ԻՆՉՊԷՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԸՐԱՒ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻՆ…
Հայաստանի մէջ մեծ շուքով ամէն տարի փետրուարին կը նշուի Ամենայն հայոց բանաստեղծ հռչակուած Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը: Անոր ծնած օրը՝ 19 փետրուարը, 2008 թուականէն ի վեր հռչակուած է իբրեւ Գիրք նուիրելու օր, որ տօնի կը վերածուի: Տարիէ տարի այս տօնը աւելի մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ՝ արձագանգ գտնելով հանրութեան, իշխանութեան ամենատարբեր շրջանակներու մէջ: Գրախանութները, գրատուները զգալի զեղչեր կը յայտարարեն գիրքերու վրայ, նոր գիրքերու շնորհանդէսներ կը կազմակերպուին այդ օրը, ժամանակակից հեղինակներ կը հանդիպին ընթեցողներուն հետ եւ գրատօնը կը դարձնեն առաւել յիշարժան: Այս տարի նոյնպէս Երեւանի եւ մարզերու մէջ նշուեցաւ թումանեանական շունչ ստացած օրը, հազարաւոր գիրքեր գնուեցան եւ նուիրեցան՝ այդ ընթացքին ուշադրութիւն դարձնելով նաեւ մեր գրականութեան խոշոր դէմքերէն մէկուն՝ Յովհաննէս Թումանեանի գրական ժառանգութեան վրայ: Հայաստանցի գրողական եւ ընթերցասէր հանրութիւնները հայ գրողներէն ամենէն շատ տուրք կու տան Թումանեանին: Եւ այդ մէկը պատահական չէ, քանի որ Թումանեանը գրող է բոլոր տարիքներու համար, ստեղծագործած է գրեթէ բոլոր գրական ժանրերով, գրած է մեծ թիւով գիրքեր, որոնք մինչեւ այսօր կը վերահրատարակուին ու չեն կորսնցներ արդիականութիւնը: Ան գրած է մանուկներու, պատանիներու, մեծերու համար, գրած է հեքիաթներ, բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, մեծ ու փոքր չափի քերթուածներ, քառեակներ, հրապարակախօսական գրութիւններ, կազմած է դպրոցական դասագիրքեր, գրական գործեր թարգմանած է ռուսերէնէ, փոխադրած է ուրիշ ժողովուրդներու ազգային երկեր ու հեքիաթներ եւ վերջապէս մշակած է մեր ազգային «Սասունցի Դաւիթ» էպոսը, եւ այդ մշակումը մինչեւ այսօր կը մնայ անգերազանցելի…
Մեծ եղած է Յովհաննէս Թումանեանին դերը նաեւ հայոց հասարակական, գրական, ազգային, նոյնիսկ՝ քաղաքական կեանքին մէջ. ան որբախնամ ահռելի աշխատանք տարած է, ստեղծած է գրական խմբակ, դիւանագիտական ասպարէզին մէջ նոյնպէս գործած է՝ մաս կազմելով Հայաստանի դիւանագիտական պատուիրակութեան՝ Պաթումի մէջ, դէմ յանդիման եկած է հայ-վրացական պատերազմին եւ այդ պատերազմը կասեցնող գլխաւոր գործիչներէն եղած է:
Անոր ճակատագիրը նոյնացած էր իր ժողովուրդի ճակատագրին հետ, ահա ինչու գրողը, առանց վարանելու, իր զաւակները կը ղրկէր պատերազմի, ինքն ալ ազգային պայքարի ուրիշ ճակատներու վրայ էր…
Մէկ տարի յետոյ մեծ գրողին 155-ամեակն է, իսկ անոր 150-ամեակը, ինչպէս կը յիշէք, նշուեցաւ միջազգային մակարդակով՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանիի ներքոյ:
Մեր ժողովուրդը միշտ ալ նշած է իր գրողներուն, արուեստագէտներուն յոբելեանները, Յովհաննէս Թումանեանի յոբելեանները մանաւանդ մեծ շուքով նշուած են Հայաստանի, Վրաստանի մէջ: Գրողը իր կեանքի մէկ մասը ապրած է Թիֆլիզ, ուր իր հիմնական գործունէութիւնը ծաւալած է:
Յովհաննէս Թումանեանի 50-ամեակի մասին (որ լրացած է 1919-ին) ուշագրաւ պատմութիւն մը ունի հայ իրաւաբան, գրող, մանկավարժ Վարդգէս Ահարոնեան, որդին՝ հայ գրող, քաղաքական, հասարակական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի եւ ամուսինը՝ գրող Արմենուհի Տիգրանեանի (որ քոյրն էր հայ երգահան ու խմբավար Արմէն Տիգրանեանի):
Վարդգէս Ահարոնեան Թումանեանի մասին գրած է «Յովհաննէս Թումանեան. Մարդը եւ բանաստեղծը» գիրքը, որ տպուած է 1936-ին Պոսթըն, իսկ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնն ալ վերջին տարիներուն վերահրատարակած է զայն: Այդ գիրքին մէջ Ահարոնեան կը ներկայացնէ Թումանեանին այցելութիւնը վերջինիս ծննդավայր Լոռի, անոր հանդիպումը Սիամանթոյին հետ, Սիամանթոյին անկեղծ գնահատականները Թումանեանին: Թումանեանը հիացուցած էր Սիամանթոն իր իմաստուն եւ ջերմ զրոյցներով, եւ գրողէն հրաժեշտ առնելու պահուն Սիամանթոն իր ուղեկիցներուն կը շշնջայ. «Աս ի՞նչ զարմանալի մարդ է սա մեր Թումանեանը… ջրվէժի նման՝ կը հոսի, կը հոսի անդադար, եւ ծիածանը, կամար կը կապէ իր վրայ…»:
Գիրքը զանազան բաժիններէ կազմուած է: «Յովհաննէս Թումանեանը եւ պատերազմը» բաժնին մէջ Վարդգէս Ահարոնեան կը նկատէ, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմը ցնցեց խաղաղասէր Թումանեանը, անհատականութեան մը, որ կ՚ատէր պատերազմը, արիւնահեղութիւնը եւ ան հրապարակ նետուեցաւ իր ամբողջ եռանդով, էութեամբ՝ խօսքով, գրիչով եւ գործով, իր անձին օրինակով:
Նշենք, որ ուշագրաւ կենսագրութիւն ունեցած է նաեւ ինք՝ Վարդգէս Ահարոնեան: Ան ծնած է Իգդիր գաւառի Իգդիրմաւա գիւղը, 1888-ին: Իգդիրէն անցած է Երեւան, ուր սորված է ռուսերէն եւ ընդունուած Երեւանի ռուսական վարժարանը, ուսանած՝ մինչեւ 1903 թուականը: Ապա մտած է Մոսկուայի համալսարանի իրաւաբանական բաժինը, զոր աւարտած է 1912-ին:
1914-ին, կամաւորական գունդերու կազմութեան ժամանակ դարձած է Անդրանիկի քարտուղարը եւ ռուսերէնի թարգմանիչը:
1916-ին, կամաւորական գունդերու լուծարումէն ետք, անցած է Թիֆլիզ:
Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին Վարդգէս Ահարոնեան վարած է Երեւանի դատական շրջանի դատախազի պաշտօնը, ապա ազգայնացուած դատարանի առաջին դատախազի պաշտօնը:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք անցած է Փարիզ, իսկ 1923-ին ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով, շրջուն գործիչի պաշտօնով գացած է Ամերիկա: Նիւ Եորքի մէջ իր կնոջ՝ Արմենուհիին հետ հիմնած է «Ահարոնեան» վարժարանը եւ կազմած է հայերէնի դասագիրքեր:
Մահացած է Պելմոնտի մէջ, 15 փետրուար 1965-ին: Երիտասարդ տարիքէն ստեղծագործած է եւ Յովհաննէս Թումանեանի մասին գրած գիրքէն զատ գրած է նաեւ «Րաֆֆի. կեանքը» (1936), «Անդրանիկ. մարդը եւ ռազմիկը» (1957), Պոսթոն, «Լեւոն Շանթ. մարդը եւ գործը» հատորները:
Ահարոնեան Թումանեանը նկատած է հայ գրականութեան ամենամեծ դէմքերէն մէկը, որուն կեանքն ու գործը սերտ կապուած են 20-րդ դարու առաջին քառորդի հայոց գեղարուեստական խօսքի զարգացման հետ: Թումանեանին հետ մտերմութիւնը եւ ջերմ յիշողութիւնները ծնունդ տուած են այս գիրքին, որուն ամէն մէկ բաժինը կ՚ընթերցուի անհագ հետաքրքրութեամբ:
«Զատել մարդ Թումանեանը բանաստեղծ Թումանեանէն, գրեթէ անհնար է», կը գրէ Վարդգէս Ահարոնեան եւ յառաջաբանին մէջ կը նշէ. «Եթէ այս գիրքը կարողանայ օտար, անհամբոյր ափերուն նետուած վտարանդի հայութեան եւ, մանաւանդ, մեր նորահաս սերունդին մէջ արթնցնել հետաքրքրութիւն եւ սէր դէպի մեր լաւագոյն գրողներէն մէկը՝ Յովհաննէս Թումանեան, այդ պարագային գիրքը հասած կ՚ըլլայ իր նպատակին»: Թումանեանի 50-ամեակին ըրած անակնկալը ան նկարագրած է «Իր տարեդարձը» խորագրին ներքոյ:
ԻՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Պատերազմէն առաջ եւ մինչեւ Վրաստանի խորհրդայնացումը Թիֆլիզի մէջ կը հրատարակուէր «Կաւկազսկոյէ սլովօ» («Կովկասեան խօսքը») ռուսական օրաթերթը, որ Կովկասի ռուսական թերթերուն մէջ ամենէն տարածուածը եւ ամենէն ազդեցիկն էր:
Թէեւ ռուսատառ, բայց հիմնուած էր եւ կը ղեկավարուէր հայերու կողմէ: Հայերէն զատ, թերթին կ՚աշխատակցէին նաեւ ռուսներ, վրացիներ ու թաթարներ: Հայեր էին թերթին խմբագիրները, որոնմցէ մին՝ Մ. Գէորգեանը, գողթանցի իրաւաբան, շնորհալի գրագէտ եւ Յովհաննէս Թումանեանի հիացողներէն ու մտերիմ բարեկամներէն էր:
1918-19-ի ձմրանը թերթին հայկական բաժինը կը վարէի ես:
Մ. Գէորգեանը միտքը պահած էր, որ 1919 թուականի փետրուարի 20-ին կը լրանայ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան յիսնամեակը:
Եւ ահա, օր մը «Կաւկազսկոյէ սլովօ»ի խմբագրութեան մէջ Մ. Գէորգեանը հարց դրուաւ թերթին փետրուարի 20-ի թիւը ամբողջութեամբ նուիրելու Յովհաննէս Թումանեանին: Որոշուեցաւ այդպէս ալ ընել եւ այդ բացառիկ թիւին խմբագրումը յանձնուեցաւ երեքիս՝ Մ. Գէորգեանին, ռուս բանաստեղծ Սերկէյ Կորոտեցկուն եւ ինծի:
Հաճոյքով ու ոգեւորութեամբ գործի անցանք:
Որոշեցինք ո՛չ անոր՝ Յովհաննէս Թումանեանին եւ ո՛չ ալ թերթի աշխատակիցներէն զատ ուրիշ որեւէ մէկուն ըսել մեր ծրագրին մասին եւ գեղեցիկ անակնկալ ընել սիրելի բանաստեղծին:
Թիֆլիզ օրաթերթերը կը տպագրուէին նախորդ գիշերը: Փետրուարի 19-ին մինչեւ կէսգիշեր սպասեցի «Կաւկազսկոյէ սլովօ»ի տպարանը, մինչեւ որ լոյս տեսան յաջորդ օրուայ թերթին առաջին օրինակները: Մէկ օրինակ գրպանս դրի եւ շտապեցի Յովհաննէս Թումանեանի տունը:
Կէսգիշերն անց էր, երբ հասայ: Թումանեանի աշխատասենեակին պատուհաններէն լոյս կ՚երեւար: Ուրեմն դեռ արթուն է: Զանգը տուի եւ ներս մտայ:
Այդ գիշերը մէկն էր այն հազուագիւտ գիշերներէն, երբ Թումանեանը հիւր չունէր: Բանաստեղծը, շուրջը հաւաքած իր ընտանիքը, կը կարդար անոնց համար, երբ ներս մտայ ու սեղանին դրի թերթը:
-Այս ի՞նչ է,- հարցուց Թումանեանը:
-Ձեր ծննդեան տարեդարձին նուիրուած թիւը:
-Իմ միտքս չէ իմ ծննդեանս տարեդարձը, դուք այդ ինչպէ՞ս ձեր միտքը պահած էք: Լաւ, կարդա՛, տեսնեմ դուն ի՛նչ գրած ես:
Կարդացի իմ յօդուածս, որուն մէջ չէի մոռցած յիշատակել մեր բանաստեղծին կարգ մը սովորութիւնները, ինչպէս տունէն ներս իր տարօրինակ զգեստաւորումը, բնակարանի կարասիները ներկելը, անծանօթ լեզուով գիրքեր գնելը եւ այլն:
-Ըսել է թէ դուն հոս կու գաս, չորս կողմդ մտիկ կ՚ընես, տեսածդ միտքդ կը պահես եւ յետոյ կը գնաս եւ այդ բոլորը կը գրես, որ ինծի խայտառակես, հա՞: Անգամ մըն ալ այս տունը ոտք չդնես,- կատակով սպառնաց Թումանեանը, ապա աւելցուց,- լաւ, այս անգամ կը բաշխեմ, բայց նորէն չես ըներ: Իսկ հիմա եկուր ճակատդ համբուրեմ… Կարդա՛, տեսնենք ուրիշ ի՞նչ կայ այդտեղ:
Ամենէն աւելի Յովհ. Թումանեանը սիրեց ռուսերէն թարգմանութիւնը Արմենուհի Տիգրանեանի մէկ բանաստեղծութեան, որ այդ առթիւ ձօնուած էր իրեն:
Ծայրէ ծայր կարդացի իրեն համար ամբողջ թիւը:
Յովհաննէս Թումանեանը ակներեւ կերպով յուզուած էր հիացումի, սիրոյ, գուրգուրանքի այն ջերմ արտայայտութիւններէն, որոնք դուրս հոսած էին թերթի այդ բացառիկ թիւին իրենց աշխատակցութիւնը բերած բոլոր գրիչներէն անխտիր:
Հայերուն հետ միասին, «Կաւկազսկոյէ սլովօ»ի այդ բացառիկ թիւին իրենց աշխատակցութիւնը բերած էին նաեւ ռուս, վրացի եւ թաթար գրողները:
Մեզմէ ոչ ոք նախատեսած էր, չէր կարող նախատեսել այն, ինչ տեղի ունեցաւ յետագայ շաբաթներուն ընթացքին:
«Կաւկազսկոյէ սլովօ»ի բացառիկ թիւը կայծ մը էր, որ բռնկեցուց հայ հասարակութեան խանդավառութեան հրդեհը:
Յաջորդ օրը Թիֆլիզի հայ թերթերը արձագանգ տուին «Կաւկազսկոյէ սլովօ»ի համակրական ցոյցին: Քանի մը օր չանցած՝ Թիֆլիզի հայ մշակութային կազմակերպութիւններն ու հիմնարկները իրար անցան: Հայ գրողներու ընկերութիւնը, Հայոց հրատարակչական ընկերութիւնը, Հայ տրամաթիկ ընկերութիւնը, Հայ ուսուցչական միութիւնը, Ներսիսեան դպրոցը, Յովնանեան դպրոցը, Գայանեան դպրոցը եւ այլն, բոլոր-բոլորը մէկը միւսի ետեւէն սկսան կազմակերպել յոբելենական հանդէսներ՝ ի պատիւ Յովհաննէս Թումանեանի:
Ոչ մէկ կազմակերպութիւն կ՚ուզէր ետ մնալ միւսներէն: Ամէն մէկ հիմնարկ, ամէն մէկ հաստատութիւն զատ հանդէս կը կազմակերպէր: Ամէն մէկ կազմակերպութիւն կ՚ուզէր իր անդամներուն մտերիմ շրջանակին մէջ տեսնել սիրելի բանաստեղծը:
Այս էր, թերեւս, պատճառը, որ փոխանակ մէկ ընդհանուր տօնակատարութեան, անջատ-անջատ բազմաթիւ հանդէսներ կազմակերպուեցան:
Ատիկա ե՛ւ յոբելեան էր, ե՛ւ յոբելեան չէր:
Յոբելեան չէր, որովհետեւ ոչ ոք ծրագրած էր Յովհաննէս Թումանեանի գրական յոբելեանը տօնել: Ո՛չ յոբելենական յանձնախումբ կազմուած էր, ո՛չ այդ իմաստով աշխատանք կատարուած կամ որեւէ պատրաստութիւն տեսնուած:
Յոբելեան էր, որովհետեւ մէկ սոսկական անհատի ծննդեան տարեդարձը չէր, որ կը տօնուէր, այլ ժողովրդական, սիրուած բանաստեղծի ծննդեան տարեդարձը, եւ բնական էր, որ այդ տօնակատարութիւնը կապուէր Յովհաննէս Թումանեանի գրական գործունէութեան գնահատանքին:
Կովկասի մէջ հայ գրողներէն ոչ մէկուն խնամքով կազմակերպուած յոբելեան իսկ չեղաւ այնքան խանդավառ, այնքան ինքնաբուխ յարգանքի եւ սիրոյ արտայայտութիւն, որքան Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան յիսնամեայ տարեդարձի յանպատրաստից տօնակատարութիւնը:
Փետրուարի 20-էն սկսեալ ամբողջ 5-6 շաբաթ Թիֆլիզի հայ հասարակութիւնը ապրեցաւ Թումանեանով:
Գրեթէ օր չէր անցներ, որ մէկ մեծ կամ փոքր հանդէս տեղի չ՚ունենար: Յովհաննէս Թումանեանը ուղղակի ձեռքերու վրայ կը պտտցնէին:
Հայերուն հետեւեցան նաեւ վրացիները, որոնք գեղեցիկ հանդէսով մը պատուեցին մեր բանաստեղծը:
Վերջացան այս հանդիսութիւնները մեծ հանդիսաւոր ճաշկերոյթով մը Թիֆլիզի շքեղ թատրոնի՝ Արտիստականի սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին հայ, վրացի, ռուս եւ թաթար գրողներ ու մտաւորականներ:
Հայերու չափ խանդավառուած էին մասնաւորապէս վրացիները, որոնց երիտասարդ գրողներէն խումբ մը՝ Տ. Թապիծէ, Ի. Կրիշաշվիլի, Ս. Օկանեզաշվիլի, Կ. Լիոնիծէ եւ ուրիշներ հմայուած էին Յովհաննէս Թումանեանով եւ կը դառնային մեր բանաստեղծին շուրջը:
Այդ օրերուն ոչ ոքի մտքով կրնար անցնիլ, թէ չորս տարի չանցած Յովհաննէս Թումանեանի քնարը պիտի լռէ ընդմիշտ:
Եւ քանի որ ճակատագիրը այդպէս տնօրինած էր, լաւ էր, որ սիրելի բանաստեղծին ծննդեան տարեդարձը ինքնաբուխ կերպով վերածուեցաւ շքեղ, խանդավառ գրական յոբելեանի:
ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 05/14/2025