Արցախի Մէջ Յունիսին Տեղի Պիտի Ունենայ «Թութի Փառատօն»
Յառաջիկայ Յունիսի 27-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան եւ «Արենի փառատօն» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ՝ Ամարաս վանքի յարակից տարածքին մէջ առաջին անգամ պիտի կազմակերպուի Թութի փառատօն:
Արցախի եօթ շրջաններէն եւ Հայաստանէն կազմուած տաղաւարներուն մէջ պիտի ներկայացուին թութէն ստացուած բարիքները՝ թութի օղին, ռուպը, չամիչը, անուշը: Լեռնային Ղարաբաղի Զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ՝ փառատօնին պիտի ցուցադրուին արցախեան թութի օղիի եւ ռուպի պատրաստման աւանդական եղանակները, թութի օղիի թորման մշակոյթը եւայլն:
Միւս կողմէ, մշակութային ծրագիրը եւս կը խոստանայ առատ ու հետաքրքրական ըլլալ: Փառատօնի ընթացքին պիտի հնչէ հայկական աւանդական եւ ժամանակակից երգ ու երաժշտութիւն:
Արուեստի անկիւնին մէջ այցելուները պիտի ծանօթանան արցախցի տաղանդաւոր նկարիչներու, վարպետներու, կաւագործներու աշխատանքներուն հետ: Փառատօնին պիտի ներկայացուի նաեւ մետաքսագործութիւնը եւ մետաքսի մշակման արուեստը: Փառատօնի կազմակերպման առաջնահերթ նպատակներէն են՝ տարածաշրջանին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման խթանումը, տեղական արտադրութեան զարգացումը, արցախեան խոհանոցի հանրահռչակումը, ինչպէս նաեւ համայնքներու մշակութային կեանքի աշխուժացումը: Թութը եւ անկէ ստացուած բարիքները մեծ նշանակութիւն ունին արցախցիներուն համար։ Այդ մէկը կը վկայէ թթենիներու բազմաթիւ այգիներու առկայութիւնը ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին:
Փառատօնի կազմակերպիչները պիտի փորձեն ըստ հնարաւորութեան օգտագործել արցախցիներու համար կարեւոր այդ բնութեան բարիքի խորհուրդը ամբողջ փառատօնի ընթացքին: Պիտի կազմակերպուին աւանդական խաղեր, թթենիներու թափ տալու մրցոյթներ, հիւրասիրութիւն եւ բազմաթիւ այլ ժամանցային ձեռնարկներ: