MIDEM-ԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սի 5-8-ին, Հա­յաս­տան պա­տուոյ երկ­րի կար­գա­վի­ճա­կով մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րէ Ֆրան­սա­յի MIDEM մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր փա­ռա­տօ­նին։ Քանն քա­ղա­քին մէջ այս շրջագ­ծով չորս օ­րե­րու տե­ւո­ղու­թեան պի­տի հնչէ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։ Մի­ջերկ­րա­կա­նի ա­փի այս գե­ղա­տե­սիլ քա­ղա­քը ո­ղո­ղուած պի­տի ըլ­լայ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ։

Հա­յաս­տա­նի MIDEM փա­ռա­տօ­նի մաս­նակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, թէ Հա­յաս­տան մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րէ մի­ջազ­գա­յին այս կա­րե­ւոր ե­րաժշ­տա­կան ի­րա­դար­ձու­թեան։

Ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ։ Այս առ­թիւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան նշեց. «MIDEM-ի հե­ղի­նա­կա­ւոր հար­թա­կին վրայ մենք պի­տի ներ­կա­յաց­նենք ոչ միայն հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, այ­լեւ վե­րած­նեալ Հա­յաս­տա­նը»։

Իր կար­գին, հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րէն «Reed MIDEM» ըն­կե­րու­թեան մշա­կու­թա­յին ծրագ­րե­րու տնօ­րէ­նու­հի Քոր­նե­լիա Մուխ նշեց, թէ ծրագ­րին շրջագ­ծով պի­տի հնչեն հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան զա­նա­զան նմոյշ­ներ եւ հան­դէս պի­տի գան զա­նա­զան խում­բեր ու մե­նա­կա­տար­ներ։ Այս­պէս, կը նա­խա­տե­սուի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը «Հո­վեր» երգ­չա­խում­բի, Ե­րի­տա­սար­դա­կան նուա­գա­խում­բի, Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեա­նի ե­ւայլն։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2015