ՀԱԿԱՐԻԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ՝ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՀԱՅՈՑ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԳԱՂԹԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
Հակարի գետի վրայ կառուցուած երկար կամուրջը դարձաւ արցախցիներու ամենամեծ գաղթի տխուր խորհրդանիշը: Այդ կամուրջով ացնող օրերու ընթացքին Հայաստան գաղթած է Արցախի բնակչութեան իննսուն տոկոսէն աւելին… Կը սպասուի, որ Արցախը գրեթէ ամբողջութեամբ հայաթափուի: Արցախի պատմութեան մէջ ասիկա արցախցիներու ամենամեծ գաղթն է… Սրտի կսկիծով կը հետեւինք իրադարձութիւններուն, որոնց ամէն վայրկեանին մէջ ողբերգութեան շերտեր թաքնուած են: Արցախցիները արցունքն աչքերուն ոտք կը կոխեն Հայաստանի հողին վրայ… Հայրենիքի հողը միշտ մեծ է, տաք, ներող, հարազատ, գուրգուրացող: Այժմ Հայաստանը մօր պէս իր գիրկը առած է մօտաւորաէս հարիւր հազար արցախցի: Անոնք բոլորը սգաւոր են, վշտահար, հիւանդ եւ անպաշտպան… Մայր հողը առաջին պաշտպանը դարձաւ իր զաւակներուն: Այդպէս եղած է միշտ: Պատմութիւնը կը կրկնուի: Հայրենի հողը կրկին ապաստարան է… Հող, որուն վրայ արցախցիները շրջափակուած չեն, ուր անոնց կեանքին զէնքով վտանգ չի սպառնար, ուր անոնք շունչ պիտի քաշեն… Սիրտի դողով կը հետեւէինք, թէ ինչպէս Հակարի գետին կամուրջը դիմացաւ այս գաղթի ծանրութեան: Օր ու գիշեր կամուրջը լեցուն է ինքնաշարժներով, մարդոցմով, բեռներով… Արցախցիներու յիշողութեան մէջ զայն պիտի մնայ իբրեւ իր երկու հայրենիքները կապող սեւ գօտի մը… Օր մը արդեօք տուն պիտի տանի՞ այդ կամուրջը արցախցիները: Արդեօք կը ջնջուի՞ն 21-րդ դարու հայկական ամենամեծ գաղթի այս անգութ տեսարանները մեր յիշողութենէն: Անորագոյն, խղճալի տեսարաններ, որոնք միայն արցունք կը քամեն… Երբեք այսքան չէինք ստորնացուած: Ու կրկին՝ սեպտեմբեր ամսուն, որ վերջին երեք տարին պատերազմի հոտ ունի միայն…
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒԾԱՐՈՒՄ
Իսկ մինչ այդ, արցախցիներու փոքրիկ ու ինքնիշխան հանրապետութիւնը հոգեվարքի օրեր կ՚ապրի…
Իր անկախութենէն 32 տարի ետք այն կը լուծարուի… Այսպիսի հրամանագիր ստորագրած է Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան՝ սեպտեմբերի 28-ին: Ըստ այդ հրամանագիրի, մինչեւ 2024 թուականի յունուարի 1-ը պէտք է լուծարուին Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր պետական հիմնարկները եւ կազմակերպութիւնները, եւ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւնը այդ հրամանագրով, պէտք է դադրի գոյութիւն ունենալէ…
Այսպիսով, վերջ դրուեցաւ 32 տարուան անկախ Ղարաբաղի պատմութեան: Լեռնային Ղարաբաղը կը թեւակոխէ Ատրպէյճանի մէջ ներգրաւելու փուլ եւ այդ երկրի ամբողջականութեան մաս դառնալու պատմութիւն պիտի սկսի: Սամուէլ Շահրամանեանի հրամանագրին մէջ բաժին կայ նաեւ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ապրիլ փափաքող արցախցիներու մասին. ըստ որու, այն արցախցիները, որոնք կը փափաքին ապրիլ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ մտնող Ղարաբաղի մէջ, ապա պէտք է ծանօթանան Ատրպէյճանի կողմէ առաջադրուած պայմաններուն եւ ինքնուրոյն եւ անհատական որոշումներ կայացնեն… Թէ ի՛նչ պայմաններով պիտի ապրին արցախցիները Ատրպէյճանի կազմին մէջ, տակաւին յստակեցուած չէ, բայց մարդիկ իրենք ալ գիտեն, որ ատոր առաջին քայլը Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն ընդունիլն ու ատրպէյճանական անձնագիր ունենալն է: Կան արդէն արցախցիներ, որոնք ըսած են, թէ պատրաստ են ապրիլ, միայն թէ չհեռանան ծննդավայրէն, չլքեն տուները, յիշատակները: Թէ յետագային քանի հոգի Հայաստանէն կը վերադառնայ Լեռնային Ղարաբաղ՝ ապրելու ատրպէյճանական իշխանութեան ներքոյ, ցոյց կու տայ անոնց կողմէ առաջադրուած պայմաններուն ի՛նչ ըլլալն ու նաեւ ժամանակը ամէն ինչ կը դնէ իր տեղը: Բազմաթիւ արցախցիներ կ՚ըսեն, թէ իրենք երկար տարիներ (մինչեւ 1988-1990-ականները) ապրած են Ատրպէյճանի մէջ եւ պատրաստ են կրկին նոյն կեանքը վարել: Կը հաւատամ, որ շատեր իրենց այս պատրաստակամութեան մէջ անկեղծ են… Դժուար է լքել տարիներով կառուցած տունը, ձգել հողը, ապրուստը եւ նոր կեանք սկսիլ ուրիշ վայրի մը մէջ, ինչքան ալ այդ վայրը ըլլայ Հայաստանը, հայրենիքը… Անոնց այդ որոշումին ոչ ոք կրնայ դէմ կենալ:
Հայաստանը գրկաբաց կ՚ընդունի իր հազարաւոր զաւակները, բայց արցախցիները տակաւին չեն պատկերացներ իրենց կեանքը Հայաստանի մէջ: Նոյնիսկ կ՚ըսեն, թէ շրջափակումի մէջ աւելի երջանիկ էին, քան՝ հիմա, երբ գաղթի անորոշութիւններով լեցուն ճանապարհը բռնած են: Շրջափակումի մէջ երջանիկ էին, որովհետեւ չէին պատկերացներ այս օրը, եւ զարմանալին այն է, որ արցախցիներու մեծ մասը մինչեւ վերջ չէր հաւատար, որ Լեռնային Ղարաբաղը պիտի մտնէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, կը դիմադրէին, կը պայքարէին, կը հաւատային, որ պիտի յաղթեն միջազգային հանրութեան եւ բոլոր այն ուժերուն, որոնք կ՚աշխատէին այդ մէկը իրականութիւն դարձնել: Հիմա արդէն պարզ է, որ արցախցիներուն սուտի եւ խաբէութեան վրայ կառուցուած նման հաւատ ներշնչած էին իր յաջորդական իշխանութիւնները՝ գործակցաբար Հայաստանի բոլոր իշխանական ուժերու: Լեռնային Ղարաբաղը ինկաւ… Հաւատը փշուր-փշուր եղաւ եւ հիմա արցախցիները բախած են դառն ճշմարտութեան: Երբ անցնի վերջին պատերազմի ցնցումը, երբ փորձեն հաշտուիլ տեղահանութեան, վիշտի, կորուստի ճակատագրի հետ, ժամանակ կ՚ունենան նաեւ կատարել վերլուծումներ, հասկնալ, թէ ի՛նչ եղաւ ի վերջոյ…
Առայժմ Հայաստանը կեդրոնացած է անոնք ընդունելու պատասխանատու գործին վրայ: Հարիւր հազարի հասնող արցախցիները հասած են Հայաստան՝ գաղթականի, փախստականի, տեղահանուածի եւ նմանատիպ բնորոշումներով: Տակաւին անոնց տրուած չէ կարգավիճակ մը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը յառաջիկային կ՚որոշէ, թէ ի՛նչ կարգավիճակով անոնք պիտի ապրին Հայաստանի մէջ: Հայաստանը շատ տեղահանուածներ ընդունած է 1988 թուականէն ետք, սակայն այսքան թիւով տեղահանուած երբեք չէ եղած Հայաստանի մէջ: Այս մէկը աննախադէպ է Ղարաբաղի շարժումէն ետք: Մենք ազգովի ողբերգութիւն կ՚ապրինք: «Ազգային ողբերգութիւն» արտայայտութիւնը շատ կարդացած ենք գիրքերու մէջ, շատ լսած ենք, շատ գործածած ենք, բայց անոր իրական դէմքը հիմա կը տեսնենք: Մարդիկ իրենց տուներէն ելած են նուազագոյն իրերով, վախուորած, տագնապած, սրտաճաք եղած բռնած են նուաստացումի ճանապարհը, որ անոնց շատերու համար հաւասար է մահուան: Ճանապարհին անոնք կ՚անցընեն երկու-երեք օր՝ մինչեւ կը հասնին Գորիս, որ առաջին կայարանն է: Ինքնաշարժները խցանում յառաջացուցած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի վրայ եւ օրերով կեցած կը մնան նոյն վիճակով: Շատ մարդիկ կը գաղթեն բաց թափքերով բեռնատար ինքնաշարժներով, այդ թափքերու մէջ կը նստին եւ Հայաստան կը հասնին մսած, հիւանդ, հիւծած, անօթի… Անոնց մէջ շատ են ծերերը, հիւանդները, երեխաները հոգեկան առողջութեան խնդիր ունեցողները: Սարսափելի այս տեսարաններուն անկարելի է դիմանալ: Այս տեղահանութիւնը ցոյց տուաւ, որ արցախցի դրամատէրերը, ճարպիկ գործիչները՝ ինչպէս կրցած ու ժամանակի լքած էին Արցախը եւ հոն մնացած էր սովորական, աշխատաւոր, պարզ խաւը՝ հողին կառչած գիւղացին, պետական հիմնարկներու մէջ աշխատողները, մանր ձեռնարկատէրերը, որոնք իրենց ամենօրեայ աշխատանքով կը շարժէին Արցախի կեանքը: Արցախեան կեանքը այնքա՜ն անուշ կը թուէր մինչեւ 2020-ի պատերազմը…
ԱՐՑԱԽՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ
Արցախը ունէր լրատուամիջոցներու լայն ցանց՝ հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, կայքեր, թերթեր: Այժմ լուծարուած են նաեւ այդ կառոյցները (յուսանք՝ ժամանակաւոր) եւ Հայաստան եկած են նաեւ արցախցի մեծ թիւով լրագրողներ: Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան լրագրող Ծովինար Բարխուդարեան գրած է, որ իրենց տունի բակի մէջ այրած է իր ամուսինի զինուորական համազգեստն ու իր բազում տօնական հագուստները, որոնք հագած՝ ինք բազմաթիւ գեղեցիկ միջոցառումներ վարած է Արցախի մէջ: Իր մեծ ու լի տունէն Ծովինարը իր հետ Հայաստան բերած է միայն երկու գիրք՝ Աստուածաշունչն ու Արցախի Հանրապետութեան քարտէսագիրքը:
Արցախցի ծանօթ ու անծանօթ բազմաթիւ լրագրողներ այս օրերուն գործ կը փնտռեն Ֆէյսպուքի միջոցով յայտարարութիւններ տարածելով: Առաջարկներ եղան անոնց, որպէսզի Հայաստանի մէջ ստեղծեն Արցախի լրատուամիջոց մը եւ բոլորը միասին աշխատին այնտեղ: Սակայն նման ձեռնարկի համար, անշուշտ, միջոցներ անհրաժեշտ են: Եւ մի գուցէ նաեւ քաղաքական իմաստով ճիշդ չէ այդպիսի լրատուամիջոց մը հիմնելը, երբ տակաւին կարգավիճակ չէ տրուած արցախցիներուն: Այնտեղէն եկած լրագրողներու, նկարահանողներու, լուսանկարիչներու տուեալներ հաւաքագրելու սկսած են բազմաթիւ լրատուական կազմակերպութիւններ՝ անոնց օժանդակելու նպատակով: Լրագրողները, լրատուամիջոցներու աշխատողները, վստահ, արագ աշխատանք կը գտնեն: Եթէ անոնք գրեն միայն իրենց այս օրերու ապրածներու եւ հոս փոխադրուած արցախցիներու կեանքին մասին, արդէն իսկ բաւական է՝ յառաջիկայ ամիսներուն բազմաթիւ նիւթեր ունենալու համար: Դժուար է միւս մասնագէտներուն, գիւղերէն եկածներուն, 60-70-ը անց մարդոց համար: Հայաստանի կառավարութիւնը բոլոր ուժերը պէտք է լարէ անոնց խնդիրները լուծելու համար: Արդէն իսկ ծանր բեռներու տակ գտնուող կառավարութեան համար եւս մէկ ծանր բեռ աւելցաւ… Միջազգային կարգ մը կառոյցներ նիւթական աջակցութիւն ղրկելու խոստումներ տուած են: Կրկին մարդասիրական սեւեռում կայ Հայաստանի վրայ: Եւ այսպէս՝ արդէն երեսուն տարիներ եւ աւելի… Հայաստանը, դժբախտաբար, դուրս չեկաւ աղքատի, խեղճի, կարիքաւորի իր հանդերձէն…
Քննարկուող եւ կարեւոր հարց է նաեւ այն, թէ ո՞ւր պիտի աշխատին Արցախի՝ արդէն լուծարուած բանակի հազարաւոր զինուորականները: Անոնց հիմնական մասը արհեստավարժներ է, որ պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման օրէն ի վեր կը ծառայէին: Ո՞ւր պիտի գործածուի անոնց ներուժը Հայաստանի մէջ… Արդեօք քաղաքական իմաստով ճի՞շդ է՝ այդ զինուորականները Հայաստանի բանակի մէջ առնելը… Եւս մէկ լուրջ կացութիւն Հայաստանի կառավարութեան առջեւ, որ ընդունած է բոլոր արցախցիները՝ անկախ իրենց անցեալէն, ծառայութենէն, ընկերային կամ այլ վիճակներէ…
Այնքան շատ են քննարկումները այս օրերուն, որ նոյնիսկ կը շուարցնեն, առաջնայինը կը մոռցուի յաճախ եւ աւելի անկարեւոր ու անպատեհ հարցեր կ՚ելլեն մէջտեղ: Մարդիկ բոլորը նեարդային են, լարուած, սրտնեղած: Այս տաժանելի կացութեան մէջ ժամանակ առ ժամանակ լոյսի շողիկներ կ՚առկայծեն եւ կը տաքցնեն կարծր հոգիները:
ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ՝ ՀԵՐՈՍՆԵՐ
Այդ լոյսի շողերէն են երիտասարդ հայ կամաւորները: Հազարաւոր կամաւորներ լծուած են արցախցիները ընդունելու, գրանցելու, անոնց սնունդ եւ հագուստ բաժնելու եւ կացարաններ տանելու ծանրակիր գործին: Երիտասարդ աղջիկներն ու տղաք Գորիսի մէջ գրեթէ չեն քնանար, անոնք երջանիկ են իրենց կատարած գործով, երջանիկ են, որ հանգստութիւն կը պարգեւեն ծերին, հիւանդին, մանուկին, տկարին… Անոնց կատարած գործը, վստահ, նոյնպէս հաւասարազօր է հերոսութեան: Եղանակը լեռնային Սիւնիքի մէջ արդէն պաղ է, ինչ որ կը խանգարէ աշխատանքը, բայց կամաւորները կը դիմանան նաեւ ատոր եւ կը տաքցնեն նաեւ մսած գաղթականները: Կառավարական կազմակերպութիւններու հետ կամաւորական աշխատանք կը տանին գրեթէ բոլոր բարեսիրական, հասարակական կազմակերպութիւնները, ամէն մէկը իր ուժերու չափով լծուած է աննախադէպ այս գործին՝ թէ՛ Գորիսի, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր բնակավայրերուն մէջ: Գործին ծաւալը անհնար էր պատկերացնել առաջին օրը, միայն գաղթի երկրորդ, երրորդ օրը յայտնի դարձաւ, թէ ինչ ահռելի ծանրութեան տակ է Հայաստանը: Լոյսի շողեր են այն լուսանկարները, որոնց մէջ կ՚երեւին կամաւորները՝ գրկած ծեր մամիկն ու պապիկը, այրուած դէմքերով ու մարմնով մարդիկը կ՚առաջնորդեն բժշկական առաջին օգնութեան, ապա կը տանին հիւանդանոցներ… Քարիւղի պահեստի հրդեհը Արցախի տեղահանման վերջին դաժան հնչումն էր… Կարծես ողբերգական թատերախաղի մը ականատեսն էինք: Եւ աւարտին Արցախը՝ թատերախաղի գլխաւոր հերոսը, բոլորիս աչքին առջեւ մեռաւ մէկ մարդու պէս…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024