ԿԱՆԱՆՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԸՆԴԳԾՈՒՄ
Մարդու իրաւունքները էապէս պէտք է ընդգրկեն բոլոր անհատները՝ տղամարդիկ եւ կիներ: Այս հիմնարար իրաւունքները, որոնք կրնանք կոչել նաեւ հաւասար, ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունք, անխափան կը շարունակեն մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, անօտարելի են եւ չեն կրնար փոխուիլ որեւէ պարագային։ Մեր իրաւունքները պաշտպանող իրաւական համակարգի համաձայն՝ բոլորը հաւասար են օրէնքի առջեւ՝ անկախ սեռէն, մաշկի գոյնէն, կրօնէն, լեզուէն, տարիքէն, ազգութենէն կամ ընկերային ծագումէն, կարծիքներու կամ ունեցուածքի տարբերութիւններէն: Սակայն փաստ է նաեւ, որ օրէնքները երբեմն պատշաճ կերպով չեն իրականացուիր եւ մեր իրաւունքները համարժէք չեն պաշտպանուիր։
Օրէնքները երբեմն կրնան չպաշտպանել ինչպէս տղամարդոց, այնպէս ալ կանանց իրաւունքները: Այնուամենայնիւ, երբ կանանց իրաւունքները կ՚ոտնահարուին, սա յաճախ տեղի կ՚ունենայ սեռային անհաւասարութեան պատճառով: Օրինակ, երբ խօսքը կը վերաբերի ընտանեկան բռնութեան կամ պատուի համար սպանութեան մասին, ոչ ոք կը կարծէ, թէ բռնութեան ենթարկուողը կամ սպաննուածը տղամարդն է։ Կամ երբ կը հնչէ «հաւասար աշխատանքի դիմաց հաւասար վարձատրութեան» պահանջը, պարզ կը դառնայ, որ կինը հաւասար աշխատանքի դիմաց չի ստանար հաւասար վարձատրութիւն։
Սեռային/ֆիզիքական բռնութիւնը օրինականացնելու նպատակով կը քննարկուի կիներու հագուստը եւ կամ ուշ գիշերին փողոցը գտնուիլը, բայց նոյնը կարելի չէ ըսել տղամարդոց պարագային: Երբ կը նշուի «վաղ/պարտադրուած ամուսնութիւնը», ոչ ոք կը մտածէ, թէ տղան կ՚ամուսնանայ տարեց կնոջ հետ։
Այս եւ բազմաթիւ նման խտրական օրինակներու պատճառով մեզի անհրաժեշտ է «կանանց իրաւունքներ» հասկացութիւնը:
Բռնութիւնը համաշխարհային խնդիր է, որ բացասաբար կ՚անդրադառնայ հասարակութեան առողջութեան եւ ընկերային զարգացման վրայ: Հասարակական կեանքէ ներս բաւական տարածուած «կանանց դէմ բռնութեան» երեւոյթը՝ մանաւանդ աշխատանքային կեանքն է։ Մեր օրերուն բազում մարդիկ իրենց աշխատանքը կատարելու ժամանակ կը բախուին բռնութեան խնդրին՝ տարբեր մակարդակներով կամ ձեւերով։ Չկայ այս հասկացութեան ընդհանուր սահմանումը, որ կը հասկցուի որպէս «աշխատավայրէ ներս բռնութիւն»։ Սա բաւական դժուար է սահմանել, քանի որ շատ բարդ եւ բազմակողմ խնդիր մըն է, բայց կարելի է համառօտել սապէս. ֆիզիքական կամ հոգեբանական վնաս պատճառելու ուղղուած որեւէ գործողութիւն կամ իրադարձութիւն, որուն կ՚ենթարկուին աշխատողները իրենց աշխատանքը կատարելու ժամանակ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը աշխատավայրէ ներս բռնութիւնը կը սահմանէ որպէս իրավիճակ մը, երբ անձը կ՚ենթարկուի ոտնձգութիւններու, սպառնալիքներու կամ յարձակումներու՝ իր աշխատանքի կամ մասնագիտական գործունէութեան հետ կապուած պարագաներուն, որոնք իր առողջութեան ու անվտանգութեան բացայայտ կամ անուղղակի վտանգ կը սպառնան:
Հասարակական կեանքի մէջ բաւական տարածուած «կանանց դէմ բռնութեան» երեւոյթը աշխատանքային կեանքին մէջ տարածուած է աներեւակայելիօրէն։ Բազում ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին կանանց դէմ աշխատավայրէ ներս բռնութեան տարածուածութեան, յաճախականութեան եւ հեղինակներուն մասին: Բաց աստի, ուսումնասիրութիւններու նպատակն է նաեւ բարձրաձայնել աշխատավայրէ ներս բռնութեան ենթարկուելու ազդեցութիւնը՝ աշխատանքային ճնշուածութեան եւ կին աշխատողներու իր աշխատանքի դիմաց վարձատրութեան բաւարարուածութեան վրայ:
Հետազօտութեան ընդգրկուած են զանազան ոլորտներէ ներս պաշտօնավարող 194 կիներ։ Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ մասնակիցներու 45.4 տոկոսը վերջին մէկ տարուան ընթացքին բռնութեան ենթարկուած է աշխատավայրէ ներս։ Կ՚երեւի, որ բռնութեան ամենայաճախ բացայայտուած տեսակներն են յուզական ճնշումն (35.1 տոկոս) ու բանաւոր բռնութիւնը (34.5 տոկոս): Կը պարզուի նաեւ, որ կին մասնակիցներու 3.1 տոկոսը ենթարկուած է ֆիզիքական յարձակման, իսկ 1.5 տոկոսը՝ սեռային ոտնձգութիւններու: Ըստ այդմ, կին աշխատողներու զգալի մէկ մասը կը դառնայ բռնութեան զոհ իրենց աշխատանքը կատարելու ժամանակ։ Բռնութիւն գործադրողներու մէջ առաջին շարքին կը գտնուին տղամարդիկը։
Բաց աստի, հետազօտութեան արդիւնքներու համաձայն, աշխատավայրէ ներս բռնութեան ենթարկուիլը կը յանգեցնէ կին աշխատակիցներու աւելի լարուած հոգեվիճակ ունենալուն եւ աշխատանքէն բաւարարուածութեան նուազեցման: Կ՚ենթադրուի, որ ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը նպաստեն այս նիւթի վերաբերեալ քննութիւններու արդիւնաւէտ լուծման ուղղորդման եւ աշխատավայրէ ներս կանանց դէմ բռնութիւնը կանխելու քաղաքականութեան ստեղծման:
Հանրային ծառայութեան կազմակերպութիւններու յայտարարութիւններու մէջ կանանց դէմ բռնութեան հանդէպ առարկութիւններու ներկայացումը նշանակալի ջանք մըն է այս կարեւոր ընկեային խնդրի վերաբերեալ մտահոգութիւնն ու ընկերային իրազեկութիւնը բարձրացնելու համար: Հանրային ծառայութեան կազմակերպութիւններու նպատակն է ոգեշնչել կիներ՝ ընդգծելով բռնութեան ենթարկուած կանանց ուժեղ եւ դիմացկուն յատկանիշները: Հանրային ծառայութեան կազմակերպութիւններու յայտարարութիւններու համոզիչ ազդեցութիւնը կանանց հանդէպ բռնութեան դէմ պայքարի մէջ կրնայ յանգեցնել վարքագծային փոփոխութիւններու՝ արթնցնելով լսարանի յուզական անդրադարձը:
Հանրային ծառայութեան կազմակերպութիւններու յայտարարութիւններու տպաւորիչ պատմութիւններու շնորհիւ լսարանը կրնայ աւելի պատրաստ ըլլալ շրջապատին եւ աջակցիլ բռնութեան ենթարկուած կիներու: Աւելին, հանրային հրապարակումները կ՚ընդգծեն հաւաքական ջանքերու կարեւորութիւնը՝ փոխանցելով այն ուղերձը, որ հասարակութեան բոլոր խաւերը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն կիներու դէմ բռնութիւնը կանխելու համար։ Կանանց կրաւորականութեան վերաբերեալ թէեւ կան կարգ մը տեսակէտներ, բայց պէտք չէ անտեսել այն կէտերը, որոնք կը բացայայտեն, թէ կիներ կրնան ենթարկուիլ բռնութեան՝ անկախ անոնց ընկերային-տնտեսական կարգավիճակէն։ Պէտք է ներկայացուին իրատեսական համոզիչ փաստարկներ՝ խրախուսելով ընկերային իրազեկումը, համակրական հասկացութիւնը եւ համերաշխութիւնը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ