ոսկոր է եւ չի պատկանիր մարդուն: Այն ինչ որ մենք մեզ կ՚անուանենք առանց մշակութային կառուցուածքի, մեր նախնիներու ծինն է եւ միսը, որ կը վերադառնայ բնութեան։ Եթէ կ՚աշխատինք ուրիշներու համար, ապա «ես» կը կառուցենք. հակառակ պարագային, սննդային շղթայի մէջ պտտող միապաղաղ էակ մըն ենք: «Ես»ը պէտք է կառուցուի ուրիշներով եւ անոնց միջոցով: Ի՜նչ հեգնանք, էկոն «ես» չէ, այնպէս ինչպէս մենք երբեք «միայն մենք» չենք…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2024