ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՐԵԿՈՅԹ
Երէկ երեկոյեան «Պողազիչի» համալսարանին մէջ անմոռանալի ելոյթով մը հանդէս եկաւ սփիւռքահայ երաժիշտ Հայկ Եազըճեան։ Համալսարանի «Ալպէրթ Լոնկ» դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու տեւողութեան ապրուեցաւ անբացատրելի խանդավառութիւն։ Հիւրընկալ համալսարանի «Բազմաձող ձայներ» համերգաշարին շրջագծով կազմակերպուեցաւ Հայկ Եազըճեանի համերգը, որ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ։
Ամբողջութեամբ լեցուն դահլիճին մէջ երգահան եւ ուտահար Հայկ Եազըճեան մեկնաբանեց հայկական, արաբական եւ յունական երաժշտութենէն նմոյշներ։ Ան իր անմիջական ոճով յաջողեցաւ գրաւել ներկայ հանդիսատեսներուն սիրտը։ Հայկ Եազըճեան եւ իրեն ընկերակից նուագախումբը արտակարգ յաջողութեամբ գործադրեցին իրենց յայտագիրը եւ յաջողեցան աննախընթաց հաղորդակցութիւն մը ապահովել հանդիսատեսներուն հետ։
Սուրիահայ արուեստագէտ Հայկ Եազըճեան կ՚ապրի ու կը գործէ Յունաստանի մէջ։ Իրեն ընկերակից նուագախումբի բոլոր արուեստագէտներն ալ եկած էին Յունաստանէն։ Ան «Դալար» եւ «Կարին» ալպոմներով համբաւ ձեռք բերած է եւ յունական երաժշտական աշխարհէն ներս կը դասուի իսկական հեղինակութիւն մը «world-jazz» ոճին շրջագծով։