ՀԱՅ ԲԵՄԻ ՉՔՆԱՂ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒՀԻՆ
Այսօր կը լրանայ հայ բեմի աննման դերասանուհի Արուս Ոսկանեանի մահուան 80-րդ տարելիցը: 1943 թուականի յուլիսի 20-ին ան 54 տարեկանին լքեց երկնային կեանքը՝ յաւերժ ապրելով հայ թատրոնի եւ շարժանկարային արուեստի պատմութեան մէջ: Անոր մասին տակաւին 1923 թուականին անմահ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց գրած է. «Արուս Ոսկանեանը ոչ միայն մեր՝ նաիրեան բեմի, այլեւ մեր ողջ դարաշրջանի մեծագոյն դերասանուհին է»։
Արուս Ոսկանեանի մահուան մասին տարիներ յետոյ բազմաթիւ վարկածներ կը շրջանառէին: Էջմիածնի գիւղերէն մէկուն մէջ ժողովուրդի հետ հանդիպումէն ետք ան տուն վերադարձած է բարձր ջերմութեամբ եւ այլեւս չէ ապաքինած: Այդ ժամանակ խօսակցութիւններ կը պտտէին այն մասին, որ դերասանուհին սխալ բուժած են, որովհետեւ ան, իր շատ անկեղծութեան եւ բաց ըլլալուն պատճառով իշխանութիւններուն համար այնքան ալ ցանկալի անձ մը չէր: Դժուար է ըսել, թէ արդեօք հիմք ունէի՞ն այդ խօսակցութիւնները, թէ՞ ոչ: Արուս Ոսկանեանի մասին յուշեր ունին ժամանակի ակնառու մտաւորականները: Նոյնիսկ գիրք լոյս տեսած է՝ «Ձօն Արուսին» խորագրով, որուն մէջ զետեղուած են անուանի գրողներու բանաստեղծութիւններ, սիրտի խօսքեր, արուեստագէտներու գծանկարներ, որոնք բոլորն ալ նուիրուած են պոլսահայ դերասանուհիին, որ Պոլիսէն Թիֆլիզ, Պաքու, ապա Հայաստան գալով, զարդարած է հայ բեմը՝ իր տաղանդով կարճ ժամանակի ընթացքին գրաւելով հանդիսատեսը:
Դերասանուհիի հիւանդութեան պատճառ նշուած է ժանտատենդը, որ սուր եւ վարակիչ հիւանդութիւն մը է: Այդ օրերու մասին յուշեր ունի գրած թատերագէտ Ռուբէն Զարեան.
«Շատերը գիտէին, որ Արուս Ոսկանեանը հիւանդ է, բայց ոչ ոքի միտքէն կ՚անցնէր, թէ հիւանդութիւնը կարող է զայն այս աշխարհէն տանիլ։ Ատոր մասին չէին մտածեր նաեւ այն ժամանակ, երբ քաղաքին մէջ լուր տարածուեցաւ, թէ սխալ բուժած են, չեն գիտցած, թէ բծաւոր տենդն է, որ զայն գամած է անկողինին եւ բուժած են այլ՝ չունեցած հիւանդութիւն մը: Երբ յստակ դարձաւ ատիկա, բժիշկները շտապեցին ուղղել իրենց սխալը։ Բոլորը կը կարծէին, թէ ան տակաւին երիտասարդ է եւ ուժ կ՚ունենայ դիմադրելու»:
Արուս Ոսկանեանի մտերմուհին՝ Արուս Մանասեանը, որ հիւանդանոցին մէջ խնամած է իր անուանակիցը, պատմած է, թէ դերասանուհին, բարձր ջերմութիւն ունենալով, քանի մը անգամ զինք պատուհանէն դուրս նետելու փորձ կատարած է: Ըստ Արուս Մանասեանի յուշերուն՝ դերասանուհին, մտապատրանքներու մէջ քանի մը անգամ մօտեցած է պատուհանին եւ գոչած. «Մարդի՛կ, ձեր դերասանուհին կը մեռնի, փրկեցէք, կը խնդրե՜մ»:
Ժողովուրդը, այդպէս ալ չհամակերպուելով անոր մահուան, օրեր յետոյ հրաժեշտ տուած է սիրելի դերասանուհիին:
Արուս Ոսկանեանին հետ բեմ առած են ժամանակի լաւագոյն դերասանները. ինչպէս՝ Վահրամ Փափազեան, Հրաչեայ Ներսիսեան, Վաղարշ Վաղարշեան, Գուրգէն Ջանիբէկեան: Ուշագրաւ է նաեւ Գուրգէն Ջանիբէկեանի յուշերը՝ դերասանուհիի մասին, որուն մէջ կը տեսնենք պարզ, անմիջական արուեստագէտը:
ԳՈՒՐԳԷՆ ՋԱՆԻԲԵԿԵԱՆԸ՝ ԱՐՈՒՍ ՈՍԿԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Արուսը շարունակ կը դժգոհէր իր մարմնական տուեալներէն՝ համարելով, որ ատոնք համաչափ չեն, կուրծքը մեծ է, ոտքերուն բթամատերը՝ ոսկրացած, պարանոցին մաշկը՝ ակօսուած: Մարմնական արատներ մենք անոր քով չէինք նկատեր, ի՛նք կը յայտնէր ի լուր ամէնքի եւ կ՚ըսէր, թէ կը պատրաստուի երթալ լուրջ գործողութեան: Եւ, իրօք, հիւրախաղերու մեկնելու պատրուակով մեզմէ գաղտնի պառկեցաւ հիւանդանոց: Որոշ ժամանակ անց երեւցաւ թատրոնին մէջ, ուրախ ու զուարթ ողջագուրուեցաւ բոլորիս հետ ու բացագանչեց:
-Օ-լա՜-լա՜... տեսէ՜ք,- պալէի պտոյտ մը կատարեց,- հիմա ինչպիսի՞ն եմ... Մեր առջեւ կեցած էր կուսական կուրծքով դիցուհի մը: Զարմացած նայեցանք անոր.
-Այդ ի՞նչ ըրած ես, Արո՛ւս...
-Ա՜յ, ոտքերս ալ նայեցէք..
Այլեւս այն դուրս ցցուած ոսկորները չկային:
-Սղոցել տուի...,- բացատրեց ան: Այնպէս ըսաւ այդ մասին, կարծես ոսկորին փոխարէն փայտ էր եւ տուած էր սղոցելու: Այդպիսին էր Արուսը: Յանուն բեմի եւ իր արուեստի՝ ան կարող էր ամէն ինչի երթալ: Միաժամանակ պարզ, անկեղծ, խոցելիութեան աստիճան անօգնական ու դիւրահաւատ մարդ էր կեանքին մէջ:
Օր մը փողոցը հանդիպեցայ: Զիս տեսնելուն պէս մտաւ թեւս ու բացագանչեց.
-Գուրգէն, ինչ լա՜ւ եղաւ, որ հանդիպեցանք...,- ու սկսաւ խնդալ,- գիտե՞ս, գինովցած եմ, այնպէս որ՝ տուն տար զիս:
Զարմանքով նայեցայ դէմքին, ան այդ վիճակին մէջ չէի տեսած:
-Ո՞վ քեզ խմցուցած է, այն ալ օրը ցերեկով:
-Բանուորները: «Արարատ» գործարան ասմունքելու գացած էի: Համերգէն յետոյ ինծի լաւ մը խմցուցին: Տեսակ-տեսակ գինիներ համտես ըրի, շատ լաւն էին: Ամէն տեսակէն՝ քիչ մը: Յանկարծ տեսնեմ՝ ոտքերս իմս չեն: Հազիւ պահեցի զիս, որ չզգան, թէ գինովցած եմ:
Անմիջապէս բռնեցի թեւէն եւ տուն ուղեկցեցայ: Կ՚ուզէի կառք վարձել, չձգեց.
-Ոտքով երթանք: Կը թարմանամ, քու հետդ ալ կը խօսիմ: Ախր սիրտս շատ լեց-ւած է... Ա՜խ, Գուրգէն, չեմ գիտեր, թէ իմ վերջս ի՛նչ պիտի ըլլայ:
-Իսկ ի՞նչ պատահած է որ...
-Ի՞նչ… Միամիտ կը ձեւանաս,-զարմացած նայեցաւ ինծի ու շարունակեց,- գիտես, որ Գուլակեանը ինծի կեանք չի տար թատրոնին մէջ: (Արմէն Գուլակեան-Սունդուկեանի անուան թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչը այդ տարիներուն):
-Կը չափազանցես: Շատ կը կարեւորես մանրուքները:
-Ե՞ս...
-Այո՛, դուն... Արմէնը կը խոնարհի քու տաղանդիդ առաջ:
-Ատոր համա՞ր դերեր չի տար...
-Արո՛ւս, դուն քեզի յարմար դերերը միշտ ալ ստացած ես: Զուր տեղը մի յուզուիր: Ի վերջոյ, ան չի կրնար ջահելներուն դերերն ալ քեզի յանձնել:
-Իսկ ինչո՞ւ ոչ... Ես բնաւ ալ դեռ մաշուած-պառաւած չեմ...
-Ո՞վ ըսաւ, թէ այդպիսին ես: Բայց ոչ ալ աղջնակ ես: Գուլակեանը քու հեղինակութեանդ մասին կը մտածէ, երբ քեզ ետ կը պահէ ոչ յարմար դերերէն:
-Կը զարմանամ, որ դուն ալ այդպէս կը մտածես:
-Մի զարմանար, սիրելի՛ս... Ես քու բարեկամդ եմ եւ չեմ կարող չըսել քեզ այն, ինչին մէջ իրօք համոզուած եմ:
Արուսը պահ մը լռեց... Քայլերը ակամայ աւելի դանդաղեցան: Ինծի թուաց, թէ լացը հազիւ կը զսպէ:
-Կը յիշե՞ս, Արո՛ւս, երբ ես առաջին անգամ ոտք դրի թատրոն, փորձի ժամանակ Ջանանը քեզի ի՛նչ ըսաւ...
Արուսը կանգ առաւ, իր կապոյտ աչքերը յառեց անորոշ կէտի մը եւ կամացուկ շշնջաց.
-Ջանանը՞... Խեղճ մարդ... Ո՛չ, չեմ յիշեր:
-Ան ըսաւ, որ դուն ժամանակին պիտի մտածես քու դերացանկդ փոխելու մասին: Տարիքի՛ իմաստով...
-Ա՜ա, յիշեցի... Ջանանին հետ այդ մասին յաճախ կը վիճէինք:
Անոր պայծառ աչքերը խամրեցան եւ տխրութեամբ լեցուցեան...
-Խե՜ղճ Ջանան... Ինչ-որ թիւրիմացութեան զոհ էր այդ մարդը:
-Ես ալ այդպէս կը կարծեմ... Միւսներուն մասին ալ... Ուրկէ՞ յայտնուեցան այդքան թշնամիներ...
-Այդ ցաւը զիս ուղղակի կը տանջէ, գիշերները քուն չունիմ... Անկեղծ կ՚ըսեմ, Գուրգէ՛ն, քիչ կը մնայ խելագարութեան հասնիմ... Ախր, ինչո՞ւ Ջանանը հիմա մեզի հետ պիտի չըլլար, ինչո՞ւ պիտի զրկուէր բեմէն, աշխատանքէն, կեանքէն...
Ես նայեցայ Արուսի արցունքոտած աչքերուն ու պահ մը նոյնիսկ նախանձեցայ Ջանանի ճակատագրին...
Արուս Ոսկանեանը, դերասանութենէն զատ, նաեւ յօդուածներ կը գրէր թատերական արուեստի մասին: Ան իր մահէն յետոյ ձգած է նաեւ օրագրեր եւ յուշեր իր ստեղծագործական կեանքի կարեւորագոյն դրուագներուն մասին: Մինչ ամբողջութեամբ կը հրապարակուին այդ յուշերը, ներկայացնենք քանի մը յուշ եւս իր մասին: Կը պատմէ անուանի դերասան Վաղարշ Վաղարշեանը.
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿՆՈՋ ԲԱՐԵՀՆՉԻՒՆ ԱՌՈԳԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մեծ արտիստուհին առաջին անգամ ես տեսած եմ 1914 թուին՝ Պաքու: Տեսած եմ թատրոնի մէջ, բայց ոչ խաղալու ժամանակ, այլ դահլիճը՝ հասարակութեան մէջ: Կը յիշեմ՝ հանդիսականները կը փսփսային իրարու ականջին. «Ահա Արուս Ոսկանեանը, ահա Արուս Ոսկանեանը», - եւ ցոյց կու տային գեղեցկուհի մը: Իրաւ, Արուսը բարեկազմ, նուրբ դիմագծերով գեղեցկուհի մըն էր: Անոր լայն ու համարձակ լանջաբացուածքի մէջէն պատանեկան թարմութեամբ կը գծագրուէին ճերմակ ուսերը, որոնք իրենց վրայ կը պահէին Արուսի ձիգ պարանոցն ու ոսկեթել, ալեծուփ վարսերով պսակազարդուած գլուխը: Անոր դէմքին խաղաղութեամբ կը ժպտէին զոյգ մը ծաւի աչեր, որոնք կը հմայէին տեսնողը: Անոր դէմքին ուրուագիծը, որ կը գծուէր լայն ճակատէն մինչեւ կուրծք տանող ելեւէջքը, ցանկացած նկարիչի համար երազած բարեկարգութիւն կարող էր համարուիլ:
Այսքանը բաւական էր արդէն հասկնալու համար այն շշուկները, որոնք կը տեղային ապագայ մեծ արտիստուհիի շուրջ:
Ես չէի կարող անտարբեր մնալ:
Երիտասարդ արտիստուհին ճեմասրահին մէջ կը շրջէր ազնուադէմ քաղաքացիի մը հետ: Զիս անսահման կը հետաքրքրէր Արուս Ոսկանեանի ձայնը, որ այնքան անհրաժեշտ է դերասանին: Ես ճեմասրահի աղմուկի եւ ժխորի մէջէն որսացի զայն:
Կը յիշեմ՝ կարծես ճիշդ հիմա, թէ ինչպէ՛ս կը շոյէին իմ լսելիքս Արուս Ոսկանեանի կախարդիչ ձայնն ու պոլսահայ կնոջ բարեհնչիւն առոգանութիւնը, կարծես բարակ աղբիւրի անուշ կարկաչ:
Անշուշտ, ճիշդ այդ երեկոյ ալ ծանօթացայ իմ ապագայ լաւ ընկեր ու մեծ արուեստակից Արուսին հետ:
ՀՐԱՉՈՒՀԻ ՃԻՆԱՆԵԱՆԸ ԱՐՈՒՍ ՈՍԿԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
- Պոլսահայ երեւանաբնակ մէկ այլ դերասանուհի՝ Հրաչուհի Ճինանեանը, Արուս Ոսկանեանի մասին նոյնպէս անգին յուշեր ունի.
Արուս Ոսկանեանի մասին լսած էի իմ մօրեղբօրմէ ու մօրաքոյրներէն, որոնք հիացած կը պատմէին անոր դերակատարումներէն: Ես իմ մտապատկերիս մէջ ունէի ի՛մ Արուս Ոսկանեանը՝ կապուտաչեայ, գանգուր մազերով կին մը: Ես առաջին անգամ բեմին վրայ զայն տեսած եմ լէյտի Մակպէթի դերին մէջ: Ատիկա իմ վրաս ցնցող տպաւորութիւն ձգած է: Ան դարձաւ իմ ամբողջ երազանքիս խորհրդանիշը: Արուսի միջոցով իմ սէրս փոխանցուեցաւ ամբողջ թատրոնին, եւ թատրոնը ինծի համար դարձաւ միակ երազանքը:
- Դպրոցի աշակերտներով գացած էինք շրջագայութեան՝ Էջմիածին: Յանկարծ տղաներէն մէկը ուրախ բացագանչեց. «Հրաչուհի՛, տես, Արուս Ոսկանեանը ժողովրդական դերասանուհիի կոչում ստացած է», -եւ թերթը մեկնեց ինծի: Ուրախութիւնս մեծ էր, որոշեցի զինքը շնորհաւորել: Գրեցի նամակ մը: Փափաքեցայ անձամբ տալ: Ընկերուհիիս հետ թատրոն գացինք: Ան ժպտերես, կաքաւաքայլ մօտեցաւ ինծի, ձեռքը դրաւ ուսիս, վերցուց, շնորհակալութիւն յայտնեց, իսկ ես, խենթի նման աստիճաններով գլտորուելով գացի դպրոց: Ամբողջ դպրոցը գիտցաւ, որ ես, վերջապէս, ծանօթացած եմ Արուս Ոսկանեանին հետ:
Օրեր յետոյ դպրոցի տնօրէնը զիս կանչեց ու ըսաւ, որ Արուս Ոսկանեանը կ՚ուզէ ինծի հետ հանդիպիլ: Ատկէ ետք անոր հետ յաճախ կը հանդիպէի ոչ միայն թատրոնին մէջ, այլեւ՝ տանը, գնահատականներս կը տանէի, ցոյց կու տայի: Ես կ՚ոգեւորուէի այդ ամէն ինչով: Ջերմ էր մեր բարեկամութիւնը՝ մինչեւ զինքը կորսնցնելը: Իմ վրայ զօրաւոր տպաւորութիւն ձգած է անոր վերաբերմունքը՝ հանդէպ իր ամուսիններուն՝ թէ՛ Ոսկանեանի, թէ՛ Ցոլակի: Երեւի ծանր յուշեր ունէր Արուսը, որովհետեւ Ցոլակ Պարսեանը ձերբակալած էին, աքսորած: Արուսը կը մտածէր անոր մասին, հոգ կը տանէր, բայց ոչ ոքի ոչինչ կ՚ըսէր:
Միայն ծափեր ու ծաղիկներ չեն եղած, եղած է նաեւ շատ տառապանք: Թէ՛ ամուսինին համար, թէ՛ անոր համար, որ Արուսը մտերիմ էր արտասահմանէն եկած անուանի մարդոց հետ, անոր հետապնդած են եւ ուզած են, որ փաստացի բան գրէ անոնց հասցէին, իսկ Արուսը միշտ հրաժարած է: Այդ մասին ինծի պատմած է Հրաչեայ Ներսիսեանը: Արուսը, ազատուելու համար զինք օր ու գիշեր անհանգստացնող Ներքին գործերու կոմիտէի աշխատողէն, որ կը պահանջէր ստորագրել ինչ-որ փաստաթուղթի տակ, կը բարձրանայ պատուհանագոգին եւ կ՚ըսէ. «Հեռացե՛ք, եթէ՝ ոչ, ինքզինքս հոստեղէն ցած պիտի նետեմ»: Այնպիսի վճռականութիւն եղած է անոր մէջ, որ այդ մարդը սարսափած է, որ այս կինը կարող է այդ քայլին դիմել, եւ ամէն ինչ կարող է մէջտեղ ելլէ: Եւ ձգած, հեռացած է:
Ըստ երեւոյթին, Արուսը երկար ժամանակ կը վախնար, որ կարող են նաեւ զինք կալանաւորել, եւ հաւանաբար ատոր համար օր մը կանչեց զիս իր քովը: Շատ յուզուած էր, սկսաւ պրպտել թուղթերը, հանեց իր ձեռագրով արտագրուած Չարենցի բանաստեղծութիւնը՝ նուիրուած իրեն, Չարենցի գիրքերը՝ հեղինակի կողմէ իրեն ձօնած մակագրութիւններով եւ ըսաւ. «Թատրոնի հետ կապուած աղջիկ ես, պահէ այս գործերը, ժամանակը կու գայ՝ հրապարակելու»: Չարենցը արդարացնելէ յետոյ Ռուբէն Զարեանը այդ բոլորը հրապարակեց: Ուրեմն՝ ան ոչ միայն ինծի տուած էր, այլ նաեւ՝ Ռուբէն Զարեանին, գուցէ եւ ուրիշի ալ: Այդպիսի մտավախութիւն ունէր նաեւ ան: Այդ սեւ ձեռքը մշտապէս եղած է մեր արուեստագէտներուն վրայ:
Արուս Ոսկանեանը ինծի կը պատկերանայ չարենցեան «Լուսամփոփի պէս աղջիկ»ի տեսքով:
ԴԱՐՊԱՍԵԱՆ-ՈՍԿԱՆԵԱՆԸ
Արուս Ոսկանեանի օրիորդական մականունը եղած է Դարպասեան: Ան վերցուցած է իր ամուսինին՝ Պաքու ծնած արեւելահայ թատերական գործիչ, դերասան Յովսէփ Ոսկանեանին մականունը, կրճատած է Արուսեակ անունը եւ մինչեւ հիմա յայտնի է Արուս Ոսկանեան: Անոր եղբօր դուստրը՝ Մարգարիտա Դարպասեանը նոյնպէս մտաւորական էր, եւ յուշեր գրած է իր հօրաքրոջ մասին:
ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ԴԱՐՊԱՍԵԱՆԻ ՅՈՒՇԸ
«Շատ ու շատ դրուագներ կը յիշեմ անոր կեանքէն՝ յիշարժան ու հետաքրքրական: Մենք՝ ես եւ քոյրս, կը բնակէինք հօրաքրոջս՝ Արուս Ոսկանեանի տանը: Մենք երրորդ սենեակին մէջ կ ՚ապրէինք, իսկ ինքը՝ ննջասենեակը: Ահա, կը յիշեմ Եղիշէ Չարենցի մահացած օրը՝ նոյեմբերի 27-ն էր, տխուր գիշեր մը: Արուսը, փակուած իր սենեակին մէջ, մեզի բան մը չէր ըսած բանաստեղծի մահուան մասին, միայն մենք զգացած էինք անոր սարսափելի տխրութիւնը: Քնացած էի, երբ լսեցինք հօրաքրոջս ասմունքին ձայնը:
Զարմացանք. ի՞նչ պատահած է: Ականջ դրինք՝ լուռ մօտեցած անոր սենեակի գոց դուռին: Եւ կը լսուէր Չարենցի «Կարմիր նժոյգները թռչում են սրընթաց, կարմիր նժոյգները բաշերը փրփուր»: Յետոյ արտասանեց «Գանգրահեր տղան» քերթուածէն հատուածներ եւ այնուհետեւ շարունակաբար՝ «Տաղարան»էն՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» եւ նշանաւոր այլ հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ: Մինչ լուսաբաց կ՚արտասանէր ու բարձրաձայն կը հեկեկար: Առաւօտեան ըսաւ. «Ես բանաստեղծի հոգեհանգիստը կու տայի եւ յարգանքի տուրքը անոր տառապանքի առաջ»: Զգացինք, որ հօրաքոյրս դժուարութեամբ այդքանը ըսաւ, որովհետեւ ժամանակներն այլ էին. վտանգաւոր օրեր էին, մենք իրաւունք չունէինք Չարենցին անունը տալու:
Իսկ ինքը տառապանքը կը սփոփէր արտասանութեամբ, եւ իր սիրոյ արտայայտութիւնը ասմունքով կը հնչեցնէր: Մենք նկատեցինք, որ մոմեր կը վառէին եւ ծաղիկներ դրուած էին Չարենցի նկարին առաջ: Կը յիշեմ՝ Արուսը շուռ եկաւ դէպի միւս պատը, որուն վրայ կախուած էր Սթալինի նկարը, եւ անիծելով ըսաւ՝ հանճարեղ մարդու գլուխը կերաւ շան որդին: Յետոյ կրկին կը նայէր Չարենցի նկարին ու աղիողորմ կը հեկեկար:
ՊՈԼԻՍ-ՊԱՔՈՒ-ԹԻՖԼԻԶ-ԵՐԵՒԱՆ
Արուսեակ Դարպասեանը ծնած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Էսաեան վարժարանին մէջ, ուր աշակերտած է գրող եւ մանկավարժ Սիպիլին, ապա ընդունուած տեղի ֆրանսական ուսումնարան:
Ուսումը աւարտելէ ետք Ոսկանեան Ազգային հիւանդանոցի որբանոցէն ներս ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն, սակայն նկատի ունենալով թատրոնի նկատմամբ փոքր տարիքէն ունեցած սէրը, ուզած է դուրս գալ ուսուցչութենէն եւ նուիրուիլ թատրոնի: Ոսկանեանի թատերական աշխարհ մուտք գործելու առաջին փորձը եղած է Վահրամ Փափազեանի՝ Պոլիս ժամանումով: Փափազեան անոր առաջարկած է «Օթելլօ»ի մէջ Էմիլիայի դերը: Այդ օրերուն Ոսկանեան նշանուած էր, եւ փեսացուն հրաժարած է իրմէ՝ այդ որոշումին համար, իսկ ընտանիքը զինք բեմէն հեռու պահելու նպատակով ղրկած է Պուլկարիա, ուր ծեր մօրաքոյր մը ունէր, անոր քով:
Ոսկանեան Պուլկարիայէն Պոլիս վերադարձած է 1908 թուականին եւ իբրեւ հանդիսատես սկսած է ներկայ գտնուիլ Աբէլեան-Արմէնեան թատերախումբերու ներկայացումներուն, ինչ որ իր մէջ դարձեալ արթնցուցած է թատրոնի սէրը:
Ժամանակի ընթացքին թատերախումբի հետ իր կապերը ամրացնելով վերջապէս ամուսնացած է նոյն թատրոնի դերասան Յովսէփ Ոսկանեանի հետ, որմէ ետք սկիզբ առած է դերասանական բուռն գործունէութիւնը:
Ոսկանեան թատերախումբին հետ միասին սկսած է շրջիլ քաղաքներ: Պաքուի մէջ ծանօթացած է յայտնի դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեային, որ ինքնակամ ստանձնած է Ոսկանեանի բեմական ուսուցիչը ըլլալու գործը:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Ոսկանեան հաստատուած է Թիֆլիզ, ուր գրող Ալեքսանտր Շիրվանզատէի խորհուրդով մասնակցած է ներկայացումներու եւ մեծ յաջողութիւններ ձեռք բերած: Փոխադրուած է Երեւան, ուր ստանձնած է բազմաթիւ դերեր եւ հայրենիքի մէջ ալ կնքած իր մահկանացուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024