ԹՈՐՈՍ ԱԶԱՏԵԱՆ (1898-1955)

Թորոս Ազատեանի աշխատութիւններուն մէջ երկու հատը իւրայատկութիւն մը կը ներկայացնեն:

Առաջինը, «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»ն է, որ գրի առած է 1945-ին, Էջմիածինէն վերադարձէն ետք, ուր գացած էր որպէս Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամ, մասնակցելու կաթողիկոսական ընտրութեան:

Այս գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է 2021-ին, Իսթանպուլի մէջ, «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի 6-րդ շարքը: Գիրքը կազմած ու խմբագրած է Սեւան Տէյիրմենճեան, գիրքի բովանդակութիւնը հաւաքելով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի էջերէն, ուր Ազատեան Հայաստանէն վերադառնալէ ետք օրին հրապարակած էր: Տէյիրմենճեան այս մասին, կը գրէ. «Թորոս Ազատեանի յօդուածաշարքը, զոր Սովետական Հայաստանէ վերադարձին հանդիպած Պուլկարիոյ եւ տեղւոյն հայութեան վերաբերող «Ուղեւորական տպաւորութիւններ Երեւանէն Սոֆիա» խորագրեալ յաւելուած բաժնի մը հետ միասնաբար պէտք է կարդալ զայն ամբողջական դարձնելու համար, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ սկսած է հրատարակուիլ 21 յուլիս 1945-ին եւ որոշ ընդհատումներով տեւած է մինչեւ 28 նոյեմբեր 1945 թուականը: Յօդուածաշարքին կցած ենք Թորոս Ազատեանի՝ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի հետ Սովետական Հայաստանի արդի բանաստեղծութեան շուրջ կատարած զրոյցը, որ հրատարակուած է «Նոր օր»ի երկրորդ թիւին մէջ, 28 յուլիս 1945-ին» (էջ 22):

Թորոս Ազատեան իւրայատուկ ոճ մը ունի նկարագրելու անցուդարձերը եւ այնքան հարազատ ու տարազաւորուած ձեւով կը ներկայացնէ իր ապրումները: Այսպէս, Երեւանէն Վաղարշապատ ուղեւորութեան, Էջմիածին հսանելու եւ Վեհափառին հանդիպելու մասին, այսպէս կը գրէ.

* Զանգուի կամուրջէն անցած ենք եւ ասֆալթ ճամբու մը վրայէն ուղիղ գիծով կը յառաջանանք դէպի Վաղարշապատ:

Արարատը ճիշդ մեր դէմն է: Ամպերու մանեակը լուծուած է այսօր եւ պայծառ սլացքով կը ցուցադրէ իր բովանդակ գեղեցկութիւնը:

Դեռ Վաղարշապատ չեկած մեր առջին կը գծագրուին յանկարծ Ս. Հռիփսիմեանց տաճարին գմբէթները եւ աւելի անդին Շողակաթ Ս. Աստուածածին կոչուած տաճարը, որ հիմնուած կը համարուի նոյնպէս Ս. Գր. Լուսաւորչէն:

Քաղաքին մէջ ենք հիմա: Այդ կիսաւեր աւանը արդիական շէնքերով ընդարձակ բնակավայր մը դարձած է:

Քիչ մըն ալ կ՚առաջանանք եւ ահա կը նշմարուի Էջմիածինը, իր վեհաշուք կառուցուածքով: Անոր բազմաթիւ գմբէթները կը խառնուին բարձր ծառերու սաղարթներուն: Երբ կը մօտենանք, պարիսպէն ներս հազիւ կ՚երեւին կաթողիկէին սրածայր կատարները:

Պարիսպին ճեմարանի կողմէ դուռնէն ներս կը մտնենք: Կը յառաջանանք դէպի մայր տաճար եւ մուտքին բոլորաձեւ կը տեսնենք հանգուցեալ հայրապետներու տապանաքարերը: Տեղապահ սրբազանին գլխաւորութեամբ Էջմիածնի աւագ խորանին առջեւ կ՚երկրպագենք եւ երկիւղած քայլերով դուրս կ՚ելլենք ու կ՚ուղղուինք կաթողիկոսարան:

Նեղ անցք մը մեզ կը տանի պարտէզին մուտքը: Մարմարեայ սանդուխէ մը կը բարձրանանք վեհարան: Հայրապետը ներսը իր մասնասենեակն է:

Մեզ կ՚ընդունին Անթիլիասի վեհափառ կաթողիկոսը Գարեգին Ա. Յովսէփեան եւ Երուսաղէմի պատրիարքը՝ Կիւրեղ Բ. Ծայրագոյն Վարդապետ Իսրայէլեան: Ուրիշ եկեղեցականներ եւ աշխարհական պատգամաւորներ ալ կան, որոնց կը ծանօթանանք: Մեր յապաղումին, ճամբորդութեան եւ Թուրքիոյ հետ համայնքին մասին տեղեկութիւններ կը ստանան երկու հոգեւոր պետերը:

Մեր խօսակցութիւնը չլրացած՝ ներս կը մտնէ ազգընտիր հայրապետը՝ Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան, ու կը նստի իր գահը: Ս. աջը կ՚առնենք վեհափառին: Ուրախ տրամադրութեամբ մեր որպիսութիւնը կը հարցնէ ու կը փափաքի որ նստինք:

Ընդհանուր հայոց հայրապետը իր խօսքը Արսլանեան [Գէորգ] արքեպիսկոպոսին ուղղելով կ՚ըսէ.

-Գոհ եւ ուրախ եղայ որ ատենին ժամանեցիք Էջմիածին: Մանաւանդ ձեր ներկայութեամբ լրացած կ՚ըլլայ 6 եպիսկոպոսներու թիւը՝ վաղուան օծումի հանդիսութեան համար (էջ 49-51):

Օշական այցելութեան մասին կը գրէ.

* Օշակա՛ն, վերջին հանգստարանը Ս. Մեսրոպի:

Քանինե՛ր փափաքած են այդ սրբատեղին այցելել ու քանինե՛ր ներշնչուած են անկէ: Դառն զրկանք մը պիտի ըլլար, գալ Էջմիածին ու չայցելել Զուարթնոց, Սեւան ու մանաւանդ Օշական, հայ հանճարին սկզբնաբուխ աղբիւրը եղող ու խորհրդանշող մեծ վարդապետին դամբարանը:

Մեր դէմն են Մասիսները, հողին ընդերքներէն ուղղաձիգ բուսած այդ տիտանները: Մեծը՝ միշտ վեհամբարձ ու սպիտակափառ, կարծես ա՛լ աւելի խորը կը թաղուի երկնի գմբէթին, քանի կը մօտենանք:

Կը մտաբերեմ այն զմայլելի «Գեղօն»ը, զոր հայ տառերու գիւտի տեսիլքին նուիրած է Բրակայ համալսարանի արեւելեան լեզուներու ուսուցչապետ ու բանաստեղծ Օտօքար Ֆիչէր.

«Արարատի նուիրական կողերէն պայծառ արեւուն մէջ սաւառնեցաւ առիւծը, երկնակապոյտի սիրահար:

Առիւծը ուժգին թափահարեց իր թեւերը եւ փետուր մը նետի պէս եկաւ, իջաւ գետին ու ինկաւ սուրբ Մեսրոպի ոտքերուն առջեւ:

Վարդապետը վերցուց ջերմեռանդութեամբ երկնառաք փետուրը եւ նախագծեց նոր տառերը մագաղաթին վրայ, աչքերը սեւեռած երկինքին»:

Հրաշքը իրագործուած է: 15 դարերէ ի վեր հայ աթութան կը պսպղայ մեր մշակոյթի երկնակամարին վրայ: Եւ այսօր Օշականի՝ «հանճարուեստ» հողակոյտին վրայ հանգչող Ս. Մեսրոպի գերեզմանը ուխտի կ՚երթանք:

…Հասած ենք Օշական:

…Անբացատրելի յուզումը ունիմ անակնկալին, որ հեռու չէ եւ իւրաքանչիւր յամեցող վայրկեան, անհամբերութեան յաւելում մըն է:

…Սրբավայրը լեցուն է գիւղացիներու բազմութեամբ: Ե՞րբ եկան, ե՞րբ իմացան մեր գալը: Հոս է նաեւ գիւղին քահանան, արեւէն եփած դէմքով ու եկեղեցական տարազով: Բաւական ընդարձակ է եկեղեցին…:

…Աշխարհի չորս ծագերէն Օշականի սուրբին այցելող ուխտաւորներ այդ անողոք, պարզ ու մթասքօղ դամբարանէն, ապահովաբար, ամենէն վեհ ու տպաւորիչ յիշատակը տարին իրենց հետ:

Այդ րոպէին ես կ՚ունենամ տեսիլը, որ իր ստորերկրեայ մենարանէն օր մը դուրս պիտի գայ Ս. Մեսրոպ եւ իր հրաշատես աչքերը կրկին սեւեռած երկնքին, պիտի բազմի շքեղ պատուանդանի մը վրայ, անբաժան Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետէն ու շրջապատուած իր աշակերտներով ու հայ դպրութեան անդրանիկ մշակներով, իր յաւերժական պանթէոնին մէջ (էջ 120-126):

***

Երկրորդը, 1949-ին հրատարակած «Լիբանանեան յուշեր» հատորն է, ուր արձանագրած է իր տպաւորութիւնները Լիբանան այցելութեան առիթով:

Գիրքին որպէս ներածական Ազատեանը գրած է հետեւեալ յօդուածը՝ «Անթիլիասն ու իր Վեհափառը» վերնագիրով: Կը կարդանք.

* Վեհանիստ իր Կաթուղիկէն կը բարձրանայ Միջերկրականի ափին, մշտարթուն փարոսի մը պէս, որ լոյս եւ ուղղութիւն կու տայ հայ միտքին ու հաւատքին:

Անթիլիասի կաթողիկոսարանը՝ իր նորակերտ Մայր տաճարով, իր վեհարանով ու դպրեվանքով, իր մատենադարանով ու տպարանով, դուրսի ժխորէն եւ հակամարտութիւններէ հեռու, ամփոփուած ու կղզիացած՝ այլ կենսունակութեամբ առլի ներաշխարհ մըն է, լիբանանեան լեռներու ստորոտը, ուր բարձունքներէ հոսող մայրիներու բոյրը կը վերածուի հոգեպարար կնդրուկի եւ ուր մերձակայ ծովուն մրմունջն ու աստղածոր երկնքին բանաստեղծութիւնը իր փառքը կը սաղմոսերգեն:

Լիբանանի մայրաքաղաքէն հոն փութացող ուղեւորը, ինքնաշարժին մէջ կը նշմարէ արդէն հոյակերտ ու երկնասլաց Կաթուղիկէն Անթիլիասի: Կայարանէն թեքող ուղին կը խորանայ համատարած կանաչութեան մը գիրկը: Այն-Նէպի (Մարգարէին Ակը) գետակին երկու եզրերուն վրայ տարածուն ադամաթզենիներ իրենց զուգածալ, լայնեզր տերեւներու ներքեւ սքօղուած մահիկաձեւ ողկոյզներով, կիտրոնիներ՝ դեռ կափ-կանաչ պտուղներով ու ձիթենիներ, որոնք տեղական ջերմ կլիմային արգասիքն են, մեզ ծանօթ ազգի ազգի պտղածառերու եւ որթատունկերու հետ կը կազմեն եդեմական պուրակներու շարք մը, որոնց մէջէն լուռ ու երկիւղած այցելուն կը դիմէ Կաթողիկոսարան:

Ահա այս խաղաղութեան մէջ է որ կը վերընձիւղի, կ՚ուռճանայ, կը ծաղկի ու կը պտղաբերի Մերձաւոր Արեւելքի հայ մշակութային կեդրոններէն մէկը, դէպի ուր կը յառին այսօր սփիւռքի հայութեան ակնարկները՝ խանդաղատ եւ յուսալից:

Այնտեղ, Անթիլիասի վեհարանին մէջ կ՚իշխէ ու կը ստեղծագործէ նոր օրերու Շնորհալին, Շնորհազարդ Տ. Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեան: Անոր խորաթափանց ու խուզարկու ակնարկներուն տակ դարերը կը վերակենդանանան, կը բանան իրենց գեղարուեստական հնութեանց թաքուն գանձարանները ու նոր, զմայլելի գեղեցկութեամբ մը կը խօսին մեզի ու մեր ցեղային հպարտութիւնը կը գգուեն:

Գարեգին Կաթողիկոսի անձին մէջ կը յառնեն մեր երանաշնորհ հայրապետներու, պատմագիրներու եւ արուեստագէտներու ստեղծագործ ուժն ու գերմարդկային կարողութիւնը: Իր էութիւնը լի է անոնց իմացական լոյսով ու հանճարով: Երկնառաք տեսիլք մըն է ան, որ ունի յայտնաբերող զօրութիւն, որ բոլոր գաղտնիքները կը պարզէ իրենց սկզբնական հունին վրայ: Ներաթափանց, մշտարթուն, սրամիտ, պատրաստաբան ու քաղցրահայեաց գիտուն մը, որուն աչքերուն խորը հանճարը զետեղած է զոյգ շափիւղաներ, մոգիչ ճաճանչներով: Հաւատաւոր պահապանն է ան կրօնքին ու գեղարուեստին, զորս կը պաշտէ ու պաշտելի կը դարձնէ եւ իր ներկայութիւնը օրհնութիւն մըն է Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան համար:

Ս. Էջմիածնի մէջ տեսած էի Գարեգին Կաթողիկոսը եւ Անթիլիասի մէջ, մօտէն ճանչցայ զինքը: Իր բեղուն վաստակը՝ անկորուստ սեփականութիւնն ու փառքը կը կազմեն հայ մշակոյթին: Անոնք ծանօթ են բոլորին:

Հազուադէպ պատեհութիւնը, որ առիթ ընծայեց քանի մը շաբաթ մնալու Անթիլիաս ու այդ սուրբ եւ յանկուցիչ միջավայրին մթնոլորտը շնչելու, ծանօթացուց ինձ այդ գերմարդը, որուն էութեան մէջ աստուածութիւն մը կը բնակի:

Հրաշք մարդն է ան, որ անմար ջահ մը ունի ի ձեռին եւ անվերջ կը խուզարկէ հեռաւոր անցեալը, անստգիւտ քանքարներով պճնելու հայ մշակոյթի նոր ոստանը, որուն իշխանապետն է ինքը: Անոր գերագոյն բաղձանքն է ստուար հատորներու շարքով մը համադրել բոլոր այն վաւերական յիշատակարանները, որոնք կրնան հիմնական ատաղձ ծառայել հայ ժողովուրդի պատմութեան:

Տեսայ թէ որո՞նք են այն ազդակները, որ զինքը միշտ խանդավառ ու կենսունակ կը պահեն: Ժողովրդական ստեղծագործութեանց սիրահար, հայ հաւատքի խորաններուն, զարդերուն ու նկարներուն անմրցելի մեկնաբան, հին գրչագրերու արուեստին աննման խուզարկիչ, գրչի ու մտքի այդ մեծ Աշխատաւորը տեսայ իր գործունէութեան մէջ: Վկայ եղայ իր գիշերաջան ուսումնասիրութիւններուն, իր ամարանոցին մէջ, որուն առողջարար օդը անոր կ՚ընծայէ քանի մը ժամ՝ հանգիստով կազդուրուելու եւ դարձեալ անդուլ աշխատելու կարելիութիւնը:

Իրազեկ եղայ նաեւ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Անթիլիասի այս նուիրական փարոսը խաւարեցնելու համար խուլ եւ անլուր պայքարի մը լծուած են անբարեխիղճ ու դաւադիր ուժեր: Ու դիտեցի, թէ այս փարոսին հանճարեղ դէտն ու պահապանը որպիսի՞ քաջութեամբ եւ աննկուն կորովով մը գիտէ արհամարհել եւ ըմբերանել լոյսին ու հաւատքին ուխտեալ թշնամիները:

Իսկ զմայլանքով հետեւեցայ քննական այն աշխատութիւններուն, որոնցմով Տ. Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս, իր մշակութեային աշխատութիւնները ընդհատելով, կը ցանկար վերահաստատել թրքահայ համայնքին խաղաղութիւնը:

Լիբանանեան տպաւորութիւններուս մէջ շատ քիչ տեղ պիտի գրաւէր անդրադարձումը այս անցուդարձերուն, եթէ ուրիշներ յարգած ըլլային Անթիլիասի Վեհափառին լուռ, զուսպ ու վերապահ մնալու պատգամը փոխանակ խաղաղութեան, գժտութեան նոր սերմեր տանելու իրենց հետ: Նորէն, յարգանքի տուրքս բերելու համար, տեղեկաբերէն աւելի գրողն է որ պիտի արտայայտուի հետագայ յուշերուս մէջ:

1949, Իսթանպուլ

(էջ 5-8):

Փառէն Եպսկ. Մելգոնեանի հետ իր ունեցած հանդիպումին մասին կը գրէ.

* Երեք օրէ ի վեր վանքին մէջ կը գտնուէի եւ դեռ նոր առիթը կ՚ունենայի տեսակցելու Փառէն Եպսկ. Մելգոնեանի հետ: Զինքը կը ճանչնայի Իսթանպուլէն, երբ վարդապետ էր եւ երիտասարդ: Ալեհեր կրօնական մըն էր այժմ, ֆիզիքապէս թէեւ քիչ մը ընկճուած՝ բայց կը պահէր իր կենսունակութիւնը եւ կորովը: Դռան եպիսկ.ի դիւանատան մէջ երկար խօսակցեցանք մեր կարգ մը եկեղեցականներու ապագային ելոյթին եւ զանազան ազգ. խնդիրներու շուրջ: Աստիճանակիցներուն մէջ միակն էր ան, որ լիակատար ծանօթութիւններ եւ խոր հմտութիւն ունէր Ազգ. Սահմանադրութեան կարգերուն եւ կանոններուն մասին: Իր համոզումով, Ազգ. Պատրիարքարանը պէտք ունէր միջոցներ խորհելու եկեղեցականներու, մասնաւորաբար քահանայից դասուն մտաւոր մակարդակի բարձրացման համար: Դերենիկ սրբազանի նման, ան ալ անոնց տգիտութեան կը վերագրէր իրենց հոգեւոր պետին դէմ ըմբոստացումը, որ յանգած էր մինչեւ ապօրէն պատրիարքի ընտրութեան, հակասահմանադրական եղանակներով: Փառէն սրբազան Կաթողիկոսարանի Միաբանական ժողովներուն կը բերէր միշտ իր մասնակցութիւնը, սակայն երբեք միջամուխ չէր եղած կախակայեալներու խնդրին եւ իր անձնական տեսակէտն է զոր կը յայտնէր: Իրմէ տեղեկացայ, որ նոյն օրը, առաւօտեան Ս. Պատարագի արարողութեան միջոցին Շիկահեր Քհնյ. ուզեր է իր սքեմով դասը կենալ, սակայն Վեհ. Կաթողիկոսը՝ եկեղեցական կարգապահութեան հակառակ գտնելով, արգելք հանդիսացեր է:

Առիթէն օգտուելով կը հարցնեմ Փառէն Եպսկ.ին.

-Ինչպէ՞ս եղաւ որ Պախթիյարեան Վրդ. յաջողեցաւ արտօնութիւն ձեռք բերել՝ խօսելու համար Պէյրութի ռատիօկայանէն:

-Ինչպէս յայտնի է, ամէն ամսուան առաջին կիրակին, կաթողիկոսարանին կողմէ եկեղեցականի մը հայերէն լեզուով բանախօսելուն արտօնութիւնը ունինք: Հմայեակ Վրդ. կը դիմէ Դռան Եպսկ.ին, որ կը թուի թէ անպատեհութիւն մը չի տեսներ եւ հաւանութիւն յայտնելէ ետք, պաշտօնական զեկոյց մը կը ղրկէ թերթերուն: Վեհ. Կաթողիկոսը, սակայն, որ անտեղեակ էր եղած կարգադրութեան, երբ իրազեկ կ՚ըլլայ բացարձակապէս կ՚արգիլէ Պախթիյարեան Վրդ.ի բանախօսութիւնը:

-Որպէս թէ անակնկալ հիւանդութիւն մը պատճառ եղած է որ Հմայեակ Վրդ. չկարենայ խօսիլ այդ օրը:

-Սխալ է: Վեհափառը ինչպէ՞ս կրնար արտօնութիւն տալ մէկու մը, որ հոզեւոր պարտականութենէ առժամապէս դադրեցուցուած էր, Ս. Էջմիածնի Վեհ. Հայրապետին ալ բարձրազոյն հաւանութեամբ:

Լուսաբանուած էր հարցը:

Ուրեմն այս մարդն է, որ կը խորհէի, յաւակնութիւններ ունեցած է պատրիարքական աթոռ բարձրանալու եւ հովուելու ամբողջ համայնք մը, երբ դոյզն գաղափար իսկ չունի եկեղեցական կարգապահութեան տարրական գիտելիքներու մասին: Գոնէ իրենց մտքի աղքատութիւնը կարենային սքօղել Անթիլիասի նման հոգեւոր մեծ կեդրոնի մը մէջ (էջ 31-32):

Անթիլիասի պաշտօնական ամսաթերթին՝ «Հասկ»ին մասին կը գրէ.

* Տարակոյս չկայ թէ Անթիլիասի Կաթողիկսութեան կարեւորագոյն հրատարակութիւնն էր ՀԱՍԿ պաշտօնական ամսաթերթը (Կրօնական, կրթական, գրական եւ բանասիրական). որ իր 18-րդ տարին թեւակոխած էր: Կը մտաբերէի սկզբնական շրջանի անոր փոքրադիր ծաւալը, սակաւաթիւ էջերով իր անբովանդակ վիճակը, ոսոկ իբր տեղեկատու կաթողիկոսարանին, մինչ այսօր բովանդակալից ու խնամեալ ամսագիրի մը վերածուած էր ան, որուն միացեալ թիւը ունէի ի ձեռին: Անով այս հոգեւոր կեդրոնը հաղորդակցութեան մտած էր սփիւռքի հայ կեանքին, մտաւորականութեան եւ վանքը կանգուն ու բարգաւաճ պահող բարերարներու հոտ, որոնց զանազան առիթներով ընծայաբերած նուիրատուութիւնները կ՚երեւային ամսագրին մէջ: Հանդէսին վերահսկողն էր նոյնինքն վեհափառը, որուն հանճարին լոյսն ու իր սրբաբոյր շունչը կը թրթռային կարծես ծայրէ ծայր անոր էջերուն վրայ (էջ 72-73):

***

Այստեղ պէտք է նշել, որ Թորոս Ազատեանի Լիբանան այցելելու գլխաւոր պատճառներէն մէկը եղած է թրքահայութեան կնճիռը՝ Գէրոգ Արք. Արսլանեանի վերաբերեալ, որով ընդդիմադիր հոգեւորականներ Անթիլիաս գալով փորձած էին լարուածութիւններ ստեղծել: Այդ մասին Ազատեան մանրամասնութեամբ անդրադարձած է այս գիրքին մէջ՝ 127-199 էջերուն վրայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2024